Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ Երկու Շաբաթ Պիտի Թեւածէ Հայկական Շունչը` «Ֆոլքլայֆ» Փառատօնին

Յունիս 26, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ 27 յունիսին պիտի սկսի «Ֆոլքլայֆ» փառատօնը, որուն առաջին անգամն ըլլալով պիտի մասնակցի Հայաստանը, իսկ բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան:

Այս փառատօնին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ կազմակերպիչ «Սմիթսոնեան հիմնարկ»-ին մէջ աշխատողներէն Ալիք Գանտահարեանին հետ, որ դիտել տուաւ, թէ այս  հռչակաւոր հիմնարկը 50 տարիէ ի վեր կը կազմակերպէ այս փառատօնը, իւրաքանչիւր տարի կ՛ընտրուի երկիր մը, եւ կը ներկայացուին այդ երկրին մշակոյթը, աւանդութիւնները, կերակրատեսակները, արուեստի գործերը, ձեռագործները` կենդանի կերպով:

«Այս առիթով հիմնարկը տուեալ երկրէն կը հրաւիրէ նաեւ մասնակիցներ, այս պարագային` թոնիրի լաւաշ թխողներ, արուեստագէտներ, ձեռային աշխատանքի մասնագէտներ եւ այլն: Ուրեմն Հայաստանէն այս առիթով հրաւիրուած է 90 մասնակից: Նպատակը մշակոյթի եւ ազգագրական յատկութիւններու ներկայացման ճամբով երկիրն ու ժողովուրդը ծանօթացնելն է», դիտել տուաւ Ա. Գանտահարեան: Այս տարի փառատօնին հիմնական հերոսը վարպետն է, որուն ընդմէջէն ցոյց պիտի տրուին տարբեր արհեստներ, ներկայի ու անցեալի կապը` լուսարձակի տակ առնելով այն, որ պէտք է պահպանել աւանդութիւնները եւ փոխանցել յառաջիկայ սերունդներուն: Փառատօնի ծիրին մէջ պիտի ներկայացուի խաչքարագործութիւնը, կաւագործութիւնը, փայտագործութիւնը, գորգագործութիւնը, այդ ալ կենդանի կերպով, այսինքն` խաչքարը հոն պիտի սկսի փորագրուիլ եւ հոն ալ պիտի աւարտի, նոյնը` միւս արհեստներու պարագային: Ասեղնագործութիւնը պիտի ներկայացուի սուրիահայերուն կողմէ, կարեւոր տեղ պիտի գրաւէ նաեւ հայկական խոհանոցը` իր լաւաշով, չոր միրգերով, գինիով, պաստեղով, տոլմայով, պանիրով եւ այլն:

Ան յատկանշական նկատեց այն, որ աշխարհի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն մէջ Հայաստանի ազգագրական կեանքի, մշակութային իւրայատկութիւններու ծանօթացում պիտի ըլլայ, իսկ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ յուլիս 4-ը անկախութեան օրն է, տարբեր ազգութիւններէ մեծաթիւ անձեր Ուաշինկթըն կը գտնուին այդ օրերուն: «Համաշխարհային մակարդակի վրայ մեր մշակոյթով մենք մրցունակ ենք. այդ բարձր որակը, համամարդկային արժէքները մեծապէս կը հետաքրքրեն միջազգային հանրութիւնը, ուստի շատ կարեւոր է եւ լաւ առիթ է, որ նման ծրագիրներով բոլորին ուշադրութեան առարկան դարձնենք Հայաստանը», դիտել տուաւ Ա. Գանտահարեան` աւելցնելով, որ հայկական մշակոյթն ալ տիրական ներկայութիւն պիտի ըլլայ:

Եզրափակելով` Ալիք Գանտահարեան ըսաւ. «Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները, թաւշեայ յեղափոխութիւնը մեր պետութիւնն ու երկիրը վերածեցին մոտել պետութեան եւ հասարակութեան, որովհետեւ ամբողջ համակարգ մը փոխուեցաւ առանց միջադէպերու, առանց բախումներու, քաղաքակիրթ ձեւով: Աշխարհին ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ մեր երկրին վրայ. այս փառատօնին ճամբով նաեւ մեր մշակոյթով, ազգագրութեամբ պէտք է փաստենք, որ մեր երկիրը իւրայատուկ է, աշխարհի քաղաքակրթութեան զարգացման մեծ նպաստ բերած է եւ կը շարունակէ բերել»:

Նախորդը

Հարցազրոյց Սինկափուրէն Սանտրա Պասմաճեանին Հետ

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?