Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի 2017-2018 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 29 յունիս 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:30-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ:
Հանդէսը ընթացք առաւ 2017-2018 տարեշրջանի 6-րդ եւ 12-րդ դասարաններու շրջանաւարտներու մուտքով, որոնք բեմ բարձրացան իրենց դաստիարակներուն եւ վարժարանի տնօրէն պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի առաջնորդութեամբ: Շրջանաւարտները բեմին վրայ զետեղեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի դրօշակները` ներկայացնելով հանդէսի թեման` անկախութիւն Լիբանանի (75-ամեակ) եւ Հայաստանի (100-ամեակ):
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք Աստուածաշունչի ընթերցումը կատարեց վերապատուելի Հրայր Չոլաքեանը, որմէ ետք վերապատուելի Յովհաննէս Յովսէփեանը շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան աղօթք արտասանեց:
Այնուհետեւ 3 երգերով ելոյթ ունեցաւ վարժարանին «Նայիրի» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի: Երգերն էին` «Աղօթք», «Լիբանան», «Հայոց աշխարհ»:
Պատուոյ ցանկի մրցանակաբաշխումէն ետք պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանը ներկաներուն զեկուցեց վարժարանին ձեռք բերած իրագործումներուն, մրցանակներուն եւ յաջողութիւններուն մասին:
Ապա 6-րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին Ռոպերթ Առաքելեանի «Գովք Լիբանանի» ասմունքը, որմէ ետք վարժարանին «Հեքիաթ» պարախումբը ներկայացուց լիբանանեան տապքէ պարը:
6-րդ դասարանի աշակերտներէն Սելին Շաննաքեանը, Սերժիօ Հապէշեանը եւ Կալի Գալուստեանը իրենց ուղերձներուն ընդմէջէն իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Աստուծոյ, ծնողաց եւ վարժարանին իրենց ընծայուած առիթներուն եւ օրհնութիւններուն համար:
Ապա հայկական նազպարով հանդէս եկաւ վարժարանին պարախումբը, որմէ ետք 12-րդ դասարանի աշակերտներէն Լորա Հերկելեանը, Մելիսա Մարտիկեանը եւ Թալին Քենտիրճեանը հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով ուղերձներուն միջոցով յաջորդաբար արտայայտեցին իրենց անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մարտահրաւէրները, քաղուած դասերը եւ անմոռանալի յիշատակները` յուզմունքով եւ երախտագիտութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանի տարբեր մասնիկներու խորհրդանիշներն ու մեկնաբանութիւնները արտասանեցին 12-րդ դասարանի աշակերտները, որուն ընթացքին անոնք կազմեցին նաեւ հանրապետութեան զինանշանը:
Այնուհետեւ վարժարանի աշակերտներէն Նարէ Փիլաւճեանը, Սեւատա Անտոնեանը եւ Նազանի Ադամեանը ներկայացուցին Վարանդի «Արծուակռինչ» ասմունքը, մինչ աշակերտներ կազմեցին Սարդարապատի զանգակատան կենդանի պատկերը, որմէ ետք վարժարանին պարախումբը ներկայացուց «Հայաստան ջան» պարը:
Օրուան բանախօս, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` նշեց ուսման կարեւորութիւնը. ան ըսաւ, որ ա՛լ աւելի կարեւոր է զարգացումը, որովհետեւ զարգացում` կը նշանակէ լուսաւորութիւն եւ լուսաւորութեան պահանջ: Ան շարունակեց` ըսելով. «Վստահ եմ, որ այս սիրելի երկրորդական վարժարանը արդէն ձեզի սորվեցուցած է, որ զարգացում պէտք է մտքի, հոգիի, ճաշակի, մարմինի, կարողութիւններու, զգացումներու եւ փոխյարաբերութիւններու: Այսինքն բոլորս պէտք ունինք լոյսի, որպէսզի տեսնենք եւ ուրիշներ ալ տեսնեն»:
Հայտոսթեան շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Հիմա դուք, շրջանաւարտնե՛ր, նաեւ լոյսի նման պիտի փայլիք: Ձեր ճամբան պիտի տեսնէք եւ օգնէք, որ ուրիշներ ալ ճամբան տեսնեն: Պայմանը այն է, որ ճիշդ տեղը գտնուիք ճիշդ բարեկամութիւններով, ճամբաներով, սովորութիւններով, որոշումներով: Այլապէս այն լոյսը, որ ձեր մէջ դրուեցաւ, պահուած պիտի մնայ եւ պահուած լոյսը օգուտ պիտի չունենայ: Պահուած լոյսը հաւասար է մթութեան: Ճրագը չեն վառեր ու դներ տուփի մը տակ, որ լոյսին տարածումին արգելք ըլլայ, այլ կը դնեն զայն մոմակալի, կամ բարձր ու յայտնի դիրքի վրայ, որպէսզի առանց դժուարութեան` իր շրջապատին առաւելագոյն չափով լոյս տայ»:
Ան իր խօսքի աւարտին շնորհաւորեց շրջանաւարտները եւ իրենց ծնողները եւ մաղթեց, որ անոնք Աստուծոյ լոյսով լեցուին եւ իրենց կարգին լուսաւորեն իրենց շրջապատը:
Բանախօսութեան յաջորդեց վկայականաց բաշխումը, որուն ընթացքին 18 աշակերտներ 6-րդ դասարանէն եւ 11 աշակերտներ 12-րդ դասարանէն ստացան իրենց վկայականները, որմէ ետք 12-րդ դասարանի աշակերտները իրենց երախտագիտութիւնը արտայայտեցին իրենց ծնողներուն` փոքր յուշանուէրներով:
Այնուհետեւ վեր. Րաֆֆի Մըսըրլեանը լոյսի ջահը փոխանցեց 6-րդ եւ 12-րդ դասարանի շրջանաւարտներէն ներկայացուցիչներու, որուն ընթացքին Կասիա Պոյաճեանը ներկաներուն բացատրեց արարքին մեկնաբանութիւնը:
Հանդէսը աւարտեցաւ վարժարանի տնօրէն պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանին հուսկ բանքով եւ վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի օրհնութեան աղօթքով:



