Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Ու Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարութեան Պաշտօնեաներու Աշխատանքային Այցելութիւնը Լիբանան

Յունիս 13, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիս 30-էն յունիս 3, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապտութեան դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան սփիւռքի հետ կապերու բաժնի պետ Կարէն Մնացականեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժնի պետ Սիրվարդ Համբարեանի  եւ համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան համահայկական ու միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապերու բաժնի պետ Անահիտ Դաւթեանի աշխատանքային այցը Լիբանան: Հանդիպումներ կազմակերպուեցան 14 հայկական քոլեճներու, վարժարաններու տնօրէններու, ուսումնական խորհուրդներու ատենապետներու հետ, որոնք կը ներկայացնէին հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքները:

Հանդիպումներու հիմնական նպատակն էր` նպաստել լիբանանահայ վարժարաններու հայապահպան գործունէութեան, փոխադարձ ճանաչողութեան, լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններու ներկայ խնդիրներու,  մասնաւորապէս` հայագիտական առարկաներու դասաւանդման համար ուսուցիչներու վերապատրաստման, ուսումնական եւ  մեթոտական գրականութեան ապահովման հարցերու շուրջ մտքերու փոխանակութեան եւ հետագայ քայլերու մշակման: Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններու տնօրէնները Հայաստանի Հանրապետութեան գիտակրթական բնագաւառի աշխատանքներու իրականացմամբ զբաղուող պետական ծառայողներէն ստացան անհրաժեշտ տեղեկատուութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին զիրենք յուզող խնդիրները:

Պատուիրակութիւնը յունիս 1-ին այցելեց Այնճար: Նոյն օրը Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հետ կայացած հանդիպումի ընթացքին ամփոփուեցան նախնական արդիւնքները:

Պատուիրակութեան անդամները այցելեցին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ին, Տանն Կիլիկիոյ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի.-ին եւ ՄԱՀԱԵՄ նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանին ու Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանին:

Պատուիրակութեան անդամները մասնակցեցան նաեւ շարք մը համայնքային  ձեռնարկներու, այցելեցին զանազան լրատուամիջոցներու գրասենեակներ:

Մասնագէտներու այցի ընթացքին հնարաւոր եղաւ իրականացնել ծրագիրին գլխաւոր նպատակը` ստեղծել գործնական կապեր Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ սփիւռքի նախարարութեան համապատասխան ստորաբաժանումներու ներկայացուցիչներու եւ Լիբանանի մէջ գործող վարժարաններու տնօրէններուն հետ, որ պէտք է ըլլայ շարունակական եւ աւելի ամրապնդէ հետագայ սերտ համագործակցութիւնը: Տեղեկանք. այս ծրագիրը կը կրէ պարբերական բնոյթ եւ 2017 թուականին նման առաքելութեամբ Լիբանան այցելած էին Հայաստանի Հանրապետութեան առաջատար համալսարաններու փրոֆեսորադասախօսական կազմի ներկայացուցիչներ, որուն շնորհիւ անցեալ տարի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուեցաւ լիբանանահայ ուսանողներու թուի աննախադէպ աճ, դիմորդներուն թիւը կրկնապատկուեցաւ` հասնելով 83-ի:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Լիբանան-Հայաստանի Պատանի Դաշնակահարուհին` Միջազգային Մրցոյթի Յաղթող

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?