«Միացեալ Ճիգով Անհրաժեշտ Է Հայ Դպրոցին Հայակերտումի Առաքելութիւնը Շեշտել` Հայ Աշակերտը Հայ Դպրոց Առաջնորդելով». Արամ Ա. Կաթողիկոս
Կիրակի, 17 յունիս 2018-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ կաթողիկոսարանի «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի եւ կրթական-հայագիտական բաժանմունքի կազմակերպած հայոց լեզուի ու գրականութեան, հայոց պատմութեան, մշակոյթի ու կրօնագիտական նիւթերու եւ ասմունքի մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւնը: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախագահութիւնը վայելող այս ձեռնարկին ներկայ էին Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերը, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր, ազգայիններ, տնօրէններ, հայերէնաւանդ նիւթերու դասատուներ, դատական կազմերու անդամներ, աշակերտներն ու անոնց ծնողները:
Յաւարտ Ս. պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կրթական-հայագիտական բաժանմունքի վարիչ Ժիրայր Դանիէլեան, որ լուսարձակի տակ առաւ հիմնադրամին վերջին ինը տարիներու նուաճումները, այնուհետեւ «մատը վէրքին վրայ» դնելով` թուեց հայագիտութեան դիմագրաւող մարտահրաւէրները, որոնց դիմակալումը կը պահանջէ ծրագրաւորում եւ լուրջ հետեւողական աշխատանք: Խօսքին երկրորդ բաժինով վարիչը համեմատական մը կատարեց նախորդ տարուան ու այս տարուան աշակերտութեան թուային ներկայութեան միջեւ: Այս տարի 122 թեկնածուներ մասնակցած են վերոյիշեալ մրցանքին, որոնցմէ 23-ը մրցանակակիր են, իսկ 10-ն` յիշատակութեան արժանացած են:
Իր խօսքի աւարտին Ժ. Դանիէլեան բեմ հրաւիրեց Խաչիկ Պապիկեանի դուստրը` Գարոլ Պապիկեանը, որ փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան Պապիկեան ընտանիքին անունով շնորհաւորեց մասնակցիներն ու մրցանակակիրները, խրախուսեց զանոնք` հետապնդել իրենց երազները եւ խոստացաւ նեցուկ կանգնիլ հայ աշակերտին:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որմէ ետք ասմունքի մրցանքին միջնակարգ բաժնի մրցանակակիրը ասմունքեց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին»:
Աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը տուաւ իր պատգամը: Ան գնահատեց հիմնադրամին տարած աշխատանքը, որ առաջին հերթին կ՛ամրապնդէ հայուն ինքնութիւնը. ազգ մը կը գոյատեւէ իր արժէքներով, իսկ հանգուցեալ Խաչիկ Պապիկեանի անունով այս հիմնադրամին առաքելութիւնն է կենսագործել հայ մշակոյթը: «Հայ դպրոցին առաքելութիւնը մեզի համար կարեւոր է, որովհետեւ ոեւէ այլ դպրոց մը մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ չի՛ կրնար հայ դպրոցին դերակատարութիւնը ստանձնել: Հայ դպրոցը մեր ժողովուրդին կը փոխանցէ հայո՛ւ ոգին, որ պատմութեան փոթորկոտ օրերուն իսկ մեր ժողովուրդը հաստատ պահեց իր ինքնութեան մէջ», շեշտեց վեհափառը: Հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց գնահատելով հիմնադրամին տարած աշխատանքը, յանձինս Դանիէլեանին, դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեանի ու քարտուղար Մարլէն Էվինկիւլեանի, ինչպէս նաեւ աշխատանքը յաջողութեամբ պսակող բոլոր մասնակիցներուն:
Ստորեւ կու տանք «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանակակիրներուն անուանացանկը.
«Հայ լեզուի եւ գրականութեան» մրցանք
Միջնակարգ. առաջին` Տեմիս Այվազեան (դպրեվանք), երկրորդ` Յակոբ Ճուլֆայեան (ՀԲԸՄ Դարուհի Յովակիմեան երկ. վրժ.), Շանթ Գատէհճեան (դպրեվանք), երրորդ` Փաթիլ Ասատուրեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ) եւ Քրիստինա Քէօշկէրեան (Ազգ. միացեալ վրժ.): Յիշատակութեան արժանացած են` առաջին Լիւսի Ունճեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ), երկրորդ` Դուին Հերկելեան (Ազգ. Յ. Գ. Կիւլպէնկեան երկ. վրժ.):
Երկրորդական. առաջին` Շահէ սրկ. Եագուպեան (դպրեվանք), երկրորդ` Ռուբէն Էվինկիւլեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ):
«Հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ Կրօնագիտական նիւթերու» մրցանք
Միջնակարգ. առաջին` Հրակ Լախեան ( Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան), երկրորդ` Սիլվի Թաթոյեան (Ազգ. Միացեալ վրժ.), երրորդ` Փիթըր Մարտիրոսեան (Հա. աւետ. կեդր. բարձ. վրժ.) եւ Արամ Հանտեան ( Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան): Յիշատակութեան արժանացած է Հրակ Գըրտանեան (դպրեվանք):
Երկրորդական. առաջին` Գրիգոր սրկ. Արապաթլեան (դպրեվանք), Մուշեղ սրկ. Գարակէօզեան (դպրեվանք), երկրորդ` Լէա Խաչատուրեան (Մ. Եւ Հ. Արսլանեան ճեմ.), Արազ ՔԷօֆթէեան (Հայ. Աւետ. երկր. վրժ.- Այնճար), Ճորճ Սահիլի (Հայ աւետ. կեդ. բրձ. վրժ.), երրորդ` Անժելա Սալորեան (Ազգ. միացեալ վրժ.):
«Ասմունք»-ի Մրցանք
Միջնակարգ. առաջին` Հրակ Մամիկոնեան (Ազգ. միացեալ վրժ.), երկրորդ` Մեղրի Հապիպ (Ազգ. միացեալ վրժ.), երրորդ` Վարդի Սալխանեան (Վահան Թէքէեան միջ. վրժ.): Յիշատակութեան արժանացած են` առաջին` Սելին Գոգեան (Հայ կթղ. Ս.Խաչ-Հարպոյեան բրձ. վրժ.), երկրորդ` Նշան Անտրեան (դպրեվանք):
Երկրորդական. առաջին` Պարոյր Սթամպուլեան (Ազգ. Յ. Գ. Կիւլպէնկեան երկդ. վրժ.), երկրորդ` Լիլիթ Յովհաննէսեան (Հայ աւետ. Շամլեան Թաթիկեան երկ. վրժ.), երրորդ` Արազ Էլէյճեան (Ազգ. միացեալ վրժ.): Յիշատակութեան արժանացած են`առաջին` Նազանի Ադամեան (Հայ աւետ. երկդ. վրժ., Այնճար), Կարապետ Պալեան (դպրեվանք), երկրորդ` Կարապետ Էօրտէքեան (դպրեվանք), Ռիթա Մուրատեան (Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան), երրորդ` Պարոյր Ղուկասեան (Ազգ. Յ. Գ. Կիւլպէնկեան երկդ. վրժ.):



