ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հայաստանի Հ1 հանրային հեռատեսիլի ընկերութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով 28 մայիս 2018-ին պատրաստած էր «Հայոց պետականութեան վերածնունդը» խորագիրով «պատմական-վաւերագրական» հաղորդաշար մը ` չորս մասով. Ա. մասը` 36:39 տեւողութեամբ (1), Բ. մասը` 36:11 (2), Գ. մասը` 30:07 (3) եւ Դ. մասը 31:08 (4), ընդհանուրը` 2 ժամ եւ 34:05:
Դժբախտաբար հաղորդաշարին ձգած ընդհանուր տպաւորութիւնը բնա՛ւ չէր համապատասխաներ իր խորագիրին` այս տօնակատարութեան հպարտառիթ, պայծառ ու պանծալի խորհուրդին` վեց դարու գերութենէն ետք, հայ ժողովուրդին մայիսեան փառաւոր հերոսամարտերուն շնորհիւ, հայոց պետականութեան վերածնունդին:
Կարելի չեղաւ իմանալ, որ այս ծրագիրին խմբագրական կազմը եւ գլխաւոր խմբագիրը ովքեր էին, սակայն 11 զանազան տիտղոսաւոր պատմաբաններ մասնակցած էին յայտագիրին, առաւել, աներեւոյթ խօսնակը, այսպէս, խառն շարքով` Տէր Ասողիկ քահանայ Կարապետեան, Աշոտ Մելքոնեան, Յովիկ Գրիգորեան, Էտկար Յովհաննէսեան, Էտիկ Մինասեան, Ալեքսան Յակոբեան, Ամատունի Վիրաբեան, զինուորական` Սուրէն Մարտիկեան, Կարէն Արիստակէսեան, Գէորգ Խուրդինեան եւ Համօ Սուքիասեան, յուսամ այլ անուններ չվրիպեցան:
Թող ներեն վերոնշեալ անձերը, որոնք հաւանաբար տեղեակ չէին վերջնական` ընդհանուր խմբագրուած յայտագիրի բովանդակութենէն եւ ներկայացումէն: Կարծէք ճիգ մը կար իւրաքանչիւր մասնակցողէ մէկ-երկու վայրկեան տեւողութեամբ խօսքերը խառն շարքով իրարու կցելով շփոթ ստեղծելու, աներեւոյթ խօսնակին ձգելով շաղկապել այս խառն խօսքերու շարքը, ուր բնա՛ւ յարգուած չէր պատմական ժամանակագրական յաջորդականութիւնը…
Արդէն իսկ նախաբանին մէջ, խօսնակը պարտուողական` յուսահատական այս խօսքերով կը սկսի. «Հազարամեակների ընթացքում ան (հայ ժողովուրդը) ունեցել է մեծ վերելքներ եւ անխուսափելի վայրէջքներ»… Հարց պիտի տամ խօսնակին եւ խմբագիրին, թէ ինչո՛ւ համար «անխուսափելի» են վայրէջքները, հայ ժողովուրդը տեւաբար կարողութիւնը չունի՞ պահպանելու վերելքները: Կարելի չէ՞ր զանց առնել «անխուսափելի» բառը… Ուրեմն այս տրամաբանութեամբ, այժմ պէտք է անխուսափելի վայրէ՞ջք մը ակնկալենք…
Իսկ ամէնէն ընդվզեցուցիչն էր օրուան խորհուրդին` մայիսեան հերոսամարտերուն հակասող վերջաբանը` եզրակացութիւնը, խօսնակը 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին մասին կ՛ըսէ. «Սա պատմութեան նուէ՞րն էր հայ ժողովուրդին, թէ առանձին առաջադէմ գործիչների ծրագրի արդիւնքը, դժուար է ասել»… Կարելի՞ է այսպիսի նախաբանով եւ վերջաբանով Հայոց հերոսական պետականութեան վերածնունդը տօնել: Տակաւին պոլշեւիկեան օրե՞րը կ՛ապրինք…
Նկատողութիւն մը նաեւ ներկայացման ձեւին եւ արհեստագիտութեան մասին: Ըստ երեւոյթին, բեմադրիչը (տիրիժոր) կա՛մ տեղեակ չէ տեսարաններու արագ փոփոխութեան վնասէն, կամ կ՛ուզէ չարչարել դիտողը: Անդադար արագ փոխուող ու մերթ ընդ մերթ փայլատակող պատկերասփիւռի պաստառին յետնամասով եւ վաւերագրական հին ժապաւէններու ցուցադրութեան ժամանակ ձիւն տեղացնելով եւ լոյսի ու շուքի խաղերով (effects) կարծէք փորձ կը կատարուի այդ ոչ յստակ ժապաւէնները աւելի անյստակ դարձնել… վասն ինչի՞:
Վերոնշեալ պատմաբաններուն հանդէպ արդար ըլլալու համար, պէտք է յստակացնել հետեւեալը.
- Իւրաքանչիւրը նկարահանուած է առանձինն իր գրասենեակին կամ ուրոյն միջավայրին մէջ եւ ոչ թէ խմբային կերպով Հ1-ի տաղաւարին մէջ:
- Արդեօք որոշ հարցումներո՞ւ պատասխանած են անոնք, թէ՞ իւրաքանչիւրը անկախութեան ընդհանուր պատմութիւնը պատմած է եւ խմբագիրները իւրաքանչիւրէն մէկ երկու վայրկեաննոց հատուածներ առած եւ իրարու կցած` յայտնի չէ:
- Դժբախտաբար սակայն, այն տպաւորութիւնը կ՛ունենանք, որ բեմադրիչը կամ խմբագիրը այս ձեւով 11 պատմաբանի հաւաքական վաւերական հաւաստիքն է, որ կը ներկայացնէ: Արդեօք իւրաքանչիւրը համաձա՞յն են ներկայացուածին ամբողջութեանը:
Դժուար է 2 ժամ 34:05 տեւողութեամբ պատմական այս հաղորդաշարին մասին մանրամասն անդրադառնալ, թէեւ բազմաթիւ են նկատողութիւնները, սակայն պիտի նշեմ միա՛յն հետեւեալ երեքը:
Ա. Արամ Մանուկեանի կենսագրութեան ներկայացման մէջ, անոր` ՀՅԴ-ի անդամակցութեան մասին յիշատակում չեղաւ:
Բ. Սեւրի դաշնագիրին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Հայաստանի սահմանները ճշդելու իրաւարար դերը կարեւորութեան չէր արժանացած, յիշատակութիւնը հպանցիկ անցաւ, հակառակ անոր որ ցուցադրուած վաւերագրական ժապաւէններուն կարեւոր մասը կը վերաբերէր «Ամերիկեան զինուորական առաքելութիւն դէպի Հայաստան»` զօրավար Հարպորտի օգոստոս 1919-ին սկսած առաքելութեան եւ Հայաստան այցելութեան:
Յիշատակում չեղաւ 29 յունուար 2015-ի Համահայկական հռչակագիրին, որ ներառած է Սեւրի դաշնագիրը իբրեւ փաստաթուղթ` հետեւեալ հատուածով. «… Ինչպէս նաեւ` 1920 օգոստոս 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի եւ 1920 նոյեմբեր 22-ի` Միացեալ Նահանգների նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցին մէջ»: Պէտք էր յստակօրէն շեշտուէր այս հռչակագիրը եւ հաստատել իրաւարար վճիռով սահմանուած, տակաւին ի զօրու` Հայաստանի քարտէսին վաւերականութիւնը (5), (6), (7): Միացեալ Նահանգներու նախագահին ստորագրութիւնը եւ նախագահական կնիքը կրող դաշնագիրին այս քարտէսը ամերիկեան օրէնքով վերածուած է ամերիկեան պետական օրէնքի (law of the land) Միացեալ Նահանգներու սահմանադրութեան 6-րդ յօդուած:
Գ. Գէորգ Խուրդինեան չորրորդ մասին մէջ` (11-11:51-րդ վայրկեան) (4) ըսաւ. «Մենք չէինք հասցրել ձեւաւորել մեր ուժային համակարգը. այդ ուժային համակարգը հանդիսանում էր ցարական Ռուսաստանի համապատասխան ուժային համակարգի շարունակութիւնը եւ այս սպաները, որոնք որ փրկեցին Սարդարապատի ճակատամարտում` այդ յաղթանակ ձեռք բերողները եղան, եւ այդ նո՛յն սպաներն էլ յանձնեցին Կարսը: Որով յանձնեցի՛ն (յանդիմանական ոճով) ոչ թէ գրաւուեց թուրքերի կողմից: Բառից բուն իմաստով յանձնեցի՛ն…: Որով նոյն Կարսով հնարաւորութիւն կար հակայարձակման միջոցով վերականգնել նոյն դիրքերը, ընդ որում մեր զօրքը ունէր նաեւ քանակական առաւելութիւններ ե՛ւ հզօր ամրացումներ, ե՛ւ թնդանօթներ ունէր. ամէն ինչ ունէր յաղթելու համար: Կարսը չի՛ գրաւուել, Կարսը յանձնուե՛լ էր»… թէ ի՞նչ էր պատճառը այս յանձնումին` չըսաւ: Դժբախտաբար այս հաստատումը թէեւ մասամբ ճշգրիտ, սակայն ամբողջական չէ, եւ լրիւ պատկերը չի ներկայացներ: Ինչո՞ւ:
Նախ, ժամանակագրական կարեւոր յստակեցում մը` Սարդարապատի ճակատամարտը աւելի ուշ` 28 մայիս 1918-ին յաղթական աւարտ ունեցաւ: Իսկ Կարսի բերդը յանձնուեցաւ 11-12 ապրիլ 1918-ին, երբ տակաւին Անդրկովկասի կոմիսարիատը` Սէյմը, ի զօրու էր, եւ Անդրկովկասի, ներառեալ հայկական զինուորական հրամանատարութիւնը ենթակայ էր անոր` յանձինս վրացի նախագահ Ակակի Չխենկելիին եւ կովկասեան բանակի հրամանատար` վրացի զօրավար Իլիա Օտիշելիձէին, որ հեգնօրէն, յարձակող թրքական բանակի հրամանատար Մեհմետ Վեհիպ փաշային փեսան էր…
Ռուբէն Մինասեան կը գրէ. «Վրացիները տաճկական հովանաւորութիւն չէին ուզեր, բայց հայերի կշիռը չնչին դարձնելու համար Անդրկովկասում, կը բաղձային, որ տաճիկները խլեն հայերի ձեռքից Տաճկահայաստանը, եւ այդ ուղղութեամբ կովկասեան ճակատի հրամանատար Վեհիպ փաշայի խնամի Օտիշելիձէի միջոցով հարկ եղածը կը տնօրինէին» (8):
Իսկ «Ուիքիփետիա»-ի «Հայ ժողովուրդի մայիսեան հերոսամարտեր» էջին մէջ, որ ընտրուած է հայերէն «Ուիքիփետիա»-ի օրուան (լաւագոյն) յօդուածը, կ՛ըսէ. «Տրապիզոնի հաշտութեան բանակցութիւններու ձախողութենէն ետք, թրքական զօրքերը կ՛արշաւեն Արեւելեան Հայաստան: 1918-ի մարտի վերջը կ՛իյնայ Սարիղամիշը: Կովկասեան բանակի հրամանատար վրացի զօրավար Իլիա Օտիշելիձէ, Ակակի Չխենկելիի հրամանով 11-12 ապրիլ 1918-ին, գրեթէ առանց կռիւի, թշնամիին կը յանձնէ լաւ ամրացուած Կարսի բերդը, որուն պաշտպանութեան հրամանատարը նշանակուած էր զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանը (9):
«1917-ի ձմեռուան ողբերգական ժամանակաշրջանին կովկասեան զօրաճակատում, ուր մեր փոքրաթիւ ազգային զօրամասերը օրհասական դիմադրութիւն էին ցոյց տալիս իրենցից գերազանցօրէն ուժեղ հակառակորդին, Միշա (Միքայէլ) Արզումանեանը իր մասնակցութիւնը բերաւ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին` ստանձնելով Կարսի պաշտպանութիւնը, իբրեւ բերդի քաղաքական կոմիսար: Նա բերդի հրամանատար զօրավար Դէեւի հետ միասին կազմակերպեց բերդի պաշտպան ուժը: Եթէ անդրկովկասեան կառավարութեան զինադադարի հետ կապուած չարաբաստիկ կարգադրութիւնը չլինէր, բերդի հրամանատարութեան կողմից ամիսների ընթացքում տարուած աշխատանքները բերդի պաշտպանութեան համար` թերեւս այլ արդիւնք տային» (10):
Սիմոն Վրացեան կը գրէ, որ Թիֆլիսի մէջ բոլորովին անտեղեակ էին Չխենկելիի գործողութիւններէն: «Այս բոլոր հրամաններն ու կարգադրութիւնները կատարուեցան կովկասեան բանակի ընդհանուր հրամանատար Լեպետինսկիէն անկախ, Սեյմէն ու հրաւիրուած նոր նախարարներէն գաղտնի, միայն Չխենկելիի անձնական պատասխանատուութեամբ: Ոչ ոք տեղեկութիւն ունէր Չխենկելիի առած քայլերուն մասին: Եւ, ինչ որ պակաս տարօրինակ չէ, հեռագրական սովորական կապն ալ հայկական բանակի եւ հայոց Ազգային խորհուրդի միջեւ կտրուած էր, եւ Թիֆլիսի մէջ ոչ ոք գիտէր, թէ ի՛նչ կը կատարուէր հայկական ռազմաճակատին մէջ, մինչ այդ հայ ժողովուրդին համար ողբերգական հետեւանքներ ունեցող դէպքեր կը զարգանային (11)»:
Մարտ 1918-ի վերջաւորութեան հայկական բանակի ստորաբաժանումները Սարիղամիշէն նահանջած էին: Զօրավար Նազարբէկեանը իր յուշերուն մէջ կը նշէ, որ Սարիղամիշի ուղղութեամբ յարձակող թրքական ուժերը շատ քիչ էին, եւ նահանջը ոչ մէկ կերպով արդարացուած էր: Ուշագրաւ է նաեւ հայկական զօրքի հրամանատարին այն նկատողութիւնը, որ տակաւին մարտի կէսին ինքը Օտիշելիձէէն հեռագիր ստացած էր, որով պէտք էր Կարսի մէջ պահէր միայն երեք օրուան պարէն, իսկ մնացածը անյապաղ ուղարկէր Թիֆլիս:
30 մարտ 1918-ին Նազարբէկեանը նամակ կը ստանայ Անդրկովկասեան կառավարութեան տնտեսական նախարար Կարճիկեանէն, որով զինք կը տեղեկացնէին, որ Տրապիզոնի մէջ Անդրկովկասի ներկայացուցիչները ընդունած են Պրեստ-Լիտովսկիի հաշտութիւնը: «Պարզ է, որ կառավարութիւնն ու Սեյմը ստիպուած կ՛ըլլան վաւերացնելու դաշնագիրը, եթէ մեր ճակատի կացութեան մէջ խոշոր փոփոխութեան յոյս ու վստահութիւն չներշնչէ», գրած էր Կարճիկեանը: Ան կը խնդրէր Նազարբէկեանէն հնարաւորութեան պարագային, նոյնիսկ արկածախնդրութեան դիմելով, գրոհել եւ ազատագրել Սարիղամիշը: Սակայն, ըստ Նազարբէկեանի, այդ հնարաւոր չէր, քանի որ զօրքին մարտական ոգին ինկած էր: Նազարբէկեանը նաեւ գրած է, որ եթէ Ազգային խորհուրդի անդամները ներկայ ըլլային զինուորներուն հետ, ապա կ՛իմանային, որ այդ «տրամադրութիւններով դժուար է որեւէ, նոյնիսկ փոքր, նոյնիսկ թէկուզ մասնակի յաջողութեան յոյս ունենալ»: Այդ պատճառով ան իր հիմնական ուշադրութիւնը բեւեռած էր Կարսին եւ կը փորձէր առաւելագոյնս ապահովել բերդի պաշտպանութիւնը:
10 ապրիլ 1918-ին զօրավար Նազարբէկեան հետեւեալ տխրահռչակ հեռագիրը կը ստանայ. «Առաջարկում եմ, համապատասխան Անդրկովկասեան կառավարութեան կողմից Թուրքիայի հետ կնքուած զինադադարին, յանձնել Կարսի բերդը, ամբողջ ռազմաճակատում դադարեցնել ռազմական գործողութիւնները եւ բանագնաց ուղարկել Կարսի բերդի դատարկման ժամկէտն ու պայմանները մշակելու համար: Ձեր զօրքերը պէտք է ետ քաշուին բերդի ամրոցներէն, իսկ թուրքական զօրքերը` կանգ առնեն երկու քիլոմեթրի վրայ, չհասած բերդի ամրոցներուն: Կարսի մարզի շրջանը մինչեւ Ալեքսանդրապոլ պէտք է մաքրուի 3 օրուան ժամկէտում:
Անդրկովկասեան կառավարութեան նախագահ Ա. Չխենկելի ռազմական նախարարի փոխարէն Օտիշելիձէ»:
Նազարբէկեան կը փորձէ կապուիլ Թիֆլիսի Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ, սակայն չի յաջողիր: Ան կը խորհրդակցի զինուորականներուն հետ, որոնք բոլորն ալ կ՛առաջարկեն ենթարկուիլ հրամանին: Թուրքերուն հետ կը բանակցին գնդապետ Մորելը եւ Կարսի կայազօրի պետ Դէեւը. ապրիլ 11-ին Նազարբէկեանին կը յանձնարարեն ամբողջ զօրքը տեղափոխել Ալեքսանդրապոլ, որուն կը հետեւին շուրջ 20 000 բնակիչներ: Ապրիլ 12-ին` երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Կարս կը մտնէ թրքական 11-րդ զօրաբաժինի առաջապահ մասը» (12):
Միթէ Գէորգ Խուրդինեանը եւ այս վաւերագրական հաղորդաշարին խմբագիրը(ները) տեղեակ չէի՞ն այս բոլորէն… Ինչո՞ւ կիսատ-պրատ իրականութիւն հաղորդել` նսեմացնելով հայ զօրավարները եւ զօրքը: Ա՞յս է պատմաբաններուն դերը, թէ՞ ամբողջ իրական պատմութիւնը ներկայացնել:
26 յունիս 2018
———————
1.- http://www.youtube.com/watch?v=rF7jqM0jXZs
2.- https://youtu.be/2IJKSba_Czk
3.- http://149.56.120.35/video/FNvrtSpa0F8/-3/
4.- https://youtu.be/JyLk7waRW5U
5.- https://www.aztagdaily.com/archives/359654
6.- https://www.aztagdaily.com/archives/359818
7.- https://www.aztagdaily.com/archives/315557
8.- «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները», Ռուբէն Տէր Մինասեան, 7-րդ հատոր, Բ. հրատարակութիւն, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, 1979, Պէյրութ, էջ 134:
9.- https://hy.wikipedia.org/wiki/Հայ_ժողովուրդի_մայիսեան_հերոսամարտեր
10.- https://www.aztagdaily.com/archives/397046
11.- «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», «Երկունք» գլուխ, էջ 109:
12.- http://republic.mediamax.am/story/25/