Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ամէն Պահի Կրնան Ռազմական Գործողութիւններ Սկսիլ» Ռազմական Փորձագէտ Ա. Եղիազարեան Զաքիր Հասանովի Յայտարարութեան Վերաբերեալ

Յունիս 26, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռազմական փորձագէտ Արթուր Եղիազարեանի համաձայն, Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը միշտ ալ յայտնի է իր ամպագոռգոռ յայտարարութիւններով, սակայն ատիկա, ըստ անոր, մեզի իրաւունք չի վերապահեր, որ որեւէ յայտարարութեան վերաբերինք` ուղղակի որպէս խօսք: Ան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց. «Պատերազմ սկսելու մասին յայտարարութիւններով գուցէ Ազրպէյճան իր ներքին սպառման խնդիրը կը լուծէ, բայց ամէն պարագայի, պէտք է հաշուի առնենք` կայ հրապարակային ըսուած խօսք, որ պէտք չէ անտեսուի»:

«Կը կարծեմ` ոչ միայն բանակը պէտք է լաւ պատրաստ ըլլայ, եթէ հակառակորդը փորձէ որոշ գործողութիւններ իրականացնել, այլ նաեւ պէտք է, որ դիւանագիտական ճամբով փորձենք այդ գործողութիւններուն պատասխանել հնարաւոր բոլոր հարթակներով», ըսաւ ան:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտարարած էր, թէ նախագահ Իլհամ Ալիեւը իրենց պարտականութիւն տուած է ապահովել բանակին պատրաստուածութիւնը իրական ռազմական գործողութիւններուն:

«Մեր նպատակն է նախապատրաստել բանակը պատերազմի համար, եւ այսօր ազրպէյճանական բանակը արդէն պատրաստ է ազատագրել գրաւուած տարածքները: Բանակը պատրաստ է նաեւ հոգեբանօրէն», ըսած է Հասանով` թուարկելով վերջին շրջանին ազրպէյճանական զինուժի «ձեռքբերումները»: Հասանով, մասնաւորապէս, պնդած է, որ «ազատագրուած է 11 հազար հեկտար տարածք»:

Արթուր Եղիազարեանի խօսքով, պէտք է աշխարհին ներկայացնենք, որ մենք կողմ ենք Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման, բայց յստակ է` Ազրպէյճան կը փորձէ խոչընդոտել զայն:

Ըստ ռազմական փորձագէտին, չենք կրնար լրջութեամբ չմօտենալ Ազրպէյճանի յայտարարութիւններուն, որովհետեւ կը տեսնենք սահմաններուն մէջ զէնքերու եւ զինամթերքի կուտակումներ, զօրքերու որոշ տեղաշարժներ:

«Թերեւս ասոնք հնարքներ են: Բայց պէտք չէ մոռնանք, որ Ապրիլեան պատերազմէն առաջ ալ նման հնարքներու կը դիմէին եւ յանկարծակի անցան ռազմական գործողութեան: Այս է իրենց մարտավարութիւնը», ըսաւ ան` նշելով, որ անկեղծօրէն չի հաւատար, որ ազրպէյճանական կողմը ռազմական գործողութիւններու կը սկսի յայտարարութիւններէն անմիջապէս յետոյ. «Ազրպէյճան այն պետութիւնը չէ, որ յայտարարութենէն յետոյ ասպետական կերպով մօտենայ հարցին, կրնայ, ի հարկէ, նաեւ չյայտարարել եւ պատերազմի սկսիլ»:

Արթուր Եղիազարեան նկատել տուաւ, թէ կացութիւնը այնպէս ալ չէ, որ պատերազմը աւարտած է հայկական կողմին համար: «Որեւէ պահու կրնան ռազմական գործողութիւններու սկսիլ: Ակնյայտ կը տեսնենք` Հայաստանի հետ սահմաններու վրայ կուտակումներ կան, նախիջեւանեան կողմը չէզոք գօտիի հաշուին անոնք լուրջ տեղաշարժեր ըրած են, հիմա այնտեղ ամրաշինական աշխատանքներ կը կատարեն, եւ Արարատի մարզէն դէպի Սիւնիք տանող ճամբու որոշ հատուածներուն մէջ ռազմավարական առումներով սպառնալիքներ կան. եթէ վաղը պատերազմական գործողութիւններ ըլլան` բնականաբար, լուրջ վտանգ պիտի ստեղծուի», ըսաւ ռազմական փորձագէտը` աւելցնելով, որ հայկական կողմը այս պարագային պէտք է ե՛ւ ռազմական, ե՛ւ դիւանագիտական գործողութիւններ իրականացնէ` խաղաղութիւն ապահովելու համար:

Արթուր Եղիազարեանի դիտարկմամբ`  հայկական դիւանագիտական կառոյցին կողմէ այս ուղղութեամբ տարուող լուրջ քայլեր չեն նկատուիր:

«Գոնէ հանրութեան տեսանելի հարթակի վրայ նման աշխատանք», ըսաւ ան:

Իսկ ինչ կը վերաբերի բանակին, փորձագէտին կարծիքով. «Զինուորական գործը այնպիսին է, որ պէտք չէ հրապարակային երեւայ, որովհետեւ ինքզինք կը վտանգէ: Բայց, ամէն պարագային, կը կարծեմ` մեր զգօնութիւնը ամէն առումով պէտք է աւելցնել: Նոյնիսկ պէտք է պահեստազօրի կազմակերպման գործողութիւններ իրականացնել` պատրաստուելու համար», ըսաւ ան:

Արթուր Եղիազարեանի համաձայն, այս պահուն առաջին հերթին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին պէտք է դիմել, պէտք է անոնցմէ արձագանգ ակնկալել Ազրպէյճանի ներկայ յայտարարութիւններուն վերաբերեալ:

Արձագանգելով այն դիտարկման, թէ ի՛նչ արդիւնք կու տայ հայկական դիւանագիտական աշխատանքը, եթէ այնուամենայնիւ երկիրները իրենց շահերով առաջնորդուած են միշտ եւ հիմա ալ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը հերթական կանխատեսելի, անհասցէ յայտարարութիւններ կ՛ընէ, ռազմական փորձագէտը նշեց. «Մենք միջազգային ընտանիքի անդամ ենք եւ կը պահենք միջազգային սկզբունքները, բայց միշտ պէտք է հաշուի առնենք, որ առաջին հերթին մեր յոյսը մեր վրայ պէտք է դնենք: Բոլորը ունին իրենց շահերը, եւ այո՛, կրնան աչք փակել: Հայոց ցեղասպանութենէն անցած է հարիւր տարի, եւ հիմա ալ եզիտի ժողովուրդի ցեղասպանութիւն տեղի կ՛ունենայ, եւ աշխարհը, ինչպէս հարիւր տարի առաջ` իր շահերէն մեկնելով, այնպէս ալ հիմա, աչք կը փակէ: Սխալ կ՛ըլլայ, որ մենք ապաւինինք, որ միջազգային հանրութեան մէջ մեր հարցը կը լուծեն: Մենք պէտք է ուժեղ եւ յաղթող ըլլանք, իսկ յաղթողին ոչ թէ կը դատեն, այլ հետը հաշուի կը նստին», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (26 Յունիս 1968)

Յաջորդը

Անխուսափելի «Անկարելի Սէր»

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?