Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուխտի Ճանապարհներ. Ուիլիըմ Սարոյեանի Երկու Գերեզմանները

Յունիս 26, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Սարոյանի յուշաքարը – Քալիֆորնիա

Պետական երկրորդական վարժարան յաճախելուս առաջին օրերուն անգլերէն լեզուի  օտար դասատուն, երբ իմացաւ իմ հայ ըլլալս հարցուց.

«Սարոյեանէն ի՞նչ կարդացած ես»: Շուարած` երեսին նայեցայ, իսկ ուսուցիչս` առանց պատասխանիս սպասելու, շարունակեց խօսքը. «Ես հիացած եմ անոր` «My Heart’s in the Highlands» պատմուածքով»:

Հետաքրքրական այս դիպուածը մղեց զիս Սարոյեանը պրպտելու: Լսած էի անունը, սակայն երբեք չէի փնտռած, ոչ ալ կարդացած իր ստեղծագործութիւնները,  որովհետեւ տարուած էի հայերէն գիրքերու ընթերցանութեամբ: Այսպէս սկսաւ Սարոյեանի ընթերցումներս: Առաջինները եղան «My Name is Aram» եւ «The Human Comedy» գիրքերը: Ապա ձեռքս անցան հայերէնի թարգմանուած անոր ստեղծագործութիւնները:

Գերեզման՝ Վիլյամ Սարոյանի, Երեւան

Հայրենիք զբօսաշրջութեանս ընթացքին առիթ ունեցայ այցելելու Կոմիտասի անուան պանթէոն, Արամ Խաչատուրեանի, Մարտիրոս Սարեանի եւ Սերգէյ Փարաճանովի գերեզմաններու քով, անոր աճիւններուն մէկ մասին գերեզմանը ու վրան կառուցուած արձանը: Ուրախացայ, որ հայրենիքի մէջ թարգմանուած ու գնահատուած են անոր գիրքերը: Թէեւ օտար հորիզոններու տակ ծնունդ առած, գաղթական հօրմէ որբացած ու տեղական որբանոցներու մէջ սնուած եւ մայրենին երբեք չսորված, այդուհանդերձ իր հայկական շրջապատին ազգային ինքնատիպութեամբ ստեղծագործած ու գրական մրցանակներու տիրացած իր ազգն է պանծացուցած այլոց մէջ:

Հանրայայտ է իր հետեւեալ կարճ հաստատումը: «Կ՛ուզէի տեսնել այս աշխարհին վրայ որեւէ ուժ, որ բնաջնջէ այս սերունդը, այս փոքր ցեղին ժողովուրդը, որուն բոլոր պատերազմները` կռուած են եւ յաղթուած, կառոյցները` փշրուած, գրականութիւնը չէ կարդացուած, երաժշտութիւնը չէ լսուած եւ աղօթքներն ալ չեն պատասխանուած: Համարձակեցէ՛ք բնաջնջել Հայաստանը: Տեսէք, թէ կրնա՞ք: Աքսորեցէ՛ք դէպի անապատները առանց հացի եւ ջուրի, այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները: Յետոյ տեսէ՛ք, թէ անոնք արդեօք կրկին չե՞ն խնդար, երգեր կամ աղօթեր: Որովհետեւ, երբ անոնց երկուքը աշխարհի որեւէ մասին մէջ հանդիպին, տեսէ՛ք, թէ անոնք արդեօք նոր Հայաստան մը չե՞ն ստեղծեր»:

Միացեալ Նահանգներ գալուս, առիթը չկորսնցուցի այստեղ մնացած իր աճիւններու միւս մասին հողակոյտին վրայ կառուցուած յուշաքարը այցելելու Քալիֆորնիոյ նահանգի Ֆրեզնոյի Արարատ հայոց գերեզմանատան մէջ, ուր իրեն մօտիկ նաեւ թաղուած է անոր դուստրը` յայտնի դերասանուհի Լուսինը:

Այստեղ ալ հպարտ զգացի նկատելով` անոր անունով յիշատակուած շատ մը հաստատութիւններ եւ յուշակոթողներ: Քանի մը ամիս վերջ անոր տուն թանգարանի բացման ալ կը սպասենք:

 

 

Նախորդը

Պետական Մրցանակակիր, Բանաստեղծ Եւ Նկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի Ծննդեան 85 Եւ Գործունէութեան 60-ամեակը

Յաջորդը

Րաֆֆին Եւ Քուրտերը

RelatedPosts

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին
Անդրադարձ

ՀԲԸՄ-ը Զսպուածութեան եւ Միասնականութեան Կոչ Կ’ուղղէ Հայաստանին

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?