Յօդուածներ

«Հրաժեշտէն Ետք» Հայրենիքում

«Հրաժեշտէն Ետք» Հայրենիքում

ԼԻԼԻԱ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ Օ, ներեցէք, ընկերներ, Որ վերստին պիտի մեկնիմ ձեր աշխարհէն? Իմ աշխարհի տէրերն անտէր Կը ստիպեն որ աճապարեմ: Պ. Հերկելեան Յունիսի 12-ին Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանում տեղի ունեցաւ լիբանանահայ նշանաւոր բանաստեղծ Պետիկ Հերկելեանին նուիրուած «հրաժեշտէն ետք» խորագրով գրական-երաժշտական ձեռնարկը: Նարինէ Թուխիկեան Ալիկ Թօփչեան Պետիկ Հերկելեան բանաստեղծի մասին մեծարանքի խօսքեր ասացին Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի տնօրէն Նարինէ Թուխիկեանը եւ գրականագէտ Ալիկ...

Մամուլի Ասուլիս.  Հայաստանի Եւ Եւրոմիութեան Միջեւ Գործընկերութեան Խորհրդի Անդրանիկ Նիստի Արդիւնքներով Համատեղ Մամուլի Յայտարարութիւն

Մամուլի Ասուլիս. Հայաստանի Եւ Եւրոմիութեան Միջեւ Գործընկերութեան Խորհրդի Անդրանիկ Նիստի Արդիւնքներով Համատեղ Մամուլի Յայտարարութիւն

2018թ. յունիսի 21-ին Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը գումարեցին գործընկերութեան խորհրդի անդրանիկ նիստը` 2017թ. նոյեմբերի 24-ին ստորագրուած եւ միջանկեալ կիրառման մէջ մտած 2018թ. յունիսի 1-ին ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի (ՀԸԳՀ) շրջանակներում: Խորհուրդը ՀԸԳՀ շրջանակներում ստեղծուած բարձրագոյն մարմին է, որը կոչուած է վերահսկելու Համաձայնագրի իրականացումը եւ քննարկելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Հայաստանը եւ Եւրոմիութիւնը իրենց պատրաստակամութիւնն են յայտնել ընդլայնելու եւ...

Հանդիպում` Հայրենիքի Մէջ

Հանդիպում` Հայրենիքի Մէջ

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Անուշ, մեղմ ու քաղցրահունչ հին մեղեդին որքա՜ն հաճելի կը թուի լսողութեան, որքա՜ն հարազատ ու անկրկնելի կախարդանք մը կը կրէ ան իր հնչիւններուն մէջ, հինն ու նորը շաղախող կարողութիւն մըն է նաեւ իր մէջ կուտակ-կուտակ պահուած, երբեք չհինցող, միշտ նորոգուող բարեկամութեան մը պէս: Վերացած մտիկ կ'ընես, բան մը անպայման կը վերապրիս անոր հետ: Նոյն ապրումները կ՛ունենաս, երբ հին ու...

23 Ծաղիկներ Կ’աւարտեն Ս. Խաչ-Հարպոյեանի Մանկապարտէզը

23 Ծաղիկներ Կ’աւարտեն Ս. Խաչ-Հարպոյեանի Մանկապարտէզը

Շաբաթ, 9 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը: Հանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներով: Յովհաննէս Շիրազի «Մեր յոյսի դուռն է մայրս, մեր տան մատուռն է մայրս, մեր օրօրոցն է մայրս, մեր տան ամրոցն է մայրս, մեր տան ճրագն է մայրս, մեր...

«Ի՜նչ Անեմ… Հայութիւնն Առկայ Է Իր Ծիներում». Թուրքիայի Համշէնահայ Պլոկըրի Անդրադարձը` ՏՆԹ Քննութիւններին Եւ Իր Հայկական Արմատներին

«Ի՜նչ Անեմ… Հայութիւնն Առկայ Է Իր Ծիներում». Թուրքիայի Համշէնահայ Պլոկըրի Անդրադարձը` ՏՆԹ Քննութիւններին Եւ Իր Հայկական Արմատներին

Akunq.net-ը թուրքերէնից թարգմանաբար եւ առանց կրճատումների ներկայացնում է ծագումով Թուրքիայի Ռիզէ նահանգից համշէնահայ պլոկըր Տենիզ Պուրճայի հրապարակումը` համշէնահայերի հայկական արմատների վերաբերեալ: ՏԵՆԻԶ ՊՈՒՐՃԱՅ «Իրականում վերնագիրն այդ կերպ գրեցի, որպէսզի մի փոքր էլ խայթող լինի, եւ որպէսզի ամէն մի գործողութեանս դէպքում, համշէնցի լինելուս պատճառով, իմ արածների դէմ «կ՛անի, բա հայ չի՞» ասողներին հետեւեալ պատասխանը տամ. «այո՛, ի՜նչ անեմ... ծիներիս մէջ կայ»:...

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի.  Սթափուե՛նք

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Սթափուե՛նք

Վերջին 15 օրերին Արցախի ներքաղաքական դաշտն ապրեց վայրիվերումներով լի օրեր: Թերեւս, ապրիլից սկսած` Հայաստանի Հանրապետութիւնում տեղի ունեցած իրադարձութիւններից յետոյ ակնյայտ էր, որ հասարակական պահանջի ալիքը կը հասնի նաեւ Արցախ: Սակայն, ըստ ամենայնի, ակնկալիքը իրականութիւն դառնալու ճանապարհին բախուեց անսպասելի արձագանգի: Արցախում քաղաքական պահանջների դրսեւորումները սկսեցին պարզ կենցաղային վէճի եւ ծեծկռտուքի հետեւանքով: Սակայն մեր քաղաքական համակարգը չկարողացաւ դիմակայել դրան, եւ արագ լուծումներ...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Տեսակէտ. Թրքական Ընտրութիւննե՞ր, Թէ՞ Խօսքի Ազատութեան Հանրաքուէ

  ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 24 յունիս 2018-ին տեղի պիտի ունենան թրքական նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան առաջին անգամ ըլլալով` նոր սահմանադրութեան որդեգրումէն ետք, երբ երկրին կառավարման համակարգը խորհրդարանականէն փոխուեցաւ նախագահականի: Ընտրութիւնները պիտի կատարուին երկու փուլով: Առաջին փուլը 24 յունիսին է, իսկ երկրորդը` 8 յուլիսին: Թուրքիոյ Ազգային ժողովը նոր սահմանադրութեան շնորհիւ պիտի բաղկանայ 600 անդամէ (այժմ 550 անդամ կը...

Հեքիաթագիր Մերի Սահակեան

Հեքիաթագիր Մերի Սահակեան

Մերի Սահակեանի ներկայութիւնը գրական դաշտին մէջ այսօր կարեւոր կը նկատուի: Անոր ստեղծագործելու առիթ հանդիսացած է յորդորը իր դստեր, որուն համար մայրը միշտ հեքիաթներ յօրինած է: Աղջիկը ըսած է. «Մայրի՛կ, ինծի նախորդ օրուան հեքիաթը պատմէ»: Այս մէկը առիթ հանդիսացած է, որ Մերի Սահակեան թուղթին յանձնէ իր յօրինածը, եւ բազմաթիւ ուրիշ մանուկներ վայելեն Մերիի լուսաւոր հեքիաթները: Մերին ծնած է Երեւան, մանկութեան օրերուն...

Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Ժողովրդական Նկարիչ Անատոլի Աւետեանի Աշխատանքներու Ցուցահանդէսի Բացումը

Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հայաստանի Ժողովրդական Նկարիչ Անատոլի Աւետեանի Աշխատանքներու Ցուցահանդէսի Բացումը

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հովանաւորութեամբ, համալսարանի «Մաթոսեան» սրահին մէջ յունիս 13-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ժողովրդական նկարիչ Անատոլի Աւետեանի աշխատանքներու ցուցահանդէսի բացումը: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի  դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Դեսպանը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Ա. Աւետեանի ստեղծագործական ինքնատպութիւնը, բազմազան արտայայտչամիջոցներու համակցման վարպետութիւնը: Ան արուեստագէտին մաղթեց...

Թանգարանի Վերածուած Գիւղին Մէջ Ամէն Ինչ Մնացած Է Այնպէս, Ինչպէս` Կոտորածէն Ժամեր Անց

Թանգարանի Վերածուած Գիւղին Մէջ Ամէն Ինչ Մնացած Է Այնպէս, Ինչպէս` Կոտորածէն Ժամեր Անց

Այս վայրի պատմութիւնը կ՛ամփոփէ Բ. Համաշխարհային պատերազմի ողբերգական դրուագներէն մէկը: 1944 թուականի յունիս 10-ին ֆրանսական խաղաղ Օրատուր-սիւր-Կլան գիւղին վրայ յարձակեցաւ հիթլերեան «Վաֆֆեն-ԷսԷս» խմբաւորումը, որուն 150 անդամները քանի մը ժամուան ընթացքին կոտորեցին գիւղի 642 բնակիչ` չխնայելով ոեւէ մէկը: Մինչ օրս ալ չկայ անոնց այս քայլին ստոյգ բացատրութիւնը, սակայն կայ վարկած, որ գերմանացիները պարզապէս շփոթած էին գիւղին անունը Օրատուր-սիւր-Վայրես գիւղին անուան հետ:...

Այցելութեան Մը Առիթով Ծփացող Միտքեր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ծփացող միտքեր` մարդը փնտռելու համար կեանքի ծուռ-շիտակ եւ զիրար խաչաձեւող լայն թէ նեղցող ուղիներու վրայ: Ճամբորդութեան մը ընթացքին յիշեցի կէս դար առաջուան ծանօթութիւն մը եւ փափաք ունեցայ կրկին զինք տեսնելու:Հակառակ իր մատուցած բազմատեսակ ծառայութիւններուն` իր պատկերները չէին զարդարած մամուլի էջերը: Իսկ հիմա, գրեթէ մոռցուած, ինքզինք դատապարտած է տնարգելութեան: Ունեցայ այն զգացումը, զոր կ՛ունենամ ամէն անգամ, որ երախտաւորի մը...

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Սկսելու համար…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման գործընթացը եւ այդ ոլորտի տնտեսական ուժականութիւններու կերպարանափոխութիւնն ու անցումը դէպի ժողովրդավարական մրցակցային տնտեսութիւն նուրբ եւ ոսկերչային աշխատանք պահանջող գործ է, զոր կարելի է իրագործել բազմամակարդակ ռազմավարութեան մը հետևողական կիրառումով միայն եւ համապարփակ տեսլականով: Հանրութիւնը պէտք է ճիշդ գնահատէ գործին թեքնիք ու բազմահանգրուան բնոյթը եւ համապատասխան յարատեւութեամբ պահպանէ իր զօրակցութիւնը վարչապետ Փաշինեանի եւ նախարար Արծուիկ Մինասեանի...

100-ամեակ. Մեր Մասնակցութիւնը

100-ամեակ. Մեր Մասնակցութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով մեր թերթի նախաձեռնած աշխատանքները իրենց աւարտին չեն հասած. տարին ամբողջ յոբելենական է, եւ տարբեր միջավայրերէ կը հնչեն առաջարկներ Ա. Հանրապետութեան երկուքուկէս տարուան իրագործումները նշելու, պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու այժմէականացման փորձեր կատարելով քննարկման եւ հրատարակչական նոր տարածքներ ձեւաւորելու: Հիմա գանք մեր փոքր ածուին` նկատելու համար «Ազդակ»-ի կատարած մինչ այժմեան աշխատանքներուն ընդհանուր պատկերը: Հիմնական երկու յայտարարուած առաջադրանքներ կատարուած են արդէն:...

Նամականի

Անդրադարձ. Սարիղամիշի Մէջ 1918-Ին – Գ.

Համադրեց` ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Սիմոն Վրացեանի յուշագրութեան այս վերջին մասը կը ներկայացնէ, մասամբ` անկարող հրամանատարութեան մը պատճառով ստեղծուած, նաեւ` որեւէ պատերազմական վիճակի մէջ անխուսափելի, սրտաճմլիկ պատահարներ, զորս ան  բնա՛ւ չէ կրցած մոռնալ: «Դիւրին է պատմուճանները չարատաւորել` կանաչ սեղանին շուրջ նստած, Գոլովինսկիի Տէր Մարգարեանի շքեղ դահլիճին մէջ: Դժուար չէ «մաքուր» պահել խիղճը եւ սուրբի կերպարանքով ամբոխին ներկայանալ, ուրիշներուն վրայ ձգելով «աղտոտ» գործերը:...

ՀՅԴ-ի Գաղափարաբանութեան Հիմունքներն Ու Այլ Հասկացութեանց Խորհուրդներն Ու Պատգամները Դաշնակցականներու Մօտ

Հարիւր Ականաւոր Դէմքերու Յուշ-Պատգամներ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ (1932-1999) * Հայ ժողովուրդի զաւակներուն բռնի տեղահանումին, աշխարհացրիւ տարտղնումին ու գաղթականութեան ծանրօրէն տագնապալից կացութեան հակառակ` արի ոգին հայկազնեանց անգամ մը եւս կեանք առաւ կեանքին մէջ հայութեան եւ արիւնագրեց պատմութեան տարեգրութեանց մէջ անկախ Հայաստանի ոսկի անունը, 28 մայիս 1918-ին: ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ (1931-2000) * Դրաստամատ Կանայեանը Իր փոքրաթիւ ջոկատներով Արշաւում է դէպ Ապարան... Իսկ թուրքն իր յաղթանակով արբեցած`...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Տեսակէտ. «Ոչ Ազատակա՞ն, Թէ՞ Ազատական» Ժողովրդավարութիւն

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 1991-ին, երբ Խորհրդային Միութիւնը իր փլուզումը ապրեցաւ, քաղաքագէտ Սամուէլ Հանթինկթըն այդ փլուզումը որակեց իբրեւ ժողովրդավարութեան «երրորդ ալիքը»: Ըստ Հանթինկթընի, առաջին ալիքը 1820-1920 կայսրութիւններու փլուզմամբ ներկայացաւ, իսկ երկրորդը 1945-1960` գաղութատիրութիւններու փլուզմամբ: Հանթինկթըն, ինչպէս նաեւ այլ քաղաքագէտներ եւ պատմաբաններ, որոնք կը պաշտպանէին արեւմտեան ազատական ժողովրդավարութիւնը (liberal democracy), կը կարծէին, թէ աշխարհը պիտի ապրէր խաղաղութեան մէջ, ուր` ազատական ժողովրդավար երկիրները տնտեսական...

Եոկիաքարթայի Սուլթանը Կանացի  Յեղափոխութիւն Թագաւորութեան Մը Մէջ

Եոկիաքարթայի Սուլթանը Կանացի Յեղափոխութիւն Թագաւորութեան Մը Մէջ

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ «Ծնողքս երբեք չէ ըսած ինծի, որ ասիկա կնոջ մը գործը չէ» Եոկիաքարթայի սուլթանը քաղաքական եւ հոգեւոր հզօր դիրք ունի Ինտոնեզիոյ Ճաուա կղզիին մէջ: Ան կը խուսանաւէ, որպէսզի աւագ դուստրը իր ժառանգը դառնայ` հրահրելով  դառն դժգոհութիւններ: «Սերունդէ սերունդ սուլթանը, որ կ՛իշխէ Եոկիաքարթայի մէջ, կարծես ինքզինք կը յարմարեցնէ ժամանակի փոփոխութեան»,  կ՛ըսէ Վրոնօ Պիմօ Կիւրիտնօ, երբ լրագրող մը կը պտտցնէ ...

Ազգ. Յառաջ Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխում

Ազգ. Յառաջ Մանկապարտէզի Վկայականաց Բաշխում

Ազգային Յառաջ մանկապարտէզի 2017-2018 տարեշրջանի եզրափակման եւ վկայականաց բաշխման հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 16 յունիս 2018-ի երեկոյեան, վարժարանի շրջափակին մէջ: Ներկայ էին պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, վարժարանի բարերար տէր եւ տիկին Լեւոն Թորոսեան, բարերարներ, հիւրեր եւ ծնողներ: Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք վարժարանի վարիչ մանկապարտիզպանուհի Լենա Սթամպուլեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Վարժարանը բարձր պահող ու հարստացնող օղակը` տնօրէնութիւն, խնամակալութիւն, ուսուցչական կազմ եւ ծնողներ,...

Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան Միջնակարգ Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Երբ դար մը առաջ աննման հայ ազգին աննման հայ ժողովուրդը եւ անկրկնելի կամաւոր գունդերը 1918 մայիս 28-ի սխրագործութիւններով կերտեցին հայոց պատմութեան ամենափայլուն էջերէն մէկը` հիմնելով ազատ, անկախ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը, այդ եւ յաջորդող սերունդները արդեօք կը յուսայի՞ն, որ հայը ամբողջ դար մը աշխարհի տարածքին այդ փառապանծ տօնը պիտի յիշէ ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ տօնակատարէ` միշտ յուսալով ամբողջական եւ միացեալ Հայաստանի մը...

Ակնարկ.  Համապետական Մտածողութեան Պարտադրանքը.  Կազմե՛լ Կառավարութիւնը

Ակնարկ. Համապետական Մտածողութեան Պարտադրանքը. Կազմե՛լ Կառավարութիւնը

Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտէն աւելի քան մէկ ամիս ետք տակաւին գործնապէս չեն սկսած կառավարութեան կազմութեան բանակցութիւնները: Իրաւական-ընթացակարգային փուլերը այս երկրին մէջ դժուար կը հանգուցալուծուին. յետաձգումները, առկախումները եթէ մէկ կողմէ իւրաքանչիւր համայնքի ապահովելիք չափաբաժիններու առաջադրանքներն են, այդ առումով գոյառուող անհամաձայնութիւնները, առեւտուրները եւ ապա ընդհանուր յայտարարներ գտնելը, միւս կողմէ, սակայն, արտաքին հեռակառավարումներու գործօնով գործընթացներու կասեցումները: Քաղաքական լաւատեսութիւնը պէտք է փորձել պահել, հակախուճապային...

Page 684 of 1111 1 … 683 684 685 … 1,111

Արխիւներ