Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԵՀՈՄ-ը Կը Նշէ Իր Հիմնադրութեան 55-ամեակը

June 28, 2018
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Ստեփան եւ Թամար Տէր Պետրոսեաններու, շաբաթ, 23 յունիս 2018-ին, Տըպպայայի «Լը Ռուայալ» պանդոկի «Ռուպի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական  ուսանողներու միութեան հիմնադրութեան 55-ամեակի նշումը, որուն ներկայ էին նախկին թէ ներկայ ՀԵՀՈՄ-ականներ, ազգայիններ, բարերարներ եւ ՀԵՀՈՄ-ի բարեկամներ: Ընթրիքին հայրենասիրական եւ ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ հայրենի երգիչ Սեւակ Ամրոյեան:

Վեհափառ հայրապետին ժամանումէն եւ սեղանի օրհնութենէն ետք ընթացք առաւ յայտագիրը, ուր բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ` Կարէն Եօսուլքանեան: Բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ան հակիրճ ակնարկ մը նետեց ՀԵՀՈՄ-ի անցնող 55 տարիներու գործունէութեան վրայ: Աւելի քան կէս դար առաջ, հայ ուսանողներ ինքնակամ կերպով հաւաքուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յարկին տակ ու ծնունդ տուած ՀԵՀՈՄ-ին: Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց կաթողիկոսին եւ շնորհաւորեց հայրապետին աբեղայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը, ինչպէս նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց հանդիսութեան նախագահին եւ բարերարներուն:

Բացման խօսքէն ետք ներկաները դիտեցին ՀԵՀՈՄ-ի մասին պատմական կարճ տեսերիզ մը ու վայելեցին ՀԵՀՈՄ-ականներու պատրաստած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրը:

Նկատի ունենալով, որ ՀԵՀՈՄ-ի 55-ամեակը կը զուգադիպի նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսին 50-ամեակին, ՀԵՀՈՄ-ը դիմած էր արուեստագէտ Րաֆֆի Ետալեանին, որպէսզի վեհափառ հայրապետին յիսնամեայ ծառայութեան վայել արուեստի գործ մը նուիրէ: Վերջինս` ներշնչուած կաթողիկոսին գործունէութենէն եւ անհատականութենէն, քանդակած էր հայրապետին կիսանդրին: Արուեստագէտը իր  քանդակի գործը վեհափառ հայրապետին նուիրելէ ետք խօսք առնելով` ըսաւ, որ իր այս գործին մէջ փորձած է ամփոփել հայրապետին դէմքին ցոլացող քրիստոնէական խոնարհութիւնը եւ հայուն արդար պահանջատիրութիւնը:

Աւարտին, Արամ Ա. կաթողիկոս գնահատեց ՀԵՀՈՄ-ի 55-ամեակի նշման համար տարուած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ բոլոր ազգայիններուն նախանձախնդրութիւնը հայ համալսարանականներուն նկատմամբ` նշելով, որ բարձրագոյն ուսումն ու կրթութիւնը, ուսանողներուն կողմէն տարուած զոհողութեան եւ յարատեւ աշխատանքով, կը նպաստեն գլխագիր մարդ պատրաստելուն: Ուսանողներուն մասնագիտութիւններն ու կազմութիւնը խթան կը հանդիսանան հայ ազգին ու եկեղեցւոյ յառաջդիմութեան: Այս առիթով, ան յորդորեց բարերարներն ու ազգայինները նպաստելու ուսանողներուն, որպէսզի նիւթականը պատճառ չըլլայ անոնց ուսման թերի աւարտին: Ապա, խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, հայրապետը յանձնարարեց անոնց մօտ մնալ հայկական գաղութներուն ու գործունեայ ներկայութեամբ նպաստել ազգի կեանքին բարգաւաճման ու  նոր որակ տալուն:

Վեհափառ հայրապետին մեկնումէն ետք Սեւակ Ամրոյեան ազգային ու հայրենասիրական երգերով ճոխացուց հանդիսութիւնը:

Նշենք, որ ընթրիքին հասոյթով սկիզբ պիտի դրուի Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական Ուսանողներու միութեան ուսանողական ֆոնտին:

Նախորդը

25 Յունիս 1878. Բացում` Պերլինի Վեհաժողովին. Եւրոպական Դիւանագիտութեան Տխրահռչակ Դաշնագիրը Եւ Հայկական Հարցի Միջազգայնացման Դասերը

Յաջորդը

«Զուարթնոց» Յատուկ Դաստիարակութեան Կեդրոնի Ամավերջի Հանդէսը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.