Հինգշաբթի, 28 յունիս 2018-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանին նախակրթարանի եւ երկրորդական բաժիններու ամավերջի հանդէսը` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան հարիւրամեակին:
«Սարդարապատ» յաղթերգի հնչիւններուն ներքեւ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներուն եւ ուսուցիչներուն հանդիսաւոր մուտքը, որուն յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութիւնը:
Հանդիսութիւնը սկսաւ աղօթքով եւ Աստուածաշունչի ընթերցումով, որուն համար բեմ բարձրացան շրջանաւարտներ Ռիթա Պագգալեանը, Կարօ Գալենտերեանը, Միրելլա Օննիկեանը եւ Սէրլի Տէրտէրեանը: Ապա 6-րդ դասարանէն Կրէյս Շիտիաքը խոր ապրումով ասմունքեց հատուածներ Ժաք Ս. Յակոբեանի «Զատ ու ազատ» հայրենաշունչ քերթուածէն, որմէ ետք «Պարի ակումբը» ներկայացուց «Երկիր Արաքս» պարը: Ապա տասներկուերորդ դասարանէն Սէրլի Տէրտէրեանը, Քրիսթին Թորոսեանը, Գարին Թաշճեանը, Սարին Առաքելը, Վանայ Ռըզեանը եւ Գարին Սողոմոնեանը յանձնառու գիտակցութեամբ ու վճռական ու անպարտելի ոճով արտասանեցին Ժաք Ս. Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն» բանաստեղծութիւնը: Պարային ելոյթով բեմ բարձրացան վեցերորդ դասարանի աղջիկները եւ ներկայացուցին «Նայիրեան աղջիկներու հեզաճկուն պար»-ը:
Օրուան բանախօսն էր Հայ աւետարանական եկեղեցիներու յարաբերութիւններու համակարգող վերապատուելի Նշան Պագգալեանը, որ իր խօսքին մէջ տոկալու եւ գոյատեւելու օրինակներ տալով հայ ժողովուրդի վերջին դարու պատմութենէն` շրջանաւարտները հրաւիրեց, որ հետեւին Տէր Յիսուսի աշակերտներուն ուղղուած Անոր հրահանգին, որպէսզի նիւթական արժէքներու վրայ չհիմնեն իրենց կեանքերը, այլ` Աստուծոյ եւ Անոր կեանքին վրայ:
Ռիթա Մելեքեանը (12-րդ դասարան, հայերէն), Ուատիհ Քորտահին (6-րդ դասարան, արաբերէն), եւ Արփի Արթինեանը (12-րդ դասարան, անգլերէն) ելոյթ ունեցան իրենց հրաժեշտի ուղերձներով: Շրջանաւարտները իրենց անկեղծ արտայայտութիւններով եկան անգամ մը եւս երախտագիտական զգացումներով շնորհակալութիւն յայտնելու իրենց սիրելի վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմին, որոնց հովանիին տակ իրենք անցուցած էին իրենց մանկութեան անհոգ եւ գունազարդ օրերը եւ պատանեկութեան բարդ եւ պատասխանատու տարիքը: Անոնք հաստատեցին, որ միայն հայ վարժարանին մէջ է, որ հայ մանուկը հայեցի կրթութիւն կը ստանայ, կը հաղորդուի մեսրոպեան տառերով եւ կը սորվի ազգային պատմութիւն եւ մշակոյթ, հայաշունչ աղօթքներ եւ երգեր:
Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում ու մրցանակաբաշխութիւն: Մրցանակ ստացան իրենց դասարաններու մէջ առաջին հանդիսացող աշակերտները, վարժարանին մէջ հաստատուած մրցանակներու տիրացան շրջանաւարտ դասարանի այն աշակերտները, որոնք պատուաբեր արդիւնքներ ձեռք ձգած էին զանազան նիւթերու մէջ:
Հուսկ բանքի իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեանը յորդորեց շրջանաւարտները, որ մղուին Աստուծոյ սիրով, սիրեն զԱստուած, սիրեն ուրիշը եւ սիրեն իրենց անձերը: Տնօրէնը մղեց, որ շրջանաւարտները իրենց բոլոր կարողութիւնները ի գործ դնեն իրենց հայրենիքին եւ ընդհանրապէս մարդկութեան բարօրութեան համար եւ սատարեն իրենց հայրենիքին բարգաւաճման:
Ձեռամբ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Փոլին Սաղըրեանի` շքադրուեցաւ Ովսաննա Իզմիրլեանը իր երկարամեայ նուիրատուութիւններուն, Էշրեֆիէի եկեղեցւոյ ու Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին նկատմամբ ցուցաբերած իր յանձնառութեան, ազնուասիրտ ծառայութեան եւ անսակարկ նուիրելու գիտակցութեան որպէս երախտագիտութիւն, վարժարանին տնօրէնութեան շէնքը անուանուեցաւ անոր եղբօր` ողբացեալ Ասատուր Իզմիրլեանին անունով:
Ապա տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած վահանի փոխանցումը: Տասներկուերորդ դասարանէն Գարին Մելեքեանը եւ Սարգիս Գասպարեանը կրտսեր սերունդին փոխանցեցին վարժարանին վահանը, որ կը խորհրդանշէ իրենց պատկանելիութիւնը Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին եւ յանձնառութիւնը` զինուելու քրիստոնէական հաւատքով, հայրենասիրութեամբ ու գիտութեամբ: 6-րդ դասարանէն Լուչիանա Ղազարեանը եւ Արա Տիշչեքէնեանը խոստացան տէր կանգնիլ վահանին, անբիծ պահել անոր խորհուրդը եւ բարձունքի վրայ պահել իրենց վարժարանին անունը:
Տասներկուերորդ դասարանի աշակերտները երգեցին «Ո՜հ, ի՛նչ հրաշք» երգը, որուն յաջորդեց վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանին օրհնութեան աղօթքը, ու փակուեցաւ վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը: Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն` պատրաստուած վարժարանի ծնողաց յանձնախումբին նուիրեալ տիկիններուն կողմէ:
Երկրորդական կենսագիտական բաժինէն շրջանաւարտ եղան` Գասպարեան Սարգիս, Թաշճեան Գարին, Մելեքեան Գարին, Մելեքեան Ռիթա, Մուշեան Նուպար, Պագգալեան Ռիթա եւ Ռըզեան Վանայ, իսկ ընկերատնտեսական բաժինէն` Առաքել Սարին, Արթինեան Արփի, Գալենտերեան Կարօ, Գոճամանեան Մարկրիթա, Թորոսեան Քրիսթին, Մարգարեան Սէրլի, Մկրտիչեան Նարէ, Յակոբեան Ռիթա, Յովակիմեան Մարիան, Սողոմոնեան Գարեն, Տէրտէրեան Սէրլի եւ Օննիկեան Միրելլա:
Վեցերորդ դասարանէն վկայական ստացան` Այանեան Միքայէլ, Այրանեան Ռիմոն, Արապեան Քրիսթ, Գասարճեան Նայիրի, Թաշճեան Կարօ, Թորոսեան Սերա, Խրիմեան Քրիստ, Հայթայեան Փաթիլ, Ղազարեան Լուչիանա, Ճանսըզեան Սարին, Ճիկերեան Սէրլի, Մըրշետ Էմմանուէլ, Մկրտիչեան Մապել, Շիտիաք Կրէյս, Ռըզեան Սէրակ, Սարաֆեան Ալին, Տեմիրճեան Մարիա, Տիշչեքէնեան Արա, Քերթեշեան Սարին, Քէշիշեան Տեսիլ եւ Քորտահի Ուատիհ: