Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անշահախնդիր Ծառայող Օրինակելին` Յարութ Վարժապետեան

June 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէց սերունդի վերջին վաստակաշատ ընկերներէն, Էշրեֆիէի հայութեան կազմաւորման հիմնադիր դէմքերէն էր ընկեր Յարութ Վարժապետեանը:

Իր կեանքին 80 տարիներուն ան անսակարկ ու անշահախնդիր կերպով ծառայեց ազգին:

Ճեմարանական, ՀՄԸՄ-ական, ապա` համազգայնական եւ վերջապէս` կուսակցական, կեանքին մէջ ունեցաւ մեծ վաստակ ու ծառայութիւն: «Ազատամարտ» ակումբի սիւներէն եղաւ:

Դեռ պատանի` ակումբին եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շինութեան կը մասնակցի իր հօրը` ընկեր Պօղոսին եւ հանգուցեալ ընկեր Սուրէն Անթոյեանին կողքին, այդ օրերէն մինչեւ մահը եղաւ ակումբին ծառայող համեստ ու հաւատարիմ ընկերը:

Եղած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտական պատասխանատու, ՀՅԴ պատանեկան միութեան վարիչ ու դաստիարակած սերունդներ:

Բայց այս բոլորին մէջ ընկեր Յարութ հաւատաւոր ու խիստ կարգապահ դաշնակցական էր: Հաճելի ժողովական, փայլուն արտայայտուող, գաղափարապաշտ: Բազմաթիւ անգամներ եղած է «Պալագեան», ապա «Ազատամարտ» կոմիտէի անդամ:

Ան նաեւ Էշրեֆիէի «Քնար» երգ ու պարի համոյթին մաս կազմած է եւ հոն ծանօթացած իր կեանքի ընկերուհիին` Սեդային:

Եղած է Համազգայինի Էշրեֆիէի «Ռուբէն Զարդարեան» մասնաճիւղի հիմնադիր անդամ եւ բազմավաստակ ատենապետներէն:

Լաւապէս կը տիրապետէր հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն: «Ազդակ» օրաթերթի մէջ իր ստորագրութեամբ լոյս տեսած յօդուածները իրենց դրոշմը ձգած են 60-70-ական թուականներուն, եւ պարբերաբար կը գրէր մինչեւ վերջերս:

Հայ մշակոյթի երկրպագուն էր ան եւ, գործին բերումով, նաեւ հայկական ճարտարապետութեան մասնագէտը:

Ընկերային գետնի վրայ` հետաքրքրուող եւ ծառայող: Ակումբին մէջ անոր ներկայութիւնն իսկ նոր եւ յատուկ մթնոլորտ կը ստեղծէր իր բարեկամներուն մօտ, նոյնիսկ լուռ ձեւով միանար իրենց:

Հպարտ էր իր ճեմարանական ըլլալուն, հպարտ էր նաեւ աշակերտած ըլլալուն Վրացեանի, Գառնիկ Կիւզէլեանի, Կարօ Սասունիի, Մուշեղ Իշխանի նման հսկաներու,  որոնց շունչը յստակ կ՛երեւէր ընկ. Յարութին մէջ: Անյագ ընթերցող էր ան հայկական եւ ֆրանսական գրականութեան, միջազգային մամուլը, բայց ամէն բանէ առաջ` «Ազդակ»-ը իր առօրեայ հացն ու պանիրն էր:

Բազմակողմանի էին Յարութ Վարժապետեանին հետաքրքրութիւնները` արուեստ, մշակոյթ, գիր-գրականութիւն, երաժշտութիւն, ճարտարապետութիւն, մարզական աշխարհ, գաղափարական քննարկումներ, եւ այս բոլորին մէջ ան միշտ կը փայլէր իր գիտութեամբ:

Եւ իր այս լայն հետաքրքրութեամբ եւ փորձառութեամբ էր որ հարցերը միշտ կը կշռէր prismatique ակնոցով.

– Խոշորացոյցի տեսիլքով

– Սուր աչքով

եւ մանրացոյց քննարկումով:

Նկարագիրով խրոխտ, համոզումներուն մէջ հաստատ ու մինչեւ իսկ ծայրայեղ, մարդկային արժանիքներով բարձր ընկեր էր Յարութ Վարժապետեան եւ մանաւանդ ու ամէն բանէ աւելի` հարիւր առ հարիւր հայ էր բառին ամբողջական առումով: Անոր համար հայութիւնը ամէն բանէ վեր էր, իսկ ներկայ անկախ Հայաստանին նկատմամբ ունէր պաշտամունք եւ միշտ նկատել կու տար, որ այսօրուան Հայաստանին պիտի գուրգուրանք ամէն բանէ աւելի, որովհետեւ կը հաւատար, թէ այսօրուան Հայաստանը վաղուան Միացեալ Հայաստանին հիմնաքարն է:

Ինչպէս շրջանիս ընկերներէս Վաչէ Բրուտեան կը վկայէ.-

«Ամաաա՜, մեր ընկեր Յարութը մահացաւ…

վա՜յ Յարութ վա՜յ:

Ազնուագոյն դաշնակցական ընկեր բառին ամբողջական իմաստով: Ազնիւ հոգիով, մաքուր ու վճիտ հայու կերպար: Ինչքա՜ն քաղցր յուշեր ունիմ իրմէ «Ազատամարտ» ակումբէն ներս:

Տխուր եմ, շա՜տ»:

Այսօրուան այս խօսքը դամբանական կը կոչուի, սակայն իրականութեան մէջ Յարութ Վարժապետեանը իր իրագործումներով եւ իր ունեցած նկարագիրով հողին չենք յանձներ, քանզի իր կեանքով արդէն փոխանցած է իր էութիւնը իր կնոջ, զաւակներուն, թոռներուն, քոյրերուն, հարազատ ընտանիքին, շրջանակին ու բարեկամներուն, որոնք նոյն նկարագրով թրծուած են:

Ընկե՛ր Յարութը, ինչպէս անցեալի մեր գաղափարի եւ գործի մշակներ Ճորճ Սարգիսեանը, Սուրէն Անթոյեանը, Երուանդ Մոնոֆարեանը, Երուանդ Տեմիրճեանը, Պարգեւ Քերպապեանը, որոնք սերնդակից էին քեզի, ջահը փոխանցեցին, քու ջահդ ալ պիտի մնայ անմար:

ՀՅԴ «ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ» ԿՈՄԻՏԷ

Նախորդը

«Ազատամարտ»-ցի Կաղնի Մը Եւս Տապալեցաւ (Յարութ Վարժապետեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ» Գիրքին Շնորհահանդէսը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.