Շաբաթ, 9 յունիս 2018-ի երեկոյեան Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցի մանկապարտէզի հանդէսը:
Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան երգով, Աստուածաշունչի համարներով ու պարերով: Հանդիսավարին սիրալիր հրաւէրով խումբերը բարձրացան բեմ եւ կատարեցին իրենց բաժինները: Իսկ Ծաղիկ դասարանէն աշակերտ մը զուարթ կատակներով ժպիտ գծեց ներկաներուն դէմքերուն վրայ:
Ծաղիկ դասարանի վկայականներու բաշխումէն եւ տնօրէնի խօսքէն ետք պատ. Սեւակ Թրաշեան աղօթքով փակեց հանդէսը: Ապա շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու շնորհաւորանք եւ կարկանդակի հատում:
Վկայականներ ստացան հետեւեալ աշակերտները. Անտոնեան Նարա, Կարապետ Յակոբ, Հայրապետեան Մարալ, Հինտոյեան Մարիա, Քէօշկէրեան Ռալֆ, Մէնէշեան Լալա, Մըսրլեան Սերժ, Նալպանտեան Արազ, Օհան Բարտի, Օհանեան Լարա եւ Սարիքամշեան Սէլին:
Շաբաթ, 16 յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայ աւետ. Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջնակարգ` իններորդ եւ նախակրթարան` վեցերորդ դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը:
2017- 2018 տարեշրջանի հանդիսութեան իւրայատկութիւնը այն էր, որ կը զուգադիպէր Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան հարիւրամեակին, եւ բեմի յարդարանքը կը կրէր անկախութիւնը ներշնչող պաստառը, իսկ շրջանաւարտներուն կուրծքը կը շողար Եռագոյն դրօշի զարդասեղով: Ի դէպ, յատկանշական էին նաեւ վկայականները, որոնք մեր պանծալի դրօշի ժապաւէններով կապուած էին: Այս տարի նաեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան հարիւրամեակն է, որուն անդրադարձը կատարուեցաւ նաեւ հանդիսութեան ընթացքին, ու բեմի յարդարանքը նաեւ կը ցոլացնէր այս իրադարձութիւնը:
Շրջանաւարտներու սրահ մուտքէն ետք, հանդիսութիւնը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներով, որոնցմէ ետք Հայ աւետ. Էմմանուէլ եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Սեւակ Թրաշեան կատարեց ընթերցում մը Աւետարանէն:
Օրուան բանախօսն էր վեր. Հրայր Չոլաքեան: Ան խօսեցաւ «նեղ ճամբայ» հասկացողութեան մասին ու բացատրեց, թէ ան դժուար ճամբայ է, քանի որ սիրոյ ճամբայ է: Ան ըսաւ, թէ ճամբան կը նեղնայ, երբ անհատ մը որոշէ զայն բաժնեկցիլ սիրած անձերու հետ, հետեւաբար թերեւս դժուարութեամբ, սակայն ուրախութեամբ ու հաճոյքով կ՛ընթանայ այդ նեղ ճամբայէն:
Յայտագիրին մասնակցեցաւ վարժարանի երգչախումբը, որ հանդէս եկաւ երեք երգերով` առաջնորդութեամբ Նեկտար Փալազեանի: Ապա պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ 2017- 2018 տարեշրջանի դպրոցի գործունէութիւնը «խճանկար» անուան տակ:
Իններորդ դասարանի շրջանաւարտները իրենց սրտի խօսքը յայտնեցին գեղեցկօրէն բեմականացուած ձեւով, որմէ ետք վեցերորդ դասարանը ներկայացուց պար մը «Կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն» երգով:
Երեք լեզուով իններորդ դասարանի ուղերձները կատարեցին Շաքէ Սէմիզեան (հայերէն), Ժոէլ Աւետիքեան (արաբերէն), Սէրլի Քէօշկէրեան (անգլերէն):
Իններորդ եւ վեցերորդ դասարաններու վկայականներու բաշխումէն ետք, տեղի ունեցաւ նաեւ զանազան մրցանակներու բաշխում` թէ՛ նախակրթարանի եւ թէ՛ միջնակարգի շրջանաւարտներուն:
Հանդիսութեան աւարտին իր խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն Սեդա Գարակէօզեան: Ան, ողջունելէ ետք ներկաները, յայտնեց, թէ երկու հարիւրամեակները երկու սիւները կը կազմեն Հայ աւետ. Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանին: Ան, յայտնեց, թէ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը` AMAA-ը, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերուն նիւթական եւ բարոյական նեցուկ եղած է, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ, եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: Ան շարունակեց` ըսելով. «Յարգանք մեր հայրենիքին, յարգանք Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան: Անոնց մէջ աշխատող նուիրեալներուն հաւատարմութիւնը կը ներշնչէ մեզ այսօր, եւ քաջալերուած կը նայինք ապագային եւ կը շարունակենք ազգանուէր այս գործը»:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ պատուելի Թրաշեանի առաքելական օրհնութեամբ: Ապա, դպրոցի շրջափակին մէջ շրջանաւարտները շնորհաւորեցին, ու կարկանդակի հատում տեղի ունեցաւ:
Հայ աւետ. Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի 2017- 2018 տարեշրջանի հունձքն են.
Վեցերորդ դասարան. Պօղոսեան Փոլ-Հրաչ, Տիպ Ճիւլի, Հաճիմանուկեան Տէյվիտ, Հինտոյեան Սահակ, Իշխանեան Ժորժ, Քէօշկէրեան Նարեկ-Տիգրան, Մարգարեան Վանա, Մերթխանեան Զարիկ, Մինասեան Շանթ, Մոսքոֆեան Սէրլի, Թըղլեան Արազ, Թընկրեան Յարութ (պատուոյ յիշատակութեամբ) եւ Թաթոսեան Ժորժ:
Իններորդ դասարան. Ակոբճեան Էլիօ, Աւետիքեան Ժոէլ (պատուոյ յիշատակութեամբ), Պապիկեան Մովսէս, Պօղոսեան Քրիստիան, Կէօքճեան Նարեկ, Քէօշկէրեան Սէրլի, Քէշիշեան Սարգիս, Գէորգեան Լիա, Քիշեան Գրիգոր Անրիքէ եւ Սեմիզեան Շաքէ: