Յօդուածներ

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները (Ա.)

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հայաստանի ձիաբուծութիւնը, ձիերու ընտելացումը եւ մարտական կառքերու զարգացումը ունի հազարաւոր տարիներու պատմութիւն, մինչեւ` անյիշատակ ժամանակներ: Հայկական Բարձրաւանդակը` լեռնաշխարհը հնագոյն ժամանակներուն հռչակաւոր էր ձիաբուծութեան եւ ձիավարժութեան մէջ, վկայ` երկաթէ դարուն (ՔԱ  շուրջ 3000-700) պատկանող ձիու ժայռապատկերները: Երկրորդ փաստը` հայերէնի հոմանիշներու եւ այլ բառարաններուն մէջ «Ձի» բառին հետ առնչութիւն ունեցող` տեսակներ, գոյն, իրեր, արհեստներ եւ այլն, հարուստ ու բովանդակ բառամթերքը,...

Սպասում

Կատարողական Քառուղիներ. Բ. Անցեալ Դարը

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Յօդուածի Ա. մասը կու տար կատարողական քերականներու պատմականը: Պատերազմի համատարած արհաւիրքը տուն տուաւ ընկերային, հետեւաբար եւ, գեղարուեստական շարժումներու, յատկապէս` Եւրոպայի մէջ: Յառաջ եկան ե՛ւ սալոնային, ե՛ւ յանձնառու շարժումներ: Լուսանկարը ցոյց կու տայ «Տատա» շարժումի հիմնադիրներէն Թ. Զառայի (1896-1963) «Եթերային սիրտը» թատրերգութենէն տեսարան մը (1921): Սալոնային այս կարճակեաց շարժումին ձգած ժառանգը եղան սուր ծանակը եւ լեզուական հնչիւնային զգայնութիւնը: Պերթոլտ...

Վարչապետ Փաշինեան. «Ռուսիան Ալիեւին Պատերազմէ Հրաժարիլ Տալու Բոլոր Կարելիութիւնները Ունի»

Ակնարկ. Սահմանի Բացման Ենթաուղերձն Ու Սպասուող Բուն Ուղերձը

«Հայաստանը պատրաստ է առանց որեւէ նախապայմանի բացել Թուրքիայի հետ սահմանը»: «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ այս մասին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան (news.am): Լուրի կամ աւելի ճիշդը խորագիրի հաւաստիութիւնը խնդրոյ առարկայ է: Մանաւանդ որ սահմանի փակումէն ի վեր Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան այս գերակայ ուղղութեան վերաբերող խնդիրին մէջ միշտ ցուցաբերուած է հետեւողականութիւն` սահմանի փակումին ամբողջական պատասխանատուութիւնը բարդելով Անգարայի ուսերուն:...

Լիզպոնի Գործողութեան 35-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Լիզպոնի Գործողութեան 35-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկին Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Երէկ գիշեր, երբ բազմահարիւր հայորդիներու, բայց մանաւանդ երիտասարդ հայերու հետ միատեղ ջահերթով Սիս թաղամասէն դէպի Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մէջ Լիզպոնի ուխտավայրը կ՛ուղղուէինք, մայթերուն թէ պատշգամներուն վրայ հարցական ակնարկներու հանդիպեցանք: Իսկ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ հաւաքուած էր երիտասարդութիւնը` իր լրջութեամբ, կարգապահութեամբ, ծաղիկներու զետեղումով, մոմավառութեամբ, «ահա այսպէս արշաւեցինք» սրտաբուխ երգեցողութեամբ, ԼԵՄ-ի խօսքով, ընդհանուր երկիւղածութեան եւ յարգանքի առինքնող մթնոլորտին մէջ: Ներկաներուն աչքերէն...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Ազրպէյճան Կը Կազմակերպէ Իր Սեփական Սփիւռքը` Հայկական Սփիւռքին Հետ Մրցելու Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Տասնամեակներ շարունակ թրքական կառավարութիւնը չափազանցուած պատկերացում ունեցած է հայկական սփիւռքին մասին` զայն ներկայացնելով իբրեւ համաշխարհային հսկայական ուժ: Վերջին տարիներուն Ազրպէյճան վարակուած է հայկական սփիւռքին նկատմամբ նոյն վախով: Նախագահ Ալիեւ «հայկական սփիւռք»-ը ներկայացուցած է իբրեւ Ազրպէյճանի ամէնէն մեծ թշնամին: Հետեւաբար Ազրպէյճանի ղեկավարները սկսած են հսկայական միջոցներ վատնելու` զանազան երկիրներու մէջ իրենց սեփական սփիւռքը...

Նամակ` Արմէն Յարութիւնեանին

Նամակ` Արմէն Յարութիւնեանին

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ Սիրելի՛ Արմէն Յարութիւնեան, Տարին անցաւ եւ տակաւին չ՛ամբողջացուցիր կիսատ մնացած նամակդ:  Մեր ամէն տեսակցութեան խոստացար վերջացնել այդ նամակը եւ սկսիլ նորին:  «Հէյ վա՜խ, այնքա՛ն կուտակուած նորութիւններ կան», կ՛ըսէիր: Օր մը, երբ քեզի յիշեցուցի Այնթապի յուշամատեաններուն պարագան‚ թէ` ցարդ հրատարակուած էին 3 հաստափոր հատորներ եւ առաւել` հատորիկ մը‚ դուն ալ իբրեւ հարազատ այնթապցի` յիշեցուցիր, որ հրատարակուած 3 հատոր նամակ...

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան  Կրօնական Ու Քաղաքական Ժողովներու Նիստեր`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանները Ծառայութեան Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, ինչպէս Արամ Ա. կաթողիկոս յաճախ կը շեշտէ, ինքզինք կ՛իրագործէ գերազանցօրէն որպէս ծառայութիւն` Հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին: Այս գիտակցութենէն մղուած` դպրեվանքը կը գործէ, եւ միաբան հայրեր հաւատարիմ իրենց կոչումին` կը ծառայեն Անթիլիասի մայրավանքէն ներս ու թեմերուն մէջ: Վերջին շրջանին միաբանութեան ծառայական դաշտէն ներս հետեւեալ նշանակումները կատարուեցան վեհափառ հայրապետին կողմէ. - Հրանդ վրդ. Թահանեան: Վանքուվըրի Աստուածաբանական համալսարանին...

Արուեստագէտը

Արուեստագէտը

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Հարուած մը քարին` անշունչին, բայց այնպիսին, որ կարծես շնչաւորի մը ուղղուած ըլլայ: Աչքերէն կրակ կը հոսի, ներսի հուրը այրած է կարծես դէմքին մաշկն իսկ, որ կարմրած, ճառագայթներուն հուրէն այրածի մը կը նմանի. խանձում մըն է ինքնին, ներքին այրում մըն է, որ կը թափի դուրս հարուածներով հաւասար, անհաւասար ու մոլորուն: Հարուածներ` քարին, որոնք մերթ կը խորանան, մերթ սպիներ կը...

Ալեքսանդր Սպենդիարեան (1871-1928). Հայ Դասական Երաժշտութեան Մեծատաղանդ Դրօշակիրը

Վախթանգ Անանեան (1905-1980). Որսորդական Արկածախնդրութեանց Բարեպաշտ Պատմիչը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ «Տասնմէկ տարեկան էի, երբ զրկուեցի դպրոցից, ուսուցիչներից: Այնուհետեւ գրքերը դարձան իմ ուսուցիչները, իմ դաստիարակները, լեռնականի իմ անտաշ հոգին յղկողները»: Ինքնակենսագրական այս խոստովանութեան հեղինակն է հայ գրականութեան մէջ իր ուրոյն աշխարհը ստեղծած, գիրքն ու բնութիւնը ուսուցիչ ընտրած եւ պարզ ու բարի մարդոց կեանքն ու մարդկային հոգիի ազնուագոյն գեղեցկութիւնները լոյսին յանձնած Վախթանգ Անանեանը, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք այսօր: Որսորդական...

Լիզպոն 2015.  Յեղափոխական Դաւանանքի Հինգ Տրոփներ (27 Յուլիս 1983)

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յուլիս Դ. – Շարունակուող Պայքար (Լիզպոնի Եւ Խանասորի Նահատակները Վերյիշելով)

Մեր հաւաքական թէ անհատական իղձերու իրականացման միակ ուղին պայքարն է, եթէ ըսենք, նորութիւն մը յայտնաբերած չենք ըլլար բնականաբար, սակայն եթէ այդ պայքարը միայն լոզունգի վերածենք ու նկատելի փոփոխութեան չյաջողինք առաջնորդել անհատական թէ հաւաքական մեր կեանքը, այս պարագային պայքարը կը վերածուի տեղքայլի մէջ տուայտող ձեւական շարժումի մը, որ երբեմն ալ խաբուսիկ խանդավառութեան մէջ կը ճօճէ պայքարողը: Եթէ մեր աշխարհահայեացքը չընդլայնենք ու...

Տղոց Պանթէոնը (Լիզպոն 35-ամեակ) Դ.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ   Կրկնելու գնով ըսեմ, որ Լիզպոնի տղոց շիրիմը կտոր մը հայրենիք է: Հայրենիք, որ կը պարփակէ հող, ժողովուրդ, մշակոյթ, լեզու, ինքնութիւն եւ ապրելու հզօր կարողութիւն: Հայրենիք, որուն անունը Արարատ է, Հայկ նահապետ, Մեծն Արտաշէս, Մեսրոպ Մաշտոց, Վարդանանց, Նարեկացի, յեղափոխութիւն, ազգային ազատագրական պայքար, Ծիծեռնակաբերդ ու Սարդարապատ: Հայրենիք, որ հազարամեակներու վկան է, դեռ կ՛ապրի ու կը շնչէ, կ՛արարէ: Հայրենիք, որ օրրան...

Սպասում

Կատարողական Քառուղի Ա. Նախաշխարհամարտ Շրջան

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Այլընտրանքային.- Մեր թատերական ակնարկներուն մէջ կատարումը կ՛արժեւորուի լոկ որպէս «լաւ» եւ կամ` ոչ այնքան «լաւ» խաղարկութիւն: Անձնապէս չեմ հանդիպած որեւէ ակնարկի, որ ձեռք առնէր կատարումի հետեւած գեղագիտական ուղղութիւնը, դպրոցը: Խորքին մէջ բեմադրիչն ու դերասանը կանգնած են գաղափարական քառուղիի մը մէջ: Այլ խօսքով, թատերական մշակոյթի մէջ այսօր կան չորս հիմնական ուղղութիւններ: Երկնային.- Թատրոնի ծագումաբանական առասպելները ունին «երկնային» առնչութիւն: Մեր...

«Մենք Հաւատում Ենք, Որ Գործ Ունենք Անելու` Անկախ Նրանից Ընդդիմութի՞ւն Ենք, Թէ՞ Իշխանութիւն». Հրանդ Մարգարեան

«Մենք ՀՄԸՄ Ենք Ստեղծել Ոչ Թէ Մեզ, Այլ Հայ Ժողովրդի Համար». Հրանդ Մարգարեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը 24 յուլիսին ներկայ եղած է Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան»-ի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսութեան, որուն յաջորդած է ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ: Այս առիթով ան ստորեւ տրուած իր սրտի խօսքը ուղղած է ներկաներուն. «Երբ փոքր-ինչ յայտնի մարդկանց զաւակները մեծանում են, փորձում են ծնողներից անջատուել: Փորձում են չյիշել, որ Հրանդի տղաներն...

ՀՄԸՄ-ը Գործեց Ամէնուրեք, Գործեց Բոլորի՛ն Համար, Բոլորի՛ն Հետ

ՀՄԸՄ-ը Գործեց Ամէնուրեք, Գործեց Բոլորի՛ն Համար, Բոլորի՛ն Հետ

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի սրահին մէջ կայացած ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութեան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին արտասանած խօսքը: 100 տարի առաջ, երբ ՀՄԸՄ-ի` Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադիրները Պոլսոյ մէջ հիմը կը դնէին հայ իրականութեան մարզական եւ սկաուտական մեծագոյն միութեան, դժուար թէ կարենային երեւակայել, որ 100 տարի ետք իրենց հիմնած միութիւնը անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ 100-ամեակ պիտի...

ՀՅԴ Գաղափարական Առաջադրանքները Ժողովրդային Դարձնողը ՀՄԸՄ-ն Է

ՀՅԴ Գաղափարական Առաջադրանքները Ժողովրդային Դարձնողը ՀՄԸՄ-ն Է

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի սրահին մէջ կայացած ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի տօնակատարութեան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանին արտասանած խօսքը: Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը կը յուշէ այս ծաւալուն կազմակերպութեան Հայաստանի Հանրապետութեան տարեկից ըլլալը: Պատմական իրադրութիւններու բերումով, սակայն, ՀՄԸՄ-ը առաւելաբար իր աշխատանքները ծաւալեց սփիւռքեան տարածքին, յատկապէս` Ցեղասպանութենէն վերապրած սերունդներու մարմնակրթական  եւ սկաուտական կազմաւորման առաքելութիւնը ստանձնելով: Սփիւռքեան ամբողջ գործունէութեան գաղափարական...

Ալեքսանդր Սաֆարեանը` Հայ-Թուրքական Յարաբերութիւնների, Թրքագիտութեան Խնդիրների Եւ Այլ Հարցերի Մասին

Ալեքսանդր Սաֆարեանը` Հայ-Թուրքական Յարաբերութիւնների, Թրքագիտութեան Խնդիրների Եւ Այլ Հարցերի Մասին

ԷԴՈՒԱՐԴ ԳԱԼՍՏԵԱՆ Analitik.am-ի զրուցակիցն է  ԵՊՀ թրքագիտութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսէօր Ալեքսանդր Սաֆարեանը. ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս եղաւ մասնագիտութեան ընտրութիւնը, ինչու՞ որոշեցիք նուիրուել թիւրքագիտութեանը: Պատմաբանասիրական հակումներ ունեցել եմ պատանեկութիւնից, նոյնիսկ բանաստեղծութիւններ էի գրում, որոնցից մի քանիսը հետագայում տպագրուեցին «Գարուն» ամսագրում` գրեթէ հարիւր հազար տպաքանակով: Արեւելագիտութեան բաժանմունք ընդունուել եմ 38 տարի առաջ, այն ժամանակ արաբական, իրանական եւ թրքական բաժինների ընդունելութիւնն ընդհանուր էր: Երբ ընդունուեցի,...

Նիկոլ Աղբալեանի Դասախօսութիւններու Հաւաքածոն «Հայ Մատենագրութեան Մասին»

Նիկոլ Աղբալեանի Դասախօսութիւններու Հաւաքածոն «Հայ Մատենագրութեան Մասին»

ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ  Այս նիւթերը քաղած եմ  Նիկոլ Աղբալեանի «Դասախօսութիւններ հայ մատենագրութեան մասին» Ն. Փալանճեան Ճեմարան իր տուած դասախօսութիւնները մէկտեղած գրքոյկի մը մէջէն` հրատարակուած Համազգային մշակութային ընկերակցութեան կողմէ, Պէյրութ, 1951-ին: Համալսարանին մէջ լսած էի այս գրքոյկին մասին, բայց չէի գիտեր, որ զայն պիտի գտնեմ հօրս գիրքերուն մէջ: Մեծ եղաւ ուրախութիւնս, երբ գտայ զայն: Անմիջապէս սկսայ թերթատելու եւ տեսայ, որ իր դասախօսութիւններէն...

Գաղափարական Տաճարի Հինգ Սիւներ (Լիզպոն 35-ամեակ) Գ.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ամպագոռգոռ խօսքերն ու շռայլամիտ միտքերը չեն, որ պիտի կարենան սահմանել գաղափարական տաճարին իսկութիւնն ու իմաստը, ոչ ալ ընթացիկ եւ հնաբոյր կարգախօսերը պիտի կարենան ապահովել անոր գոյութիւնը: Յաճախ հարց կու տանք մենք մեզի, թէ ի՞նչ պէտք է հասկնալ գաղափարական տաճար եւ կամ նմանօրինակ բառակապակցութիւններ օգտագործելով: Արդեօք 21-րդ դարուն տակաւին ի զօրո՞ւ է շքերթը գաղափարաբանութիւններու, որոնք իրենց լինելութիւնն ու հզօրանքը...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինքնավստահ Երեխաներ Մեծցնելու Համար

Կարպիս Համամճեանի Յիշատակին*

Ճիշդ է, որ Կարպիս Համամճեանի մահուան լուրը անակնկալ էր, տխրեցնող, այդուհանդերձ մեր մտքի պաստառին վրայ անմիջապէս ուրուագծուեցան յիշողութեան գեղեցիկ պատկերներ, որոնք կ՛առնչուէին Արագածի շրջանին, ժողովուրդին, ակումբին, տասնամեակներ հոն ապրած շատ-շատերու կողքին նաեւ ընկեր Կարպիսի համեստ կեանքին: Առաջին հերթին յայտնենք, թէ աւելի քան 40 տարուան խոր ծանօթութիւն մը ունէինք մեր սիրելի ընկերոջ հետ: Այո՛, այսօրուան պէս կը յիշենք, հազիւ պատանեկանի մեր...

Ընկեր Վահէ Յարութիւնեանի Յիշատակին

Ընկեր Վահէ Յարութիւնեանի Յիշատակին

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Կիրակի, 22 յուլիսի առաւօտեան, անհաւատալի եւ անսպասելի լուր մը կայծակնային արագութեամբ Հայաստանէն տարածուեցաւ արտասահմանեան բոլոր գաղութները: Առաջին հայեացքէն ոչ ոք հաւատաց, եւ ընկերային ցանցերու վրայ լուրի տեղադրումն ու անոր յաջորդող ընկերներու գրառումները յուզումով եւ միաժամանակ ընդվզումով պատեցին դաշնակցական շարքերը: Հայութեան եւ Հայաստանի ապրած բախտորոշ այս փուլին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի աշխատակազմի ղեկավար, կարգապահ զինուոր ընկեր Վահիկ Յարութիւնեան, թերեւս...

Page 672 of 1111 1 … 671 672 673 … 1,111

Արխիւներ