Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաչափութեան Թերի Սկզբունքը

Յուլիս 27, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

«Համաչափ» եզրոյթի գործածութիւնը թէ՛ նախորդ իշխանութեան օրով եւ թէ՛ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բառապաշարին մէջ անխուսափելիօրէն տեղի կու տայ շփոթի եւ սխալ մեկնաբանութիւններու ոչ միայն մեր ներքին դաշտի քննարկումներուն մէջ, այլեւ` մեր պետական դիւանագիտութեան:

Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանը քանի մը առիթներով հրապարակաւ սպառնացած էր Պաքուի իշխանութիւններուն` «հաւաստիք» տալով, որ հայկական կողմի պատասխանը «յաջորդ» ազրպէյճանական նախայարձակման ըլլալու էր «անհամաչափ»… Բայց այդ օրը իսկապէս չտեսանք եւ յանկարծ մենք զմեզ գտանք քառօրեայ պատերազմի իրականութեան առջեւ եւ` առանց համապատասխան պատրաստականութեան (preparedness):

Այսօր, վարչապետ Փաշինեանը, իր կարգին, կ՛ապաւինի նոյն վերոյիշեալ եզրոյթին` արտաքին աշխարհին առջեւ մեր քաղաքականութիւնը յստակացնելու յստակ միտումով: Ան կը պնդէ, որ հայկական կողմի արձագանգը Ազրպէյճանի կողմէ որեւէ խաղաղասիրական եւ անկեղծ կամարտայայտութեան ըլլալու է «համաչափ»… Նոյն ձեւով ազրպէյճանական որեւէ նախայարձակման դիմաց հայկական կողմի հակադարձութիւնը ըլլալու է… «համաչափ»:

Նորէն նոյն թակարդին մէջ կը գտնուինք, եւ պարզ է, թէ ո՛ւր թաղուած է այսօր առասպելական շան գլուխը… Մեղաւորը լեզուն չէ: Մեղաւորը այն ռազմավարութիւնն է, որ Սերժ Սարգսեանի վարչակարգին կողմէ ի գործ դրուեցաւ մէկ ամբողջ տասնամեակ, եւ որ ինք, իր կարգին, զայն փոխ առած էր նախագահ Քոչարեանէն, եւ որ այժմ կը թուի յաջողապէս փոխանցուած ըլլալ մերօրեայ իշխանութեան: Կարեւոր չէ, թէ քանի՛ անգամ եւ քանի՛ ձեւով Ազրպէյճան կ՛ոտնակոխէ զինադադարի պայմանագիրը եւ զոհեր կը խլէ մեր բանակի շարքերէն, մենք կը շարունակենք պնդել, որ մեր ռազմավարութիւնը պաշտպանողական է… Որմէ ինքնաբերաբար կը հետեւի նաեւ այն, որ մենք ի վիճակի չենք «համաչափօրէն» վարելու մեր գործը: «Համաչափօրէն հակադարձելու» գաղափարը ինքնին հականշային (oxymoron) տիպ է, եթէ մենք շարունակենք հաւատարիմ մնալ պաշտպանողական ռազմավարութեան գաղափարին եւ մեր ձեռքերը ի յառաջագունէ կապուած պահել:

Ազրպէյճանական որեւէ ոտնձգութեան պարագային, մեր պատասխանը սկզբունքով պէտք է ըլլայ «անհամաչափ», որպէսզի ըլլայ «համաչափ», որմէ եւ կը հետեւի, որ պաշտպանողական ռազմավարութեան գաղափարը պէտք է հրապարակաւ սնանկ հռչակել: Երբ թշնամի կողմը բացայայտօրէն կը յայտարարէ, որ ինք պատերազմի մէջ է մեզի դէմ, եւ իր նպատակն է յափշտակել մեր հայրենիքը եւ բնաջնջել մեր ժողովուրդը, ան արդէն յստակացուցած է չափը իր ընելիքին: Այս պայմաններուն մէջ «համաչափութեան» թեման արդէն վաղուց սպառած է ինքզինք:

Կասկած չկայ, որ թշնամի կողմը կը պատրաստուի նոր արկածախնդրութեան: Միայն ժամանակի խնդիր է: Այդ մարտահրաւէրին մենք պիտի շարունակենք պատրաստ ըլլալ, եւ մեր դիւանագիտութիւնն ալ պիտի գործէ նոյն օրակարգով: Իսկ ի՞նչ կը նշանակէ պատրաստ ըլլալ… Այսօր նախարար Տօնոյեանը պատգամ կը յղէր թշնամական եւ միջազգային հանրութեան (ենթադրաբար, առաջին հերթին, Մոսկուայի), որ որեւէ թշնամական արկածախնդրութեան պարագային, հայկական կողմը կրնայ իր յատուկ զինատեսակները գործածելու «գայթակղութեան» մէջ գտնուիլ… Արդեօ՞ք կը խօսինք պաշտպանողական ռազմավարութիւնը վերջապէս թաղելու մասին: Արդեօ՞ք եկած է օրը իրապաշտ քաղաքականութեան: Արդեօ՞ք եկած է օրը այն քաղաքականութեան, որ իր մէջ պիտի ընդգրկէ ամբողջութիւնը մեր ազգային կարողականութիւններուն… Արդեօ՞ք արդէն ուժի մէջ է բազմամակարդակ մեր ռազմավարութիւնը, որ պիտի ըլլայ մեր յաղթանակի ռազմավարութիւնը (winning strategy):

Ըսէ՛ք` «ԱՅՈ՛», պր. վարչապետ:

25 յուլիս 2018
Ուաշինկթըն

Նախորդը

Երիտասարդական Ջահերթ` Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու Յիշատակին

Յաջորդը

Ընկեր Վահէ Յարութիւնեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?