Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հալէպի Նահանգապետը Սրբազան Հօր Ընկերակցութեամբ Այցելեց Հալէպի Վերանորոգուող Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցի
24 յունիսի առաւօտ, հրաւէրով Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ Ազգային իշխանութեան, Հալէպի նահանգապետ Հուսէյն Տիապ այցելեց Հալէպի Ճըտէիտէ շրջանին մէջ գտնուող Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի եւ սրբազան հօրմէն տեղեկացաւ պատերազմի ընթացքին ահաբեկիչներու հրթիռակոծումներու իբրեւ հետեւանք եկեղեցւոյ կրած վնասներուն եւ թեմին կողմէ, հնագիտական եւ կրօնական կառոյցներու վերանորոգման օրէնքներուն համապատասխան, իրականացուող բարեկարգումի մասնագիտական աշխատանքներուն:
Սրբազան հայրը շեշտեց, որ աշխատանք կը տարուի եկեղեցւոյ դռները հաւատացեալներուն դիմաց կրկին բանալու, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այս եկեղեցին պատմական ու մանաւանդ եզակի խորհրդանշական մեծ արժէք կը ներկայացնէ եւ աւելի քան 600 տարուան կեանք ունի:
Հալէպի նահանգապետը դիտել տուաւ, որ ահաբեկիչները կրօնք չունին, եւ այնպէս, ինչպէս Օմայատ մզկիթը քանդեցին, նոյնպէս ալ եկեղեցիները թիրախ դարձուցին` աւելցնելով, որ բոլոր քանդուած կառոյցները պիտի վերակառուցուին եւ նիւթեղէն կառոյցներուն կողքին, հոգեպէս պիտի վերականգնի նաեւ մեր ժողովուրդը: Այսպիսով է, որ վերականգնումը ամբողջական պիտի ըլլայ: Նահանգապետը շրջագայեցաւ նաեւ Պաուապաթ ալ Քասապի եւ Ճըտէիտէի շուկաները, զրուցեց տեղւոյն բնակչութեան եւ վաճառատուներու սեփականատէրերուն հետ, հետեւեցաւ վերանորոգման աշխատանքներուն եւ կոչ ուղղեց առեւտրականներուն` վերաբանալու իրենց վաճառատուները` խոստանալով, որ նահանգապետարանը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ օգնելու անոնց եւ բարելաւելու շրջանի պետական ծառայութեան ոլորտը:
Քուէյթ
Քուէյթի Ազգային Վարժարանին Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Ներսէս Շնորհալի» Մրցանքին Տուչութիւնը
Չորրորդ տարին ըլլալով, չորեքշաբթի, 20 յունիս 2018-ին Քուէյթի ազգային վարժարանին մէջ յանձնուեցաւ ազգային բարերար, հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեանի կողմէ հաստատուած «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակը (1000 քուէյթեան տինար), որ կը տրուի Քուէյթի պաքալորէայի պետական քննութիւններուն բարձրագոյն նիշ ապահոված հայ ուսանողին: Մրցանակին նպատակն է խրախուսել աշակերտին ուսումնատենչութիւնը եւ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու ոգին:
Ներկայութեամբ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպույեանի, Կիրակոս Գույումճեանի, Ազգային վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Ֆիլիփ Բաթաթանեանին, մրցանակակիր աշակերտուհի Նայիրի Միքայէլեանի եւ անոր ծնողներուն, ազգային վարժարանի տնօրէն տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան շնորհաւորեց մրցանակակիրը` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
Ան նաեւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Կիրակոս Գույումճեանին` հայ ուսանողը խրախուսելու նպատակով կատարած այս գնահատելի նախաձեռնութեան համար, ինչպէս նաեւ վարժարանի դասարաններէն մէկուն ամբողջական վերանորոգութիւնը ստանձնելու պատրաստակամութեան համար:
Աւարտին Կիրակոս Գույումճեան շնորհաւորեց Նայիրի Միքայէլեանը` մաղթելով յարատեւ վերելք եւ նորանոր նուաճումներ, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ սոյն մրցանակը ամենափոքրը դառնայ Նայիրիի ուսումնական ասպարէզին մէջ:
Պելճիքա
Նախարար Զոհրաբ Մնացականեանի Հանդիպումը ՀՅԴԵւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Ղեկավարին Հետ
Աշխատանքային այցելութեամբ Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրաբ Մնացականեան Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի հետ: Վերջինը նախարար Մնացականեանին ներկայացուց Պրիւքսէլի եւ եւրոպական երկիրներուն մէջ Հայ դատի գրասենեակներուն գործունէութիւնը` հանգամանալից կերպով անդրադառնալով ընթացիկ ծրագիրներուն եւ համահայկական օրակարգը յառաջ մղելու ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերուն:
Արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապը բացառապէս խաղաղ լուծման գործընթացին կառչած մնալու Հայաստանի մօտեցումներուն:
Քանատա
Խմբային Գրական Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Սանահին» մասնաճիւղին, 24 մայիսին, Լաւալի Հայ կեդրոնի «Պարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ մասնակցութեամբ` չորս մոնրէալահայ գրողներու` Վրէժ Արմէն Արթինեանի, Անդրանիկ Պետրոսեանի, Հայդուկ Շամլեանի եւ Թալին Լատոյեանի:
«Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեան անունով Նանոր Աշնա Սնապեան նկատել տուաւ, որ գրական հանդիպման նպատակն էր հանրութեան ներկայացնել մոնրէալահայ չորս հեղինակները եւ անոնց գործերը:
Առաջին հերթին Անդրանիկ Պետրոսեան ներկայացուց իր «Հայ-թրքական հիմնախնդիրը» գիրքը, որուն մէջ քննական վերլուծութեան կ՛ենթարկէ 2001-ին Հայ-թրքական հաշտեցման յանձնաժողովի գործունէութիւնը եւ գաղափարախօսական հիմքը:
Երկրորդ հեղինակն էր Հայդուկ Շամլեանը, որ ներկայացուց իր հեղինակած «Դէպի ժողով» եւ «Շ» գիրքերը: Ապա ան անդրադարձաւ իր գրած մնացած գիրքերուն` «Անվերադարձ», «Անփոխադարձ» եւ «Օփըրէյշըն թորիֆէքշըն»:
Թալին Լատոյեան` գրական երեկոյին յաջորդ հեղինակը, ներկայացուց իր «Բալենին» գիրքը եւ անոր փոխանցող պատգամը, որ ուղղուած է յատուկ կարիքներ ունեցող փոքրերուն, անոնց ծնողներուն եւ անմիջական շրջանակին:
Վրէժ Արմէն Արթինեան` երեկոյին չորրորդ հեղինակը, ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց իր 4 գիրքերը, «Ոստայն 8 – Ճանապարհներ», «Ոստայն 7 – Համաստեղութիւն», «Ոստայն 6 -Ժամադրավայր» եւ «Ոստայն 5 – Նամակապատում»: Ան նաեւ անդրադարձաւ իր հրատարակած նորագոյն «Ճանապարհներ» գիրքին:
Արժանթին
Միացեալ Նահանգներու Մէջ Արցախի Ներկայացուցիչին Աշխատանքային Այցելութիւնը
12-14 յունիսին Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Արժանթին, ուր հանդիպում ունեցաւ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն հետ:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, ինչպէս նաեւ Արժանթինի մէջ Արցախի մասին իրազեկուածութեան մակարդակի բարձրացման ուղղուած քայլերը:
Ռոպերթ Աւետիսեան նաեւ դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Պուէնոս Այրէսի պետական համալսարանին մէջ, ուր ներկայ էին համալսարանի դասախօսներ, ուսանողներ եւ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներ: Աւետիսեան խօսեցաւ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի պատմութեան ու կարգաւորման գործընթացին մասին, որմէ ետք պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին տագնապի լուծման հեռանկարներուն, Արցախի արտաքին քաղաքականութեան եւ միջազգային ճանաչման գործընթացին:
Միացեալ Նահանգներ
Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Օծման 5-րդ Տարեդարձը
9-10 յունիսին նշուեցաւ Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման 5-րդ տարեդարձը:
Այս առիթով, 9 յունիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ: Օրուան հանդիսավար Գառնի Արմէնեան նկատել տուաւ, որ Ս. Կարապետ եկեղեցին 5 տարիէ ի վեր ո՛չ միայն աղօթավայր է, այլ նաեւ շրջանի կազմակերպութեանց ու միութեանց համար ժամադրավայր եւ օգտաշատ ձեռնարկներու հանդիսավայր, ուր կը պահպանուին հայկական աւանդութիւններ:
Ծխական յանձնախումբին անունով Եղիա Եղիայեան շնորհակալական խօսք ուղղեց թեմի առաջնորդ սրբազանին` իր հոգածութեան ու ցուցմունքներուն համար, գնահատեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արսէն քհնյ. Գասապեանի աշխատանքը, բոլոր կամաւոր ծառայողներն ու զօրակիցները, որոնց ճիգերուն շնորհիւ կառուցուեցաւ ու կը գործէ Ս. Կարապետ եկեղեցին, իբրեւ այս շրջանի առաջին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցի:
Սրտի խօսք արտասանեց ծխական յանձնախումբի նախկին ատենապետ, այժմու անդամներէն եւ Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան, որ շեշտեց մեր եկեղեցիներուն ու համայնքային կառոյցներուն պահպանման համար հսկայական ջանքերու եւ ուժականութեան անհրաժեշտութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց բարոյական ու նիւթական աջակցութիւնը կը բերեն Լաս Վեկասի եկեղեցւոյ` լեզուի ու մշակոյթի պահպանման գործին ի խնդիր: Ան հրաւիրեց համայնքի բոլոր անդամները` վերանորոգ կամքով շարունակելու ծառայական սրբազան առաքելութիւնը:
Ազգային վարչութեան ատենապետը շնորհաւորեց ծխական համայնքը, կանգ առաւ մեծ երազներ ունենալու կարեւորութեան վրայ` հաստատելով, որ անոնց իրականացումը օգտակար պիտի ըլլայ իրերայաջորդ սերունդներու:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդգծեց, որ վերջին հինգ տարիներու իրագործումները շարունակութիւնն էին նախընթաց տարիներու ծխական աշխատանքներուն, ապա գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին կատարած աշխատանքները: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ եկեղեցւոյ հիմնարկէքին, գմբէթի խաչի օրհնութեան եւ օծման արարողութեանց, իսկ շինարարական աշխատանքներու ամբողջացումէն ետք` եկեղեցւոյ օծման արարողութեանց, յատկապէս վեր առնելով այն ներդրումը, զոր ունեցան եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար Լերի Պարնզ եւ այլ բարերարներ: Առաջնորդ սրբազանը յորդորեց ներկաները, որ միասնական ճիգերը շարունակուին նոյն թափով, ծխական շրջանը հասնի նոր բարձունքներու, համայնքը բոլորուի հոգեւոր հովիւին ու ծխական յանձնախումբին շուրջ եւ լծուի նոր իրագործումներու:
10 յունիսին Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան ու անցեալ տարիներու իրագործումներուն` նկատել տալով, որ, ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ յառաջիկայի իրագործումները կը կարօտին հաւատքի, սիրոյ, բարի կամեցողութեան, միասնականութեան եւ ներդաշնակ համակարգումի: Սրբազանը կոչ ուղղեց` հաւատարիմ մնալու մեր եկեղեցւոյ, ազգին, սրբազան հայրերու ժառանգութեան ու աւանդներուն: Եզրափակելով իր խօսքը, ան հրաւիրեց բոլորը սերտ գործակցութեամբ համայնքը հասցնելու նոր բարձունքներու, գործելու փոխադարձ սիրով, յարգանքով, ներդաշնակութեամբ եւ Ս. Կարապետ եկեղեցին պահելու իբրեւ համայնքի հիմնաքարը ու կենսատու փարոսը:
Ապա, առաջնորդը օրհնեց արծաթապատ Ճաշու Աւետարան մը, զոր եկեղեցւոյ նուիրած էր Կարօ եւ Մարիա Պայրամեան ամոլը:
Այնուհետեւ «Գուճաքեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
Քալիֆորնիոյ Հանգուցեալ Նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ
11 յունիսին Լոնկ Պիչի «Թերըս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ հանգուցեալ Ճորճ Տէօքմէճեանի իրագործումները յիշատակող ձեռնարկ մը:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներ ունեցան Քեն Խաչիկեան, հանգստեան կոչուած դատաւոր Մարվ Պեքսթըր, Լոնկ Պիչի նախկին քաղաքապետ Պապ Ֆոսթըր, Տէօքմէճեանի անձնակազմի նախկին պետ Սթիւ Մըրքսամըր, իսկ ընտանիքին խօսքը փոխանցեց հանգուցեալին զաւակը` Ճորճ Տէօքմէճեան կրտսերը, որոնք լուսարձակի տակ առին Տէօքմէճեանի արդարամտութիւնը եւ յատկապէս Հարաւային Ափրիկէի խտրականական քաղաքականութիւնը դատապարտելու նպատակով նահանգին ներդրումները կասեցնելու անոր որոշումը:
Ձեռնարկին ընթացքին ցուցադրուեցաւ հանգուցեալ նահանգապետին կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած երկու կարճ տեսերիզներ, որոնք պատրաստուած էին Տէօքմէճեանի երկար տարիներու օգնական Զ. Կրեկ Գահվէճեանի կողմէ, իսկ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Լոնկ Պիչ Սիմֆընի» նուագախումբը, որ մեկնաբանեց երաժիշտ Ճորճ Կըրշուինի ստեղծագործութիւնները:
Յայտնենք, որ նահանգի 35-րդ կառավարիչը հանդիսացած Ճորճ Տէօքմէճեան մահացաւ 9 մայիս 2018-ին, 89 տարեկանին: Ան պաշտօնավարած էր 1983-1991 տարիներուն: Տէօքմէճեան նաեւ 16 տարիներով եղած է նահանգային օրէնսդիր մարմինի անդամ, իսկ չորս տարի` նահանգի ընդհանուր դատախազ:
Լեսլի Այվազեանի «100 Ապրիլներ» Թատրերգութիւնը
9 յունիսին Լոս Անճելըսի Փոքրիկ Հայաստան շրջանի «Ռոկ Մըշին» թատերասրահին մէջ սկսաւ Լեսլի Այվազեանի թատերական նոր ստեղծագործութեան` «100 ապրիլներ» թատրերգութեան ներկայացումները:
Հայոց ցեղասպանութեան վերապրածներու երկրորդ սերունդին առնչուող այս գործին բեմադրութիւնը ստանձնած է մրցանակակիր բեմադրիչ Մայքըլ Արապեան, իսկ դերերով հանդէս եկան Լեսլի Այվազեան, Ռապըրթսըն Տին, Ճան Փերին Ֆլին, Ճենեթ Սոնկ եւ Ռէյչըլ Սորսա:
Ներկայացումներուն արտադրողն է Էլինա տէ Սանթոս, իսկ համաարտադրողն է Պիանքա Պակաթուրեան: Անոնք մտայղացումն են Փիեռ Քարլօ Թալենթի:
Աւելի քան 10 թատրերգութեանց հեղինակ Լեսլի Այվազեան իր «Ինը Հայեր» թատրերգութեան համար շարք մը մրցանակներ շահած է:
Ներկայացումները պիտի շարունակուին մինչեւ 16 յուլիս:
Ֆրանսա
«Ֆրանսայի Մէջ Արցախի Օրեր»ու Մեկնարկ
16 յունիսին Ֆրանսայի Մարտիկ քաղաքին մէջ մեկնարկեց «Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրեր» փառատօնը:
Փառատօնի ծիրին մէջ նախատեսուած են Արցախին նուիրուած լուսանկարներու եւ գծագրութիւններու ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ Արցախի նուիրուած վաւերագրական ու շարժանկար ժապաւէններու ցուցադրութիւններ:
Հանդիսաւոր բացման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Մարտիկի քաղաքապետ, Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Գափի Շարուն, խորհրդարանի անդամ Փիեռ Տարեւիլ, Պուշ տիւ Ռոնի նահանգային խորհուրդի անդամներ, Մարտիկի Հայկական միութեան նախագահ Կրեկուար Մինասեան, գործարարներ, համայնքի կառոյցներու, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ: