ԽԱԺԱԿ
«Վարժապետ»-ը… Այսպէս ճանչցուած էիր Էշրեֆիէ թաղամասի «Ազատամարտ» ակումբի շրջանակին մէջ: Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս` չեմ գիտեր: Մէկ բան գիտեմ հաստատ, որ մանկութեան-պատանեկութեանս յուշերուն մէկ կարեւոր մասնիկը կազմած ես: Ամէն անգամ, երբ քաղցրօրէն կը յիշեմ մանկութիւն-պատանեկութիւնս, քեզ կը մտաբերեմ եւ հետեւեալ պատկերները կը տողանցեն աչքերուս առջեւ:
Լիբանանեան պատերազմի օրերն են: Մանուկ եմ: Հայրս իր սերնդակից ընկերներուն հետ լծուած է թաղային պաշտպանութեան: Մեր տունը ամէն երեկոյ հաւաք կար` «Տղաքը եկած են»: Դուն եւ Սեդայիկը միշտ ներկայ էիք: Խոհանոցը ճաշի պատրաստութիւններ կ՛ըլլային («տղոց համար»), մինչ նստասենեակէն կ՛առնէի ծխամորճիդ ինծի շատ հաճելի բոյրը եւ կը լսէի խաղաղ ձայնդ, որով կը վերլուծէիր տարբեր նիւթեր հօրս հետ: Մտային պաշարդ լայն էր, ամէն նիւթէ տեղեակ էիր, տեղ-տեղ յամառ, բայց քննադատական միտքդ եւ վերլուծումներդ կը սիրէի, կը սպասէի լսել քեզ, նոյնիսկ երբ նիւթէն տեղեակ չըլլայի:
Ամէն անգամ, երբ քրոջս հետ միասին քալելով մեր տունէն կ՛ուղղուէինք հօրս աշխատատեղին, ուրախութեամբ կանգ կ՛առնէինք գրախանութիդ առջեւ: «Բարի՛ լոյս, չստիկ ճուտիկս»-ով կը բարեւէիր քրոջս` սանուկիդ: Միշտ հպարտ էի մեր ընտանիքներու կնքահայրական կապով, եւ բոլորին կ՛ըսէի, որ դուն նաեւ իմ կնքահայրս ես:
Իւրաքանչիւր Զատկուան յաջորդող մեռելոցի օր, կէսօրուան ճաշը ձեր տունը կ՛ըլլար: Օր մը, որ ամբողջ տարին կը սպասէի: Կը տօնէինք անուանակոչութիւնդ, կը ճաշակէինք Սեդայիկին համով ճաշերը եւ կուշտ ու կուռ կը խնդայինք Սեւակին ու Հրաչին հետ: Ապա կ՛անցնէինք հիւրասենեակ, ուր անպայման պէտք էր գրգռէինք բարկութիւնդ, երբ կատակով վատ խօսէինք արաբկիրցիներու մասին: Որքա՜ն հպարտ էիր արմատներովդ: Հապա՞ երբ լիբանանեան արուեստին մասին խօսէինք… որքա՜ն կը բարկացնէր քեզ պորտապարը…
Կը յիշեմ, երբ միասին կ՛երթայինք ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խաղերը դիտելու… դաշտին մէջ տեղ չգտնելով` կը բարձրանայինք Պուրճ Համուտի դաշտին դիմացի բարձր շէնքերէն մէկուն տանիքը` հոնկէ աւելի լաւ դիտելու համար:
Կը սիրէիր հետս ժամանակ անցընել. չէիր ըսեր` փոքր երեխայ է: «Խելքիս համեմատ» կը զրուցէիր հետս, կը պատմէիր պատմութիւններ, կու տայիր գիտելիքներ… Կը յիշե՞ս` քու ֆրանսերէն մէկ հանրագիտարանդ տուիր ինծի` ըսելով. «Ասոր արժէքը միայն դուն կը գիտնաս»… Կը յիշե՞ս «փապուղի» բառը: Ըսած էիր, որ երբեք չգործածեմ թիւնել բառը: Մինչեւ օրս կը գործածեմ փապուղին, եւ ամէն անգամ մտքէս կ՛անցնիս: Որքա՜ն կարեւոր էր քեզի համար մայրենիի մաքուր գործածութիւնը, չէիր սիրեր աղաւաղուած, արաբերէնախառն հայերէնը:
Է՜հ, ընկ. Յարութ, ընկ. Վարժապետ…
Անկարելի է խօսիլ «Ազատամարտ»-ի եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մասին` առանց դիմացս ունենալու քու պատկերդ` ծխամորճով, «Ազատամարտ»-ի քաֆեթերիային մէջ` ֆութպոլ դիտելու կամ պլոթ խաղալու կամ նոյնիսկ վիճաբանութեան ընթացքին, կամ` եկեղեցւոյ թաղականութեան գրասենեակին մէջ… Կը հպարտանամ մինչեւ ծուծ «դաշնակցական»-ութեամբդ, հաւատաւոր «համազգայնական»-ութեամբդ, մտային պաշարովդ, եւ մանաւանդ` մեր ընտանեկան հարազատութեամբ:
Քառասուն օրեր առաջ, երբ մահուանդ գոյժը կարդացի, վերեւի պատկերները դարձեալ տողանցեցին աչքերուս առջեւ, որոնց, սակայն, այս անգամ հետեւեցաւ սեւ պաստառ մը… Զգացի, որ մանկութիւնս ալ անվերադարձ կորաւ: Գոյժը յայտնեցի Յասմիկ Պարսումեան-Պապեանին, եւ երկուքս միասին արտասուեցինք:
Ընկ. Յարութ, հրաժեշտ տուիր անցաւոր այս կեանքին եւ գացիր միանալու «Ազատամարտ»-ցի մեր ընկերներու փաղանգին` ընկ. Խէչոյին, ընկ. Պետոյին, ընկ. Բարունակին եւ ընկերուհիներ` Բրաբիոն եւ Ազնիւ Բարունակեաններուն, ընկ. Երուանդ Մոնոֆարեանին, ընկ. Երուանդ Տեմիրճեանին, ընկ. Սուրէն Անթոյեանին, ընկ. Վարդգէս Հայրապետեանին, պարոն Արամին, ընկ. Պարգեւ Գերպապեանին, ընկհ. Վարդուկ Անթոյեանին, ընկհ. Արմիկ Մոնոֆարեանին: Բարեւէ՛ բոլորին մէկ առ մէկ, անոնց ըսէ, որ Էշրեֆիէն, «Ազատամարտ»-ը պարպուած է, ա՛լ անցեալի պանծալի օրերը չեն մնացած, բայց նաեւ ըսէ անպայման, որ` «Մենք ձեզ երբեք չենք մոռանար ու միշտ կը յիշենք»:
Ընկ. Յարութ, ներէ՛, որ յարգանքի վերջին տուրքս չկրցայ մատուցել ովկիանոսին միւս կողմն ըլլալուս պատճառով… Բայց հաճիս այս քանի մը տողերը ընդունէ որպէս խունկ ու աղօթք` շիրիմիդ:
Վշտակից «սանուկ»-դ`
ԽԱԺԱԿ


