Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէսները 2017-2018

Յունիս 27, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի Բողբոջ եւ Կոկոն դասարաններու 49 աշակերտները շաբաթ, 2 յունիսին կենսուրախ մթնոլորտի մէջ ողջունեցին իրենց ծնողներն ու հարազատները. մանկական ամչկոտութեամբ, բայց հասկնալի առոգանութեամբ հանդէս եկան երեք լեզուներով` հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն երգերու եւ արտասանութիւններու ընդմէջէն ներկաներուն պարզեցին, թէ իրենց լեզուն ու արտայայտութիւնները որքա՜ն յառաջդիմեր էին ու նոր գիտելիքներով հարստացեր, իսկ անոնց խանդոտ պարերը ներկաները միացուցին բեմահարթակին:

Հանդէսի աւարտին մանկական անմեղութեամբ անոնք խոստացան, որ ամրան ընթացքին հնազանդ պիտի ըլլան իրենց ծնողքին եւ երեք ամիսներ յետոյ քիչ մըն ալ աւելի մեծցած պիտի վերադառնան դպրոց:

***

Ծաղիկ դասարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 16 յունիսին, անոր բացումը կատարեց մանկապարտէզի պատասխանատու Միրէյ Ստեփանեանը, որ գնահատեց ծնողներուն սերտ գործակցութիւնը` դիտել տալով, որ մանկապարտէզի փոքրիկները վայելած էին տաքուկ եւ սիրոյ ամբողջական մթնոլորտ: Ապա Ծաղիկ դասարանի 38 շրջանաւարտները բեմ ներկայացան սովորականէն աւելի արտայայտիչ երեւոյթով, իրենց անմեղ դէմքերէն կը շողարձակէր բացառիկ ուրախութիւն, գունագեղ զգեստներու մէջ անոնց շարժումները դարձած էին աւելի առոյգ եւ կայտառ:

Մանկապարտէզի յայտագիրին ընդմէջէն աշակերտները լուսարձակի տակ առին ծովային հարուստ աշխարհը իր տեսակաւոր կենդանիներով` անդրադառնալով կեանքի ազատութեան ու ծովու անաղարտ պահպանման կարեւորութեան:

Բեմին յարդարանքը խնամքով պատրաստած էր ծնողներէն Շողիկ Էլմայեան:

 

 

Աշակերտները թեման ներկայացուցին հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, քաղցր ու յստակ առոգանութեամբ, յորդորներով եւ թելադրութիւններով բծախնդիր յայտագիրի մը  ընդմէջէն, որ փոխանցուեցաւ իրերայաջորդ աշխուժ երկխօսութեամբ, ներկայացումներով, արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով. այս բոլորը` փոքրիկներու վայելչագեղ զգեստներով:

Երեք լեզուներով կատարուած ներկայացումները կը փոխանցէին նաեւ վարժարանին նպատակները. արդարեւ, իւրաքանչիւր աշակերտ քրիստոնէական հաւատքով, հայակերտ ազգային շունչով, Լիբանանի հողին սիրով եւ բարոյական արժէքներով, յանձնառու գիտակցութեամբ եւ պարտաւորութեամբ կ՛առաջնորդուի, կը դաստիարակուի եւ կը կազմաւորուի Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի կամարներուն ներքեւ:

Յայտագիրի բովանդակութենէն եւ պատրաստութենէն կ՛արտացոլային մանկապարտէզի կրթական տարեշրջաններու ամբողջական ծրագիրները, որոնք հետեւողական բծախնդրութեամբ կը հսկուին հայ քոյրերուն կողմէ:

Յայտագիրի ընթացքին խօսք առաւ վարժարանի փոխտնօրէն Կարպիս Գապասագալեանը, որ քոյր Արմինէ Մակարոսեանին անունով շնորհաւորեց Ծաղիկ դասարանի վկայեալ աշակերտներն ու անոնց ծնողները, ապա` «Միսը քեզի, ոսկորը ինծի» ժողովրդային ասացուածքը մէջբերելով, մեկնաբանեց մերօրեայ հասկացողութեամբ, որ ծնողք եւ դպրոց հաւասարապէս ունին կարեւոր պատասխանատուութիւն սերունդներու առողջ կազմաւորման` մին կրթութեան, իսկ երկրորդը` դաստիարակութեան, որոնք կը կազմեն մէկ եւ ամբողջական օղակը վաղուան իսկական հայուն, տիպար եւ օրինակելի մարդուն: Ան կարեւոր նկատեց հայ քոյրերու առաքելութիւնը` քրիստոսաւանդ եւ բարեխիղճ սերունդներու պատրաստութեան համար:

Տնօրէնութեան անունով ան շնորհակալութեան խօսք փոխանցեց Ռիթա Ետալեանին, որ իր արուեստի դրոշմով մանկապարտէզի մուտքը գեղեցկացուցեր էր: Ապա ջերմօրէն գնահատեց մանկապարտէզի ուսուցչական կազմը, որ անխոնջ նուիրումով փոքրիկները հասցուցեր էին ապատով քարափ:

Ան դիտել տուաւ, որ Ծաղիկ դասարաններու 38 շրջանաւարտներուն համար յատկանշական եւ անմոռանալի օր է, որ սկիզբը պիտի ըլլայ հետագայ մեծագոյն վկայականներու, բարձր ուսումներու եւ տիտղոսներու:

Հանդէսի աւարտին շրջանաւարտները բեմ բարձրացան իրենց յատուկ զգեստներով, ապա արտասանեցին իրենց երախտագիտական զգացումները մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին եւ խոստացան ինքնավստահ քայլերով բարձրանալ դէպի նախակրթարանի դասարանները:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի երկրորդական դասարաններու հոգեւոր դաստիարակ հայր Սեպուհ Կարապետեանը, որ տնօրէնութեան անունով կատարեց վկայականաց տուչութիւնը, որմէ ետք յատուկ յորդորներով օրհնեց ծնողներն ու աշակերտները եւ «Պահպանիչ»-ով եզրափակեց օրուան հանդէսը:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (27 Յունիս 1968)

Յաջորդը

«Ես Իսլամացած Հայի Քրիստոնեայ Զաւակ Եմ». Կարօտ Սասունեան

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?