Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց Սինկափուրէն Սանտրա Պասմաճեանին Հետ

June 26, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Սինկափուրը Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ կղզիներէն մէկուն վրայ գտնուող քաղաք-պետութիւն է: Անիկա կը համարուի աշխարհի ամէնէն զարգացած եւ հարուստ երկիրներէն մէկը: Հայերը Սինկափուրի մէջ հաստատուած են 18-րդ դարու վերջը: Հակառակ փոքրաթիւ համայնքին, հայերը յաջողած են զգալի հետք եւ դրական յիշողութիւններ ունենալ Սինկափուրի պատմութեան մէջ:

«Ազդակ»-ը ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնէ Սինկափուրէն Լիբանան այցելած Սանտրա Պասմաճեանին հետ հարցազրոյցը` Սինկափուրի մէջ ապրող հայերու կեանքին ու գործունէութեան մասին:

Խօսելով Սինկափուրի մէջ ապրող հայերու կեանքին ու գործունէութեան մասին` Սանտրա Պասմաճեան ըսաւ, որ Սինկափուրի հայ համայնքը մօտաւորապէս 40 հոգի կը հաշուէ: Մեծամասնութիւնը գործի համար կու գայ եւ մնայուն կայք չի հաստատեր Սինկափուր: «Կու գան, կ՛ապրին 3-4 տարի, յետոյ կը վերադառնան իրենց երկիրները: Սինկափուր բնակող հայերու թիւը առաւելագոյնը 5-7 հոգի է: Հայերու ներկայութիւնը Սինկափուրի մէջ շատ յարգուած է կառավարութեան կողմէ: Թէեւ հայ համայնքը Սինկափուրի հիմնադրութենէն ետք միշտ փոքր եղած է, բայց կարեւոր դեր խաղացած է: Անցեալին հայերուն կատարած ներդրումներուն եւ ժամանակակից գործունէութիւններու շնորհիւ կառավարութիւնը կը նկատէ զիրենք իբրեւ փոքր, բայց եւ այնպէս արդիւնաւէտ համայնք», ըսաւ ան:

Խօսելով հայերու կատարած ներդրումներուն մասին` Սանտրա Պասմաճեան նշեց. «1845-ին Խաչիկ Մովսէս անունով հայ մը  առաջին անգլերէն թերթը կը հրատարակէ` «Տը Սթրէյթս թայմս» անունով, որ մինչեւ օրս կը հրատարակուի եւ շատ մեծ տարածում ունի: Կայ նաեւ «Տը Ռաֆըլս» պանդոկը, որ Սարգիս եղբայրներուն կողմէ շինուած է: Սինկափուրը հիմնադրուեցաւ 1819-ին Սըր Սթանֆըրտ Ռաֆըլսի կողմէ: Յառաջիկայ տարի հիմնադրութեան 200-ամեակը պիտի տօնենք: 1823-ին 16 հայ կար Սինկափուրի մէջ: Այսօր հայերը 40 հոգի կը հաշուեն: Թիւը շատ չէ բարձրացած` ընդհանուր բնակչութեան հետ բաղդատած: Սինկափուրի մէջ կը գտնուի նաեւ հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ ամէնէն հին եկեղեցիներէն մէկն է, եւ Սինկափուրի կառավարութիւնը զայն համարեց ազգային պատմական կոթող:

«Աշխէն Յովակիմեանը (Ակնես Ճոագիմ)  Սինկափուր ծնած առաջին անձն էր, որ խառնածին խոլորց (օրքիտ) ծաղիկի տեսակը աճեցուց: Եւ այս ծաղիկը Սինկափուրի ազգային ծաղիկը համարուեցաւ եւ կը կոչուի «Վանտա միս Ճոագիմ» (Vanda Miss Joaquim): Փոքր համայնքին համար բաւական բան իրագործուած է անցեալին: Այսօր համայնքը կը պահպանէ իր կառոյցները կամաւոր աշխատողներով: Վճարովի անդամներ չունինք: Կը հրաւիրենք Սինկափուր եկած աշխարհի որեւէ անկիւնէն հայեր, որպէսզի օգնեն մեզի, որովհետեւ շատ դժուար է հնութիւնը պահպանել  եւ խնամել: Սինկափուրի կառավարութիւնը շատ աջակցող է: Կը դիմենք կառավարութեան եւ կը ստանանք նիւթական օժանդակութիւններ` եկեղեցւոյ վերանորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներ կատարելու, շրջափակի ցանկապատները վերանորոգելու համար: Թէեւ կը ստանանք օժանդակութիւն, բայց մէկը պէտք է, որ պետական թուղթերը ամբողջացնէ ու պատրաստէ:

«Մեր ամէնէն վերջին իրագործումը 24 մայիս 2018-ին տեղի ունեցաւ: Երկար ամիսներու լուրջ աշխատանքէ ետք յաջողեցանք ստեղծել հայկական  ժառանգութեան ցուցասրահը Սինկափուրի մէջ: Այս ձեռնարկն ալ կառավարութեան կողմէ նիւթական օգնութեամբ եւ շրջանի մէջ ապրող հայերու նուիրատուութեամբ պատրաստուեցաւ: Եկեղեցւոյ մէջ պսակուողներու նուիրատուութեամբ ալ կը հաւաքուի որոշ գումար: Ուրեմն 24 մայիսին բացումը կատարեցինք այդ ցուցասրահին. ներկայ էին 70 անձ, կառավարական անձնաւորութիւններ եւ ներկայացուցիչներ, Աւստրալիայէն եկած էր նաեւ Հայկազուն եպս. Նաճարեան սրբազանը: Բաւական տպաւորիչ էր, որ այդքան փոքր համայնք մը, այսքան լաւ ցուցասրահ մը կրնայ շինել», ըսաւ ան:

Սանտրա Պասմաճեան յայտնեց, որ հայկական դպրոց գոյութիւն չունի Սինկափուրի մէջ` համայնքին շատ սակաւաթիւ ըլլալուն պատճառով: «Այն հայերը, որոնք Սինկափուր կ՛ապրին, հայերէն չեն խօսիր ընդհանրապէս: Տեղի ունեցած են նաեւ խառն ամուսնութիւններ»:

Սանտրա Պասմաճեան դիտել տուաւ. «Հայկական եկեղեցւոյ մէջ ունինք այցելուներու գիրք, բալմաթիւ զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն եկեղեցի եւ կը գրեն իրենց տպաւորութիւնները: Հայ զբօսաշրջիկներուն առաջին գործը կ՛ըլլայ այցելել հայկական եկեղեցին եւ յիշողութեան պարտէզը: Ամէն օր մօտաւորապէս 15-20 զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն եկեղեցի: Եկեղեցին բաց է ժողովուրդին համար: Մարդիկ ազատօրէն կու գան ու կ՛երթան: Եկեղեցին քաղաքին կեդրոնը կը գտնուի իր երիցատունով ու պարտէզով միասին: Շատ անգամ, երբ կամաւոր գործի մը համար կ՛այցելեմ եկեղեցի, կը տեսնեմ մարդիկ նստած են եկեղեցւոյ մէջ կամ յիշողութեան պարտէզը: Մեր կամաւորներէն շատեր Հայաստանէն են, սփիւռքէն ալ կան հայեր, որոնց հետ կը հաւաքուինք եւ հաճելի ժամանակ կ՛անցընենք»:

 

 

Նախորդը

«Խաչիկ Պապիկեան»-ի Մրցանակաբաշխութիւն

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Երկու Շաբաթ Պիտի Թեւածէ Հայկական Շունչը` «Ֆոլքլայֆ» Փառատօնին

RelatedPosts

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»
Հարցազրոյց

«Իրաւունք Չունենք Յուսահատուելու»

January 12, 2026
«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյց

«Այն, Ինչ Որ Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ, Բնականոնացում Չէ, Այլ Պարտադրուած Ընդունում` Հայաստանի Այլասերման. Այսպէս Մնալը Անձնասպանութիւն Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

January 10, 2026
Երուանդ Հաւարեանի «Rewind» (Վերադարձ) Խորագիրով Անհատական Ցուցահանդէս
Հարցազրոյց

Լիբանանեան Կարեւոր Դէմքեր. Անմահացուցած Երուանդ Հաւարեանին Հետ

December 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.