Յուլիսի 16-ին Ստեփանակերտի մէջ սկիզբ առած են ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդական միութիւններու միաժամանակ երկու ճամբարներ` Աշոտ Ղուլեանի անուան թիւ երկու դպրոցին մէջ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութեան եւ Հայկ Բալասանեանի անուան թիւ 5 դպրոցի մէջ` ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ ընթացող ճամբարները: Անոնք նախատեսուած են 10-16 տարեկան պատանիներու համար, պիտի տեւեն 10 օր: Ճամբարներու կազմակերպչական եւ ընթացիկ աշխատանքներուն կ՛օժանդակեն ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւնները:
Թիւ 5 դպրոցին մէջ կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն խումբերու բաժնուած 150-էն աւելի պատանիները հնարաւորութիւն ունին արձակուրդային օրերուն բարելաւել հայոց պատմութեան եւ անգլերէնի իրենց իմացութիւնը, ձեռք բերել նոր ընկերներ, երգել ու խաղալ: Ճամբարի սկիզբը ամէն օր կ՛ազդարարուի առաւօտեան ժամը 10:00-ին «Մշակ, բանուոր» քայլերգով եւ կ՛աւարտի 16:00-ին` Արցախի օրհներգով:
Արցախ ժամանած աւստրալահայ 28 երիտասարդները մինչ այդ երկշաբաթեայ ճամբար ունեցած են Երեւանի Նոր Նորք վարչական շրջանին մէջ: Ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու, ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արամ Թուֆենկճեանի կարծիքով, կարեւոր է, որ սփիւռքահայ երիտասարդները հայրենիքի մէջ գործ կատարեն եւ, կը կարծէ, որ երբ վերադառնան, աւելի սրտացաւ կ՛ըլլան հայրենիքին նկատմամբ:
Արցախի մէջ Աւստրալիոյ երիտասարդական միութիւնը առաջին անգամ է, որ ճամբար կը կազմակերպէ: 2015 թուականին Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան 5 անդամներ մասնակցած են Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի կողմէ Արցախի մէջ կայացած ճամբարին եւ անկէ ետք Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ 2016-ին առաջին ճամբարը կազմակերպել:
Ճամբարի խմբապետները որոշակի տարբերութիւն կը նկատեն տարբեր շրջաններու երեխաներուն միջեւ. «Արցախի մէջ իւրաքանչիւր երեխայի աչքերուն մէջ աւելի մեծ հպարտութիւն կայ»:
Արամ Թուֆենկճեանի խօսքով, ծրագիրը շարունակական պիտի ըլլայ: «Իւրաքանչիւր երկու տարին մէկ որոշած ենք իրականացնել ճամբարներ, բայց արդէն կը մտածենք ամէն տարի կազմակերպելու մասին», նշած է ան:
Իսկ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութեան նախաձեռնած ճամբարին, որ տեղի կ՛ունենայ Աշոտ Ղուլեանի անուան թիւ 2 դպրոցին մէջ, կը մասնակցին մօտ 200 պատանիներ, որոնք բաժնուած են 4 խումբերու:
Ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու Րաֆֆի Սեմերճեանի խօսքով, մասնակիցներուն թիւը շատոնց լրացած է, բայց ամէն օր նոր արձանագրուողներ կը դիմեն: «Յոյս ունիմ, որ եկող տարի մարդիկ աւելի ուշադիր կ՛ըլլան ճամբարի յայտարարութեան նկատմամբ, շուտ կ՛իմանան ու կ՛արձանագրուին», նշած է ան:
18 երիտասարդներէ բաղկացած խումբը մինչ Արցախ գալը նմանատիպ ճամբարներ իրականացուցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիւմրի, Արթիկ քաղաքներու եւ Մեծ Մանթաշ գիւղին մէջ:
Միացեալ Նահանգներէն 18 հոգինոց խումբին մէկ մասը տարբեր ծրագիրներով եղած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, իսկ մօտաւորապէս կէսը առաջին անգամ Արցախ կը գտնուի: «Մենք որքան դրական ազդեցութիւն ունենանք ճամբարականներու վրայ, բարելաւենք անոնց առօրեան, զարգացնենք միտքը, այնքան լաւ գործ ըրած կ՛ըլլանք», համոզուած է Րաֆֆին, որ երեխաներուն հետ աշխատիլը կը համարէ իւրօրինակ հաճելի մարտահրաւէր:
Ճամբարը պիտի տեւէ մինչեւ յուլիսի 28-ը, իսկ մինչ այդ Արցախի մէջ գտնուող երիտասարդները առիթ կ’ունենան աւելի լաւ ճանչնալու Արցախն ու արցախցիները:







