Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
«Զարմանազան» Արեւմտահայերէնի Ճամբարին 10 Հազար Տոլարի Նուիրատուութիւն «Մելքոնեան Կլոպըլ Օվրմթիւր»-էն
Վերջերս «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը Լոս Անճելըսի «Մելքոնեան կլոպըլ օվրմթիւր» ոչ հասութաբեր կազմակերպութենէն ստացաւ 10 հազար ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն մը, որ պիտի յատկացուի այս ամառ «Զարմանազան» արեւմտահայերէնի ճամբարին տարբեր երկիրներէ` Լիբանան, Յունաստան, Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա, Քանատա եւ Ֆրանսա, 11 համալսարանական ուսանողներու արձանագրութեան ծախսերը փակելու:
Հայկական համայնքներու բաժանմունքը 2017-ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» կրթական նախագիծին, որ վկայուած է Ֆրանսայի երիտասարդութեան եւ մարզանքի նախարարութեան կողմէ եւ բաժանմունքի արեւմտահայերէնի ամրապնդման ծրագիրին մաս կը կազմէ:
Այս տարի «Զարմանազան»-ը տեղի պիտի ունենայ 15 յուլիսէն 9 օգոստոս, Ֆրանսայի Ալպեան լեռներու շրջանին մէջ: Անոր պիտի մասնակցին 10-15 տարեկան աւելի քան 50 պատանիներ եւ 16-24 տարեկան 29 երիտասարդներ: Ճամբարը, որուն ամբողջ գործունէութիւնը կ՛ընթանայ հայերէնով, պիտի ունենայ նաեւ չորս երկիրներէ եկող 15 ուսուցիչներու յատուկ վարժընթացի բաժին մը:
Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց սոյն աջակցութեան համար` աւելցնելով, որ քաջալերական է տեսնել, որ նուիրատուները արդէն կ՛ըմբռնեն «Զարմանազան»-ի արժէքը` իրենց նիւթական նպաստը բերելով, որպէսզի երիտասարդ տղաք եւ աղջիկներ ճամբարին կարենան մասնակցիլ:
Իր կարգին «Մելքոնեան կլոպըլ օվրմթիւր»-էն Արսինէ Շիրվանեանը բացատրեց, որ «Զարմանազան»-ը հայերէնի ու հայ մշակոյթի փորձառութիւնը ապրելու նորարար, դրական ու ստեղծագործական հարթակ մըն է երիտասարդութեան համար:
Մահացած Է Հենրի Մորկընթաուի Թոռը
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կը տեղեկացնէ, որ յուլիս 11-ին մահացած է 1913-1916 Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի թոռը` Հենրի Մորկընթաու Գ., որ 101 տարեկան էր:
Գրող եւ հեռատեսիլի յայտագիրներու ծանօթ արտադրող Հենրի Մորկընթաու Գ.-ը պայքարած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար, յատկապէս` Միացեալ Նահանգներու կողմէ: Ան Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան մանրամասնութիւնները լսած է ականատեսէն` իր մեծ հօրմէն եւ որպէս օրինակ ունեցած է անոր կեանքի պայքարը` յանուն արդարութեան հաստատման եւ մարդասիրութեան:
Իր ելոյթներէն մէկուն մէջ ան նշած է. «Մեծ հայրս յաճախ կ՛ըսէր, որ Ցեղասպանութեան ժամանակ հայերու կեանքը փրկելու փորձերը եւ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին ստեղծումը իր կարեւորագոյն իրագործումներէն մէկն էր»:
1999-ին ան այցելած էր Հայաստան եւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր` մասնակցելով իր մեծ հօր գերեզմանէն բերուած հողը յուշապատին մէջ ամփոփելու արարողութեան:
Յիշեցնենք, որ 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ բացուեցաւ Մորկընթաուի անունը կրող աշխատասենեակ մը:
«Վերջին Բնակիչ»-ը «Էյչ. Պի. Օ.» Կայանէն
Ամերիկեան աշխարհահռչակ «Էյչ. Պի. Օ.» կայանը մէկ տարիով ապահովեց Ջիւան Աւետիսեանի Արցախի մասին պատմող «Վերջին բնակիչը» ժապաւէնի ցուցադրութեան իրաւունքը:
Ժապաւէնի համաշխարհային վաճառքի գործակալին շնորհիւ «Վերջին բնակիչը» առաւել եւս պիտի տարածուի արեւելեան Եւրոպայի մէջ, որը մեծ քայլ մըն է հայկական ժապաւէնի արտադրութեանց համար:
Նշենք, որ Ջիւան Աւետիսեանի «Դրախտի դարպասը» երրորդ ժապաւէնի նկարահանումներու աշխատանքը կը շարունակուի եւ շուտով կեանքի պիտի կոչուի:
Իրան
Ս. Թադէի Վանքի Եռօրեայ Ուխտագնացութիւն
Ատրպատականի Ազգային առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, որ հինգշաբթի, 12 յուլիսի առաւօտեան ժամերէն հայոց պատմական Արտազ գաւառի Ս. Թադէոս առաքեալի վանքին մէջ սկսաւ տարեկան եռօրեայ ուխտագնացութիւնը, որ սոյն շղթայի 64-րդն էր այս տարի:
Ուխտագնացութիւնը սկսաւ ամիսներ առաջ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներէն ետք, հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Թեմական խորհուրդին ու կազմակերպութեամբ Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբին:
Սոյն ուխտագնացութիւնը կատարուեցաւ հոգեւոր ու ազգային բարձր նախանձախնդրութեամբ` առաւելագոյն չափով օգտուելու անոր սրբացնող եւ հոգեպարար մթնոլորտէն:
Իրանի տարբեր քաղաքներէն եւ արտասահմանէն խումբեր եւ ընտանիքներ ժամանեցին Ս. Թադէի վանք եւ նախօրօք իրենց համար ապահովուած վրաններուն մէջ տեղակայուած` վայելեցին վանքի գմբէթներուն հովանին:
Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդին եւ Ազգային իշխանութեան կողմէ հարկ եղած պետական արտօնութիւնները ձեռք բերուեցան` ժողովուրդին կեցութիւնը եւ կենցաղային բարւոք պայմանները ապահովելու համար:
Ուխտագնացութեան երեք օրերուն ընթացքին տեղի ունեցան հետեւեալները.
– Առաջնորդ սրբազանը վանք ժամանեց հինգշաբթի, 12 յուլիսի երեկոյեան ժամը 5:00-ին եւ հանդիսապետեց երեկոյեան ժամերգութեան:
– Իրանի եկեղեցիներու պահպանման պետական հիմնարկութեան կողմէ եւ անոր տնօրէն Շերլի Աւետեանի հսկողութեամբ կառուցուած վանքի սեղանատան (պիւֆէ) բացումը կատարուեցաւ առաջնորդ սրբազանի ձեռամբ:
– Նոյն հիմնարկութեան կողմէ, վանքի մուտքի սենեակներէն երկուքին հիմնական վերանորոգումը կատարուած ըլլալով, անոնք յուշանուէրներու ցուցասրահի վերածուեցան. նոյն օրերուն կատարուեցաւ նաեւ յուշանուէրներու սոյն վաճառատան բացումը:
– Վանքի մուտքի բակին մէջ կառուցուած նկարչական նոր ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Ս. Թադէոս առաքեալի վանքի տարբեր տարիներու լուսանկարներու ցուցահանդէսին: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Արեւմտեան Ատրպատականի նահանգապետը` պետական հիւրերու ընկերակցութեամբ:
– Հինգշաբթի 12 եւ ուրբաթ 13 յուլիսի երեկոներուն Թեհրանի «Զարթօնք» պարախումբը ելոյթ ունեցաւ վանքի տարածքին մէջ` իր հիմնադրման 30-ամեակին առիթով, ղեկավարութեամբ պարուսոյց Լոռեթա Աւետիսեանի:
– Շաբաթ, 14 յուլիսին Ս. Թադէի տաճարին մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` գլխաւորութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմակալ առաջնորդին, սպասարկութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն: Երգեցողութիւնը կատարեց «Կոմիտաս» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ երաժիշտ Վարդան Վահրամեանի:
– Նոյն օրը, պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ առաջնորդ սրբազանին եւ նահանգապետին պաշտօնական հանդիպումը` պետական ներկայացուցիչներու եւ Թեմական խորհուրդին ներկայութեամբ:
Ուխտագնացութեան երեք օրերուն ընթացքին աղօթքով, տօնակատարութիւններով եւ ժողովրդական խանդավառ խրախճանքներով ազգային, ընտանեկան եւ հասարակական կեանքը վերաշխուժացաւ:
Ուքրանիա
Հայագիտական Նոր Կեդրոնի Բացում
Վերջերս Օտեսայի մէջ հիմը դրուեցաւ «Օտեսայի հայագիտական կեդրոն» հասարակական նոր կազմակերպութեան` ղեկավարութեամբ հայագէտ եւ հասարակական գործիչ Արմէն Պետոյեանի:
Աւելի քան տաս տարիէ Ա. Պետոյեան կը զբաղի Օտեսայի շրջանին մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանումով եւ հետազօտութեամբ: Ան կը համարուի նախաձեռնողն ու կազմակերպիչը Օտեսայի մէջ 2011-ին ուքրանական առաջին մեծածաւալ «Խաչքարեր. հայկական մշակոյթի սրբազան յուշարձաններ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցած էր քաղաքային իշխանութիւններու, հայկական համայնքի աջակցութեամբ եւ Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ հիւպատոսական եւ Քիեւի, Ղրիմի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն:
Արմէն Պետոյեանը Օտեսայի մարզի մշակութային յանձնաժողովի անդամ ըլլալով` կ՛իրականացնէ հասարակական մեծ աշխատանք: 2016-ին անոր նախաձեռնութեամբ յուշատախտակ մը տեղադրուած է այն շէնքին մէջ, ուր ապրած եւ ստեղծագործած է հայ մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանը, նաեւ Գրականութեան թանգարանին մէջ կազմակերպուած է ցուցահանդէս մը, ուր ներկայացուած են թանգարանի արխիւին մէջ պահուող Իսահակեանի փաստաթուղթերը եւ գիրքերը:
Պոլիս
«Արաս»-էն Նոր Գիրքեր
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց երկու գիրքեր, որոնք յատկանշական կը համարուին պատմական յիշողութեան տեսակէտէ: Այդ գիրքերէն մին կը կոչուի «Նամակ` Հիթլերին»: Միւս գիրքը կը կոչուի «Ուղեւորութիւն` գոյներու երկիր»:
«Նամակ` Հիթլերին» գիրքի հեղինակն է իտալացի լրագրող ու պատմաբան Կապիրէլ Միսսին: Գործը իտալերէնէ թրքերէնի թարգմանած է Սունա Քըլըչը: Այս գիրքը կը ներկայացնէ Արմին Վեկների ոդիսականը, ու կը նշուի, որ ան 20-րդ դարու մեծ յանցագործութիւններու ականատեսն ու զոհն է: Ընդգծուած է, որ Արմին Վեկները 20-րդ դարուն առանձին պայքար մղած է ցեղասպանութիւններու դէմ:
Իսկ «Ուղեւորութիւն` գոյներու երկիր» գիրքին հեղինակն է Օսիպ Մանտելշթամը: Գործը ռուսերէնէ թրքերէնի թարգմանած է Լուտմիլա Տենիսենքոն: Հեղինակը 1930 թուականին իր կողակցին հետ այցելած է Հայաստան, եւ գիրքը կը բովանդակէ իր տպաւորութիւնները: Այս գործին հրատարակութիւնը խրախուսուած է Ռուսիոյ Գրական թարգմանութիւններու կաճառին կողմէ: Երկու գիրքերուն ալ կողքի ձեւաւորումները կատարուած են Արետ Կըճըրի կողմէ: