Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Յունիս Գ. – Ողջունելի Քայլ

June 27, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւանդութիւն դարձած է Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջանաւարտ հունձքերը անուանակոչել տարուան խորհուրդը մարմնաւորող դէմքերու անունով:

Այս սովորութիւնը ցուցական քայլ մը չէ: Ան Ճեմարանի դաստիարակչական առաքելութեան մաս կը կազմէ:

Բնականաբար սերունդի մը միայն անուն տալով կարելի չէ անոր ազգային նկարագիրը կերտել կամ ոգեւորել զինք: Դաստիարակութիւնը համապարփակ աշխատանք է, որ կը սկսի պատանեկան տարիքէն ու կը շարունակուի մինչեւ անհատին հասունացումը: Այդ տարիներուն ընթացքին անհրաժեշտ է ամէն միջոց օգտագործել մեր սերունդներուն հոգեկան եւ մտաւոր աշխարհը հարստացնելու, միեւնոյն ժամանակ անոնց բարոյական նկարագիրի կազմաւորումին նպաստելու:

Դաստիարակութիւնը քարոզ կարդալու հետ պէտք չէ շփոթել: Դաստիարակել կը նշանակէ անհատին մտածելու, հարցերը քննելու, երեւոյթները վերլուծելու եւ դատելու կարողութիւնը զարգացնել, ինչպէս իր անձին, այնպէս ալ հաւաքականութեան յառաջընթացին համար պայքարելու յանդգնութիւնը յայտնաբերել: Առողջ դաստիարակութեան մեծապէս կը նպաստեն առողջ  հաւաքականութիւնը, առողջ միջավայրը: Ուրեմն դաստիարակութեան նուիրական գործին ծառայողները նախ պէտք է ստեղծեն այնպիսի միջավայր, ուր տիրող ըլլան արդարութիւնը, ազատ խօսքը, զիրար լսելու, հասկնալու մշակոյթը:

Դաստիարակչական գործընթացին մաս կը կազմէ նաեւ ինք` դաստիարակը, իր իսկ օրինակով, խօսքը եւ գործը համապատասխան դարձնելով, բարոյական արժէքները մարմնաւորելով:

Դաստիարակչական աշխատանքին մէջ ուղեցոյցի դեր կը կատարեն նաեւ պատմութիւնն ու պատմական այն դէմքերը, որոնք պայքարեցան յանուն հաւաքականութեան, ոչ թէ իրենց նեղ շահերուն համար: Անոնք, որոնք պատմութիւն կերտեցին, ոչ թէ ժողովուրդը անտեսելով իրենց սեփական փառքը փնտռեցին: Անոնք, որոնք իրենց գերագոյնը զոհեցին եւ արդար ու ազատ հայրենիք կերտելու ուղին ցոյց տուին:

Ներկայ ժամանակներուն նիւթապաշտ, ազգային արժէքներ նսեմացնող պատեհապաշտ տիպարներ կը յայտնուին հայ քաղաքական բեմին վրայ: Տիպարներ, որոնք հիասթափութեան ալիք կը բարձրացնեն յատկապէս նորահաս սերունդներուն մօտ: Բարեբախտաբար գոյութիւն ունին նաեւ իսկական հերոսները, արդարները, նոր Հայաստանին ու ազնիւ հայուն հաւատացողները:

Հաւանաբար ամէն ժամանակներու մէջ ալ յայտնուած են ու պիտի յայտնուին բացասական տիպարներ: Անոնք, սակայն, պիտի կորչին պատմութեան տիղմին մէջ, իսկ  նորահաս սերունդներուն, ազնիւ գործիչներուն ճամբան պիտի շարունակեն լուսաւորել բարոյական արժէքներ մարմնաւորող, պատմակերտ մեր հերոսները` Արամ Մանուկեանները, որոնք յորդորեցին պայքարիլ նոյնիսկ անօգնական մնալու պարագային, որովհետեւ տեսլական ունեցան ու յանուն այդ տեսլականին ազատ ու անկախ Հայաստանին ճամբայ բացին:

Սերունդներ անուանակոչելը փաստօրէն ինքնաճանաչման նպաստող դաստիարակչական ողջունելի քայլ է: Քայլ, որ պէտք է մղէ զիրենք կարդալու պատմութիւնը, ճանչնալու Արամներն ու ըմբռնելու անոնց դաւանած արժէքները` գտնելու մեր ազգին լուսաւոր ուղին: Ի զուր չէ ըսած բանաստեղծը. «Սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէ՛ք Սարդարապատից»:

«Գ.»

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Ցեղասպանութիւնը Վերապրածների Ծննդավայրերը Լիբանանի Տապանագրերում» (Հեղինակ` Լոռի Թաշճեան)

Յաջորդը

Ի Սրտի Խօսք` Հայրենապաշտ Երաժիշտ Գէորգ Հաճեանին (Նոր Հրատարակուած Ձայնասկաւառակի Մը Առիթով)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.