Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Կնոջ Դերակատարութիւնը Ա. Հանրապետութեան Օրերուն*

Յունիս 13, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին առիթով, հայորդիներ, աշխարհի չորս ծալքերէն, հաւաքուած ենք այս գիտաժողովին, ակնարկ մը նետելու եւ անդրադառնալու, իւրաքանչիւրը իր տեսանկիւնէն, թէ ի՛նչ եղած է 100 տարի առաջ` դրական կամ ժխտական առումով:

18 տարուան իմ փորձառութեամբս` որպէս «gender consultant», լիբանանցի կանացի ազգային մարմինի անդամ, կ՛ուզեմ վերլուծել հայ կնոջ իրավիճակը Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն եւ անոր ունեցած ներդրումը` քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ:

Հայ կնոջ դերը մեծ նշանակութիւն ունեցած է մեր պատմութեան մէջ, մանաւանդ` ողբերգական պայմաններուն, որբերը հաւաքելու ու դաստիարակելու, հիւանդները եւ վիրաւորները խնամելու, աղքատները ու այրիները պատսպարելու, սգաւորները մխիթարելու եւ չքաւորներուն նիւթապէս օժանդակելու գործին օրինակելի նուիրումով լծուած է հայ կինը:

Միւս կողմէ` հայ կինը այդ օրերուն նեցուկ էր իր ամուսնոյն եւ մեծ դերակատարութիւն ունեցած էր պետական կեանքին մէջ եւ ռազմաճակատի վրայ` հայ զինուորներուն կողքին, հետապնդելով քաղաքական հարցեր, աշխարհի բոլոր կողմերը, ազատ հայրենիքի կերտման ճանաչումին: Առաջինը եւ գլխաւորը, որուն համաձայն մենք հպարտօրէն կը խօսինք համայն մարդկութեան առջեւ, երբ կնոջական իրաւունքները կը պաշտպանուին, որ այդ օրերուն խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ կիներ իրաւունք ունեցած են ընտրութեան մասնակցելու, ընտրելու եւ ընտրուելու, երբ տակաւին աշխարհի միւս երկիրները, եւ` Արեւմուտքը մասնաւորապէս, շնորհած չէին կիներուն այս իրաւունքները: Ուրեմն, 100 տարի առաջ, համաշխարհային գետնի վրայ, հայ կինը եղած է առաջիններէն, որ սեռական հաւասարութիւն վայելած է: Այս յառաջդիմութիւնը, որ ցուցաբերեցին օրուան հայկական իշխանութիւնները, միայն խորհրդարանական ընտրութիւններով չսահմանափակուեցաւ, այլ կին քաղաքացիները գործօն մասնակցութիւն ունեցած են պետական ու հասարակական կեանքի մէջ, եւ դարձեալ կիներ նշանակուեցան դիւանագիտական կապեր հաստատելու` տարբեր երկիրներու հետ:

Այսպէս, 1919 մարտ ամսուն կայացած խորհրդարանական Ա. ընտրութիւններուն ընտրուած են 3 կին պատգամաւորներ. անոնք են.

Ա.- Կատարինէ Չալեան-Մանուկեան

Բժշկուհի, 1917 թուականին ամուսնացած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի հետ: Սակայն երբ Արամ մահացաւ, ան լծուեցաւ որբերու եւ գաղթականներու օգնութեան գործին: Ունէր դուստր մը` Սեդա անունով:

Կատարինէն գործեց նոյնիսկ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1927-էն մինչեւ 1965, որպէս բժշկուհի:

Բ.- Պերճուհի Պարտիզպանեան-Բարսեղեան

Ծնած է 1886 թուականին, Էտիրնէ. 16 տարեկանին եռանդով լեցուն եւ հայրենիքի ծառայելու գաղափարով ներշնչուած` խմբակ մը կազմեց լուսաւորութիւն տարածելու նպատակով: Ուսանած է գրականութիւն եւ մանկավարժութիւն. իր պատմուածքները «Էտնա» ծածկանունով լոյս կը տեսնէն: Ուսուցչութեամբ կը զբաղէր Վանի մէջ: 1915-ին ամուսինը` Սարգիս Բարսեղեան, ձերբակալուեցաւ եւ նահատակուեցաւ: Հետագայ կեանքը ան նուիրեց զաւկին եւ հայութեան ծառայելու: Տեղափոխուած է Պուլկարիա, ետքը Թիֆլիս, իսկ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք անցած է Երեւան եւ ընտրուած` խորհրդարանի պատգամաւոր: Իր պաշտօնն էր` ծառայել Ամերիկեան խնամատարութեան կոմիտէին մէջ:

Հանրապետութեան անկումէն ետք գաղթեց Սոֆիա եւ ետքը` Փարիզ, ուր պաշտօնավարեց Նանսենեան գրասենեակին մէջ եւ զբաղեցաւ գրականութեամբ, մինչեւ իր մահը` 1940:

Գ.- Վառվառա Սահակեան

Ճանչցուած է Վարիա անունով: Ան կինն էր Աւետիք Սահակեանի (Հայր Աբրահամ): Դարձեալ Ա. հանրապետութեան ընտրուած էր խորհրդարանի պատգամաւոր: Զբաղած է կրթական ծրագիրներով: Այդ շրջանին, կորսնցնելով իր զաւակը` դեղորայքի չգոյութեան պատճառով Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, Վարիան ընտանեօք անցաւ Թաւրիզ, ետքը Իրաք, սակայն կլիմայի անյարմարութեան պատճառով տեղափոխուեցաւ Լիբանան, ուր ան դարձեալ զբաղեցաւ հասարակական գործունէութեամբ եւ մասնակցեցաւ Օգնութեան խաչի կազմակերպչական աշխատանքներուն, սակայն առողջութիւնը վատթարացաւ զաւկին եւ ամուսնոյն մահէն ետք եւ շատ չանցած` կնքեց իր մահկանացուն:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պատուաւոր դեսպան եւ արդի պատմութեան մէջ առաջին կին դիւանագէտը եղած է Տիանա Աղաբէկ Աբգարը: Ան Ճափոնի դեսպան էր 1920-ին եւ Եոքոհամայի պատուաւոր հիւպատոս. ծնած է Պիրմա (Միանմա), նորջուղայեցի հայ ընտանիքի մէջ եւ դպրոց յաճախած է Հնդկաստանի մէջ: 1890-ին ան ամուսնոյն հետ տեղափոխուած էր Ճափոն: 1909-ին Ատանայի մէջ պատահած ջարդերը զայն մղեցին աշխատանքի, եւ կեանքին մնացած մասը ան նուիրեց հայերու ազգապահպանման գործին. նոյնիսկ Ճափոնի մէջ ան ապաստարան հիմնած է Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ ազատած որբերու եւ այրիներու համար: Իր այս ջանքերը մեծ գնահատանքի արժանացան, եւ այդ պատճառով նշանակուեցաւ Ճափոնի դեսպան:

Ան ունեցած է գրական մեծ արժանիքներ, գիրքեր` իր հայրենիքի մասին, ուր բնաւ չէ այցելած. իր գրութիւններուն մէջ անդրադարձած է հայ ազգին ապրած անարդարութիւններուն եւ դժբախտութիւններուն:

Տիանա Աբգար յաճախ Ինտոնեզիոյ հայ գաղութին կը դիմէր` ոչ միայն կարիքաւոր հայրենակիցներուն օգնութեան հասնելու, այլեւ հայրենիքի մշակութային եւ կրթական աշխատանքներուն նպաստելու համար: Յատկապէս Ճաքարթայի Հայ կիներու բարեգործական միութիւնը մեծ հանգանակութիւններ կը կազմակերպէր հայրենիքի մեծաթիւ գաղթականներուն եւ  որբերուն օգնութիւն հասցնելու համար:

Մէկ խօսքով, Տիանա Աբգար Ճափոնի մէջ վայելած է պետական դէմքերու եւ հայ գաղութին համակրանքը եւ կոչուած է «Եոքոհամայի մայրիկը»:

Նաեւ կը յիշատակուի պատմութեան մէջ Դանիոյ մէջ հայ կին դեսպան ունեցած ըլլալու իրողութիւնը:

Որբերու խնամատարական աշխատանքները կազմակերպելու տեսակէտէն, Հռիփսիմէ (Լոլա) Մեծատուրեան-Սասունին իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կարմիր խաչի հիմնադրութեան մէջ: Այս կազմակերպութիւնը վիրաւորներն ու հիւանդները կը խնամէր եւ որբանոցներուն ու տարագիր ընտանիքներու կարիքները կը հոգար. օրինակ` 1919-ին ձմրան քարիւղ ապահովեց եւ պարէն հայթայթեց անոնց, իսկ 1920-ին Փարիզի Ազգային պատուիրակութիւնը Կիլիկիոյ որբանոցներուն վերահսկիչ նշանակեց գրագիտուհի եւ ազգային ծառայութեան նուիրեալ Զապէլ Եսայեանը: Մեծանուն հայուհին դիւանագիտական հետեւողական աշխատանքով ջանաց ազգային ինքնավար օճախը իրականութիւն դարձնել (foyer): Միւս կողմէ` եռանդ սպառեց Կիլիկիոյ հայութեան թրքախօսութեան սովորութիւնը ջնջելու եւ գոնէ Ատանայի կարեւոր որբանոցը ՀԲԸՄ-ի հակակշիռին տակ կրցաւ զետեղել:

Ինչպէս չյիշենք կոմսուհի Մարիամ Թումանեանը, որ ծնած է Շուշի, 1870-ին, դուստրը` դատախազ Մարկոս Տոլուխանեանի եւ թիֆլիսցի մօր. Մարիամ զարգացած էր եւ եւրոպական լեզուներ իւրացուցած` անգլերէն, գերմաներէն: Դիլիջանի մէջ հիմնեց որբանոց մը, ուրկէ փոքրերը Թիֆլիս կ՛ուղարկէր` ուսում ստանալու:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շրջանին հայ կնոջ պայքարը եւ իրագործումները, ազգային բարեկարգում յառաջացնելու հանգամանքը ոչ միայն հպարտութիւն կը ներշնչեն, այլեւ ապագայի հանդէպ վստահութիւն` համարձակութեամբ դիմագրաւելու մարտահրաւէրները, որոնք անթիւ են, գլխաւորաբար յիշելով` մայր լեզուի նահանջը, օտար եւ խառն ամուսնութիւններու յաճախականութիւնը, մշակոյթի եւ ինքնութեան կորուստը եւ ընկերաբարոյական վիճակի անկումը: Այս հարցերը լուծելու մէջ մեծ դերակատարութիւն կը ներշնչէ, սփիւռքի եւ հայրենիքի միասնական, հաւաքական աշխատանքը, եւ հայ կնոջ դրական ներդրումը` ուղղելով եւ ուղղուելով սփիւռքէն դէպի հայրենիք, հայկականութիւն պահելու եւ հայապահպանումի դերը կատարելու ջանքերը: Որքան սփիւռքի եւ հայրենիքի մեր միութիւնը զօրանայ, այնքան հայ ազգին հիմերը կը զօրանան: Ուրեմն, միասնաբար պէտք է հիմնաքարը դնենք հզօր հայրենիքի մը կերտման եւ հայապահպանումի ծրագրին: Եթէ մեր նախորդները իրենց այդ դժուարին պայմաններուն մէջ նահատակուած են եւ զոհուած` հայութեան սատարելու եւ չօտարանալու համար, ինչո՞ւ մենք այսօր չհետեւինք անոնց քայլերուն, մեզի տրամադրուած արդիական բոլոր դիւրութիւններով: Վերջապէս, հայ կինը միայն մարդկային համրանք արտադրող գործիք չէ, այլ համալիր` ամբողջական ծրագրի իրականացման համար, իրահաւասար քաղաքացի:

Հայ կնոջ դերակատարութիւնը յիշելով` հարկ է պահ մը անդրադառնալ ներկայիս տիրող սեռային հաւասարութիւն հաստատելու մասին: Կարելի է ըսել, որ տակաւին աշխատանք ունինք կատարելիք մեր հայրենիքի մէջ` սեռային հաւասարութիւն հաստատելու: Եւ որովհետեւ նորացուած սահմանադրութիւնը  յատուկ յօդուածով կը վերահաստատէ, որ կիներն ու տղամարդիկ համահաւասար իրաւունքներ կը վայելեն, հետեւաբար սեռային խտրականութեան որեւէ երեւոյթ, ըստ էութեան, հակասահմանադրական կ՛ըլլայ, եւ հետեւաբար նաեւ անոր լոյսին տակ մշակելի օրէնքներու խախտում կը համարուի անհաւասարութեան որեւէ երեւոյթ: Տրուած ըլլալով, որ ներկայիս կիներու իրաւունքի միջազգային չափանիշներու գործադրութիւնը, հայկական իրականութեան մէջ այդ չափանիշները հայացնելու, հայակեդրոն դարձնելու հարցն է:

Եզրակացնելով`

Հարիւրամեակի առիթով յիշենք, որ 100 տարի առաջ հայ կինը համաշխարհային գետնի վրայ առաջիններէն եղած է սեռական հաւասարութիւն վայելող: Եթէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը այսպիսի իրաւունքներ տուաւ կնոջ, ապա այս իրողութիւնը միջազգային ատեաններու մէջ պէտք է լուսարձակի տակ բերել եւ ըստ այնմ մեր հայրենիքին ապահովել հսկայական առաւել մը:


Աղբիւրներ՝

– «Հայ կնոջ կեանքի ուղիին հետքերով», Սոնա Զէյթլեան:
– «Հայուհին պատմութեան առջեւ», Վարդան Հացունք:
– «Պատմական հայ կանայք», վեր. Եղիա Քասունի:
– «100 տարի անց` դարձեալ առաջինը ըլլալու մղումով», Շահան Գանտահարեան:

 * Սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային եւ Երեւանի պետական համալսարանին նախաձեռնութեամբ, 25 մայիսին Երեւանի մէջ կայացած եւ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին ընթացքին արտասանուած խօսք:

Նախորդը

Լեհաստանի Հայութիւնը Կը Խոչընդոտէ Թրքական Նախաձեռնութիւնը

Յաջորդը

Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Մար Աֆրամ Բ. Պատրիարքը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?