ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ
Ազրպէյճանական մամուլը զգուշութեամբ մօտեցաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններուն: Կառավարամէտ լրատուական միջոցները մտահոգուած էին, որ Հայաստանի ժողովրդային շարժումը հասնէր Պաքու, անոնք նաեւ շատ մեծ յոյսեր չէին կապած Երեւանի նոր կառավարութեան հետ` արցախեան հիմնահարցի բանակցային հոլովոյթին վերաբերեալ: Իսկ ընդդիմադիր լրատուական միջոցներուն համար Հայաստանի մէջ պատահածը նոր յոյս մը կը ներշնչէր, որ իրենց համար օրինակ մը` կը դառնայ տապալելու համար Ալիեւի բռնատիրական վարչակարգը:
Զուար Շիրիեւ «Ինթըրնեշընըլ քրայսիս կրուփ» (25 մայիս 2018) ուսումնասիրական կեդրոնին կողմէ հրապարակուած իր հետազօտութեան մէջ կը գրէ, որ մինչեւ օրս ազրպէյճանական իշխանութիւնները անորոշութեան մէջ են,թէ ինչպէ՛ս պիտի վարուին Հայաստանի նոր իշխանութեան հետ` արցախեան տագնապին հարցով: Նախքան ապրիլ 23-ը, այսինքն` Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը, ազրպէյճանական կառավարամէտ լրատուական միջոցները կը յայտնէին, որ Սերժ Սարգսեան պիտի մնայ իշխանութեան վրայ, եւ ցոյցերը պիտի սահմանափակուին, ինչպէս ժամանակին կ՛ըլլար: Իսկ ազրպէյճանցի խորհրդարանականներ կը գուշակէին, որ Հայաստանի մէջ եղբայրասպան պատերազմ («Թրենտ», 27 ապրիլ 2018) տեղի պիտի ունենայ: Այս աղբիւրներուն համաձայն, Հայաստանի մէջ ժողովրդային շարժումը չի կրնար իր նպատակին հասնիլ, որովհետեւ Հայաստան ունի իր աշխարհաքաղաքական հաշիւները, որոնք կապուած են Ռուսիոյ եւ արեւմտեան քաղաքական ու տնտեսական շահերուն հետ: Հետեւաբար, ըստ անոնց, «ղարաբաղեան խմբակը» Հայաստանի ժողովուրդը պատանդ դարձնելով, ժողովուրդին շահերը կ՛ոտնակոխէ յանուն «ազգայնամոլական առաւելապաշտութեան»: Սակայն Սարգսեանի հրաժարականը ահազանգ մը հնչեցուց ազրպէյճանական իշխանամէտ շրջանակներուն մէջ: Անոնց համար ասիկա անակնկալ երեւոյթ մըն էր: Շուտով ազրպէյճանական կողմը սկսաւ խօսիլ Հայաստանի մէջ «արտաքին անյայտ ձեռքերու թափանցում»-ին մասին եւ զգուշացուց, որ Հայաստան կրնայ դառնալ Հարաւային Կովկասի մէջ «գունաւոր յեղափոխութեան» ծննդավայրը, որուն հիմնական թիրախը պիտի ըլլայ Պաքուն: Այս կարծիքին համամիտ էր Էյնուլա Ֆաթուլայեւը, որ յօդուածով մը («Ազեր Նիուզ», 25 ապրիլ 2018) զգուշացուց, որ եթէ ազրպէյճանի ընդդիմութիւնը այսպիսի արկածախնդրութիւն մը կատարէ,ան Ալիեւի «կառուցած դրախտ»-ը դժոխքի կը վերածէ: Անշուշտ Պաքուի բռնատէրը մտահոգուած էր, որովհետեւ արդէն իսկ ընկերային ցանցերուն վրայ ազրպէյճանցի գործիչներ իրենց զօրակցութիւնը յայտնած էին Հայաստանի ժողովրդային շարժման` «տապալելու Երեւանի բռնատէրը», եւ կոչ կ՛ուղղէին ազրպէյճանցի երիտասարդներուն` «յանուն ժողովուրդներու եղբայրութեան»` նման քայլեր առնելու` տապալելու Ալիեւի իշխանութիւնը եւ ազատելու երկիրը իր լուծեն:
Սակայն կարեւոր է նշել, որ ազրպէյճանական կառավարամէտ լրատուական միջոցները նաեւ կը տառապէին որոշ անորոշութենէ: Անոնց համար սկզբնական շրջանին Նիկոլ Փաշինեանը կը թուէր «նախկին լեւոնական, արեւմտամէտ եւ ազատական անձ մը, որուն կողմէ Արցախի շուրջ հողային զիջումը կարելի կը թուէր»: Բայց նոյն աղբիւրները զարմանք յայտնեցին, երբ վարչապետ Փաշինեան յայտարարեց, որ պէտք է Լեռնային Ղարաբաղը եւս բանակցութիւններուն մաս կազմէ:Այստեղ արդէն ազրպէյճանական կողմը կայծակի արագութեամբ արձագանգեց, որ «Ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքը» նաեւ բանակցութիւններու կողմ ըլլայ: Բան մը, որ անընդունելի էր հայկական կողմին համար:
Պատերազմի վերսկսման հարցը բաւական արծարծուեցաւ ազրպէյճանական թերթերուն մէջ: Սկզբնական շրջանին Պաքու լուռ կը հետեւէր Հայաստանի կացութիւն` յոյս ունենալով, որ Հայաստանի մէջ խաղաղ ցոյցերը կը վերածուին զինեալ միջադէպերու, եւ Արցախի անվտանգութիւնը խախտուելով` ազրպէյճանական կողմը ռազմական գործողութիւններու կը ձեռնարկէ արագ յաղթանակ մը արձանագրելու եւ ստիպելու Երեւանին` ծանր զիջումներ կատարելու այս հարցով: Ազրպէյճանական կողմը կը վարէր «սպասէ եւ տես» քաղաքականութիւնը: Ազրպէյճանի այս քաղաքականութիւնը ա՛լ աւելի հարցական եղաւ, երբ արեւմտեան լրատուական միջոցները եւ թերթերը սկսան գրել Հայաստանի «ժողովրդավարական յեղափոխութեան» մասին: Մուրատ Մուրատովի համաձայն («Եուրէյժիա Տէյլի», 25 մայիս 2018), Ազրպէյճան այլընտրանք չունէր, եթէ ռազմական ուղիին դիմէր, ապա Արեւմուտքին կողմէ այդ քայլը պիտի ընկալուէր իբրեւ յարձակում ժողովրդավարական կարգերու վրայ`բռնատիրական երկրի մը կողմէ, եւ ան Եւրոպական Միութեան առջեւ իր վարկը պիտի կորսնցնէր:
Վերջապէս, Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը յստակ էր, եւ կրնանք զայն ամփոփել նախկին արտաքին գործոց նախարար Թոֆիք Զուլֆուկարովի հետեւեալ յայտարարութեան մէջ. «Ազրպէյճան պէտք է պատրաստ ըլլայ թէ՛ երկխօսութեան եւ թէ՛ պատերազմի, եւ սպասէ, որ Հայաստան քաղաքական սխալներ գործէ»: Այստեղ կրնանք եզրակացնել, որ «քաղաքական սխալներ» ըսելով` ըսել կ՛ուզէ քաղաքական բախում` Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, ուր Ազրպէյճան առիթը օգտագործելով` կրնայ ռազմական գործողութիւններու դիմել, իսկ Ռուսիա ընդվզած հայկական կողմէն` չմիջամտէ եւ պատժէ Երեւանի իշխանութիւնը:
Այս պարագային Հայաստանի իշխանութիւններուն դիմաց դրուած կ՛ըլլայ երկու այլընտրանք. կա՛մ յանձնուիլ Ռուսիոյ եւ դառնալ անոր պատանդը, այսպիսով Հայաստան կը կորսնցնէ իր քաղաքական անկախութիւնը եւ Արցախի տարածքին մեծ մասը, կա՛մ ալ կը լքէ Ռուսիան ու կը մօտենայ Արեւմուտքին, իսկ Ռուսիա յաւելեալ քայլերու կը դիմէ մեկուսացնելու Հայաստանը եւ մղելու Ազրպէյճանը` վերսկսելու նոր ռազմական գործողութիւններ: Երկու պարագաներուն ալ յստակ է, որ քաղաքական սխալը Ռուսիոյ հետ կարմիր գիծ է: Հետեւաբար Հայաստանի նոր իշխանութիւնը պէտք է իմանայ, որ այս պայմաններուն մէջ քաղաքական սխալը անընդունելի է եւ վտանգաւոր:



