ՑՕՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ
Երկու տարի առաջ, երբ քոյրս Արեւմտեան Հայաստան ուխտագնացութեան մեկնած էր, որպէս յիշատակ` իրեն հետ բերած էր Վանայ լիճէն շիշ մը ջուր:
Առաջին տարին, երբ տակաւին նոր ժամանած էի Հայաստան, նոյնպէս ես ալ բոլոր այցելած վայրերէս յիշատակներ կը հաւաքէի` քար մը, տերեւ մը, ծաղիկ մը եւ նոյնիսկ` համերգներու տոմսակներ, որոնց ներկայ կ՛ըլլայի:
Ժամանակի ընթացքին Հայաստանը առօրեայիս բեմահարթակը դարձաւ, եւ յուշ-առարկայ հաւաքելու սովորութիւնը մոռցուեցաւ:
Վանայ լիճէն բերուած ջուրը զետեղած էինք պահարանի անկիւնային ապակեայ հարթակներէն ամենաբարձրին վրայ, քոնեաքի շիշի մը կողքը:
Մեր տան այցելուներէն ոմանք հետաքրքրուած` կը հարցնէին, թէ ի՛նչ էր այդ սովորական ջուրի շիշը, որ այդքան յատուկ վերաբերմունքի արժանացած էր: Երբ կը պատասխանէինք, թէ Վանայ լիճէն բերուած էր, անոնց դէմքի հարցական արտայայտութիւնը կը վերափոխուէր յուզումի:
Զբաղ օրերը, աշխատանքի եւ կենցաղային այլ պէտքերու ետեւէ անաւարտ հեւքը միապաղաղ սովորական օրերու կը յանգին: Սակայն այս տարուան հմայքը բոլորովին այլ է: 2018-ի առաջին վայրկեաններէն իսկ տօնակատարութիւն մը սկիզբ առաւ հայ աշխարհէն ներս: Մայիս 28-ի 100-ամեակը կ՛արեգակէր: Հոգիներու մէջ կ՛արթննային մայիս 28-ի տօնակատարութիւններու մանկութեան յիշողութիւններ, զգացումներ` հպարտութեան, ինքնութեան եւ ինքնաճանաչման փորձերու մտորումներ, հայ ըլլալու եւ հայ ապրելու ուղղութեամբ տարուող առաջին քայլերու յուշեր: Մեր Քեսապի տան մէջ մայիս ամիսներուն մայրս կրակարանին վրայի զարդերուն կողքին կը զետեղէր Արամ Մանուկեանի դէմքը պատկերող գծագրութիւն մը` որպէս խորապատկեր ունենալով եռագոյն դրօշը: Այդ նկարը տպաւորիչ եւ պատկառելի ներկայութիւն էր:
***
Մայիս 28-ի տօնակատարութիւններու նախօրէն էր, քոյրերով կը քննարկէինք յաջորդ օրուան օրակարգը եւ կը համադրէինք տարբեր ձեռնարկներու մեր մասնակցութիւնը: Արամ Մանուկեանի շիրիմին այցելութեան մասնակցութիւնը որոշած էինք ժամանակ մը առաջ: Խօսքս ուղղելով քոյրերուս` ըսի.
«Վանայ լիճի ջուրէն տանինք հետերնիս Արամ Մանուկեանի շիրիմին դնելու»:
Յուզումը կարդացի անոնց աչքերուն մէջ եւ կարծես անտես սարսուռ մը շրջեցաւ մեր հոգիներէն ներս: Վանայ ջուրին փափաքն էր, անոր ձայնն էր կարծես, որ խօսած էր եւ ոչ` ես:
Յաջորդ օր, կէսօրէ ետք հասանք շիրմաքարին: Փոքր խումբ մըն էինք, մեծ մասը` դաշնակցականներ: Ծաղիկներ զետեղեցինք խաչքարին, որուն վրայ քանդակուած էր դէպի վեր խոյացող արծիւ մը, վրան խաչը եւ ներքեւի հատուածը` ասեղային նրբութեամբ շրջանակազարդը: Այցելուներուն մեկնումէն ետք մնացինք մենք` քոյրերով: Պայուսակէս հանեցի շիշը եւ դողդողացող ձեռքերով բացի զայն: Խնկամանէն քուլայ-քուլայ բարձրացող բոյրը կը զգլխէր զիս, եւ չափազանց կիզիչ արեւու ճառագայթները կ՛անցնէին անոնց մէջէն` խորհրդաւոր եւ խնկաբորբ տրամադրութիւն մը ստեղծելով: Վանայ ծովակին ջուրը դանդաղօրէն հոսեցաւ եւ օծեց Արամ Մանուկեանի շիրմախաչքարը: Մգացած քարը կը նմանէր ծարաւ տատրակի մը, որ ումպ առ ումպ ըմբոշխնելով ջուրը` կազդուրուած եւ կենսառողջ կը թուէր:
Անկարող էի զսպել արցունքներս, որովհետեւ կարօտահար Արամին Վանէն վերջապէս մասունք մը հասած էր: Որովհետեւ Արամը վայելուչ եւ արժանավայել կերպով չէր արժեւորուած հայրենի պետութեան կողմէ եւ անոր յիշատակը յարգանքի իր բաժինէն զրկուած էր: Որովհետեւ Արամը հանգիստ չէր ննջեր, քանզի Վանը տակաւին գերի էր:
Հոգեկան խաղաղութեան մթնոլորտ մը տիրած էր, սակայն բորբոքացող Վանի սրտին տրոփը կը լսուէր, եւ ըմբոստութեան բախուող քամիներէն պայքարելու նոր ոգի մը ծնունդ կ՛առնէր:
Այս ապրումները շատերու համար անհասկնալի եւ վերացական կրնան թուիլ, բայց կը հաւատամ, որ այս մղումներն ու զգացումները նաեւ գոյ են իմ ընկերներէս շատերու սրտերուն մէջ եւ գոյ էին մեզմէ առաջ անկախութիւնը դեռ չտեսած սերունդին մէջ եւս: Իր արդար Դատին համար զինեալ պայքարի դիմող երիտասարդներուն կամքերուն ուժն էր եւ անոնց արդարութեան կանչին արձագանգը: Լիզպոնի տղոց անձնազոհութիւնը, ոգին եւ նուիրուածութիւնը, հայրենի հողի պաշտամունքէն բխած էր եւ պաշտամունք մատուցողներու փաղանգին սերմանած դաստիարակութեան արդիւնքն էր:
Նախորդող շաբաթուան ընթացքին, երբ Լիբանան կը գտնուէի, առաջին անգամ ըլլալով այցելեցի Լիզպոնի տղոց պանթէոնը: Այնտեղ գտնուիլը յառաջացուց զգացում մը, զոր չէի ունեցած նախապէս: Դառն հպարտութեան, անսահման սիրոյ եւ երկիւղածութեան զգացումներու մէկտեղումն էր կարծես: Հինգ փայլուն տղոց շիրիմները գրկող, անոնց պողպատեայ կամքն ու ազնիւ եւ հայրենանուէր հոգիները պարուրող Միացեալ Հայաստանի մարմարեայ քարտէսի Վանայ լիճը պատկերող հատուածին վրայ նոյնպէս զետեղեցի անոր ջուրէն` հաւաքական կենսատու երազանքով…
Քեսապ
24/07/2018