Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքի Մը Ընթերցանութեան Առիթով. Լիբանանցի Հայ Ընտանիքի Մը Անցեալն Ու Ներկան

Յունիս 27, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Լիբանանցի բարեկամէ մը ստացայ Սամի Թուպիայի կողմէ աշխատասիրուած ֆրանսերէնով հրատարակուած «Սարաֆեան, Լիբանան 1900-1930» խորագիրով հատոր մը:

Սարաֆեան եղբայրները հանրածանօթ եղած են քսաներորդ դարու առաջին կիսուն` իբրեւ լիբանանեան եւ արաբական երկիրներու մէջ լուսանկարիչներ, որոնց աշխատանքով հրատարակուած են փոսթքարտեր եւ վերածուած պատմական արժէքի:

Պիտի չանդրադառնամ լուսանկարչական իրենց գործունէութեան:

Նիւթը հայ տիպար ընտանիքի մը պատմութիւնն է 1870-ական թուականներէն սկսեալ, բայց…

Սարաֆեան երեք եղբայրները` Աբրահամ, Պօղոս եւ Սամուէլ, սերած են աւետարանական ընտանիքէ: Իրենց ծննդավայրը եղած է Տիգրանակերտ: Անոնք Լիբանան հաստատուած են Համիտեան ջարդերէն ետք, 1897-ին:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն եւ Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք Սուրիա ու Լիբանան հաստատուած հայերու պաշտպանութեան եւ օժանդակութեան մէջ հսկայ աշխատանք տարած են:

Աբրահամ Սարաֆեան ամուսնացած է Երանիկ Կարապետեանի հետ: Ունեցած են հինգ զաւակներ` Տիգրան, Լեւոն, Արաքսի, Արմինէ եւ Անի: Աբրահամ մահացած է 1926-ին:

Պօղոս Սարաֆեան ամուսնացած է Աննա Թիւֆենկճեանի հետ, եւ ունեցած են երեք զաւակներ` Թագուհի, Ժորժ եւ Երուանդ: Պօղոս մահացած է 1934-ին:

Սարաֆեան եղբայրներէն երրորդը` Սամուէլ, ամուսնացած է Զապէլ Աճեմեանի հետ: Զաւակները` Սաթենիկ, Անահիտ եւ Սոնա: Ան մահացած է 1941-ին:

Անկախ լուսանկարչութեան գործին մէջ իրենց արձանագրած յաջողութիւններէն, Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի, Իրաքի եւ Թուրքիոյ մէջ, Սարաֆեան եղբայրները գործօն դերակատարութիւն ունեցած են տեղահանութենէն անմիջապէս ետք Լիբանանի գաղութի կազմակերպման եւ գաղթականներու ֆիզիքական պահպանման գործին մէջ: Զանոնք կը տեսնենք Բարեգործական միութեան մէջ, Զմմառի վանքին, Կիլիկիոյ Սահակ կաթողիկոսին մօտ, որբախնամ հաստատութեանց, կրթական կեանքի աշխուժացման եւ բարեսիրական աշխատանքներուն մէջ:

Երեք եղբայրներ, երեք հայ ընտանիքներ, հայկական անուններով զաւակներ, հայ կեանքին մասնակից եւ անոր մէջ դերակատարութիւն վերցուցած անհատներ:

Ու վերադառնանք բայցին…

Գիրքի հեղինակը` Սամի Թուպիյա, Սարաֆեան ընտանիքի ծանօթացումը կատարելէ ետք, իր խօսքի վերջին բաժինով կը գրէ.

«Այսօր, անոնց շառաւիղները տարածուած են աշխարհով մէկ: Լիբանանի մէջ սակայն, գտնելով հանդերձ Պուհէյրի, Քուրպան, Թահհան, Ֆատտուլ, Նուն, Բաբազեան, Նեհմէ, Չպլաքեան, Օկտըն-Սմիթ եւ Թապեթ անունները, այլեւս չենք հանդիպիր Սարաֆեան անուան` նոր սերունդին մօտ:

Սարաֆեան ընտանիքի նման հայաշունչ ընտանիք մը, այսօր գէթ Լիբանանի մէջ չունի նոյնանուն ժառանգորդ: Կան ժառանգորդներ` ոչ հայ ընտանիքներուն մէջ:

Պատճա՞ռը, պատճառնե՞րը:

Խառն ամուսնութիւն, օտար կրթութիւն, հայկական միջավայրէ հեռացում, աւանդութիւններու վերացում, արտագաղթ ու վստահաբար այլ ենթակայական եւ առարկայական պատճառներ:

Հետեւանքը սակա՞յն,

Հայակորուստ, հայաթափում եւ հայկականութեան վերացում:

Կ՛արժէ մտածել այսօր այս մասին:

Ու մտածել, թէ վաղը` 10, 20, 30 տարի ետք ո՛վ, ո՛ւր, ո՛ր հայ թերթին մէջ կրնայ կարդալ այս օրերուս հայութենէ հեռացումի ճամբան բռնած Լիբանանի հայերու մասին:

Իսկապէս կ՛արժէ մտածել սքանչելի Սարաֆեան ու այլ սքանչելի ընտանիքներու անցեալին, ներկային ու ապագային մասին:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Պաշիր Կը Յայտարարէ Հարաւային Սուտանի Հետ Սահմանները Բանալու Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?