Յօդուածներ

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ ՀԵԴ-ի Երեք Անդամներ Վարժողական Ծրագիրներու Կը Մասնակցին Արցախի Մէջ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴ-ի նախաձեռնութեամբ, այս ամառ սփիւռքահայ երեք երիտասարդներ վարժողական ծրագիրներու կը մասնակցին Արցախի մէջ: Արցախի մէջ կամաւորական աշխատանք կատարող այս խումբի պատասխանատուն` Էմիլիա Տէր Սարգիսեանը, կը յայտնէ, թէ այս նախաձեռնութեան գաղափարը ծագած է քանի մը տարի առաջ. «Սփիւռքի մէջ մեծ հետաքրքրութիւն կայ Արցախի նկատմամբ, բայց տարբեր ծրագիրներով...

Ստացուած Գիրքեր. Քարոզներ (Գիրք Բ.) (Հեղինակ` Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս)

Ստացուած Գիրքեր. Քարոզներ (Ա. Գիրք) (Հեղինակ` Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սուրբ Էջմիածնի մայր աթոռի վանական տեսչութեան նախաձեռնութեամբ 2018-ին լոյս տեսաւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոսի «Քարոզներ» Ա. գիրքը (Բ. հրատարակութիւն)` 660 էջ: Կազմող` Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեան. խմբագիր` Մարիամ Վարդանեան: Գիրքը հրատարակուած է Գարեգին Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոսի ծննդեան 85-րդ տարեդարձին առիթով, Գրիգոր Մովսիսեան եւ Նայիրա Կարապետեան ամուսիններու մեկենասութեամբ: Գարեգին Բ. վեհափառ կ՛ըսէ, որ իր եռամեծ նախորդի` ամենայն...

Ստացուած Գիրքեր. Քարոզներ (Գիրք Բ.) (Հեղինակ` Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Գարեգին Ա. ամենայն հայոց կաթողիկոսի ծննդեան 85-ամեակին առիթով 2018-ին լոյս տեսաւ անոր «Քարոզներ» Բ. գիրքը` 832 էջ: Կազմող` Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեան, խմբագիր` Մարիամ Վարդանեան: Տպագրուած է Գրիգոր Մովսիսեան եւ Նայիրա Կարապետեան ամուսիններու մեկենասութեամբ: Գիրքը կը բացուի Գարեգին Բ. ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան գիրով: Վեհափառը կ՛ըսէ, որ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսը իր նուիրեալ ու բեղուն սպասաւորութեամբ,  ոգեշունչ քարոզներով, գրական...

Դիմաւորել 100-Ամեակը – 20.  100-ամեակին Կ՛ունենա՞նք Հայրենադարձութեան  Ծրագիր Եւ Գործադիր Մարմին

Տասնամեակներու Խարխափումէ Ետք, Անձերէ Եւ Խմբակցութիւններէ Անդին` Ազգ Եւ Պետութիւն

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Տեւաբար կը յիշեցնենք այն, որ վերանկախացած Հայաստանը նոր է, երիտասարդ է` արդարանալու եւ արդարացնելու համար խարխափումները եւ սխալները: Երեսուն կամ եօթանասուն տարիներու միջեւ այնքան ալ մեծ ըլլալու չէ տարբերութիւնը, երբ կը փորձենք հաշուեկշիռ ընել, ինչ կը վերաբերի Պետութեան կառուցման-կայունացման, որ լրագրական անմիջականութիւններէ տարբեր է: Պետութեան կառուցում-կայունացում-ամրացումը օրէնքի գերակայութեամբ գործող իշխանութեան հաստատման օղակներն են: Օրէնքը իշխանութեան փոփոխութեան քմայքներէն կախում...

ՀՄԸՄ Պանծալի…

ՀՄԸՄ Պանծալի…

ՊԵՏԻԿ Այս օրերուն, երբ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը պիտի տօնէ ՀՄԸՄ-ի հարիւրամեակը, յիշողութեանս ժապաւէնը կը ցուցադրէ վերջին յիսնամեակէն տեսարաններ, որոնք անտարակոյս «պանծալի» բառով կը լուսաւորեն այդ վեհ անունը: Հարիւր մասնաճիւղ, քսանութ հազար անդամներով տարածուած երկրագունդին վրայ` կը մարզուի ո՛չ միայն մարմնապէս, այլ նաեւ`  հոգեպէս: Մարզական այս միութիւնը, դուրս ելած իր մարմնակրթութեան կոչումին սահմաններէն, հայ պատանիին ու երիտասարդին նկարագիրը կը կոփէ ու...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Թուրքիայէն Արտաքսուած Ամերիկացի Ուսուցչուհին Կը Շահի Դատը Եւրոպական Դատարանին Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Վերջերս իմացայ Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ամերիկացի ուսուցչուհիի մը արտաքսման մասին, որով խախտուած էր անոր ազատ արտայայտուելու իրաւունքը: 8 ապրիլ 2008-ին «Կէյթսթոն» հիմնարկի հրապարակած յօդուածին մէջ թուրք լրագրող Ուզայ Պուլութ նշած է, որ Պոլսոյ համալսարանի, հետագային նաեւ Թուրքիոյ` Այնթապի Մերձաւոր Արեւելքի արհեստագիտական համալսարանի դասախօս Նորմա Ժաննա Քոքս «իր ուսանողներուն եւ գործընկերներուն հետ խօսած...

Երիտասարդական Արձագանգ.   ԱՊՐԻ՛Ք

Երիտասարդական Արձագանգ. ԱՊՐԻ՛Ք

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԵՆՏԵՐԵԱՆ Պատահմամբ համացանցային էջի մը վրայ հանդիպեցայ ՀՄԸՄ-ականի մը կողմէ հրապարակուած տեսերիզի մը, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ-ական խումբ մը տղոց դէպի Արարատ լեռ բարձրանալու ուխտագնացութենէն պահ մը: Անոնք կանգ առած էին Վանայ լիճի Աղթամար կղզին, ուր կը գտնուի Գագիկ Արծրունի թագաւորին օրով (10-րդ դար) կառուցուած Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին: Այդ դարաւոր ու հայաբոյր եկեղեցւոյ մէջ այս արիասիրտ խումբը առ...

Դիմատետրի Արձագանգներ.  ՊԻՏԻ ԳԱ՛Մ

Դիմատետրի Արձագանգներ. ՊԻՏԻ ԳԱ՛Մ

Տարիներ շարունակ օր մը պիտի գամ, ըսի, գագաթիդ եռագոյն պիտի պարզեմ, ըսի, լանջերուդ բանակում պիտի ընեմ, ըսի, եւ այս տարիներու երազանքս, իմ սուրբ Արարա՛տ, կատարեցի ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով եւ ուխտեցի ՀՄԸՄ-ի ջահը փոխանցել եկող սերունդներուն: Ուխտեցի նաեւ վերադառնալ քովդ եւ քեզ դարձեալ դիտել պատմական Հայաստանի կողմէն, դարձեալ համբուրել սուրբ հողդ, դարձեալ շնչել զուլալ հովդ եւ խմել քաղցրահամ ջուրդ: Զգացումներս...

Սովորենք Յարգել Մեծերի Յիշատակը

Սովորենք Յարգել Մեծերի Յիշատակը

ՎԱՀԷ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Արամ Մանուկեանի կինը, երբ հեռանում էր այս կեանքից, իր դստերը` Սեդա Մանուկեանին ասաց. «Ես չտեսայ, բայց դու անպայման կը տեսնես այն օրը, երբ մարդիկ կը յիշեն ու կը գնահատեն քո հօրը: Ես վստահ եմ, որ հայ ժողովուրդը չի մոռանայ նրան»: Շատ ժողովուրդներ են երազել ունենալ Արամի նման ազգային հերոս, իսկ հայ ժողովուրդը բախտ է ունեցել վայելելու այդպիսի անձնաւորութեան...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ «Միասնականութիւն` Ընդդէմ Բռնութեան, Ծայրայեղութեան Եւ Թմրեցուցիչի» Խորագրեալ Ոտնագնդակի Խաղին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ «Միասնականութիւն` Ընդդէմ Բռնութեան, Ծայրայեղութեան Եւ Թմրեցուցիչի» Խորագրեալ Ոտնագնդակի Խաղին

Չորեքշաբթի, 18 յուլիս 2018-ին Համանա (Լիբանան) գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ոտնագնդակի խաղ` հովանաւորութեամբ The Global Forum for Religions and Humanity կազմակերպութեան, «Միասնականութիւն` ընդդէմ բռնութեան, ծայրայեղութեան եւ թմրեցուցիչի» խորագրին տակ: Ոտնագնդակի այս խաղին մասնակցեցան հոգեւորականներ` Լիբանանի բոլոր համայնքներէն: Արդարեւ, ընդառաջելով վերոյիշեալ կազմակերպութեան հրաւէրին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը ներկայացուց Սմբատ վրդ. Սապունճեանը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ սոյն բարենպատակ խաղին: Խաղը նաեւ...

Շահէ Եպիսկոպոս Փանոսեան Այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Շահէ Եպիսկոպոս Փանոսեան Այցելեց Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ

Հինգշաբթի, 19 յուլիսի առաւօտուն Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանն ու  Ազգային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիսլեանը այցելեցին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, ուր դիմաւորուեցան քոլեճի խնամակալութեան, տնօրէն խորհուրդին եւ անձնակազմին կողմէ: Վարժարանի սրահին մէջ սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը արտասանեց ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան` հաստատելով իր ու Ազգային վարչութեան զօրակցութիւնն ու անվերապահ աջակցութիւնը: Ան կոչ ուղղեց բոլորին` միասնակամութեամբ սատարելու քոլեճի...

Այլազան Լուրեր

Այլազան Լուրեր

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ «Ափըլ»-ն Ու «Սամսունկ»-ը Միացեալ Նահանգներու Մէջ Դադրեցուցին Արտօնագրային Պատերազմը «Ափըլ»-ն ու «Սամսունկ»-ը Միացեալ Նահանգներու մէջ դադրեցուցին եօթը տարի երկարած արտօնագրային պատերազմը: Դատավէճերու շարքը կապուած էր «Այֆոն»-ի ծրագրման եւ պատրաստման թեքնիքին համար «Ափըլ»-ի իրաւունքներու խախտման հարցին հետ: Այս մասին գրած է «Տը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ը: Քալիֆորնիոյ նահանգի հիւսիսային շրջանի դատարանի դատաւոր Լիւսի Քոն յայտնած է, որ կողմերը իրեն...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Մինաս (Աւետիսեան, 1928-1975). Հայաստանի Գոյներուն Եւ Լոյսի Խաղերուն Հանճարեղ Նկարիչը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Քսաներորդ դարու հայ գեղանկարչութեան հանճարեղ վարպետը` Մարտիրոս Սարեան ատենին ըսած էր. «Մինա՛ս, ես քեզնից մեծ եմ յիսուն տարով: Ափսո՜ս, ինձ քիչ ժամանակ է մնացել: Ո՞ւր էիր, մի քիչ շուտ գայիր: Չմոռանաս, արուեստը պայքար է սիրում: Հիմա ես արդէն մենակ չեմ: Դու էլ մենակ չես: Ուրեմն` շարունակել խիզախել: Ես հաւատում եմ քո այդ լաւ ձեռքին»: Իսկ հայ դասական երաժշտութեան...

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը

Գրական Սփիւռքում Պատկառելի Տեղ Ունի Լիբանանցին

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Արուեստագիտութեան դոկտոր Ուշագրաւ է Հայաստանում լոյս տեսած «Գրական սփիւռք» հերթական ժողովածուն: Դա Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան Ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի ազգանպաստ, սփիւռքաարժեւորման գործունէութեան վառ արգասիքն է: Այս հատորի ստեղծման գործընթացում իր ներդրումն ունի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը: Ծաւալուն եւ բովանդակալից հատորում ընդգրկուած են հայ սփիւռքի եւ տարբեր երկրների` Լիբանանի, Սիրիայի, Միացեալ Նահանգների, Եգիպտոսի, Իրանի, Դանիայի,...

Վարչապետ Փաշինեան. «Չեմ Հաւատար,  Որ Ռուսիան Կրնայ Իր Լծակները Օգտագործել  Պատերազմ Թոյլ Տալու Համար»

Ակնարկ. Միջազգային Փաստաթուղթերով Նշուած Հայկական Ամրագրումներ

Լրագրողներուն հետ վարչապետ Փաշինեանի  ունեցած հանդիպումը շօշափեց հարցերու լայնածիր շրջագիծ: Եթէ լուսարձակի տակ առնենք արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ վարչապետին կատարած պարզաբանումները, ապա այնտեղ կը նկատենք երանգային որոշ շեշտադրումներ, որոնք ընդհանուր գիծերու մէջ կը պահեն իր կատարած յայտարարութիւններու հետեւողականութիւնը: Այսպէս. նախ բառացի մէջբերենք այս պարագային պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը պարզաբանող վարչապետին խօսքը. «Առանց Արցախի ժողովուրդի մասնակցութեան Արցախի հարցի լուծում չի կրնար կայանալ: Բոլոր...

Ամէն Ինչ Պէտք Է Փոխուի, Որպէսզի Արտագաղթի Դէմ Ծրագիրը Կեանքի Կոչուի

Ամէն Ինչ Պէտք Է Փոխուի, Որպէսզի Արտագաղթի Դէմ Ծրագիրը Կեանքի Կոչուի

Հարցազրոյցը վարեց` ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ «Գանձասար» ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեանի Հալէպ այցելութենէն օգտուելով` հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ անոր հետ:         «ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- ՀՅԴ-ն մաս կազմեց Հայաստանի մէջ նոր ձեւաւորուած կառավարութեան: ժողովրդային շարժումին յաջորդող փուլին, նոր Հայաստանի մէջ, ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն լոյսին տակ, ի՞նչ առաջադրանքներ ունի Դաշնակցութիւնը: Դէպի ո՞ւր կ’ուղղուի մեր երկիրը: ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ.- Դաշնակցութեան...

Արամ Մանուկեանը Սիմոն Զաւարեանի Մասին

Արամ Մանուկեանը Սիմոն Զաւարեանի Մասին

17 յուլիսին Երեւանի կեդրոնում տեղի ունեցաւ Արամ Մանուկեանի արձանի բացման արարողութիւնը: Այս առիթով կայքէջը ծրագրել էր Ա. Մանուկեանի մասին նիւթ հրապարակել: Ճիշդ գտանք, սակայն, խօսքը տալ հէնց իրեն` Արամին, հրատարակելով Սիմոն Զաւարեանի մահուան առիթով գրուած նրա խօսքը: Զաւարեան մարդու եւ գաղափարական գործչի անցած ճանապարհի ու վաստակի վերաբերեալ սեղմ շարադրանքի մէջ ցայտուն ձեւով արտացոլւում է եւ ինքը` խօսքի հեղինակը: Շարադրանքի տողատակերից...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տեսակէտ. Ի Զուր Կը Սպասէք

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Թաւշեայ յեղափոխութեան սկիզբէն մինչեւ օրս տակաւին կան մարդիկ, որոնք անհամբեր կը սպասեն Նիկոլ Փաշինեանի անկումին: Յեղափոխութեան առաջին օրերուն հոս-հոն լսեցինք, որ յեղափոխականներուն մաս մը միասեռական է, մաս մըն ալ` Եհովայի վկաներ: Յեղափոխութենէն ետք սկսանք լսել, որ Նիկոլ Փաշինեանի քատրերը բոլորն ալ կասկածելի անցեալ ունին կամ սկանտալային պահածք: Աւելի ուշ նախարարութեան նշանակումներու մէջ ալ ըսելիք ունեցան` մէկուն հասակը կարճ...

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

ԱՒՕ ԳԱԹԸՐՃԵԱՆ Արտաշէս Աբեղեան Արտաշէս Աբեղեան` բանասէր, պատմաբան, դոկտ. փիլիսոփայութեան, մանկավարժ, հասարակական-քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ: Մանուկ Աբեղեանի եղբօրորդին: Ծնած է 1 յունուար 1878 թուականին, Աստապատ (Նախիջեւանի գաւառ): Տարրական կրթութիւնը ստացած է հայրենի գիւղի ծխական դպրոցին մէջ (մինչեւ 1887), աւարտած է Շուշիի թեմական (1890), Թիֆլիսի Ներսիսեան (1895) դպրոցները, Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը (1899): Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Գերմանիոյ Մարպուրկի, Պերլինի, Լայփցիկի...

Արուեստագէտ Լենա Այտընեան. «Կ՛երազեմ, Որ Արուեստագէտները Տուն Ունենան Թանգարանի Պէս, Ուր Կարենան Ապրիլ Եւ Գործել»

Արուեստագէտ Լենա Այտընեան. «Կ՛երազեմ, Որ Արուեստագէտները Տուն Ունենան Թանգարանի Պէս, Ուր Կարենան Ապրիլ Եւ Գործել»

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Վերջերս «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ արուեստագէտ Լենա Այտընեանին հետ` մօտէն հետաքրքրուելու համար անոր արուեստի ընթացքին եւ գործունէութեան մասին: Նշենք նաեւ, որ Լենա Այտընեանը նկարած է «Սփինըս»-ի գնումներու նոր քարտի պատկերը, որ նուիրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին: Քարտով կարելի է գնումներ կատարել «Սփինըս»-էն, կէտեր հաւաքել` գնումներու համաձայն, ապա զանոնք փոխանակել հայկական արտադրութիւններով եւ ծառայութիւններով: «ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք...

Page 674 of 1111 1 … 673 674 675 … 1,111

Արխիւներ