Յօդուածներ

Սփիւռքի Հայագիտական Կեդրոնները` Որպէս Հաստատութենական Մտաւոր Պաշար

Սփիւռքի Հայագիտական Կեդրոնները` Որպէս Հաստատութենական Մտաւոր Պաշար

ԱՐԻՍՏԱԿԷՍ ՍԻՄԱՒՈՐԵԱՆ «նորավանք» ԳԿՀ Հայագիտական կեդրոնի ղեկավար  ՎԱՀՐԱՄ ՀՈՎԵԱՆ «Նորավանք», ԳԿՀ Հայագիտական կեդրոնի փորձագէտ Ազգային ներուժի բացայայտման եւ համախմբման խնդիրը իւրայատուկ բնոյթ ունի սփիւռք ունեցող երկրների համար: Այդպիսի պետութիւններում, բացի ներքին պաշարներից, կարեւորւում է նաեւ արտաքինը` ի դէմս սփիւռքեան համայնքների: Վերջիններս ցանկացած երկրի համար կարեւոր ներուժ են` մարդկային, տնտեսական, քաղաքական (որպէս լոպիստական գործունէութեան միջոց) եւ այլ առումներով: Սփիւռքի հնարաւորութիւններն օգտագործելու...

Քիչ Մը Ծիծաղ

ՊԵՏԻԿ Խնդուքս չկրցայ զսպել, երբ «Ազդակ»-ի 23 յունիսի թիւին 10-րդ էջին գագաթը կարդացի «Թուրքիա աշխարհի անիրաւուածներուն յոյսն է»: Այս յայտարարութիւնը կատարողը Թուրքիոյ վարչապետ Եըլտըրըմն է. պահ մը փորձեցի յիշել, կամ, աւելի ճիշդ, ուզեցի այդ Եըլտըրմի անկիւնէն դիտել այս «փրկարար յոյսը», բայց, կը ներէք, չյաջողեցայ: Աւելի՛ն. չկրցայ ընդունիլ Թուրքիոյ  եւ անիրաւուածներու «փրկարար»-ի պատկերը: Այս պահուն յիշեցի նաեւ անգլիացի մէկ բարեկամիս զարմանքը......

Խենթանոց

Ման՞չ, Թէ Աղջիկ

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ «Մա՞նչ է, թէ՞ աղջիկ»: Հետաքրքական հարցում մը, որուն պատասխանը հարցումին հետ ո՛չ մէկ կապ ունի: «Տղայ»-ն, համազօր է լաւ լուրի, իսկ «աղջիկ»-ը ... գէշ կամ տխուր լուրի: Նման հարցում մը արդէն իսկ կը «փաստէ», որ կիները ստորադասուած են, եւ նախապատուութիւնը տրուած է տղամարդոց: Մօտաւորապէս 50 տարի առաջ իսլամ բարեկամի մը տունը ճաշի հրաւիրուած էի: Տան մէջ կիներու բացակայութիւնը...

Հանդարտ Զրոյց` Պոլսահայ Վաստակաշատ Գրագէտ Ու Լրագրապետ Ռ. Հատտէճեանի Հետ («Մարմարա»-ի Խմբագրութիւնը Ստանձնելուն 50-ամեակին Առիթով)

Յուշատետր Օրերը Երկարիլ Սկսան… (Ա.)

Ռ. Հ. Երկու ժողովրդական նախադասութիւններ կան, որոնք ամէն տարի առնուազն մէկ-մէկ անգամ կ՛արտասանուին մեր կողմէ, մէկը ուրախ, միւսը` տխուր տրամադրութեամբ: Երկուքն ալ տարին անգամ մը կու գան մեզի յիշեցնել ժամանակներու ու եղանակներու ահաւոր խորհուրդը, մենք անոնց խորութեան գիտակցութիւնը ունենանք կամ ոչ: Առաջինը այն մէկն է, զոր կ՛արտասանենք, երբ օր մը յանկարծ կը նշմարենք, որ օրը մեր շուրջ շատ շուտ մթնել...

«ԱՅԳ» Երգչախումբն Ու Նուագախումբը` ԼԵՄ-ականներուն Հետ

«ԱՅԳ» Երգչախումբն Ու Նուագախումբը` ԼԵՄ-ականներուն Հետ

Ուրբաթ, 29 յունիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին ՀՅԴ ԼԵՄ-ի միջմասնաճիւղային հաւաքը հիւրընկալեց Համազգայինի «ԱՅԳ» երիտասարդական երգչախումբի և ժողովրդական նուագախումբի խումբ մը անդամներ, որոնք ԼԵՄ-ականներուն հետ ունեցան համերգային հանդիպում մը, որուն ընթացքին կատարեցին շարք մը հայրենասիրական եւ ժողովրդային խմբերգներ: Երգչախումբի հիմնադիր ղեկավար Զաքար Քէշիշեանը յայտնեց, որ այս տարի երգչախումբի հիմնադրութեան 10-ամեակն է, եւ այդ առիթով երգչախումբը սկսած է պատրաստել «Սէր եւ կռիւ»...

«Մենք Ենք Ապագան»

«Մենք Ենք Ապագան»

Ազգային Միացեալ վարժարանի նախակրթարանի աշակերտները ուխտեցին անեղծ սիրով գուրգուրալ իրենց տունը դարձած Ազգային Միացեալ վարժարանին  եւ կերտել հայու նկարագիր` շաղախուած լաւ մարդու օրինակով։ Տարիներ առաջ տեսիլը դարձաւ իրականութիւն, երբ հիմը դրուեցաւ Ազգային Միացեալ վարժարանին` մէկ յարկի տակ համապարփակելու վեց ազգային վարժարաններ, միացնելու  վեցին ուժն ու կորովը, եռանդն ու աշխատանքը, որովհետեւ «Միութիւնը զօրութիւն է»: Յաջողութեան դոփիւնները արդէն սկսան լսուիլ 2017 սեպտեմբերին,...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 2018-ի Շրջանաւարտներու Հունձքը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 2018-ի Շրջանաւարտներու Հունձքը

Ուրբաթ, 22 յունիս 2018-ի երեկոյեան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ կայացաւ ամավերջի հանդէսը: Լիբանանի, Հայաստանի ու քոլեճի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք աւարտականի աշակերտները սրահի զանազան բաժիններէն երգելով ու պարելով բեմ բարձրանալով ներկայացուցին «Թող ծածանուի եռագոյնը» կտորը: Կարէն Գազանճեան մեկնաբանեց «Մշեցի մօր երգը» եւ «Վաղ թէ ուշ» երգերը, ընկերակցութեամբ Մուշեղ Յովհաննէսեանի (դաշնակ), իսկ Սէրուժ Խանճիհանեան (կիթառ), Յովիկ Ադամեան (կիթառ)...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Գրիգոր Զօհրապ (1861-1915). Հայ Գրականութեան «Նորավէպի Իշխան»-ը. Օրէնքի Եւ Իրաւունքի Պաշտպանութեան Անկաշառ Իրաւաբանը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Յունիս 26-ին նշեցինք ծննդեան տարեդարձը հայ գրականութեան «Նորավէպի Իշխան»-ին եւ Օսմանեան Թուրքիոյ վերջին ժամանակաշրջանի Օրէնքի եւ իրաւունքի պաշտպանութեան անվեհեր ու անկաշառ դատապաշտպան մեծահռչակ խորհրդարանականին` Գրիգոր Զօհրապին: Յունիսեան այսպիսի օր մը, 157 տարի առաջ, Կոստանդնուպոլսոյ հայահոծ Պէշիկթաշ թաղամասին մէջ ծնաւ հայ ժողովուրդի մեծարժէք զաւակը, որուն գրական-ստեղծագործական եւ ազգային-հասարակական բեղուն գործունէութեան գազանաբար վերջ տուին թրքական իշխանութիւնները 1915-ին, երբ ձեռնարկեցին հայ...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Մ. Նահանգներու Պետական Քարտուղարութիւնը Խստօրէն Կը Քննադատէ Թուրքիան` Կրօնական Ազատութիւններուն Վերաբերող Իր Տարեկան Զեկոյցին Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը վերջերս հրապարակած է 2017-ի իր զեկոյցը` միջազգային կրօնական ազատութիւններուն մասին, մօտաւորապէս 200 երկիրներու մէջ, ներառեալ` Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի: Այս շաբաթ մեր ուշադրութեան կեդրոնն է  Թուրքիոյ վերաբերող բաժինը: Ընդհանուր առմամբ, Թուրքիոյ մէջ բոլոր կրօնական խումբերը, որոնք սիւննի մահմետական չեն, կը տառապին խտրականութենէ եւ հալածանքներէ: Ալեւիները, որոնք կը կազմեն...

Եուրի Նաւոյեան Արժանացած Է Ռուսիոյ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի Շնորհակալագիրին

Եուրի Նաւոյեան Արժանացած Է Ռուսիոյ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի Շնորհակալագիրին

ՏԻԱԼՈԿ կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեանը արժանացած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի շնորհակալագիրին, ուր ռուս պետութեան ղեկավարը անոր շնորհակալութիւն յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի ընտրութիւններու նախապատրաստման եւ անցկացման աշխատանքներուն աշխուժ մասնակցութեան համար: Ընդգծելով 2018 թուականի մարտ 18-ի Ռուսիոյ նախագահի ընտրութիւններուն համապետական նշանակութիւնը եւ ռուսական հասարակութեան մէջ ներքաղաքական կայունութեան, ցեղակրօնական խաղաղութեան ու հասարակական համաձայնութեան անհրաժեշտութիւնը, ՏԻԱԼՈԿ կազմակերպութիւնը աշխուժ մասնակցութիւն  ունեցած է ընտրական գործընթացին պաշտպանելով...

«Ժողովրդավարութիւնը Պարտուեցաւ»

«Ժողովրդավարութիւնը Պարտուեցաւ»

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 25 յունիս 2018-ին թրքական «Ճումհուրիէթ» օրաթերթի անգլերէն տարբերակի կայքը հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ նոյն օրաթերթի յօդուածագիր Այտըն Էնկին կ՛ըսէր, թէ` «ժողովրդավարութիւնը պարտուեցաւ եւ քաղաքական իսլամականութիւնը յաղթեց»`  անդրադառնալով 24 յունիսին տեղի ունեցած թրքական նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն: Յիշենք, որ Էրտողան նախագահական ընտրութիւններուն յաղթեց քուէներուն 52,6 առ հարիւրը ստանալով, իսկ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր կուսակցութիւնը (Արդարութիւն եւ բարգաւաճում) շահեցաւ...

Թուրքիոյ Մէջ Պայքարը Պիտի Շարունակուի` Աշխարհիկ Կարգերու Պաշտպան Շրջանակներուն Կողմէ

Թուրքիոյ Մէջ Պայքարը Պիտի Շարունակուի` Աշխարհիկ Կարգերու Պաշտպան Շրջանակներուն Կողմէ

Ա. Ա. Թուրքիոյ նախագահական եւ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները, որոնք առաջին անգամն ըլլալով միեւնոյն օրը կազմակերպուեցան, իրաւասութիւնը տուին գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի, որպէսզի շարունակէ վարել նախագահի պաշտօնը` հինգ տարի եւս, մինչեւ 2023: Էրտողան տիրացաւ քուէներուն շուրջ յիսուն երկու առ հարիւրին եւ նախագահ վերընտրուեցաւ ի դերեւ հանելով գլխաւոր մրցակից Մուհարէմ Ինճէի յոյսերը` ընտրութեան երկրորդ փուլ մը յուլիս 8-ին կազմակերպելու վերաբերեալ: Ընդդիմադիր...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Ամենազօրն Ու Ամենակալը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամենազօրն Ու Ամենակալը

«Թուրքիան կ՛ընթանայ դէպի ժողովրդավարութիւն: Այս նախագահական համակարգով բարձր կը մնայ մեր երկիրը` քայլ պահելով ժամանակակից քաղաքակրթութեան հետ», յայտնեց Թուրքիոյ նորընտիր, կամ աւելի ճիշդը` վերընտրուած նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանը, յունիս 24-ին տեղի ունեցած ընտրութիւնները հազիւ աւարտած: Թէ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այս խօսքը եւ սուլթանամէտ եւ անհատի վրայ կեդրոնացած գործելաձեւը բաղդատել ժողովրդավարութեան հետ...: Այդ մէկը հաւանաբար շատ աւելի մօտէն գործի պիտի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Ո՞ւր Կրնան Հասնիլ Թուրքիոյ Նախագահին Նկրտումները

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Ո՞ւր Կրնան Հասնիլ Թուրքիոյ Նախագահին Նկրտումները

Թուրքիոյ նախագահական կանխահաս ընտրութիւններուն Էրտողանի ձեռք բերած առաւելութիւնը կրնա՞յ զինք մղել, որ վերանորոգ նկրտումով մը սուրիական եւ իրաքեան տարածքներու նկատմամբ  իր վարչակարգին վերահսկողութիւնը բռնագրաւումի վերածէ` ահաբեկիչներ հալածելու պատրուակով: Վերլուծաբաններու կարծիքով, այս հաւանականութիւնը դժուար թէ իրականութիւն դառնայ` նկատի ունենալով, որ այս յաղթանակը կը վերագրուի նաեւ տարածաշրջանային հարցերուն լուծման ուղղութեամբ Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ Թուրքիոյ բարելաւուած յարաբերութիւններուն, իսկ այդ երկիրներուն նկատմամբ Էրտողան, ...

Հաղորդագրութիւն` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 79-րդ Շրջանային Ժողովի

Հաղորդագրութիւն` ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի 79-րդ Շրջանային Ժողովի

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կազմակերպութեան Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ 22, 23 եւ 24 յունիսին, Փարիզի մէջ: Ֆրանսայի, Պելճիքայի եւ Հոլանտայի բոլոր շրջաններէն մասնակցող պատգամաւորները ճշդեցին յառաջիկայ երկու տարիներու առաջնահերթութիւնները: Սոյն Շրջանային ժողովը կ՛արձանագրուի քաղաքական նոր պարունակի մը մէջ` ի տես Հայաստանի մէջ 2018-ի գարնան տեղի ունեցած յեղափոխութեան իբրեւ արդիւնք իշխանութեան հասած կառավարութեան, ուր միաժամանակ Ազրպէյճան շեշտաւորեց Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեանց ուղղուած...

«Եւրոպական Խորհրդարանը Յաջորդ Ամիս Կը Վաւերացնի ՀՀ-ԵՄ Համաձայնագիրը». Գասպար Կարապետեան

«Եւրոպական Խորհրդարանը Յաջորդ Ամիս Կը Վաւերացնի ՀՀ-ԵՄ Համաձայնագիրը». Գասպար Կարապետեան

ԱՆՆԱ ԳԶԻՐԵԱՆ Հայաստանի նկատմամբ վստահութիւնը   Եւրոպական միութեան կողմից հասել է նոր մակարդակի: «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցում այս մասին նշեց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախմբի նախագահ Գասպար Կարապետեանը: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պարոն Կարապետեան, Հայաստանում քաղաքական դաշտում տեղի ունեցած փոփոխութիւնները որքանո՞վ են ընկալելի եւրոպական եւ առհասարակ` միջազգային հանրութեան կողմից: Ի՞նչ տրամադրութիւններ կան քաղաքական, հասարակական հատուածում: ԳԱՍՊԱՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Հայաստանում վերջին ամիսներին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, զարգացումները ժողովրդական...

Դիմաւորել 100-Ամեակը – 20.  100-ամեակին Կ՛ունենա՞նք Հայրենադարձութեան  Ծրագիր Եւ Գործադիր Մարմին

Երեւանեան Պատկերներ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Շաբաթներէ ի վեր Երեւանը եւ Հայաստանը կը շնչեն հեռատեսիլով, որ կը սփռէ տեսարաններ եւ պատումներ, որոնց ծանօթ էինք ամերիկեան ոճիր-արկածի ժապաւէններով. զէնքեր, ձոյլ ոսկի, տրցակներով տոլար եւ եւրօ, թաքստոցներ, գողօնի ամբարանոցներ, գայթակղութիւններու բացայայտումներ: Կարծէք քակուող կծիկի թելին սկիզբի ծայրէն բռնած ենք եւ յայտնի չէ, թէ ե՛րբ կը գտնենք միւս ծայրը: Անմիջական ժամանակի վկաները, ինչպէս ես, աշխարհի հայերը եւ...

Հայկազեան Համալսարան.  «Լիբանանահայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Մասնագիտական Մշակումի Ծրագիր»-ի Փակման Հանդիսութիւն

Հայկազեան Համալսարան. «Լիբանանահայ Վարժարաններու Ուսուցիչներու Մասնագիտական Մշակումի Ծրագիր»-ի Փակման Հանդիսութիւն

Չորեքշաբթի, 27 յունիս 2018-ին, Հայկազեան համալսարանի «Հերիթէյճ» պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի համատեղ գործակցութեամբ կազմակերպուած «Լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու մասնագիտական մշակումի ծրագիր»-ի պաշտօնական փակման հանդիսութիւնը: Հայկազեան համալսարանի «Շարունակական ուսումնառութեան կեդրոն»-ի հովանիին տակ կազմակերպուած այս մասնագիտական մշակման ծրագիրին հիմնական նպատակն էր ամրապնդել հայկական վարժարաններու ուսուցիչներուն կարողականութիւնը` զանոնք նկատելով նոր սերունդին հետ ամենասերտ եւ անմիջական...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս

Չորեքշաբթի, 13 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական քոլեճի մանկապարտէզի հանդէսը: Հանդիսասրահը վերածուած էր հեքիաթային անտառի մը. գեղեցկօրէն յարդարուած բեմը արդէն իսկ ներկաները կը փոխադրէր դէպի բնութեան գեղեցիկ աշխարհը: Լիբանանի ու Հայաստանի զոյգ քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք մանկապարտէզի աշակերտները իրենց դողդոջուն ձայներով սաղմոսով ու երգերով օրհնեցին ու փառաբանեցին Աստուած: Յաջորդաբար բեմ բարձրացան Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարանի աշակերտները,...

Ակնարկ.  Առանցքի Պետութիւններ Եւ  Կրկնակի Խաղեր

Ակնարկ. Առանցքի Պետութիւններ Եւ Կրկնակի Խաղեր

Պաշտօնական Թեհրանը ողջունեց եւ դրական գնահատական տուաւ Թուրքիոյ նախագահի վերընտրութեան: Հաւանաբար քաղաքականօրէն ընկալելի դրսեւորում է, որ կը կատարուէր Իրանի իսլամական հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին կողմէ: Քաղաքական հասկնալիւթիւնը այս պարագային առաւելաբար տարածաշրջանին մէջ Մոսկուա-Թեհրան-Անգարա երբեմն ուրուագծային, յաճախ ուղղակի տեսանելի ռազմավարական եռակողմ դաշինքի հետ կապուած է, յատկապէս Սուրիոյ տարածքին արձանագրուող իրադարձութիւնները նկատի ունենալով, ինչպէս նաեւ Թեհրան-Ուաշինկթըն ըստ էութեան հակադրութեան եւ վերիվայրումնային...

Page 681 of 1111 1 … 680 681 682 … 1,111

Արխիւներ