ԵՐԱՆՈՒՀԻ ՍՈՂՈՅԵԱՆ
Ինքնաշարժէն իջնելուս պէս կը շրջապատուիմ ճերմակ մեծ գամփռերով: Սուսուփուս կը մեխուիմ տեղս` արտօնելով «տանտէրերուն» հոտուըտալով ծանօթութիւն հաստատել: Շաքրոն, ժպիտը դէմքին, հանգիստ կը դիտէ ընդունելութեան տեսարանը, ապա շուներուն կը հրահանգէ, որ ետ քաշուին: Տան բակ մեզի հետ միասին մուտք կը գործէ միայն լայքա ցեղատեսակին պատկանող շունը եւ հասնելով շեմին` կը պառկի այնտեղ: Տան մերձակայ մարգագետինէն կը լսուի սեւաթոյր ձիու խրխինջը: «Քուռակը մօտը չէ, անոր համար ալ անհանգիստ է», կը բացատրէ Շաքրոն:
Տանտիրոջ խօսակցութեան մէջ հնչող բաղաձայն հնչիւններու կոպտութիւնը բարբառներէ հասկցող ոեւէ մէկուն պիտի յուշէ, որ Ղազարեանները Ջաւախքէն են: Ամասիոյ նախկին տարածաշրջանի, ներկայիս Արփի ընդլայնուած համայնքի գիւղերը 1989-էն վերաբնակեցուած են Վրաստանէն եւ Ջաւախքէն տեղափոխուած հայ ընտանիքներով: Ղազարեանները Արտենիս հաստատուած են 1992-ին:
«Մինչեւ խորհրդային կարգերու փլուզումը` ապրած ենք Նինոծմինտայի մէջ,- կը պատմէ Շաքրոն,- երիտասարդ ընտանիք էինք (Հայաստան տեղափոխուելու ժամանակ Շաքրոն 27 տարեկան էր, կինը` 24 տարեկան), երկու երեխայ ունէինք, կ՛ուզէինք արդէն հայրական տունէն առանձին ապրիլ եւ այդ ժամանակ հայրս խորհուրդ տուաւ տեղափոխուիլ Հայաստան: Մեզի բաժին տուաւ` կով, մոզի, ոչխար, մինչեւ ձի ունէինք, այդպէս ալ եկանք ու հաստատուեցանք Արտենիս, ու ըսեմ, որ տեղի ընտրութեան հարցին մէջ մեծ դեր խաղաց նաեւ բնական այս ոչ մեծ լիճը, որուն մօտ ալ մեր տունն է»:
Որսորդութեան հանդէպ ունեցած սէրը Շաքրօ Ղազարեանին համար բնակութեան տեղի ընտրութեան հարցին մէջ առաջնային նշանակութիւն ունեցաւ: Եղանակային թռչնաորս, ձկնորսութիւն, որս` յանուն վաճառականութեան, ասոնք խթանող հանգամանք պիտի ըլլային հետագային կայացուցած որոշումը սխալ չնկատելու համար: Ընտրած տունը կիսաթալանուած վիճակի մէջ էր: Ազերիներու հեռանալէն ետք Արփի լիճի մերձակայ բոլոր գիւղերն ու բոլոր պարապ տուները անմիջապէս բնակեցուած չեն: Անտիրութեան մատնուած շինութիւններէն առաջին եկողները հանած եւ տարած էին այն, ինչ որ պէտք էր: Շաքրոն կը պատմէ, որ առանց դուռ-պատուհաններու, ինչպէս նաեւ առանց յատակի տան մէջ բնակելու հեռանկարները զիրենք չէ վախցուցած:
«Ինչ որ պակաս էր, ըրինք, սկսանք ապրիլ,- կը նկատէ Շաքրոյին կինը` Ռայան,- երեխաներս փոքր էին, մեր գալէն տարի մը ետք ծնաւ երրորդ տղաս: Ճիշդը` այնպիսի տարիներ էին, որ թէ՛ մենք, թէ՛ տեղափոխուած միւս ընտանիքները օրուան հացի, ապրուստի հարց կը լուծէինք, կը մտածէինք, որ անպայման լաւ պիտի ըլլայ, շատ բաներու վրայ ուշադրութիւն չէինք ըներ: Օրինակ, որ ընտանիքին մէջ փոքր երեխայ կար, ոչ մէկն ալ մանկապարտէզի մասին չէր մտածեր, բայց դպրոցի հարցը բոլորս ալ կ՛անհանգստացնէր: Մինչեւ 8-ամեայ դպրոցի կազմակերպումը` գիւղին մէջ մանկավարժ կար, որ կ՛այցելէր տուները, երեխաներուն կը սորվեցնէր: Իմ երկու տղաքս մինչեւ դպրոց երթալը 6 ամիս տան մէջ սորված են»:
Հայաստանի ալպիական գօտի նկատուող Ամասիոյ նախկին վարչական տարածքին մէջ թէ՛ անցեալին, թէ՛ ներկայիս հիմնականին մէջ զբաղած են անասնապահութեամբ: Ընտանիքները, որոնք կը վերաբնակէին այստեղ, շատ լաւ գիտէին զբաղուածութեան ոլորտը: Շաքրօ կը պատմէ, որ բացի անասնապահութենէ` ինք նաեւ զբաղած է որսորդութեամբ, որ նոյնպէս որոշակի եկամուտ ապահոված է: «Ձմրան աղուէս կ՛որսայի, մորթէն կնոջական եւ տղամարդու գլխարկ կը կարէի,- կը բացատրէ զրուցակիցս,- կը վաճառէինք Վրաստանի ու Ռուսիոյ մէջ` հատը 50 տոլարի, բայց օր մըն ալ գլխարկները առին` առանց դրամը վճարելու, ես ալ ձգեցի այդ գործը:
Քանի որ ընտրած տունը Արտենիս լիճի ափին էր, ապա պարզապէս ձուկ որսալու կամ բադ բռնելու փոխարէն` Շաքրոն կ՛որոշէ զբաղիլ մշկամուկի բազմացումով: Առաջարկը հաւանութեան կ՛արժանանայ տեղական իշխանութիւններուն կողմէ, լիճը երկարաժամկէտ օգտագործման իրաւունքով կը յանձնուի Շաքրոյին: «Մէկ հատ ցլիկ տուի, 5 զոյգ մշկամուկ բերի Վրաստանէն: Գործընկեր ունէի, որ ըստ համաձայնութեան, պիտի ապահովէր լիճի 4 հեկտար մակերեսի ցանկապատումը: Բայց այնպէս եղաւ, որ ցանկապատումը չեղաւ, ես ալ բերած անասուններս կը ձգէի լիճ, որովհետեւ կարելի չէ զանոնք տան մէջ պահել. ջրային միջավայր պէտք է, ու հիմա այնքա՛ն բազմացած են, որ անցած են Թուրքիա,- Շաքրոն կը ծիծաղի` յիշելով Դարիկի բնակչուհի Իռայի ու մշկամուկի հանդիպման հետ կապուած պատմութիւնը: – Իռան պատմած է, թէ ինչպէ՛ս իր տան լուացարանի կափարիչը բացած ու տեսած է, որ այնտեղ մշկամուկ նստած է, փաստօրէն կոյուղիի խողովակով բարձրացած է Դարիկ»:
Թանկարժէք մորթով այս կրծողի բազմացման նպատակը մորթէ իրերու արտադրութեան հիմնադրութիւնը պէտք էր ըլլար: Մշկամուկի փայլուն եւ հաւասար մազածածկոյթով մորթը կը նկատուի գերազանց հումք` մորթէ իրերու պատրաստութեան համար, սակայն կարգ մը խնդիրներու պատճառով ատիկա իրականութիւն չդարձաւ, եւ Շաքրոյին նորաստեղծ գործը տեւեց ընդամէնը 2 տարի: Պատմութեան այսպիսի աւարտը հիմնականին մէջ կրնայ ուրախացնել անասուն սիրողները: Զրոյցէն տպաւորութիւնս այնպիսին էր, որ Շաքրոն շատ ալ չէ տխրած այս գործի ձախողութեան համար: Զրուցակիցիս հաւաստումով, անարգել բազմացող ու տարածուող մշկամուկը որեւէ ձեւով չ՛ազդեր լիճին մէջ գտնուող միւս անասուններուն վրայ. «Ինքը կրծող է, ձուկ չի բռներ, բադի հաւկիթներուն չի վնասեր, այնպէս որ, վնաս չէ իր բազմանալը»:
Մոլի որսորդէն բնապահպանի վերածուելու գործընթացը Շաքրոյին համար կը սկսի 1993-ին տեղի ունեցած պատահական ծանօթութենէ տարիներ ետք միայն: Արտենիս այցելած յայտնի թռչնաբան Մարտին Ադամեանը` «Հայաստանի թռչուններ» գիրքի համահեղինակը, կը հանդիպի Շաքրոյին հետ ու կը խնդրէ օգնութիւն` Արփի լիճի տարածքին տեղի ունեցող ուսումնասիրութիւններուն համար: «Շատ հետաքրքրական ծանօթութիւն էր, որ այդ պահուն չէ, բայց տարիներու ընթացքին փոխեց կեանքս եւ մտածողութիւնս,- կ՛ըսէ Շաքրոն,- ես հիմա, օրինակ, լիճի տարածքին այլեւս չեմ կրակեր, ոեւէ մէկուն ալ չեմ ձգեր, որ որսայ»:
Կռունկի հայկական ենթատեսակի` մոխրագոյն կռունկի առկայութիւնը Արփի լիճի տարածքին նոյնպէս ճակատագրական կը դառնայ Շաքրոյի գործունէութեան համար: «Լենինկրատի մէջ տեղի կ՛ունենայ գիտաժողով մը, որուն ընթացքին կը յայտարարեն, որ Հայաստանի կռունկը, որ միայն կը գտնուի Ստեփանաւանի շրջանին մէջ, վերացած է: Մարտինը, որ ներկայ էր, կը հակադարձէ, թէ Արփի լիճի տարածքին մէջ կայ, այցելութիւններու ժամանակ բնակավայրերը ցոյց տուած էի իրեն: Անկէ ետք այստեղ եկաւ ռուս թռչնաբան Իլիա Շենկով Վալենթինը, համոզուեցաւ, որ իրապէս կայ, ու ինծի կ՛ըսէր. «Շաքրօ՛, գիտե՞ս, թէ որքա՛ն հիւրեր պիտի ունենաս միայն այս մէկ թռչնատեսակը տեսնել ուզելու համար: Այդպէս ալ որսորդէն քիչ-քիչ վերածուեցայ բնապահպանի», կը ծիծաղի զրուցակիցս:
«Արփի լիճ» ազգային արգելոցի ստեղծումն ալ առանց Շաքրոյի աշխուժ մասնակցութեան չէ անցած: 2009-էն մինչեւ 2012 եղած է փոխտնօրէն պաշտպանութեան գծով: Ապա խնդիրներ ծագած են երկրորդ տնօրէնի` Արա Պետրոսեանին հետ, ու Շաքրոն ձգած է ազգային արգելոցի աշխատանքը: «Բայց, ինչպէս կ՛ըսեն, ամէն չարիքէ բարիք կը ծնի: Այս տարիներու ընթացքին, թէ՛ որպէս արտենիսցի, թէ՛ որպէս անձ, որ մասնակցած է ազգային արգելոցի աշխատանքներուն, բաւական շատ ծանօթութիւն հաստատուեցաւ մարդոց հետ, որոնք լիճ կու գային հետազօտութիւններու նպատակով` թռչնաբան, կենդանաբան, բուսաբան, միջատաբան եւ այլն: Իրենք ալ թերեւս դրդեցին, որ անցնիմ գիւղական հիւրատան գործին: Այն սկիզբի տարիները, որ կու գային, տանս մէջ կը հիւրընկալուէին` առանց որեւէ գումարի բնականաբար, եւ անոնցմէ ոմանք կը նեղուէին, կ՛ըսէին` ի վերջոյ մենք գործով կու գանք, անոր համար գումար կը ստանանք եւ կրնանք քեզի վճարել: Ինծի կ՛ըսէին, որ լաւ կ՛ըլլայ, որ մտածեմ այդ ուղղութեամբ եւ տանս մէկ բաժինը յարմարեցնեմ զբօսաշրջիկներու գիշերակացի համար»:
2011-էն ի վեր, Շաքրոն, արդէն` վճարովի հիմունքներով, զբօսաշրջիկներ կը հիւրընկալէ, հիմնականին մէջ` արտերկրէն: Ոչ այնքան մեծ տան երկու սենեակները յարմարցուցած, վերանորոգած է եւ կրնայ միեւնոյն ժամանակ 4 հոգի հիւրընկալել: Գիշերակացի արժէքը սուղ չէ` անձը 5000 դրամ, որուն մէջ կը ներառուի առաւօտեան նախաճաշը: Հիւրի տրամադրութեան տակ է խոհանոցը, եթէ կ՛ուզէ ճաշ պատրաստել: Տան մէջ կը գտնուի սանհանգոյց եւ լոգարան: Մինչեւ օրս կրցած է հիւրընկալել 200 հոգի:
«Շատ չեն մնար` 2-3 օր»: Օտարներն են հիմնականին մէջ, որ կու գան թռչնադիտարկութեան, կամ կենդանաբաններ, Ճափոնէն հիւրընկալած ենք միջատաբաններ, ընդհանրապէս կու գան մարդիկ, որոնք կը սիրեն բնութիւնը, բայց, ցաւօք, ներգնայ զբօսաշրջութեամբ զբաղողները մեր գիւղը չեն հասնիր, հայ զբօսաշրջիկ չենք ունեցած,- կ՛ըսէ Ռայան,- թէեւ մեր ունեցած ննջարանները քիչ են: Եղած է, որ հեռաձայնած են, ըսած են` մօտ 20 հոգինոց խումբ մը, բայց կրցած ենք միայն կերակրելու հարցը լուծել, մեր մօտ ճաշած ու գացած են»:
Գիւղական հիւրատան գործի թերեւս ամէնէն ուրախ կողմը օտարներու հետ շփումն է` առանց օտար լեզուի իմացութեան: «Ձեռքով-ոտքով կը հասկցնենք,- ծիծաղելով կը բացատրէ Շաքրոն,- միջազգային այդ լեզուին լաւ պիտի տիրապետենք, ու պատկերացուցէք, որ լաւ ալ պիտի հասկնանք զիրար: Ես որոշ բաներ գիտեմ անգլերէն, մնացածը շարժումներով կը բացատրեմ: Տունը եղած ժամանակ սքայփով կը կապուինք տղուս եւ ինք կը թարգմանէ: Այս վերջերս զուարճալի բան մը պատահեցաւ. ամիս մը առաջ աւստրիացի զոյգ մը կը հիւրընկալէինք, ես տունը չէի, կինս ուզած է գիտնալ, թէ քանի՛ զաւակ ունին: Ռայային ըսած է, որ ինքը երկու «պէյպի» ունի ու ցոյց տուած է իր ամուսինը, որպէսզի սեռը հասկցնէ: Ռայան ալ ձեռքով ցոյց տուած է, թէ ինք ունի 3 զաւակ ու նորէն ցոյց տուած է Հանսը` աւստրիացի մարդը, որպէսզի ըսէ, թէ տղայ են:
Գործը ընդլայնելու նպատակով մէկ շաբաթ առաջ Շաքրօ Ղազարեանը հիւրատան կառուցման ծրագիր ներկայացուցած է Շիրակի մարզապետարան: Յոյս ունի, որ կառավարութիւնը անտոկոս կամ ցած տոկոսով եւ երկարաժամկէտ վարկ կը տրամադրէ` 40 հազար տոլարի սահմաններուն մէջ, 4 մասնաշէնքէ բաղկացած նոր հիւրատուն կառուցելու համար: «Տարածքը ունիմ, խնդիր չէ, 4 փոքր տնակներ պիտի ըլլան, նախատեսուած` երկու հոգիի համար եւ բոլոր յարմարութիւններով: Եթէ ծրագիրս հաստատուի եւ կարենամ ընդլայնել, պիտի փորձենք մեր տարածաշրջանին մէջ ալ զբօսաշրջութիւնը աշխուժացնել»:
Շիրակի մարզի Արտենիս բնակավայրը կը գտնուի Արփի համայնքին մէջ, Գիւմրիէն 46 քիլոմեթր հիւսիս-արեւմուտք, Արփի լիճէն 10-11 քիլոմեթր դէպի արեւելք, Ախուրեան գետի ափին:
«Հետք»
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ