Յօդուածներ

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Համաչափութեան Թերի Սկզբունքը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ «Համաչափ» եզրոյթի գործածութիւնը թէ՛ նախորդ իշխանութեան օրով եւ թէ՛ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բառապաշարին մէջ անխուսափելիօրէն տեղի կու տայ շփոթի եւ սխալ մեկնաբանութիւններու ոչ միայն մեր ներքին դաշտի քննարկումներուն մէջ, այլեւ` մեր պետական դիւանագիտութեան: Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանը քանի մը առիթներով հրապարակաւ սպառնացած էր Պաքուի իշխանութիւններուն` «հաւաստիք» տալով, որ հայկական կողմի պատասխանը «յաջորդ» ազրպէյճանական նախայարձակման ըլլալու էր «անհամաչափ»... Բայց...

«Ն. Փաշինեանի Հետ Հանդիպումը Դրական Էր». Գասպար Կարապետեան

Գասպար Կարապետեան ԼՈՒՍԻՆԷ ԹԵՒՈՍԵԱՆ Ստորեւ կը հրատարակենք «Ապառաժ»-ի կողմէ կատարուած հարցազրոյց մը` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի հետ` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Պելճիքա կատարած այցելութեան արդիւնքներուն, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան վերաբերեալ Եւրոպայի կարծիքին եւ ԵՄ-Հայաստանի համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրին մասին: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յուլիսի 11-13-ը  աշխատանքային այցով Պելճիքայի թագաւորութիւնում էր: Ի՞նչ արդիւնքների եւ ձեռքբերումների մասին կարող ենք խօսել: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Որպէս առաջին այցելութիւն...

«Արցախի Երիտասարդութիւնն Իր Ապագան Հայրենիքին Հետ Կը Կապէ». Լեռնիկ Յովհաննիսեան

«Արցախի Երիտասարդութիւնն Իր Ապագան Հայրենիքին Հետ Կը Կապէ». Լեռնիկ Յովհաննիսեան

ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ «Արմենփրես»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին  Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան ըսած է, որ  Արցախի Հանրապետութեան երիտասարդութեան մեծ մասը իր կեանքը միայն հայրենի հողին վրայ կը պատկերացնէ: «Բնականաբար, երիտասարդներուն մէկ մասը իր ապագան այստեղ չի պատկերացներ, բայց տարբեր քայլեր կը ձեռնարկենք այդ երիտասարդներու զբաղուածութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ: Շատ կարեւոր է, որպէսզի կարենանք ապահովել զբաղուածութեանը համամասնութիւնը`...

Կենսատու Երազանքով

Կենսատու Երազանքով

ՑՕՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ Երկու տարի առաջ, երբ քոյրս Արեւմտեան Հայաստան ուխտագնացութեան մեկնած էր, որպէս յիշատակ` իրեն հետ բերած էր Վանայ լիճէն շիշ մը ջուր: Առաջին տարին, երբ տակաւին նոր ժամանած էի Հայաստան, նոյնպէս ես ալ բոլոր այցելած վայրերէս յիշատակներ կը հաւաքէի` քար մը, տերեւ մը, ծաղիկ մը եւ նոյնիսկ` համերգներու տոմսակներ, որոնց ներկայ կ՛ըլլայի: Ժամանակի ընթացքին Հայաստանը առօրեայիս բեմահարթակը դարձաւ, եւ...

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

 ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Նիկոլ Աղբալեան Նիկոլ Աղբալեան` հասարակական-քաղաքական գործիչ, գրականագէտ, մանկավարժ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Ծնած է Թիֆլիս, 24 մարտ 1873-ին: Ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին ու Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ: Երիտասարդ տարիքէն եղած է ուսուցիչ` Կաղզուանի, Ագուլիսի եւ Շուշիի մէջ, միեւնոյն ժամանակ աշխատակցած է Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագրին: Հակառակ նիւթական իր նեղ պայմաններուն` յաջողած է բարձրագոյն ուսման դասընթացքներու հետեւիլ Մոսկուայի, Փարիզի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յուլիս Գ. –   Հաւաքական Որակի Պահպանման Ի Խնդիր

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յուլիս Գ. – Հաւաքական Որակի Պահպանման Ի Խնդիր

Սուրիոյ, մեր պարագային` նաեւ սուրիահայ համայնքի, վերականգնումի այս շրջանին յաճախ կը խօսուի բնակչութեան թիւի, որուն զուգահեռ`  որակի նուազումին մասին, ինչ որ պատերազմի բնական հետեւանք է, անտարակոյս: Քանակն ու որակը, սակայն, ընդհանրապէս զուգահեռ չեն ընթանար: Մէկը` որակը, կարելի է ծրագրուած աշխատանքով ու կամեցողութեամբ բարձրացնել, որովհետեւ ան միայն իրերու հոլովոյթին ենթակայ չէ, այլ` մեր հաւաքական կամքին, նպատակասլաց աշխատանքին: Միւսը` քանակը, իրերու հոլովոյթին...

Մեր Հինգ Սրբանկարները (Լիզպոն 35-ամեակ) Բ.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Մեր» դերանունին պարփակած ներքին իմաստը կը վերաբերի մեզի` հայութեան: Սակայն, այս առումով ալ կրնայ առարկուիլ, թէ հայ կեանքի մէջ գոյութիւն ունին մարդիկ, որոնք անպայման չեն բաժներ վերեւ յիշուածը, նախ` կրօնական նկատառումներէ թելադրուած, ապա` տուեալ տղոց կատարած արարքին հանդէպ, մեղմ ըսած, տարբեր մօտեցում եւ հասկացողութիւն ունենալով: Արդ, ի՞նչն է, որ մեզ կը մղէ, 35 տարիէ ի վեր եւ ամէն...

ՀՅԴ Պատանեկան Ճամբարներ Ստեփանակերտի Մէջ

ՀՅԴ Պատանեկան Ճամբարներ Ստեփանակերտի Մէջ

Յուլիսի 16-ին Ստեփանակերտի մէջ սկիզբ առած են ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդական միութիւններու միաժամանակ երկու ճամբարներ` Աշոտ Ղուլեանի անուան թիւ երկու դպրոցին մէջ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութեան եւ Հայկ Բալասանեանի անուան թիւ 5 դպրոցի մէջ` ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ ընթացող ճամբարները: Անոնք նախատեսուած են 10-16 տարեկան պատանիներու համար, պիտի տեւեն 10 օր: Ճամբարներու կազմակերպչական եւ ընթացիկ աշխատանքներուն կ՛օժանդակեն...

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Այնճարի Հայ Աւետարանական Երկրորդական Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսը

Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի 2017-2018 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 29 յունիս  2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:30-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ: Հանդէսը ընթացք առաւ 2017-2018 տարեշրջանի 6-րդ եւ 12-րդ դասարաններու շրջանաւարտներու մուտքով, որոնք բեմ բարձրացան իրենց դաստիարակներուն եւ վարժարանի տնօրէն պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի առաջնորդութեամբ: Շրջանաւարտները բեմին վրայ զետեղեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշակները` ներկայացնելով հանդէսի թեման` անկախութիւն Լիբանանի (75-ամեակ) եւ...

Հայ Աւետարանական  Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան.  Երկրորդական Բաժինի Եւ Նախակրթարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան. Երկրորդական Բաժինի Եւ Նախակրթարանի Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն

Հինգշաբթի, 28 յունիս 2018-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանին նախակրթարանի եւ երկրորդական բաժիններու ամավերջի հանդէսը` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան հարիւրամեակին: «Սարդարապատ» յաղթերգի հնչիւններուն ներքեւ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներուն եւ ուսուցիչներուն հանդիսաւոր մուտքը, որուն յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութիւնը: Հանդիսութիւնը սկսաւ աղօթքով եւ Աստուածաշունչի ընթերցումով, որուն  համար բեմ բարձրացան շրջանաւարտներ Ռիթա Պագգալեանը,...

Խմբագրական.  Լիզպոնէն 5, 8 Եւ 35 Տարի Ետք  (Լիզպոնի Գործողութեան 35-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Լիզպոնէն 5, 8 Եւ 35 Տարի Ետք (Լիզպոնի Գործողութեան 35-ամեակին Առիթով)

Լիզպոնի հերոսներուն թողած պատգամներուն եւ փոխանցած ուղերձներուն մէջ կարմիր թելի նման կ՛անցնի իրաւատիրոջ կարգավիճակով հայոց համազգային իրաւունքներու վերատիրացման գաղափարը: Գերագոյն զոհաբերումի հիմնական պատճառը այդ իրաւունքներու բարձրաձայնումն է, լռութեան պատի քանդումը եւ միջազգային հանրութեան ու քաղաքական շրջանակներուն հայկական հիմնահարցերու վրայ կեդրոնացումը: 35 տարի առաջ, օրուան պայմաններուն մէջ այդ իրաւունքը հիմնականին մէջ կը վերաբերէր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային ճանաչումի հրամայականին եւ անկէ...

Կուլ Կու Տանք Դառնահամ Դեղահատի Պէս… (Ընկեր Վահէ Յարութիւնեանի Յիշատակին)

Կուլ Կու Տանք Դառնահամ Դեղահատի Պէս… (Ընկեր Վահէ Յարութիւնեանի Յիշատակին)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «... Կը ցաւիմ, որ կիրակի օրով տխուր լուր մը պիտի տամ քեզի: Գիտեմ, որ շատ պիտի նեղուիս... Հայաստան... քեզի եւ ինծի սիրելի ընկեր Վահիկը... Կեանքը քեզի... այսօր սրտի սուր տագնապ մը ունեցեր է...»: Հեռաձայնողը Պոսթընէն ընկեր մըն է, նախկին պաշտօնակից մը. կ՛աւելցնէ քանի մը մանրամասնութիւն, եւ հեռաձայնը վար կը դնենք: Փամփուշտով, ռումբի բեկորով, անգա՛մ դաշոյնի հարուածով մը ոչ...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.   Արձանին` Արամի Պատգամը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արձանին` Արամի Պատգամը

Դեռ շատ բան կարելի է գրել արդէն իսկ էջեր գրաւած ՄԱՐԴՈՒՆ արձանին մասին, որուն բացման հանդիսութիւնը կատարուեցաւ յուլիս 17-ին: Ի վերջոյ, պարզ անձնաւորութիւն մը չէր այդ ՄԱՐԴԸ, որուն շատ բան կը պարտինք` հակառակ ոչ իսկ կէս դար ապրած ըլլալուն: Ո՞վ է այդ ՄԱՐԴԸ, որուն ետին հարցադրումը կը շարունակուի: Ո՞վ է այդ ազգային տիպարը, որ կ՛արտացոլացնէ «Ո՞վ է դաշնակցականը»-ի այդ համեստ,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ «Զարմանազան» Արեւմտահայերէնի Ճամբարին 10 Հազար Տոլարի Նուիրատուութիւն «Մելքոնեան Կլոպըլ Օվրմթիւր»-էն Վերջերս «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը Լոս Անճելըսի «Մելքոնեան կլոպըլ օվրմթիւր» ոչ հասութաբեր կազմակերպութենէն ստացաւ 10 հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն մը, որ պիտի յատկացուի այս ամառ «Զարմանազան» արեւմտահայերէնի ճամբարին տարբեր երկիրներէ` Լիբանան, Յունաստան, Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա, Քանատա եւ Ֆրանսա, 11 համալսարանական ուսանողներու արձանագրութեան ծախսերը...

Յանուն Ազգային Միասնականութեան Եւ Ժողովրդավարութեան

Սեւրի Դաշնագիրը Եւ Նոր Հայաստանը

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Հանրայայտ պատմաքաղաքական իրողութիւն է, որ 1920-ին Սեւրի վեհաժողովը տեղի կ՛ունենար միջազգային թէ շրջանային առումով չափազանց հակասական, տարաբնոյթ եւ քաղաքական խառնաշփոթ կացութիւններու լոյսին տակ: Մէկ կողմէ Ա. Աշխարհամարտի դաժան պայմանները, միւս կողմէ` 1917-ի հոկտեմբերին այլեւս անկանխատեսելի քաղաքականութիւններու երկիր դարձած Ռուսիոյ մէջ պոլշեւիկեան յեղաշրջումը, որ ամբողջ տարածաշրջանը կը մատնէր դժնդակ կացութեան: Ա. Աշխարհամարտը կը հասնէր իր աւարտին, պարտուած Թուրքիան ենթակայ...

Հարսանիք` Հայրենիքէ Հեռու (Լիզպոն 35-ամեակ) Ա.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ      Ո՛չ, շփոթեցնող ոչինչ պէտք է գտնել խորագիրին մէջ: Աւելի՛ն. հրաշափառ տղոց կատարած սխրանքին, անկրկնելի խոյանքին ու անոնց վսեմ դաւանանքին դէմ ուղղուած ոչ մէկ միտում հարկ է տեսնել, պարզ այն հասկացողութեամբ, որ անոնք` Լիզպոնի հինգ «խենթ»-երը, ուզեցին իրենց ողջուց (նախքան նահատակութիւն) իրենց ժողովուրդին սեփականութիւնը դարձնել գերագոյն ճշմարտութիւն մը, համոզումի փարոս մը, թէ` առանց հայրենիքի ի՜նչ հայութիւն, առանց նուիրումի ու...

«Աղօթենք Հաւատքով» Գրքոյկ

«Աղօթենք Հաւատքով» Գրքոյկ

Հրամանաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ մեկենասութեամբ «Հայ ոգի» մատենաշարին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին կողմէ Անթիլիասի մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Աղօթենք հաւատքով» խորագրեալ սուրբ պատարագի գրքոյկը, ներառեալ` շարք մը աղօթքներով: Յայտնենք, որ վերոյիշեալ գրքոյկը լոյս տեսաւ 100 հազար տպաքանակով եւ կը բաժնուի մեր թեմերու բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարենայ աւելի գործօն մասնակցութիւն բերել...

Խանասորայ Արշաւանքին Շունչը Պէտք Չէ Բացակայի Հայ Կեանքէն (25 Յուլիս 1897)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Կրնայ առարկուիլ, թէ ո՞վ ըսաւ, որ Խանասորը մոռացութեան տրուած է, կամ չի յիշատակուիր, անոր մասին տեղեկութիւն չի փոխանցուիր, չ՛արժեւորուիր եւ այլն: Փաստօրէն դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներ, իրենց պատանեկանի տարիքին իսկ, արդէն մօտէն իրազեկ կը դառնան մէկ կողմէ ՀՅ Դաշնակցութեան ողջ պատմութեան եւ միւս կողմէ` այդ պատմութեան մաս կազմող նշանաւոր դէպքերուն, դէմքերուն եւ մարտական-զինուորական աշխատանքներուն: Ճիշդ է, որ սպիտակ անհաշուելի...

Հանդիսատեսի Դիրքէն Դուրս Գալու Հրամայականը

Եամա՜ն, Աստուա՛ծ, Ֆետան Եկաւ…

ՍԵՐԺ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ     Հարիւր քսանմէկ տարի առաջ հայոց յանդգնութիւնը պատմական հատու արշաւանքի մը ընդմէջէն նոր նշանաձող նուաճեց: Այդ յանդգնութիւնը հարազատ արտացոլացումն է հայ յեղափոխականներու անդուլ կամքին ու բարձր կորովին, եւ հարկ է նշել, որ կրկնակի իմաստ ունի: Առաջինը` 1896-ին յունիս ամսուն դաշնակցական Պետոյի, հնչակեան Մարտիկի եւ արմենական Աւետիսեանի ջոկատներուն կոտորածը` թուրք զօրքին եւ քիւրտ մազրիկ ցեղին միասնական դաւադրութեամբ, ոչ միայն ընկճուած...

Արտենիսի  Միակ Գիւղական Հիւրատան Տէրը Կը Սպասէ Հայաստանի Զբօսաշրջիկներու Այցելութեան

Արտենիսի Միակ Գիւղական Հիւրատան Տէրը Կը Սպասէ Հայաստանի Զբօսաշրջիկներու Այցելութեան

ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՍՈՂՈՅԵԱՆ Ինքնաշարժէն իջնելուս պէս կը շրջապատուիմ ճերմակ մեծ գամփռերով: Սուսուփուս կը մեխուիմ տեղս` արտօնելով «տանտէրերուն» հոտուըտալով ծանօթութիւն հաստատել: Շաքրոն, ժպիտը դէմքին, հանգիստ կը դիտէ ընդունելութեան տեսարանը, ապա շուներուն կը հրահանգէ, որ ետ քաշուին: Տան բակ մեզի հետ միասին մուտք կը գործէ միայն լայքա ցեղատեսակին պատկանող շունը եւ հասնելով շեմին` կը պառկի այնտեղ: Տան մերձակայ մարգագետինէն կը լսուի սեւաթոյր ձիու...

Page 673 of 1111 1 … 672 673 674 … 1,111

Արխիւներ