Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Յարութ Եաղսըզեան Ցեղասպանութեան Թանգարանին Կը Նուիրէ Այնթապի Հերոսամարտէն Բացառիկ Լուսանկարներ
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հաւաքածոն համալրուեցաւ մօտաւորապէս քսան հազուագիւտ փաստաթուղթերով եւ աւելի քան 130 բացառիկ, բնօրինակ լուսանկարներով, որոնք կ՛առնչուին 1920-ին տեղի ունեցած Այնթապի հայութեան հերոսական դիմադրութեան:
Ըստ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին, լուսանկարները կը ներկայացնեն ինքնապաշտպանական մարտերէն դրուագներ, պաշտպանական ամրութիւններու կառուցման տեսարաններ, ինչպէս նաեւ հերոսամարտին մասնակիցները:
Յայտնենք, որ այս բացառիկ նուիրատուութիւնը կատարուեցաւ Լոս Անճելըսէն Յարութ Եաղսըզեանի կողմէ:
Արցախի Թեմի Առաջնորդը Ընդունած Է «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Խմբակցութիւնը
Արցախի Ազգային ժողովի «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը հանդիպած է Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, երկուստեք շեշտած են օրինականութեան պահպանումն ու ամենաթողութեան մթնոլորտի վերացման ուղղութեամբ կիրառուած քայլերը:
Երկու կողմերն ալ կարեւոր նկատած են սկսած բարեփոխումներուն անցնցում իրականացման անհրաժեշտութիւնը եւ անթոյլատրելի համարած են ստեղծուած մթնոլորտին մէջ շահադիտական նպատակներով տարբեր պահանջներու ներկայացումը:
Շիրակի Մարզի Կաթողիկէ Հայոց Հոգեւոր Հայրերու Շնորհաւորական Այցելութիւնը` Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Մխիթար Հայրապետեանին
Վերջերս սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի գրասենեակին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Գիւմրիի Սրբոց Նահատակաց Հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի, Փանիկ գիւղի հոգեւոր հովիւ Գառնիկ ծ. վ. Յովսէփեանի եւ սփիւռքի նախարարին միջեւ, որոնք քննարկեցին ազգային, հոգեւոր, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու վերաբերող բազում եւ բազմապիսի հարցեր: Վերոյիշեալ նիւթերուն կողքին, անոնք իրենց սպասումները եւ հեռանկարները հաղորդեցին նախարարին ու զինք հրաւիրեցին Հայաստանի Թորոսգիւղ շրջանին մէջ յուլիսին կայանալիք Երիտասարդական օրերու բացման հանդիսութեան, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ սփիւռքեան տարբեր գաղութներէն երիտասարդական խմբակներ` Լիբանանէն, Սուրիայէն, Լեհաստանէն, Ուքրանիայէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն, որոնք պիտի միանան Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եկած երիտասարդներուն մէկ շաբթուան ընթացքին միասնաբար քննարկելու հոգեւոր եւ ազգային ինքնութեան ու պատկանելիութեան վերաբերող նիւթեր:
Հանդիպման աւարտին հոգեւոր հայրերը նորանշանակ նախարարին փոխանցեցին իրենց բարեմաղթութիւնները եւ շնորհաւորութիւնները:
Սփիւռքի Նախարարը Հանդիպեցաւ «Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութեան Հայկական Բաժինի Տնօրէնին Հետ
Յունիս 21-ին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւ փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան հանդիպեցան «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանին հետ, որուն կ՛ընկերանար հիմնարկութեան հայաստանեան ծրագիրներու խորհրդատու Համազասպ Դանիէլեանը:
Հանդիպման ընթացքին դոկտ. Փանոսեան ներկայացուց հիմնարկութեան գործունէութիւնը, իրականացուցած հայանպաստ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ընթացիկ ծրագիրներուն: Խօսելով հիմնարկութեան առաքելութեան մասին` դոկտ. Փանոսեան նշեց, որ բացի կրթական ծրագիրներէն եւ կրթանպաստներու յատկացումներէն, կառոյցը կարեւոր կը նկատէ հայագիտական գրականութեան հրատարակումը, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնը պահպանելու եւ զարգացնելու ուղղութեամբ ռազմավարական նոր ծրագիրներու մշակումը:
Նախարարը ընդգծեց, որ կը գնահատէ հիմնարկութեան ազգանպաստ գործունէութիւնը, նախարարութեան հետ ունեցած գործակցութիւնը եւ յոյս ունի, որ այդ կապերը առաւել կ՛ամրապնդուին ու կը խորանան:
Տեղեկացնենք, որ համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ առաւել սերտօրէն համագործակցելու տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ, ուր հիմնարկութիւնը արդէն արձանագրած է որոշ յաջողութիւններ:
Վանաձորցի Բազմանդամ Ընտանիքը Դոմիկէն Տեղափոխուեցաւ Նոր Տուն
«Ես տան մէջ մեծցած եմ եւ չէի գիտեր, թէ դոմիկն ի՞նչ է», կ՛ըսէ Աստղիկ, որ ամուսնութենէն ետք տեսաւ եւ զգաց յետերկրաշարժեան Վանաձորի դոմիկային կեանքը: Հայաստանի հիւսիսը փլատակներու տակ թաղած երկրաշարժի տարին ծնաւ, աղէտի գօտիէն հեռու, բայց եւ այնպէս ընտանեկան կեանքը աղէտալի պայմաններու մէջ սկսաւ եւ գոյատեւեց:
Կնոջ համար 8 տարի է, իսկ Բագրատը արդէն 28 տարի է դոմիկի մէջ կ՛ապրի: Դոմիկին մէջ կորսնցուցած է հայրը: Ան 54 տարեկանին մահացած է տան կենցաղային պայմաններուն պատճառով յառաջացած հիւանդութիւններուն իբրեւ հետեւանք: Բագրատին մայրն ալ կ՛ապրի վտանգաւոր հիւանդութեամբ. 57 տարեկան Անահիտ Աւետիսեան արեան քաղցկեղ ունի:
Աստղիկն ու Բագրատը 3 զաւակ ունին: Աննան առաջին դասարան է, որդին` Սերգէյը, 6 տարեկան, իսկ տան կրտսերը` Անին, 3 տարեկան: Մնացականեան ամուսինները մնայուն աշխատանք չունին. ընտանիքին եկամուտը օգնութեան նպաստն է` 30 հազար դրամ, նոյնքան է Բագրատի մօր` տիկին Անահիտին թոշակը:
«Ամուսինս յոյս չունէր, բայց ես կը հաւատայի, որ Աստուած իմ տան յոյսը պիտի դնէ բարի մարդու մը սրտին ու պիտի տայ ինծի», ըսաւ Աստղիկը: Անոր երազը իրականացաւ: Վանաձորին մէջ ապրող Մնացականեաններուն 6 հոգինոց ընտանիքին բնակարան նուիրեց Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի բարերար Զարեհ Շահգալտեանը:
Բագրատն ու Աստղիկը 3 փոքրիկներուն եւ Անահիտ տատիկի հետ միասին շուտով տեղափոխուեցան նոր տունը, որ հիմնովին նորոգուած, կահաւորուած եւ կենցաղային արհեստագիտութեամբ համալրուած է, իսկ Վանաձորի կեդրոնին մէջ տեղակայուած յետերկրաշարժեան դոմիկը հիմնովին պիտի քանդուի` իրեն հետ տանելով Մնացականեաններուն 28 տարուան մղձաւանջը:
Յովհաննէս Թումանեանի Թանգարանը Կը Վերահրատարակէ Գրողին Տասը Հատորեակը
Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին ընդառաջ, գրողի երեւանեան թանգարանը նախաձեռնած է անոր երկերու ամբողջական ժողովածուի վերահրատարակութեան:
1990-ականներուն, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկը, նշանաւոր գրականագէտ Էդուարդ Ջրբաշեանի գլխաւորութեամբ, կազմակերպած էր Յ. Թումանեանի 10-հատորեակի հրատարակութիւնը: Հակառակ հսկայ աշխատանքին, ժամանակի թելադրանքով որոշ նիւթեր հրատարակուած էին խմբագրումներով, եւ կային բացթողումներ:
Վերջին տարիներուն ի յայտ եկած էին նոր նիւթեր: Այդ բոլորը նկատի ունենալով` Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանը իր միջոցներով եւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի թումանեանագիտութեան բաժինին հետ համագործակցութեամբ, սկսած է վերահրատարակելու ամենայն հայոց բանաստեղծին երկերը:
Թանգարանին մէջ վերահրատարակութեան աշխատանքները սկսած են անցեալ տարուընէ: Առաջին հատորին մէջ Թումանեանի բանաստեղծութիւններն են` ժամանակագրական կարգով: Առանձին բաժինով լոյս պիտի տեսնեն հեղինակին սեւագիր եւ անաւարտ գործերը: Որոշ բանաստեղծութիւններ տպագրուած են առաջին անգամն ըլլալով: Յաջորդ հատորներուն մէջ եւս պիտի ըլլան մինչ այս չհրատարակուած նիւթեր:
«Հաւանաբար, մէկ կամ հինգ տարի ետք այլ նիւթեր յայտնուին: Այն, ինչ որ ունինք այս պահուն, առանց խմբագրումներու տեղ պիտի գտնեն 10-հատորեակին մէջ, որովհետեւ յատկապէս Յ. Թումանեանի հրապարակախօսական յօդուածները, Արեւմտեան Հայաստան 1914-1915 անոր կատարած ճամբորդութիւններու օրագրային գրառումները, դժբախտաբար, հասկնալի պատճառներով հրատարակուած են որոշ խմբագրումներով», ըսաւ թանգարանի փոխտնօրէն Անի Եղիազարեան:
Հաղորդենք, որ առաջին հատորը լոյս տեսած է 900 օրինակով: Մինչեւ տարեվերջ կը նախատեսեն հրատարակել եւս երկու հատորներ: Երկու կամ երեք հատորներ ալ պիտի տպագրուին յաջորդ տարի: «2 տարուան մէջ վեց հատոր հրատարակելը աներեւակայելի է», յայտնեց թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեան եւ աւելցուց, թէ Թումանեանի եղբօր` Վահան Թումանեանի ընտանիքը կը պատրաստուի աջակցելու երկրորդ եւ երրորդ հատորներու հրատարակութեան:
Երեւանի Առաջին Տեղեկատուական Վայրին Բացում
Մայրաքաղաքի Նալպանտեան 2/1 հասցէի վրայ` մեթրոյի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանի յարակից այգիի սկզբնամասին մէջ բացումը կատարուեցաւ Երեւանի զբօսաշրջային տեղեկատուական աջակցութեան եւ քաղաքացիներու սպասարկման առաջին կէտին:
Բացման առիթով կար երաժշտութիւն, պար եւ հիւրասիրութիւն: Կարմիր ժապաւէնը կտրեցին քաղաքապետի օգնական Մարիա Բարաղամեանը եւ քաղաքապետարանի աշխատակազմի զբօսաշրջութեան բաժինի նախագահ Գէորգ Օրբէլեանը:
Կարեւոր նկատելով նմանատիպ աջակցութեան եւ սպասարկման կէտերու դերը ինչպէս ոեւէ քաղաքի, այնպէս ալ Երեւանի զբօսաշրջութեան զարգացման համար, քաղաքապետի օգնական Մարիա Բարաղամեանը նշեց. «Նկատի առնելով, որ տարին յոբելենական է Երեւանի համար, եւ կ՛ակնկալուի զբօսաշրջիկներու մեծ հոսք, տակաւին այս մարտին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան յանձնարարած էր քաղաքապետարանի համապատասխան վարչութիւններուն սեղմ ժամանակաշրջանի մէջ քննարկել եւ առաջարկներ ներկայացնել մայրաքաղաքին զբօսաշրջային տեղեկատուական աջակցութեան կէտերու տեղադրման մասին: Եւ ահա այսօր բացումը կը կատարուի առաջին կէտին` Նալպանտեան 2/1 հասցէով: Ծրագիրը կը նպատակադրէ աջակցիլ մեր համաքաղաքացիներուն եւ քաղաքի հիւրերուն` տրամադրելով տեղեկատուութիւն քաղաքին մէջ կողմնորոշուելու, քաղաքի զբօսաշրջային ենթակառուցուածքներուն, քաղաքապետարանին կողմէ մատուցուող ծառայութիւններուն մասին: Յառաջիկային բացումը պիտի կատարուի նաեւ երկրորդ կեդրոնին»:
Զբօսաշրջային տեղեկատուական աջակցութեան եւ քաղաքացիներու սպասարկման կէտին մէջ այցելուներուն անվճար պիտի տրամադրուին Երեւանի երկլեզու քարտէսներ, տեղեկատուական պրոշիւրներ, ուղեցոյցներ «Երեւանեան ամառ 2018» եռամսեայ միջոցառումներու ծրագիրի, թանգարաններու, «Երեւան Սիթի թուր» ծրագիրի, Կենդանաբանական այգիի, Երեւանի քաղաքապետարանի ելեկտրոնային ծառայութիւններու, բնակիչներու ընդունելութեան ժամանակացոյցի, «Թէժ գիծ» ծառայութեան մասին, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ ուղեցոյցներ` կառուցապատման թոյլտուութիւններու եւ քաղաքաշինական փաստաթուղթերու վերաբերող:
Կէտի աշխատակիցները ամէն օր` ժամը 10:00-22:00-ին, պիտի սպասարկեն մայրաքաղաքի հիւրերուն եւ բնակիչներուն:
«Պիտի աջակցինք ինչպէս զբօսաշրջիկներուն, այնպէս ալ մեր քաղաքացիներուն: Պիտի փորձենք օգնել անոնց, կողմնորոշուելու քաղաքի տարբեր ենթակառուցուածքներուն հետ կապուած հարցերուն մէջ եւ ամէնէն կարեւորը` պիտի աշխատինք ժպիտով եւ բարձր տրամադրութեամբ», նշեց տեղեկատուական կէտի պատասխանատու Անի Սեւինեան:
Մեծ ոգեւորութեամբ գաղափարին միացած են նաեւ շարք մը գործընկերներ. «Արմենիա զբօսաշրջական» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Լիլիթ Յովհաննիսեան համոզուած է, թէ գաղափարը իսկապէս արդիական է եւ անհրաժեշտ:
«Վստահ եմ, որ մտայղացումը պիտի նպաստէ, որ զբօսաշրջիկները ալ աւելի դիւրութեամբ կողմնորոշուին եւ աւելի լաւ կազմակերպեն իրենց ժամանցը Երեւանի մէջ: Մեր ամսագիրը անպայման պիտի աջակցի ծրագիրին, տեղեկատուական կէտերու մէջ միշտ պիտի գտնուին մեր ամսագիրին վերջին հրատարակութիւնները», նշեց Յովհաննիսեան:
Յառաջիկային կը նախատեսուի գործարկել տեղեկատուական կէտի երկրորդ տաղաւարը` Ֆրանսայի հրապարակին մէջ:
Նշենք, որ այս տարի «Երեւան 2800» հիմնական տօնական միջոցառումները պիտի իրականացուին սեպտեմբեր 29-30-ին:
Մարտակերտի Ազատագրման 25-ամեակին Նուիրուած Տօնական Շաբաթ
Յունիս 21-ին բացումը կատարուեցաւ Մարտակերտի ազատագրման 25-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկներու շարքին, որ պիտի շարունակուի մինչեւ յունիս 28: Այս մասին յայտնած է Մարտակերտի շրջանի «Ջրաբերդ» պաշտօնաթերթը:
Յունիս 21-23 տեղի ունեցաւ «Շոտոկան» քարաթէի Հայաստանի առաջնութիւն, յունիս 25-ին` զարգացման խաղ` Մարտակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ, յունիս 25-ին` Մարտակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ կայացաւ երգահանդէս` Արցախի պետական էսթրատային խումբին մասնակցութեամբ: Յունիս 26-ին Մարտակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ բեմադրուեցաւ «Աշխարհը Լոռուայ ձորերուն մէջ» ներկայացումը` Ստեփանակերտի «Վահրամ Փափազեան»-ի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնին մասնակցութեամբ, յունիս 27-ին, ժամը 17:00-ին, Մարտակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ տօնական երգահանդէս` կեդրոնի երգիչ-երգչուհիներուն կատարումով:
Ըստ աղբիւրին, յունիս 27-28 Մարտակերտի «Վիգէն Շիրինեան»-ի անուան մարզադաշտին մէջ պիտի կազմակերպուի փոքր ֆութպոլի շրջանային ախոյեանութիւն, իսկ յունիս 26-28-ին, ժամը 10:00-17:00 ժամանակահատուածին, Մարտակերտի ըմբշամարտի դահլիճին մէջ` ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցոյթ:
Տօնական շաբթուան վերջին օրը` յունիս 28-ին, ժամը 10:00-ին, Մարտակերտի մէջ պիտի կազմակերպուի զինուորական քայլերթ, որուն պիտի յաջորդէ ծաղկեպսակադրութիւն` արցախեան գոյամարտին նահատակուած ազատամարտիկներու եւ զինուորական ծառայողներու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ:
Կազմակերպուող ձեռնարկներու ծիրին մէջ, նոյն օրը, ժամը 11:40-ին շրջանային կեդրոնի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան կեդրոնին մէջ պիտի կայանայ հանդիսաւոր ժողով` նուիրուած Մարտակերտի ազատագրման 25-ամեակին, որուն պիտի յաջորդեն տօնական ելոյթներ: