Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Կրօնափոխ Հայերի Խնդիրները Թուրքիայի Հանրապետութիւնում» (Հեղինակ` Հայկազուն Ալվրցեան)

Յունիս 27, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2014-ին լոյս տեսաւ Հայկազուն Ալվրցեանի «Կրօնափոխ հայերի խնդիրները Թուրքիայի Հանրապետութիւնում» գիրքը, բաղկացած` 152 էջերէ: Խմբագիր` Մելինէ Անումեան:

Ներածութեան մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու բռնի իսլամացման քաղաքականութիւնը ունի դարերու պատմութիւն, սակայն միայն 1915-1923-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը, կոտորածները, տեղահանութիւնը եւ բռնի իսլամացումը արմատապէս փոխեցին երկրի ցեղագրական պատկերը: 1923-ին սկսաւ իսլամացման եւ թրքացման նոր փուլ, որ վերածուեցաւ հանրապետական Թուրքիոյ պետական քաղաքականութեան:

Գիրքին առաջին գլուխին մէջ ներկայացուած է իսլամացման քաղաքականութիւնը օսմանեան  կայսրութեան մէջ եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան շրջանին:

Ալվրցեան կ՛ըսէ, որ օսմանեան կայսրութեան մէջ իսլամացման կը նպաստէին մանկահաւաքը եւ կայսրութեան քրիստոնեայ ժողովուրդներու նկատմամբ պարբերաբար իրականացուող կոտորածներն ու հալածանքները, անոնց նկատմամբ գործադրուող ազգային, կրօնական եւ հարկային խտրական քաղաքականութիւնը:

Կոտորածներով, կրօնափոխութեամբ եւ հարկադրուած արտագաղթով սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, որովհետեւ անոնք կը կատարուէին ազգային-կրօնական յատկանիշի հիման վրայ:

Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն իսլամացումը ձեւական նախապայման էր գոյատեւելու, բայց յաճախ իսլամացածներն ալ չեն խուսափած կոտորածներէն:

Երկրորդ գլուխով ներկայացուած է իսլամացման գործընթացը 1923-էն ետք: Մուսթաֆա Քեմալ շարունակեց Երիտասարդ թուրքերու քաղաքականութիւնը, կոտորելով մօտ 300 հազար հայ: Երկրի հայկական, յունական եւ ասորական տեղանունները փոխուեցան: 1929-ին շարք մը նահանգներէ հայերուն պարտադրուեցաւ արտագաղթել: 1942-ին հաստատուեցաւ ունեւորութեան տուրքը: Շատ մը եկեղեցիներ փակուեցան ու աւերուեցան: Արեւմտեան Հայաստանի մէջ նոր թափ առաւ իսլամացման գործընթացը:

Երրորդ գլուխով կը ներկայացուի կրօնափոխ հայութեան խումբերն ու բնակութեան վայրերը:

Թուրքիոյ մէջ բնակող կրօնափոխ հայերը ըստ կրօնական յատկանիշի կը բաժնուին երկու խումբի` սիւննի իսլամներ եւ ալեւիներ: Ըստ ազգային յատկանիշի պատկերը աւելի խայտաբղէտ է` քիւրտեր, թուրքեր, զազաներ, մասամբ` արաբներ եւ ասորիներ: Առանձին մեծ խումբ կը կազմեն իսլամացած համշէնահայերը:

Առաջին խումբի հայերը 1915-էն ի վեր կը շարունակեն ապրիլ քիւրտերու կամ թուրքերու կողքին` իբրեւ իսլամներ: Անոնց հիմնական մասը իսլամ ընտանիքներու մէջ դաստիարակուած հոգեզաւակներու սերունդներն են: Եթէ անգամ տեղեակ են իրենց հայկական ծագման մասին, առանձնապէս հակամէտ չեն վերադառնալու այդ ինքնութեան: Հաշտուած են կատարուած իրողութեան հետ եւ չեն փորձեր իրենց համար բարդութիւններ ստեղծել:

Երկրորդ խումբը կը կազմեն գաղտնի կամ ծպտեալ հայերը, որոնք կը գիտակցին իրենց ազգային պատկանելիութեան, զայն գաղտնի կերպով կը փոխանցեն սերունդէ-սերունդ, իրենց ընտանիքներուն մէջ կը պահպանեն հայկական ազգային որոշ սովորութիւններ, աւանդութիւններ եւ մշակութային տարրեր, եւ կը խուսափին օտարներու հետ ամուսնանալէ: Այսինքն` անոնք կ՛ամուսնանան իրենց նման ծպտեալներու հետ: Անոնք նպաստաւոր պայմաններու մէջ մկրտութեան ճամբով կը վերադառնան հայկական ինքնութեան:

Առանձին խումբ կը կազմեն հայ կիներէ ծնածներու սերունդները:

Չորրորդ գլուխով ներկայացուած են Համշէնն ու համշէնահայերը եւ Տէրսիմն ու տէրսիմահայերը:

Համշէնահայութիւնը ըստ բնակութեան վայրի, դաւանանքի եւ լեզուի` բաժնուած է երեք հիմնական խումբի. արեւմտեան համշէնահայեր, որոնք թրքախօս են եւ սիւննի իսլամ, արեւելեան համշէնահայեր, որոնք հայախօս են եւ սիւննի իսլամ, եւ հիւսիսային համշէնահայեր, որոնք կը բնակին Աբխազիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ եւ կը խօսին  Հաշմէնի բարբառ ու քրիստոնեայ են:

Մեծ եղեռնէն ետք Տէրսիմ մնացած հայերը ալեւիացած են: 1937-1938-ին տէրսիմցիներու նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուած է մօտ 15 հազար հայ:

Այսօր Տէրսիմի զազաները, քիւրտերը եւ հայերը կ՛ապրին ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքի շրջան: Կազմուած է Տէրսիմի հայերու միութիւնը:

Հինգերորդ գլուխով ներկայացուած են, ազգայնամոլութիւնը խարխլող թրքական ինքնութեան համայնապատկերին մէջ` կրօնափոխ հայութեան ինքնութեան վերազարթօնքը եւ հակահայ շարունակուող քարոզչութիւնը:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Ցեղասպանութիւնը Վերապրածների Ծննդավայրերը Լիբանանի Տապանագրերում» (Հեղինակ` Լոռի Թաշճեան)

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?