Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Դիմատետրը Կը Ստուգէ
Նկարները Եւ Տեսանիւթերը
Դիմատետր յայտարարեց, որ կը սկսի լուսանկարները եւ տեսանիւթերը ստուգել, որովհետեւ ատիկա կ՛ընդարձակէ աւելի մեծ թիւով երկիրներու համար ապատեղեկատուութեան վերացման ջանքերը:
«Ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարին մէջ խնդիրներէն մէկը այն է, որ ատիկա տարբեր ձեւով կ՛արտայայտուի երկիրներու եւ բովանդակութեան տեսակներու առումով», կ՛ըսէ Դիմատետրի տնօրէն Թես Լիոնս:
«Այս խնդիրը լուծելու համար մենք չորս երկիրներու մէջ կը ստուգենք լուսանկարները եւ տեսանիւթերը»:
Լիոնս ըսած է, որ Դիմատետրի փաստերու ստուգման ջանքերը ներկայիս կը գործեն 14 երկիրներու մէջ եւ այս տարի անոնց թիւը կ՛աւելնայ:
«Այս վկայագրուած անկախ վերահսկողները կը գնահատեն դիմատետրեան պատմութիւններու ճշգրտութիւնը` օգնելով մեզի նուազեցնել կեղծ գնահատուած պատմութիւններու տարածումը միջինին 80 առ հարիւրով», ըսած է ան:
Դիմատետրի տնօրէն Թես Լիոնս աւելցուցած է, որ Դիմատետր փաստերու ստուգման ջանքերու ծիրին մէջ կ՛աշխատի` «կրկնակի իրաւախախտներու» որոշման ուղղութեամբ:
Դիմատետրը Ամէն Օր
Կ՛արգելափակէ
Երկու Միլիոն Կեղծ Էջ
Դիմատետր ընկերային ցանցը արհեստական բանականութեան արհեստագիտութեան շնորհիւ ամէն օր կ՛արգելափակէ մօտ երկու միլիոն կեղծ էջ: Այս մասին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ լսումներու ժամանակ երկուշաբթի յայտարարեց Դիմատետրի գաղտնիութեան քաղաքականութեան հարցերու տնօրէն Սթիւ Սեթըրֆիլտ:
«Արհեստական բանականութեան ասպարէզի յառաջընթացին շնորհիւ մենք կրնանք ստեղծման պահուն յայտնաբերել նման կեղծ էջերը, ամէն օր մենք կ՛արգելափակենք մօտ երկու միլիոն կեղծ էջ», ըսաւ ան` պատասխանելով պատգամաւորներու հարցումներուն:
Ան նոյնպէս յայտնեց, որ մօտիկ ապագային ընկերութիւնը կը յայտարարէ «Ծանուցումի դիտում» (View ads) գործառոյթի համաշխարհային գործածութեան մասին, որ թոյլ կու տայ էջին մէջ տեսնել բոլոր ծանուցումներու հաղորդագրութիւնները:
Հեռաձայնի Կրկնակի Արագ Բարդ
Լանքասթըրի համալսարանի գիտնականները պատահաբար ստեղծած են հեռաձայնի կրկնակի հզօր բարդ (պեթըրի)` հակառակ անոր որ սկիզբը նպատակ ունեցած են ստեղծել ածխածնի նոր տեսակներ:
Աշխատանքային հոլովոյթի ժամանակ մասնագէտները ստեղծած են նոր նիւթ` OSPC-1, որ կրնայ կրկնապատկել լիթիումային բարդին կեանքը` մեծ քանակութեամբ լիթիումային իոններ կուտակելու կարելիութեան շնորհիւ:
Բացի ատկէ, նոր նիւթը նոյնպէս ապահով է, քանի որ պայթումներ չի յառաջացներ: Մինչ ներկայիս բարդերուն մէջ գործածուող կրաֆիթը կը յառաջացնէ այնպիսի նիւթեր, որոնք կը կուտակուին եւ երբեմն կը պայթին:
Էփըլ Անվճար Կերպով Կը Փոխարինէ
Մեքպուքերու Ստեղնաշարը
Էփըլ ընկերութիւնը խոստովանած է 2015-2017 թուականներուն հրապարակուած ՄեքՊուք եւ ՄեքՊուք Փրօ-ներէն որոշ օրինակներու ստեղնաշարի թերութիւնը, որուն համար պատրաստ է անվճար փոխարինել անսարք մասերը:
Կայքին մէջ նշուած նոթպուքերու սեփականատէրերը կրնան զանոնք տանիլ ընկերութեան խանութներ կամ սպասարկման կեդրոններ, ուր կը նորոգուին: Բացի ատկէ, ընկերութիւնը խոստացած է փոխհատուցել վերանորոգման արժէքը յաճախորդներուն, որոնք փորձած են ստեղնաշարի կապուած խնդիրը իրենք լուծել:
Նախապէս Աւստրալիոյ դատարանը տուգանած է Էփըլը` 6.8 միլիոն տոլարով, համակարգի թարմացումէն ետք խանգարուած սարքերը անվճար վերանորոգելէ հրաժարելուն համար:
Էփըլի Նոր Ականջակալները
2019 Թուականին
Նոր AirPods-ը կ՛ունենայ շարք մը գործառոյթներ` անձրեւէն եւ քրտինքէն պաշտպանութիւն, աղմուկի նուազեցման կարելիութիւն, նոյնպէս այՖոնէն մեծ հեռաւորութեան վրայ աշխատելու ունակութիւն:
Նոր ականջակալները աւելի սուղ կ՛ըլլան, քան ներկայիս 159 տոլար արժողութեամբ ականջակալները:
AirPods-ի ներկայիս տարբերակը կը թարմացուի 2018-ի վերջաւորութեան եւ օգտուած կ՛ըլլայ Սիրի ձայնի օգնականով, որ կարելի կ՛ըլլայ աշխատցնել առանց ձեռքերու օգնութեան:
Երկնաքարերէ Պաշտպանուելու
Նոր Ծրագիր
Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը Երկիր մոլորակը հսկայական երկնաքարերէ պաշտպանելու նոր ծրագիր մշակած է:
ՆԱՍԱ-ի մասնագէտները այլ ամերիկեան նախարարութիւններէ իրենց գործընկերներուն եւ ոչ կառավարական մասնագէտներու հետ բացայայտած են 95 առ հարիւրը բոլոր այն երկնաքարերուն, որոնք այնքան խոշոր են, որ կրնան համաշխարհային աղէտ յառաջացնել Երկրի հետ բախելու պարագային:
Իր կարգին, Սպիտակ տան գիտութեան եւ տիեզերական տարածութեան ուսումնասիրութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Ահարոն Մայլզ ընդգծած է, որ յայտնաբերուած երկնաքարերէն ոչ մէկը սպառնալիք կը ներկայացնէ այս հարիւրամեակին:
Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը ճշդած է շարք մը ռազմավարական նպատակներ, որոնց շարքին` վտանգաւոր երկնաքարերու յայտնաբերման եւ հետեւելու արհեստագիտութիւններու կատարելագործում, այդ հարցերու շուրջը միջազգային համագործակցութեան ամրապնդում, նոյնպէս` արտակարգ իրավիճակներու պարագային գործողութիւններու տարբերակներու մշակում:
Ինչպէս Տիեզերքի Մէջ
Մազերը Կը Կտրեն
Ռուսական «Ռոսքոսմոս» պետական ընկերութիւնը իր պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակած է ուշագրաւ տեսանիւթ մը, ուր ներկայացուած է տիեզերքի մէջ մազերը կտրելու հոլովոյթը:
Տեսանիւթին մէջ ցուցադրուած է, որ ինչպէս տիեզերագնաց Անթոն Շքափլերով յատուկ սարքի մը միջոցով կը կտրէ իր գործընկերոջ` Ալեքսանտր Միսուրքինի մազերը: Ապա անոր կը մօտենայ ամերիկացի տիեզերագնացը եւ կը պայմանաւորուի 3 տոլարի դիմաց իր մազերը եւս կտրել:
Ուշագրաւ է, որ տիեզերագնացները կ՛օգտագործեն յատուկ սարք, որ կը կլլէ կտրուած մազերը, որպէսզի ատոնք չտարածուին անկշռութեան մէջ, չխանգարեն տիեզերագնացները եւ վնաս չպատճառեն սարքերուն:
Ալիպապայի Գումարներու
Փոխանցման Ծառայութիւնը
«Ալիպապա կրուփ»-ի դուստր ընկերութիւնը` «Անթ ֆայնենշըլ», պլոքչէյն արհեստագիտութիւններու կիրարկումով գումարներու փոխանցման ծառայութիւն ստեղծած է:
Ծառայութիւնը մատչելի կ՛ըլլայ Հոնկ Քոնկի եւ Ֆիլիփիններու բնակիչներուն: Գումարային փոխանցումները կ՛իրականացուին Հոնկ Քոնկի ամէնէն մեծ դրամատուներէն մէկուն միջոցով:
«Պլոքչէյն արհեստագիտութիւնը կրնայ շատ աւելի փոխել մեր աշխարհը, քան մարդիկ կը կարծեն», ըսած է ընկերութեան տնօրէնը` նշելով, որ մեծ թիւով ֆիլիփինցի աշխատակիցներ Հոնկ Քոնկէն տուն կ՛ուղարկեն գումարներ` կանոնաւոր ձեւով:
Ինսթակրամ
100 Միլիառ Տոլար Կ՛արժէ
Յառաջիկայ 12 ամիսներու ընթացքին Ինսթակրամ ընկերային ցանցի շահը պիտի գերազանցէ 10 միլիառ տոլարը: Ցանցը նոր օգտատէրեր կը ներգրաւէ աւելի արագ, քան Դիմատետրը, որուն կը պատկանի Ինսթակրամը: Այս մասին յայտնած է Պլումպերկ Ինթելիճընսի վերլուծաբան Ճիթենտրա Վարալ:
Յունիսին Ինսթակրամ հաստատած է ամսական 1 միլիառ աշխուժ օգտատէրերու ցուցանիշը: Ցանցը կրնայ կրկնապատկել այդ ցուցանիշը յառաջիկայ հինգ տարուան ընթացքին, կը կարծէ Վարալ:
Բացի ատկէ, Ինսթակրամի համայնքը աւելի երիտասարդ է, քան Դիմատետրինը: Ասիկա ցանցը աւելի գրաւիչ կը դարձնէ ծանուցումներու համար:
Ըստ Վարալի, եթէ Ինսթակրամ առանձին ընկերութիւն ըլլար, ատոր արժէքը կը կազմէր աւելի քան 100 միլիառ տոլար: Դիմատետրը 1 միլիառ տոլարով 2012 թուականին գնած է Ինսթակրամը` ատոր հիմնադիրներէն:
Ինսթակրամի Համայնքը
Մէկ Միլիառի Հասած Է
«Ինսթակրամը արդէն համաշխարհային համայնք է», կը նշուի ընկերային ցանցի հաղորդագրութեան մէջ:
Անցեալ տարուան սեպտեմբերին Ինսթակրամը ունէր շուրջ 800 միլիոն արձանագրուած օգտատէր:
«2010 թուականին ծառայութիւնը սկսելէ ետք, մենք հիացմունքով կը հետեւէինք մեր համայնքի աճին եւ բարգաւաճման: Ասիկա բոլորիս համար կարեւոր նուաճում է, շնորհակալութիւն ձեզի», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Անցեալ տարուան յուլիսին Դիմատետրը 2 միլիառ օգտատէր ունէր: Ընկերային ցանցի ամսական համայնքը 17 առ հարիւրով աւելցած էր, տարեկան` մինչեւ 2.01 միլիառ:
Ինքնավար Մեքենաներ
Արհեստական բանականութեան մշակման հսկայ` չինական «Պայտու» ընկերութիւնը, երկու ինքնավար մեքենաներու փորձ-ստուգում իրականացուցած է Թիանցզան քաղաքի գործածութեան համար, տակաւին փակ արագընթաց մայրուղիներէն մէկուն մէջ:
«Պայտու» ընկերութիւնը այդպիսի ստուգում առաջին անգամ ըլլալով կը կատարէ», յայտնած է ընկերութեան աւագ ճարտարագէտ Վան Սիաոլու:
Ըստ անոր, ստուգումը կոչուած է օգնելու մշակողներուն` հաւաքելու ինքնավար մեքենաներու արդիւնաւէտութեան տուեալները շրջակայ միջավայրի եւ ինքնավերահսկման առումով:
Մեքենայի այդպիսի շարժումը տեղի ունեցած է Տանշան Լանֆան արագընթաց մայրուղիի 33 քիլոմեթրային հատուածին մէջ, որ կը սկսի գործածուիլ այս տարի աւելի ուշ:
«Պայտու» ընկերութիւնը դարձած է ինքնավար կառավարման համակարգերով փոխադրութեան միջոցներու մշակման առաջատարներէն:
Մարդամեքենայ` Մարդու Շարժումներով
Եւ Ուղեղով Կառավարուող
Մասաչուսեցի արհեստագիտական հաստատութեան ճարտարագէտները ներկայացուցած են մարդամեքենայ մը, որ պիտի կառավարուի ոչ թէ բառերով, այլ մարդկային շարժուձեւերով եւ ուղեղի ալիքներու միջոցով:
Այսպիսի մարդամեքենայի հետ կրնան նոյնպէս հաղորդակցիլ խուլ եւ համր մարդիկ:
Մասնագէտները մարդամեքենային սորվեցուցած են հաշուել ուղեղի այն ազդանշանները, որոնք կը յառաջանան, երբ մարդիկ տարբեր սխալներ կը նկատեն: Համակարգը կը վերահսկէ մարդկային ուղեղի գործունէութիւնը, եւ եթէ սարքը կը հաշուէ ուղեղի այդ ազդանշանները, անտրոյտը ակնթարթօրէն կը դադրեցնէ այդ գործողութիւնը` թոյլ տալով օգտագործողին ուղղել աշխատանքը:
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
«Հայ թեք», «Էն. Կաճեթ», «Ֆոքս նիուզ» եւ ԱՖՓ