Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունիս Ա.- Ամբողջական Համակարգի Վերանայման Կարիք

June 11, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջերս սուրիահայ գաղութի զանազան շրջաններուն մէջ, բոլոր մակարդակներու վրայ, ականատեսը կը դառնանք կազմակերպուող ազգային, միութենական, կրթական, նոյնիսկ պետական ձեռնարկներուն սուրիահայ երիտասարդութեան ոչ միայն աշխուժ մասնակցութեան, այլեւ` նախաձեռնող ոգիին:

Սուրիական տագնապի համեմատական մեղմացումով, վերաշխուժացած են մեր միութիւններն ու ազգային կառոյցները, ու այդ աշխուժ գործունէութեան մէջ նկատելի է երիտասարդ տարրին մասնակցութիւնը:

Սա կը նշանակէ, որ գաղութի հոգեւոր վերականգնումին ատաղձը  գոյութիւն ունի, կը մնայ շեշտը դնել մասնագիտական որակի ապահովման վրայ:

Մեր ինքնութեան պայքարին նոր թափ ու որակ տալու համար անհրաժեշտ է աշխատանքի լծուիլ ու մեր դպրոցներու, միութիւններու ուսուցման, դաստիարակութեան եւ վարչական կառավարման ամբողջական համակարգը վերանայումի ենթարկել:

Այս համակարգի խորքային ու լիարժէք արդիականացումով կարելի պիտի ըլլայ պահպանել ու զարգացնել մեր ազգային արժէքները, նոր շունչ եւ մարդուժի նոր ու ապագայակերտ որակ պատրաստել:

Բնականաբար այստեղ պիտի յառաջանան նիւթական միջոցներու եւ մասնագէտներու ապահովման դժուարութիւններ: Այս դժուարութիւնները, սակայն, յաղթահարելի են: Այստեղ էականը նախաձեռնութեան ոգի ունենալն է: Կարելի է մեր նիւթական միջոցները, գէթ` այս շրջանին, ուղղել այս յոյժ կարեւոր աշխատանքին` խնայելով որոշ ծախսեր կամ որոնելով նիւթական աղբիւրներ: Մասնագէտներու ապահովման դժուարութիւն ալ չունինք: Ունինք տեղացի, սփիւռքահայ եւ հայրենի մտաւորականներ, որոնց փորձառութիւնը ի սպաս կարելի է դնել այս աշխատանքին, անոնց անմիջական ներկայութեան կամ որոշ պարագաներու առցանց մասնակցութեան ճամբով:

Երիտասարդ մեր տարրը թերագնահատելով,  նսեմացնելով` դրական ոչ մէկ արդիւնքի կրնանք հասնիլ: Անհրաժեշտ է փոխադարձ յարգանքով փորձառութիւններու օգտագործումով նպաստել երիտասարդութեան վերաորակաւորումի աշխատանքին:

Սրընթաց զարգացում ապրող մեր օրերուն սիրողական մակարդակի աշխատանքը չի նպաստեր այլեւս տուեալ միութեան, վարժարանին, ակումբին, մամուլին կամ հաստատութեան բարելաւումին:

Իսկ մասնագիտացման ազդակները դիւրաւ հասանելի են մեր օրերուն: Ապարդիւն է հնամաշ միջոցներ օգտագործելով` դրական արդիւնք ակնկալել ու արդիւնք չստանալով` այպանել երիտասարդութիւնը:

Դրական նման տեղաշարժի համար, սակայն, անհրաժեշտ է նոր միտք ու եռանդ ունեցող վարչական  պատասխանատուներու ներգրաւումը: Առանց այդ մղիչ ուժին, ծրագիրները կը մնան խօսքի սահմաններուն մէջ, կամ փայլուն տեղեկագիրներու ծրարներուն մէջ կ՛ամլանան` ի յառաջագունէ ձախողութեան դատապարտուելով:

Կը հաւատանք, որ ունինք այս աշխատանքի էական նախանիւթը, որով կրնանք դիմակալել այս խիստ կարեւոր մարտահրաւէրը` վերանայման ենթարկելով եւ արդիականացնելով մեր միութենական, ուսումնական, կրթական կեանքի ողջ համակարգը:

«Գ.»

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Չէ, Որ Միշտ Իշխանութեան Կողքին Է, Իշխանութիւնն Է Ուզում, Որ Դաշնակցութիւնն Իր Կողքին Լինի. Սպարտակ Սէյրանեան

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Ինչպէ՞ս Ազրպէյճանը Արձագանգեց Հայաստանի Իրադարձութիւններուն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.