Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունիս Գ. – Ողջունելի Քայլ
Աւանդութիւն դարձած է Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտ հունձքերը անուանակոչել տարուան խորհուրդը մարմնաւորող դէմքերու անունով: Այս սովորութիւնը ցուցական քայլ մը չէ: Ան Ճեմարանի դաստիարակչական առաքելութեան մաս կը կազմէ: Բնականաբար սերունդի մը միայն անուն տալով կարելի չէ անոր ազգային նկարագիրը կերտել կամ ոգեւորել զինք: Դաստիարակութիւնը համապարփակ աշխատանք է, որ կը սկսի պատանեկան տարիքէն ու կը շարունակուի մինչեւ անհատին հասունացումը: Այդ տարիներուն...




















