Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անխուսափելի «Անկարելի Սէր»

Յունիս 26, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՆՏԵԱՆ

Յարութիւն Թորոսեանի «Անկարելի սէր» հատորը ամենայն հարազատութեամբ կը ներկայացնէ նորահաս երիտասարդ համալսարանականի մը կեանքը, որ կու գայ միջին արեւելեան պահպանողական մթնոլորտով յագեցած ընկերութենէ մը` Լիբանանէն, ուր երիտասարդական սիրահարական առաջին փորձառութիւնները կը ներկայացուին զսպուածութեամբ: Ինչպէս կը կարդանք Յարութիւնի եւ Անիի ծանօթութեան եւ հանդիպումներուն մասին, որ նոր չէր, սակայն Ֆրանսա չմեկնած` վերջին ամառը կ՛ըլլան միասին գիւղը. «Երկու օր ետք դրոշմուեցաւ Յարութիւնի եւ Անիի առաջին սիրոյ համբոյրը»: Միասնաբար, երբ բնութեան մէջ Յարութիւնի նախընտրած եւ սիրած վայրը կը գտնուէին, երբ ան կը վերջացնէր Անիի դիմանկարը գծելը, եւ Անի` հետաքրքրութենէն մղուած  կ՛ուզէր տեսնել, թէ ինչպէս գծած էր զինք ու կը մօտենայ Յարութիւնին` «Տեսնեմ, ինչի նմանցուցիր զիս… ըսաւ Անի ու նստած տեղէն ելլելով մօտեցաւ Յարութիւնին` շունչը տալով անոր դէմքին… Պահը հասունցած էր… գծագրութիւնը մէկ կողմ դնելով Յարութիւն համբուրեց Անիի աչքերը: Ան արդէն պառկած էր կռնակի վրայ ու գոցած աչքերը…

Անի յանձնուած էր երանութեան, սակայն Յարութիւն չէր համարձակեր համբոյրէն անդին երթալու…»:

Սակայն, հետագային, միեւնոյն երիտասարդը, նկարիչներու երկիր  եւ արուեստի կեդրոն Փարիզի մէջ պիտի շարունակէ արուեստի ճիւղին հետեւող իր համալսարանի կեանքը, ուր սիրահարական արկածախնդրութիւնները կը թուին ըլլալ շատ աւելի ինքնավստահ եւ ճոխ, միեւնոյն ժամանակ   ազատութեան պիտակին տակ  ընդունուած յարաբերութիւններու այս կեանքը մղոններով անդին պիտի հեռացնէ հաւատարմութիւնը իրմէ: Սիրոյ հասկացողութեան առաջին հիմնասիւնը հաւատարմութիւնն է, որուն վրայ պիտի կառուցուի երիտասարդ զոյգի մը սիրոյ պատմութիւնը, եթէ երբեք անոնք կ՛ուզեն արժեւորել զայն` կազմելով ընտանիք, որ պիտի երաշխաւորէ  կեանքի յարատեւումը, մարդկութեան գոյատեւումը եւ ինքնին պիտի ամբողջացնէ կեանքին իմաստը:

Պահպանողական ընկերութենէ եկող եւ ազատ ընկերութեան բոլոր բարիքները վայելող նկարիչ ուսանողը, որ իր կարգին ապրելով տարբեր սէրեր` տարբեր օրիորդներու հետ, նաեւ շատ լաւ գիտէր իսկական սիրոյ արժէքը, ինչ որ ի յայտ եկաւ, երբ հանդիպեցաւ Ժագլինին: Այս մէկը տարբերելով միւսներէն` ըլլալով իսկական սէր, կարող էր ինքզինք յարգել, տիրութիւն ընել զոյգին յարաբերութեան եւ երաշխաւորելով զայն` զոյգը պահել միասին, որքան որ Աստուած կեանք տուած է անոնց: Սակայն, եւրոպական ընկերութեան ազատ մթնոլորտը նոյնիսկ առիթը չստեղծեց պահպանողական ընկերութենէն եկող նկարչութեան ուսանողին, որ կարենար արտայայտել իր սէրը հանդէպ Ժագլինին, քաջ գիտնալով անոր առկայութիւնը: Թերեւս այստեղ իր մեծ ներգործութիւնը ունեցաւ անհատական հպարտութիւնը, այդ պատճառով ալ երբ ստեղծուեցան պատեհ առիթներ` բացայայտելու եւ բաժնեկցելու իրենց միջեւ ծնունդ առած սէրը, անոնք` անտեսելով առիթներու կարեւորութիւնը եւ տուրք տալով անհատական հպարտութեան, իսկական սէր մը վերածեցին անկարելի սիրոյ, որովհետեւ, կորսնցնելէ ետք ստեղծուած առիթները, կեանքի հեւքին պարտադրած իրականութիւնը առ յաւէտ հեռացուց նորերը, այնպէս մը, որ չհանդիպին իրարու եւ երբեք չմիանան:

Հեղինակը օգտագործած է երրորդ դէմքի դրութիւնը իր պատումին մէջ, երբ իր իսկ կեանքը կը ներկայացնէ, եւ այս երեւոյթը աւելի վէպի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ ընթերցողին վրայ, ուր անկեղծութիւնը, հարազատութիւնը եւ անմիջականութիւնը պատումը ընթերցելը կը դարձնեն աւելի հաճելի, եւ հերոսներուն զգացողութիւնը կարծես իր հարազատութեամբ կը փոխանցուի ընթերցողին:

Ընթերցողը կարծես իր հետաքրքրութենէն մղուած, չ՛ուզեր ձգել գիրքը, կարդալու համար յաւելեալ քանի մը էջեր եւս, տեսնելու, թէ ի՛նչ պիտի պատահի: Որովհետեւ, վայրերու նկարագրականը, ուր որ կը պատահի տուեալ դէպքը, այնքան հարազատ կը թուի ըլլալ ընթերցողին, կարծես ան անձամբ հոն ըլլար: Եւ անձերու ներկայացման ձեւն ու եղանակը կը պատեն ընթերցողը այն զգացումով, որ անոնք ըլլային իր իսկ ընկերակիցները եւ իրադարձութիւններուն բաժնեկիցները:

Միջինարեւելեան միջավայրին մէջ հասակ առած երիտասարդին վերաբերմունքը իր ունեցած սիրոյն հանդէպ, կ՛ամրագրուի հաւատարմութեամբ, ինքնազսպուածութեամբ եւ անոր սրբութեան հաւատքով: Սակայն, իր ծննդավայրին մէջ ապրած հիասթափութիւնն է, որ Յարութիւնը պիտի առաջնորդէ դէպի եւրոպական ընկերութեան ազատութեան գիրկը, ապրելու իր կեանքը ճիշդ այնպէս, ինչպէս, որ կ՛ապրին եւրոպացիք` ազատ եւ անկաշկանդ:

Այսպէս, «հազիւ դպրոցական տարեշրջանը աւարտած, Յարութիւն մեկնեցաւ Լիբանան տեսնելու Անին եւ ծնողները: Սակայն քրոջմէ լսեց, որ Անին ծանօթացած էր ուրիշ մէկու մը:

Յուսախաբութիւնը մեծ եղաւ, չկրցաւ իր ցաւը արտայայտել ոեւէ անձի»: «Փարիզեան ժուժկալութիւնը, ինքնազսպումը զուր էին անցած: Զգուշացած էր ծանօթանալ ոեւէ աղջկայ` հակառակ բազմաթիւ առիթներու, հաւատարիմ մնալու համար Անիին: Տառապած  էր լռելեայն: Կարօտի պահերը եղած էին դաժան, բայց յաղթահարած էր ու զերծ մնացած  արկածախնդրութիւններէ: Վերադարձաւ Փարիզ պատրանաթափ: Նկարչութիւնը միայն կրնար մոռցնել տալ յուսախաբութիւնը»:

Յարութիւն վերջին անգամ հանդիպեցաւ Անիին, սակայն երկուստեք անհանգիստ հոգեվիճակի մէջ ըլլալով, ապարդիւն եղաւ: «Բաժնուեցան իրարմէ անորոշ հոգեվիճակով: Անին` լքուած ըլլալու զգացումով, Յարութիւն` դաւաճանուած ըլլալու իրողութեամբ: Երբ Փարիզ հասաւ, ան ամբողջութեամբ ազատ զգաց ինքզինք, տնօրինելու իր կեանքը, բոլոր Փարիզ ապրողներուն պէս»:

Յարութիւն կամովին ընտրեց, թէ ինչպիսի կեանք մը պիտի ապրի Փարիզի մէջ, ան գիտակցաբար մօտեցաւ կեանքին: Առաջին իսկ օրիորդին, որ ծանօթացաւ ան. «Սկիզբէն` Յարութիւն զգուշացուցած էր Եանիքը, որ իր նպատակը ազատ ըլլար էր. սիրային յարաբերութիւնները իրեն համար առիթ էին փոխուելու, նպատակ չունէր ամուսնանալու…»:

Յարութիւնին եւ Ժագլինի փոխադարձ զգացումները առաջին իսկ նայուածքէն եւ հանդիպումէն կարծես ըլլային նախախնամութեան արգասիքը, որ կը զգենուր ըլլալ իսկական սէր: «Յարութիւն նկատած էր Ժագլինը, երբ նոր էր հասած Փարիզ, բայց չտեսնել ձեւացուցած էր` զգալով, որ դժուար «պատառ» մըն էր ան: Իսկ Ժագլին առաջին իսկ տեսնելուն Յարութիւնը, զգացած էր, որ ան իր սրտին տէրն էր…»:

Յարութիւն, որ Փարիզի ազատ կեանքին յանձնուած, իր սիրային արկածախնդրութիւնները կ՛ապրէր հեզասահօրէն եւ յարատեւօրէն կ՛ունենար նոր ընկերուհիներ, երբ Ժագլինին հետ առանձին եղաւ, մեծ դժուարութիւն ունեցաւ արտասանելու իր խոստացածը, մինչ Ժագլին մեծ համբերութեամբ կ՛ուզէր լսել արդէն իր գիտցածը: «Որ ձեզ սիրած եմ առաջին իսկ տեսնելուս…,- հազիւ կրցաւ արտասանել Յարութիւն` դողացող շրթներով…»:

Յարութիւն եւ Ժագլին գացին մինչեւ ծայրայեղութիւն, իրենց միջեւ ստեղծուած սիրոյ նկատմամբ, որովհետեւ միշտ բարձր բռնելով իրենց անհատական «ես»-ը, կ՛անտեսէին զիրար, բայց միշտ հոգու խորքերէն ճիշդ հակառակը զգալով եւ ցանկալով:

Մարդկային հպարտութիւնը եւ աշխարհիկ հասկացողութիւնները չձգեցին, որ անոնք փոխադարձաբար ապրին իրենց միջեւ ստեղծուած մաքուր եւ իսկական սէրը, երկուքն ալ տառապեցան, իրենց հետ չարչրկելով նաեւ իրենց միջեւ ստեղծուած մաքուր եւ իսկական սէրը, որ վերջապէս դարձաւ անկարելի սէր: «Երկուքն ալ «հիւանդագին» կերպով զիրար կը սիրէին ու չէին յաջողեր ելք գտնել: Առանձնութեան մէջ կը տառապէին… կ՛երազէին… կ՛ապրէին…»:

Յարութիւնի եւ Ժագլինի  միջեւ եղած սէրը իսկական, հարազատ եւ մաքուր սէր էր այն աստիճան, որ երբ կ՛առաջարկուի Յարութիւնին Շաւիլի Հայոց առաքելական Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ խորանին համար գծել եւ պատրաստել Սուրբ Աստուածամօր նկարը, գիրկը Յիսուս մանուկը, ան կը մտածէ. «Ժագլինի աչքերն ու դէմքի արտայայտութիւնը գոց գիտէր, բազմաթիւ անգամներ գծած էր, սակայն կը մնար գիրկը դնել մանուկ Յիսուսը, որ պէտք է նմանէր իր մանկութեան նկարներէն մէկուն…: «Ժագլինին գիրկին մէջ մանուկ մը» ինքնիրեն ըսաւ, ծիծաղելով…»: Մինչեւ այսօր կարող ենք տեսնել Աստուածամօր այս պատկերը, գիրկը Յիսուս մանուկը, Շաւիլի Հայոց առաքելական Ս. Գրիգոր եկեղեցւոյ խորանին զետեղուած:

Ստեղծուած սէրը այնքան զօրաւոր է, որ, միախառնուելով անհատականութեան եսակեդրոն զգացումներուն հետ, յարատեւ ժայթքումներու եւ կարծրատիպ պոռթկումներու առիթ ստեղծեց, որ իր կարգին վնաս հասցնելով զոյգին միջեւ եղած սիրոյն եւ ստեղծուելիք յարաբերութեան եւ վերաբերմունքին, տարաւ զիրենք դէպի ծայրայեղութիւն. «Ժագլին չկրցաւ ծունկի բերել Յարութիւնը…: Փոխարէնը արիւնը չորցաւ երակներուն մէջ, տեսնելով անտարբերութիւնը անոր»:

Այսպէս, Ժագլին իր էութեան եզրերուն հասնելով սկսաւ մտածել. «Եթէ իսկապէս սիրած ըլլար զիս, ծունկի պէտք է գար առջեւս… վրէ՞ժ կը լուծէր, ես ցոյց կու տամ իրեն…: Վերջ, վերջ ու վերջ… խե՛նթ ուրիշ մարդ չկա՞յ, որ այս անզգամին ետեւէն կը վազես…»: Սակայն, որովհետեւ ան իսկապէս կը սիրէր Յարութիւնը, շատ չանցած պիտի մտածէր.  «Բնական էր, որ Յարութիւն անզգամ ձեւանար»: Յարութիւն իրաւունք ունէր զիս պատժելու… «ի վերջոյ  այր մարդն ալ ունի իր արժանապատուութիւնը…»:

Յարութիւն ականջ տալով իր բանականութեան եւ քիչ մըն ալ զսպելով իր զգացումները, սկսաւ մտածել կեանքի մասին, իր իրագործելիք նպատակներուն եւ ընդհանրապէս գոյութենականութեան մասին` ընկերութեան մէջ գրաւելով արժանավայել տեղ, օգտակար ըլլալով իր նմաններուն: Այլ խօսքով, ապրելու իրեն բաժին ինկած կեանքը, նման բոլոր ուրիշներուն, որուն իրագործման համար ինք եկած էր Փարիզ մասնագիտանալու նկարչութեան ասպարէզին մէջ եւ իրականացնելու վերոնշեալները: Առ այդ, Յարութիւն, մտածեց. «Աւելի խոհեմ էր վերջ տալ այս անիմաստ «սրտերու կռիւ»-ին…»:

Եւ այսպէս, իսկական, հարազատ եւ մաքուր սէր մը ծնաւ զոյգի մը միջեւ, որ երբեք առիթ չունեցաւ մեծնալու, ինքզինք դրսեւորելու, առիթ չունեցաւ կեանքին իսկական իմաստը եւ քաղցրութիւնը տալու: Տակաւին իր գոյութեան առաջնագոյն փուլերուն անիկա դատապարտուեցաւ դառնալ «անկարելի սէր»:

2017             

Նախորդը

«Ամէն Պահի Կրնան Ռազմական Գործողութիւններ Սկսիլ» Ռազմական Փորձագէտ Ա. Եղիազարեան Զաքիր Հասանովի Յայտարարութեան Վերաբերեալ

Յաջորդը

Պետական Մրցանակակիր, Բանաստեղծ Եւ Նկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի Ծննդեան 85 Եւ Գործունէութեան 60-ամեակը

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?