ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Նիկոլ Աղբալեան
Նիկոլ Աղբալեան` հասարակական-քաղաքական գործիչ, գրականագէտ, մանկավարժ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է Թիֆլիս, 24 մարտ 1873-ին: Ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին ու Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ: Երիտասարդ տարիքէն եղած է ուսուցիչ` Կաղզուանի, Ագուլիսի եւ Շուշիի մէջ, միեւնոյն ժամանակ աշխատակցած է Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագրին: Հակառակ նիւթական իր նեղ պայմաններուն` յաջողած է բարձրագոյն ուսման դասընթացքներու հետեւիլ Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լոզանի համալսարաններուն մէջ:
1909-1912 տարիներուն վարած է Թեհրանի Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը:
1913-ին վերադառնալով Թիֆլիս` Արշակ Ջամալեանի հետ խմբագրած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Հորիզոն»-ը:
1917-ի վերջերուն եւ 1918-ի սկզբնաւորութեան Աղբալեան հայրական հոգատարութեամբ ու անձնուիրումով փարեցաւ հայ գաղթականներու պատսպարման, սնունդի եւ բուժման դժուարին գործին:
Երիտասարդ տարիքէն Աղբալեան կը միանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան եւ իր ամբողջ կեանքն ու հասարակական գործունէութիւնը կը կապէ կուսակցութեան, որուն հոգեմտաւոր եւ բարոյական աւանդներու ստեղծման մէջ անզուգական ներդրում ունեցած է: Մասնակցած է ՀՅԴ-ի ընդհանուր ժողովներու, եղած է Ազգային խորհուրդի եւ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչ մարմինի անդամ: Աւելի ուշ, 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք ընտրուած է Հայաստանի խորհրդարանի անդամ:
1918-1919 թուականներուն մեծ ներդրում ունեցած է Հայաստանը դաւադիր թաթարներէ մաքրելու աշխատանքին մէջ:
1919-ին նշանակուած է լուսաւորութեան նախարար եւ իր ջանքերով 31 յունուար 1920-ին հիմնուեցաւ Հայաստանի համալսարանը Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրիի) մէջ, ինչպէս նաեւ` ստանձնեց հովանաւորութիւնը երիտասարդ գրողներու եւ մտաւորականներու ստեղծագործական աշխուժացման:
1921-ին, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Լ. Շանթի, Հ. Օհանջանեանի եւ այլ պետական ու մշակութային դէմքերու հետ բանտարկուած է փետրուար 9-18, ուրկէ ազատած է Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ ու անցած` Պարսկաստան, ապա` Եգիպտոս, ուր զբաղած է մանկավարժական եւ մշակութային գործունէութեամբ:
1928-ին Լեւոն Շանթի հետ «Հայ կրթական եւ հրատարակչական համազգային միութիւն»-ը հիմնելով` երկուքով անցան Պէյրութ (Լիբանան), ուր 1930-ին հիմնեցին Համազգայինի «Հայ Ճեմարան»-ը:
Աղբալեան ծաւալեց թէ՛ մանկավարժական, թէ՛ հայագիտական եռուն գործունէութիւն: Դասաւանդեց հայ գրականութեան պատմութիւն, գրաբար եւ հայ մատենագրութիւն, նաեւ ժողովրդային լսարաններ կազմակերպեց, որպէսզի տարագիր ու գաղթական հայութեան լայն բազմութիւններուն ներարկէ հայ մշակոյթի եւ արուեստի պաշտամունքը: Կ՛աշխատակցի հայ մամուլին` բանասիրական եւ գրական- քննադատական յօդուածներով: Այդ տարիներու իր տքնաջան աշխատանքին արգասիքը եղան գրական-քննադատական, բանասիրական եւ ազգային-գաղափարաբանական իր արժէքաւոր երկերը:
Ն. Աղբալեան կը մահանայ 15 օգոստոս 1947-ին, Լիբանանի մէջ եւ կը թաղուի Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:
Գրիգոր Ամիրեան
Գրիգոր Ամիրեան` Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 20 յունիս 1888-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Բաբերդ (Պայպուրդ) քաղաքին մէջ: Ամիրեաններու ընտանիքը բաւական ազդեցիկ եղած է Բաբերդի մէջ: Գրիգոր հասակ նետած է համիտեան ջարդերու օրերուն:
Գրիգոր Ամիրեան կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Հայկազեան դպրոցին մէջ, ապա գացած է թրքական բանակի ռազմական ակադեմիա` ուսանելու: 1908-ին ան աւարտած է ակադեմիան եւ ստացած է լեյտենանտի (աղա) կոչում: Պալքանեան առաջին պատերազմի ընթացքին ծառայած է, որ տեւած է 1912-էն մինչեւ 1913: 1913-ի առաջին օրերուն Ամիրեան ձերբակալուած է պուլկար զինուորներու կողմէ եւ բանտարկուած է: 1913-ի կէսերուն, Լոնտոնի դաշնագրի կնքումէն ետք Ամիրեան եւ շատ ուրիշներ ազատ արձակուած են:
1914-1915 թուականներուն Ամիրեան ծառայած է իբրեւ զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի անձնական թիկնապահ եւ օգնական: Ան նաեւ Դրաստամատ Կանայեանի (զօր. Դրօ) մօտիկ ընկերն էր:
1915-ին, Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն, Ամիրեան ջախջախիչ ապրումներ կ՛ունենայ կոտորածներուն պատճառով: Անոր ընտանիքը Բաբերդէն կը տեղահանուի եւ կ՛աքսորուի, մինչ վրայ կը հասնի մահը: Երբ Ամիրեան ընտանիքը եւ հազարաւոր այլ ընտանիքներ Երզնկա կը հասնին, Գրիգորի մայրը` Վարդանուշը, ինքնիրեն կը նետէ Տիգրիս գետը: 50 անձերէ բաղկացած ընտանիքը ոտքով կ՛անցնի ամբողջ Օսմանեան կայսրութիւնը: Բոլորն ալ կը զոհուին: Միակ անձը, որ ողջ կը մնայ Ամիրեաններու ընտանիքէն, Հեղանուշն էր` Գրիգորի աւագ քոյրը: Հեղանուշ կը յաջողի փախչիլ` նախքան օսմանցի զինուորներու Բաբերդ հասնիլը:
Ամիրեան ծառայած է հայկական Ա. կամաւորական գունդին մէջ: Վերջինս կռիւներ կը մղէր Ռուսիոյ, Պարսկաստանի եւ Թուրքիոյ ամբողջ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ: Ամիրեան հրետանային բաժինի հրամանատարն էր եւ ծառայած է սպարապետ Թովմաս Նազարբեկեանի, Դրաստամատ Կանայեանի, Անդրանիկ Օզանեանի հրամանատարութեան տակ: Նիքոլա Բ. ցարի հրաժարականէն եւ Պրեսթ-Լիթովսկիի հաշտութեան պայմանագրի կնքումէն ետք հայկական Ա. կամաւորական գունդը կը կազմալուծուի: Այս բոլորին պատճառը այն էր, որ հայկական ուժերը Ռուսական կայսրութեան կողմէ կը համալրուէին ու հաշտութեան պայմանագրի կնքումէն ետք Ռուսական կայսրութիւնը արդէն պաշտօնապէս պատերազմէն դուրս էր, եւ կամաւորական գունդի բոլոր պաշարները սպառեցան: Հակառակ Ռուսիոյ կողմէ գունդի պաշտօնական արձակմանը` կամաւորական գունդը իր գործը շարունակեց` առանց Ռուսիոյ աջակցութեան, անոր փոխարէն Անգլիոյ օգնութեան վստահելով:
1916-ին կը վերադառնայ ազատագրուած Բաբերդ ու կը մասնակցի հայ որբեր հաւաքելու ձեռնարկին:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շրջանին կը ծառայէ նորակազմ հայկական բանակին մէջ, կը նշանակուի զօր. Սեպուհի թիկնապահ:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք կը հաստատուի նախ Ռումանիա, ապա` Միացեալ Նահանգներ:
Գրիգոր Ամիրեանը կը մահանայ 1 օգոստոս 1964-ին, Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ:
Նաթալիա Ամիրխանեան-Մուրատեան
Նաթալիա Ամիրխանեան-Մուրատեան` հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 1863-ին, Երեւան: Ծնողներուն հետ փոխադրուած է Թիֆլիս եւ անդամակցած` «Նարոտնայա վոլեա» կազմակերպութեան: 1882-ին մտած է հայկական յեղափոխական առաջին մարմինին մէջ եւ նուիրուած` ազգային իտէալներու իրականացման գործին:
Ան իր ամուսնոյն` բժիշկ Մուրատեանին հետ հաստատուած է Ղարաքիլիսա եւ կապուած` շրջանի երիտասարդութեան հետ, տղաքը մղելով յեղափոխական աշխատանքի: Կազմակերպած է կիներու եւ աղջիկներու խումբեր` զանոնք միացնելով այդ օրերու Կարմիր խաչի կեդրոնական խումբերուն:
Նաթալիա տարիներով եղած է Ղարաքիլիսայի ՀՅԴ կոմիտէի անդամ եւ իր տունը տրամադրած է որպէս կեդրոն յեղափոխական գործիչներու: Հայաստանի անկախացումի եւ կերտում գործընթացին մէջ ան մեծ դերակատարութիւն կ՛ունենայ:
6 փետրուար 1921-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, երբ համայնավարները Ղարաքիլիսա կը մտնեն, Նաթալիան եւս, իբրեւ վտանգաւոր դաշնակցական, կը բանտարկեն:
Նաթալիայի վերջին խօսքը եղած է. «Է՜յ, սրիկայ պոլշեւիկներ, ես գիտեմ, որ դուք բանտի մէջ պիտի ինձ չարչարէք եւ յետոյ մեռցնէք, ես համոզուած դաշնակցական եմ եւ պիտի մնամ. զարկէք ինձ, շնե՛ր»:
Նաթալիա Ամիրխանեան-Մուրատեանը 1921-ին կը գնդակահարուի:
Տիգրան Ամսէեան
Տիգրան Ամսէեան (Տիգրան Ծամհուր)` խմբագիր, Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է 1885-ին, Սղերդ: 1904-ին` շրջանաւարտ Կարնոյ Սանասարեան վարժարանէն, ապա` ուսուցիչ: Յետոյ յեղափոխական յանձնարարութիւններ կատարելու նպատակով ուսուցչութիւն ըրած է Պարտիզակ, Ամասիա, Հալէպ եւ շատ մը այլ քաղաքներու մէջ, նշանակուած է ՀՅԴ-ի գործիչ, Ատանայի մէջ խմբագրած է «Կիլիկիա» թերթը: Հայոց Մեծ եղեռնի օրերուն Մարզպետի (Ղազարոս Ղազարոսեան), Սեմի Չաւուշի (Սամուէլ Գորգիսեան), Խոսրով Պապայեանի եւ այլ դաշնակցականներու հետ մասնակցած է «Մէկ ոսկի` մէկ երեխայ» ծրագրի իրագործման եւ, ընդհանրապէս, հայ գաղթականներու փրկութեան աշխատանքին:
1915-ի Մեծ եղեռնին կ՛աքսորուի Գոնիա, ուրկէ կը յաջողի փախուստ տալ` շնորհիւ զուիցերիացի Լէօյթենեկըրի:
Ծամհուր զինադադարին կ՛անցնի Հայաստան: 1918-ին աշխուժօրէն կը մասնակցի հայրենի անկախ հանրապետութեան սատարելու աշխատանքին: 1919-ին կը մասնակցի ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին: Կիլիկիոյ տարածաշրջանէն կ՛ընտրուի անկախ Հայաստանի խորհրդարանի անդամ:
Տիգրան, խորհրդարանական գործունէութեան կողքին, կը տանի նաեւ հասարակական ու պետական գործունէութիւն: Աշխատակցած է երիտասարդ սերունդի` աշակերտութեան եւ ուսանողութեան հետ: Կը նշանակուի Սեւանի գաւառապետ եւ կը նախաձեռնէ ռազմածովային նաւատորմի կազմակերպման:
18 փետրուար 1921-ին, Փետրուարեան ապստամբութեան օրը, Հայոց խորհրդարանի անդամ Տիգրան Ծամհուր կը սպաննուի երիտասարդ տարիքին, պոլշեւիկներու կողմէ, երբ եռագոյն դրօշը կը պարզէր խորհրդարանի շէնքին վրայ: Նշենք, որ Ծամհուրի արիւնով ներկուած դրօշակը կը պահուի Երեւանի մէջ, ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան թանգարանին մէջ:
Արշալոյս Աստուածատրեան
Արշալոյս Աստուածատրեան` պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Ծնած է 1883-ին, Ղուրդուղուլի (Արմաւիրի մարզ), Սարդարապատի մօտ:
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրով կը նշանակուի Երեւանի նահանգապետ:
Արշալոյս եղած է Արամ Մանուկեանի ժամանակակից եւ գործակից ընկերը:
Յեղկոմի իշխանութեան տակ, երբ ծայր կու տան ձերբակալութիւններ, Արշալոյս եւ 18 դաշնակցական շարքայիններ փախուստ կու տան Հայաստանէն, սակայն կը ձերբակալուին Թիֆլիսի ճանապարհին ու Երեւանի Չեկայի շէնքին մէջ կը բանտարկուին: Կ՛ազատին Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ:
Արշալոյս Աստուածատրեան իբրեւ տարագիր` կ՛անցնի Պարսկաստան, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք: Արշալոյս գրած է յուշեր, ուսումնասիրութիւններ եւ վերլուծումներ:
Այնուհետեւ կը հաստատուի Պելկրատ, ուր եւ կը մահանայ 1973-ին:
(Շար. 3)