Անշահախնդիր Ծառայող Օրինակելին` Յարութ Վարժապետեան
Երէց սերունդի վերջին վաստակաշատ ընկերներէն, Էշրեֆիէի հայութեան կազմաւորման հիմնադիր դէմքերէն էր ընկեր Յարութ Վարժապետեանը: Իր կեանքին 80 տարիներուն ան անսակարկ ու անշահախնդիր կերպով ծառայեց ազգին: Ճեմարանական, ՀՄԸՄ-ական, ապա` համազգայնական եւ վերջապէս` կուսակցական, կեանքին մէջ ունեցաւ մեծ վաստակ ու ծառայութիւն: «Ազատամարտ» ակումբի սիւներէն եղաւ: Դեռ պատանի` ակումբին եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շինութեան կը մասնակցի իր հօրը` ընկեր Պօղոսին եւ հանգուցեալ ընկեր...



















