Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Ցեղասպանութիւնը Վերապրածների Ծննդավայրերը Լիբանանի Տապանագրերում» (Հեղինակ` Լոռի Թաշճեան)

Յունիս 27, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2018-ին լոյս տեսաւ Լոռի Թաշճեանի «Ցեղասպանութիւնը վերապրածների ծննդավայրերը Լիբանանի տապանագրերում» գիրքը, բաղկացած` 164 էջերէ: Նախահրատարակչական աշխատանքները հովանաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը: Տպագրուած է ՀՃՈՒ հիմնադրամի միջոցներով: Հեղինակը գիրքը նուիրած է անոնց, որոնք բաց աչքով կապոյտին նայեցան, անոնց, որոնք ափ մը հողի եւ աղօթքի մրմունջի մը կարօտ մնացին, անոնց, որոնք ոսկորտիքը անապատի կիզիչ արեւին տակ փշրուեցան, անոնց, որոնք հայրենի հողէն ու զուլալ ջուրէն ի սպառ զրկուեցան:

Լոռի Թաշճեան կը գրէ, որ ծննդավայրէն արմատախիլ եղած աքսորեալ հայ ժողովուրդը օտար միջավայրի մէջ վերապրեցաւ, գոյատեւեց եւ բարգաւաճեցաւ` միշտ հետապնդելով կորսուած հայրենիքին երազը եւ իբրեւ վերջին փորձ յաւերժացնելու իր պապենական քաղաքներու եւ գիւղերու յիշատակը, անոնց անունները արձանագրելով ննջեցեալներու տապանաքարերուն վրայ:

Այդ տեղանուններուն ուսումնասիրութիւնն է այս աշխատութիւնը, որ կ՛ամփոփէ Այնճարի, Պուրճ Համուտի, Ղազիրի, Ժունիէի, Թրիփոլիի, Ֆըրն Շըպպէքի հայ առաքելական, աւետարանական եւ կաթողիկէ, ինչպէս նաեւ Զահլէի եւ Սայտայի ոչ հայկական գերեզմանատուներու արձանագրութիւնները:

Իւրաքանչիւր վայրէ հաւաքուած նիւթը դասաւորուած է ժամանակագրական կարգով:

Հեղինակը արձանագրութիւնները հաւաքելու ընթացքին ժողված է հասանելի բոլոր արձանագրութիւնները, առանց նկատի առնելու անոնց ծաւալը եւ բովանդակութիւնը: Հաւաքուած է մօտաւորապէս 10 հազար լուսանկար: Աշխատութեան մէջ ներկայացուած են միայն այն տապանաքարերը, որոնց վրայ, հանգուցեալին անուն-մականունէն բացի, արձանագրուած են տեղանուններ, ինչպէս նաեւ տապանաքարերը այն հանգուցեալներուն, որոնց ծննդավայրերը կարելի եղած է ճշդել այլ աղբիւրներու միջոցաւ:

Այնճարի գերեզմանատան 640 գերեզմաններէն արձանագիր են 360-ը: Ներկայացուած է նիւթին առնչուող 28 արձանագրութիւն: Տապանաքարերու արձանագրութիւններուն մեծ մասին վրայ իբրեւ ծննդավայր յիշուած է Մուս Լեռ: Միւս յիշուած ծննդավայրերն են` Զէյթուն, Ագշէհիր, Թոմարզա, Էյպէզ եւ Քրըքխան:

Պուրճ Համուտի գերեզմանատան առաքելականներու բաժինի մօտ 2370 գերեզմաններէն արձանագիր են 2150-ը: Ներկայացուած է նիւթին առնչուող 438 արձանագրութիւն: Իբրեւ ծննդավայրեր արձանագրուած են` Տիգրանակերտ, Պարտիզակ, Ատանա, Պահչէ, Ուրֆա, Էվէրէկ, Ալեքսանտրէթ, Հաճըն, Իզմիր, Կեսարիա, Սիս, Մարաշ, Այնթապ, Պուրունգշլա, Անտիոք, Թոմարզա, Տէօրթ Եոլ (Չորք Մարզպան), Պէյլան, Էրզրում, Խարբերդ, Ամանոս, Տրապիզոն, Քիլիս, Ագշէհիր, Գոնիա, Կիւրին, Պուրսա, Հարունիէ, Եոզկատ, Կապան, Ատըեաման, Էյպէզ, Սասուն, Ռումտիկին, Պիլէճիկ, Մուշ, Իզմիտ, Ատապազար, Աֆիոն, Գարահիսար, Տարսոն, Հասանպէյլի, Քէօթահիա, Պերեճիք, Կովտուն, Ամասիա, Էքրէկ, Էվէրէկ, Մալաթիա, Չարսանճագ, Պոլիս, Էտիրնէ, Աֆքէրէկ, Տարտանէլ, Կերմիր, Սեբաստիա, Ակն, Մերսին, Ֆէնէսէ, Սիվրիհիսար, Ղարսպազար, Կարմուճ, Արաբկիր, Նաճարլը, Վահկայ, Նիյտէ, Գըզլաղաճ, Ռոտոսթէ, Կէմէրէկ, Ճիպին, Զէյթուն, Շիւիկիլ, Մամեստիա, Տիվրիկ, Բաբերդ, Խնուս, Խարն, Գոմս, Չոմախ, Ճիւճիւն, Պէսնի, Քղի, Բալու, Տէնտիլ, Պագրմատէն, Նիզիպ, Շապին Գարահիսար, Հին Պայազիտ, Հայնէ, Օրտու, Գարաման եւ Երզնկա:

Պուրճ Համուտի գերեզմանատան աւետարանական բաժինի 250 գերեզմաններէն արձանագիր են 190-ը: Ներկայացուած է նիւթին առնչուող 29 արձանագրութիւն: Իբրեւ ծննդավայրեր յիշուած են` Մարաշ, Պէյլան, Զէյթուն, Էրզրում, Ուրֆա, Տարսոն, Պուրսա, Արաբկիր, Պէրէճիկ, Էյպէզ, Այնթապ, Քիլիս, Քեսապ, Խարբերդ եւ Չոմախլու:

Իսկ Պուրճ գերեզմանատան կաթողիկէ բաժինի 570 գերեզմաններէն արձանագիր են 495-ը: Ներկայացուած է նիւթին առնչուող 64 արձանագրութիւն: Իբրեւ ծննդավայր յիշուած են` Մարաշ, Էյպէզ, Կեսարիա, Սեբաստիա, Այնթապ, Սասուն, Անգարա, Հաճըն, Ատանա, Մալաթիա, Տէօրթ Եոլ, Պէյլան, Մարզուան,  Պէհսնի, Ուրֆա, Մեզրէ-Խարբերդ, Գոնիա, Քէօթահիա, Տիգրանակերտ եւ Ագշէհիր:

Զահլէի քրիստոնէական գերեզմանատան հայերու պատկանող 36 արձանագիր տապանաքարերէն ներկայացուած է 9 արձանագրութիւն: Իբրեւ ծննդավայրեր յիշուած են` Կեսարիա, Ատանա, Զէյթուն, Սիս, Ֆէնէսէ եւ Տիգրանակերտ:

Ղազիրի գերեզմանատան 20 գերեզմաններէն արձանագիր են 13-ը: Ներկայացուած է նիւթին առնչուող 2 արձանագրութիւն, որոնց վրայ իբրեւ ծննդավայրեր յիշուած են Հաճըն եւ Էրզրում:

Ժունիէի գերեզմանատան 135 գերեզմաններէն արձանագիր են 96-ը: Ներկայացուած է նիւթին առնչուող 14 արձանագրութիւն, որոնց վրայ իբրեւ ծննդավայրեր յիշուած են` Էվէրէկ, Կիւրին, Հաճըն, Այնթապ, Ինճէսու, Էքրէկ, Կէմէրէկ, Բալու-Հաւաւ, Խարբերդ-Մեզրէ, Կոկիսոն, Քիլիս եւ Ուրֆա:

Սայտայի քրիստոնէական գերեզմանատան հայերու պատկանող 4 արձանագիր տապանաքարերէն ներկայացուած է նիւթին առնչուող 2 արձանագրութիւն, որոնց վրայ իբրեւ ծննդավայրեր յիշուած են` Ագշէհիր եւ Տէօրթ Եոլ:

Թրիփոլիի գերեզմանատան 105 գերեզմաններէն արձանագիր են 74-ը: Ներկայացուած է նիւթին առնչուող 13 արձանագրութիւն: Իբրեւ ծննդավայրեր յիշուած են` Սիս, Կիւրին, Ագշէհիր, Հաճըն, Եոզկատ, Տէրէնտէ, Կեսարիա, Կարին, Ուրֆա եւ Սիս:

Ֆըրն Շըպպէքի հայ առաքելական գերեզմանատան 1250 գերեզմաններէն արձանագիր են 1175-ը: Ներկայացուած է նիւթին առնչուող 504 արձանագրութիւն: Իբրեւ ծննդավայրեր յիշուած են` Սեբաստիա, Տարէնտէ, Էֆքէրէ, Ագսարայ, Այնթապ, Տէօրթ Եոլ, Քիլիս, Ագշէհիր, Եոզկատ, Կեսարիա, Խարբերդ, Մալաթիա, Ամանոս, Գոնիա, Պոլիս, Ատանա, Էսկիշեհիր, Կիւրին, Ֆէնէսէ, Արաբկիր, Ուրֆա, Մերսին, Սիս, Չորլու, Մուսա Լեռ, Ատըեաման, Խիզան, Կարմիր, Գարաման, Տարօն, Պուրսա, Էվէրէկ, Ռոտոսթօ, Կարին, Զիլէ, Թոմարզա, Իզմիտ, Կէվար, Մերսին, Օրտու, Ատապազար, Մալաթիա, Հաճըն, Տիգրանակերտ, Ենիշեհիր, Սեւերէկ, Խնուս, Եալովա, Պեհէսնի, Ամասիա, Հազարի-Չմըշկածագ, Աֆիոն Գարահիսար, Տարտանէլ, Զիլիֆքէ, Եողունօլուգ, Իսկէնտէրուն, Ճապաղջուր, Պուրսա, Քէօթահիա, Պէյլան, Սասուն, Վան, Դատուան, Չաթ, Մանիսա, Պէրէճէկ, Ամասիա, Էտիրնէ, Տիվրիկ, Սիվրիհիսար, Անտիոք, Նիյտէ եւ Ռումտիկին:

Ֆըրն Շըպպէքի հայ աւետարանական գերեզմանատան 290 գերեզմաններէն արձանագիր են 236-ը: Ներկայացուած է նիւթին առնչուող 54 արձանագրութիւն: Իբրեւ ծննդավայրեր յիշուած են Ատանա, Խարբերդ, Այնթապ, Մալաթիա, Չնքուշ, Պիթիաս, Մարաշ, Թալաս, Չոմախլու, Բաշաղակ, Կիւրին, Պոլիս, Տարսոն, Ուրֆա, Էվէրէկ, Զէյթուն եւ Կեսարիա:

Իսկ Ֆըրն Շըպպէքի հայ կաթողիկէ գերեզմանատան 150 գերեզմաններէն արձանագիր են 149-ը: Ներկայացուած է նիւթին առնչուող 3 արձանագրութիւն, որոնց վրայ իբրեւ ծննդավայրեր յիշուած են Ամասիա եւ Հաճըն:

Այնուհետեւ քարտէսներով ներկայացուած են Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին եւ անկէ ետք Լիբանան ապաստան գտած հայերու ծննդավայրերը` ըստ Լիբանանի գերեզմանատուներու տապանագիրներուն վրայ նշուած տեղանուններուն:

Հատորի վերջաւորութեան անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր են:

Լիբանանահայ գաղութի պատմութեան ուսումնասիրութեան համար արժէք ներկայացնող աշխատութիւն մը, որ նաեւ ազգագրական արժէք կը ներկայացնէ:

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Կրօնափոխ Հայերի Խնդիրները Թուրքիայի Հանրապետութիւնում» (Հեղինակ` Հայկազուն Ալվրցեան)

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունիս Գ. – Ողջունելի Քայլ

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?