Միացեալ Թագաւորութեան արքայազն Ուիլիըմը յունիս 28-ին պաշտօնական այցելութիւն տուած է Երուսաղէմ: «Արմենփրես»-ի փոխանցումով` այս մասին կը տեղեկացնէ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեանը: Արքայազնին այնտեղ դիմաւորած են իրաւատէր երեք համայնքներու հոգեւոր պետերը: Երուսաղէմի հայ պատրիարքին ներկայացուցած է Սուրբ Աթոռի լուսարարապետ Սեւան արքեպիսկոպոս Ղարիբեանը:
Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ Ս. Արեւմաթացու հայկական մատուռ այցելութեան ընթացքին արքայազն Ուիլիըմը ողջունած է տաճարի հայ տեսուչ Սամուէլ ծայրագոյն վարդապետ Աղոյեանը եւ պատրիարքարանի անունով անոր նուիրած է հայկական խաչ: