Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի Գործողութեան 35-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկին Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

Յուլիս 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ գիշեր, երբ բազմահարիւր հայորդիներու, բայց մանաւանդ երիտասարդ հայերու հետ միատեղ ջահերթով Սիս թաղամասէն դէպի Պուրճ Համուտի գերեզմանատան մէջ Լիզպոնի ուխտավայրը կ՛ուղղուէինք, մայթերուն թէ պատշգամներուն վրայ հարցական ակնարկներու հանդիպեցանք:

Իսկ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ հաւաքուած էր երիտասարդութիւնը` իր լրջութեամբ, կարգապահութեամբ, ծաղիկներու զետեղումով, մոմավառութեամբ, «ահա այսպէս արշաւեցինք» սրտաբուխ երգեցողութեամբ, ԼԵՄ-ի խօսքով, ընդհանուր երկիւղածութեան եւ յարգանքի առինքնող մթնոլորտին մէջ: Ներկաներուն աչքերէն տարբեր հարցադրումներ կ՛արտայայտուէին, եւ պահանջներ կը դրսեւորուէին:

Ջահերթի մասնակիցներուն մայթերէն թէ պատշգամներէն հետեւողներուն կամ հոգեհանգստեան ներկաներուն մեծամասնութիւնը 35 տարի առաջ ինքնանահատակման գացած Լիզպոնի հինգին ֆիզիքապէս ծանօթ չէր: Շատեր կա՛մ չէին ծնած տակաւին, կա՛մ այնքան փոքր էին, որ չէին արժանացած աննման հերոսներուն հետ անձնական ծանօթութիւն ունենալու:

Բայց ներկայ էին:

Ներկայ էին յարգանքի տո՞ւրք մատուցելու:

Ներկայ էին պարզապէս կարգապահութեա՞ն իբրեւ արտայայտութիւն:

Եկած էին իբրեւ աւանդի ժառանգո՞րդներ ու պահապաննե՞ր:

Եկած էին պարզապէս սովորամոլութեա՞մբ, թէ՞ ներկայ էին այսօր յաճախ կրկնուող ու բացասականութեամբ արտայայտուող անցեալի փառքերը յիշելու համար:

Ու կային բացականեր: Կան բացականեր այսօր եւս: Բացակաները կը մնան բացակայ:

Ազգերու պատմութիւնը, ազատագրական պայքարները, գաղափարական նուաճումները, հայրենասիրական պողպատացումները կը կատարուին ներկաներով, գործի հաւատացեալներով ու գործը շարունակելու երդումը պահպանող անհատներով:

Փաստօրէն, մեր երիտասարդութիւնը, որուն հանդէպ տարաբնոյթ որակումներ կը կատարուէին ու կը կատարուին միշտ, իր ներկայութեամբ 35-րդ անգամ ըլլալով եկաւ փաստելու, որ իրմէ դուրս կարելի չէ փնտռել մեր ժողովուրդի առաջ ցցուող հիմնահարցերու լուծման հետապնդումը, եւ ինք կամաւոր բանակն է, որ հակառակ իր սահմանափակ զէնքերուն, հաւատքն ու կամքը կը վերածէ պայթիւնի` քանդելու ամէն կապանք, խորտակելու ամէն պատնէշ եւ կրնկակոխ քայլերով կ՛ընթանայ առաջ:

Երէկ եւ այսօր, մենք կը հաւատանք, որ մարտունակ, հայրենասէր ու գաղափարապաշտ հայ երիտասարդը` հակառակ պարագայական տատանումներու, անհեռատես ընկրկումներու, հակառակ օտարամուտ կասկածելի եւ ազգաքանդ հովերու ժամանակաւոր ազդեցութեանց, կը մնայ առաջամարտիկը համահայկական, հայրենանուէր ազատագրատենչ գաղափարականութեան, մի՛շտ պատրաստ նորանոր նուաճումներ կատարելու:

27 յուլիս 2018-ին մենք կը յիշենք Հայաշէնի Սեդրակ Աճեմեանը, Նոր Ատանայի Սիմոն Եահնիեանը, Արագածի Սարգիս Աբրահամեանը, Զալքայի Արա Քրճըլեանը, Նոր Ամանոսի Վաչէ Տաղլեանը: Կը յիշե՛նք անձնուրացները Լիզպոնի, որոնք ծնած ու հասակ առած էին հայահոծ թաղամասերու մէջ, ապրած էին սփիւռքահայ երիտասարդի տառապանքը, մերժած էին հայուն պարտադրուած կեանքն ու անզուգական հերոսութեամբ կայացուցին ինքնազոհաբերման, ինքնանահատակման գիտակցական որոշումը, իմացեալ մահով մահը կոխկռտելու ու բացառիկ գաղափարական լիցքով, համոզումով ու մարտունակութեամբ արտայայտելու մահ կամ ազատութիւն դիւցազնութիւնը:

Անոնք` Լիզպոնի անձնուրացները, առանձնացած ծնունդը չէին մեր ժողովուրդին, ոչ ալ Լիզպոնի ինքնանահատակութիւնը առանձնացած գործողութիւն էր:

Տղաքն ու գործողութիւնը հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի աւանդներու ժառանգներն էին ու անխուսափելի շարունակութիւնը եւ արտայայտութիւնը` առանց արդար հատուցումի թշնամիին դէմ զէնքը վար չդնելու առողջ վարքագիծին:

Անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կար Գէորգ Չաւուշի, Աղբիւր Սերոբի, Նիկոլ Դումանի, Գալէի, Արամ Մանուկեանի, Խանասորի Վարդանի, Բաբգէն Սիւնիի, Դրոյի, Արշաւիր Շիրակեանի, Սողոմոն Թեհլիրեանի, Աբօ Աշճեանի ու հարի՜ւր հարիւր խոնարհ հերոսներու հոգիէն, մտքէն, կամքէն ու անձնուրացութենէն սերմեր, որոնք պարարտացան, ուռճացան ու պայթեցան ազատութեան բագինին վրայ:

Եւ նոյն այս անձնուրացներու նահատակութիւնը ժառանգ դարձաւ Մհերին եւ Վիգէնին, Դուշմանին ու Շահէնին, Պետոյին ու Արցախի ազատամարտիկներուն, եւ դեռ այսօր` Հայաստանի ու Արցախի սահմանապահ հայոց բանակի զինուորներուն:

Անցեալի նահատակները, Լիզպոնի նահատակներն ու այսօր ճակատի պաշտպան ու նահատակութիւնը յանձն առած երիտասարդները կը միանան մէկ ու միակ գաղափարի շուրջ` Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստան:

Ու եթէ երբեք 35 տարիէ ի վեր ու երէկ` ջահերթին, Լիզպոնի ուխտավայրին դիմաց եւ այսօր, հոս, հարցադրումներ արտայայտող աչքերու կը հանդիպինք, ու պէտք է հանդիպինք անկասկած, պատմութեան համար եւ` ապագայի, անհրաժեշտ է յիշել, վերյիշել ու յիշեցնել Լիզպոնի ինքնանահատակման գործողութեան էութիւնն ու թելադրականութիւնը:

Տարածուած ըսելաձեւ է, որ Լիզպոնը մաս կը կազմէ հակաթուրք պայքարի վերջին ժամանակներու ընդհանուր շղթային: Ըստ էութեան, թրքական թիրախներու դէմ շղթայազերծուած ու յստակ նախադրեալներով, ուղղուածութեամբ եւ նպատակներով ծրագրուած ու գործադրուած աքթերը բազմաթիւ էին, սակայն Հայ դատի ընդհանուր պայքարի շրջագիծին մէջ Լիզպոնը յաւելեալ ուժականութիւն տուող յատուկ առանձնայատկութեամբ գործողութիւն է: Յեղափոխական աւանդներուն վերադառնալու եւ մեր Դատը զուտ քաղաքական, խնդրարկուի դաշտէն դէպի ուժական պայքար փոխադրող լաւագոյն արտայայտութիւնն է Լիզպոնը:

Հակաթուրք կը բնութագրենք յաճախ այս պայքարը, որովհետեւ թուրքն է ցեղասպանը, բռնազաւթիչը եւ սփիւռքացնողը հայ ժողովուրդին: Եւ հայ ժողովուրդը իր բոլոր տեսակի զէնքերը պիտի ուղղէր այդ թշնամիին դէմ եւ ոչ թէ այլ տեղ` բնականաբար:

Լիզպոնի գիտակից ինքնանահատակման գործողութիւնը արդարութեան եւ իրաւունքի հաստատման յեղափոխական ու քաղաքական աքթ է` յիշեցնելու թշնամիին եւ անոր կողքին կանգնող բոլոր պետութիւններուն եւ ուժերուն, որ առանց հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերադարձին եւ արդարութեան վերականգնումին` կարելի չէ իրագործել ընդհանրական արդարութիւն, եւ կեղծ են արդարութիւն, մարդկային իրաւունքներ, հաւասարութիւն ու այլ գեղեցիկ, սակայն, ըստ էութեան, մեծապետական եւ ուժեղ պետութիւններու կողմէ շահագործուող յղացքները, որոնք ծառայած են ու դժբախտաբար կը շարունակեն ծառայել պետութեանց ռազմական, քաղաքական, տնտեսական ու առեւտրական առաւելութիւններու ձեռքբերման միայն:

Լիզպոնը, զայն կանխող կամ յաջորդող աքթերը տրամաբանականօրէն պիտի չառաջնորդէին գրաւեալ հողերու ազատագրման եւ իրաւունքներու ձեռքբերման: Անոնք ճնշումի միջոցներ էին` արդարութեան հաւատացող ժողովուրդի մը, որ յուսախաբութենէն ծնած ցասումով, արդարութեան բարկութեամբ ողջ աշխարհին կը ծանուցէր, որ ո՛չ ցեղասպանը, ո՛չ ալ ամենազօր ուժը կրցած են խորտակել հայու պահանջատիրութիւնն ու անոր աննկուն կամքը:

Պատգամ էր Լիզպոնը հայութեան համար: Ա՛յն հայութեան, որ սկսած էր խրուիլ ապասերման, մեղկացման տիղմին մէջ: Ա՛յն հայութեան, որ անհատակեդրոն իր կողմնորոշումները գերադաս կը նկատէր համահայկական ազգային պահանջատիրական գաղափարաբանութենէն: Ա՛յն հայութեան, որ տակաւին կը հաւատար, թէ մեր թշնամի պետութեան հետ կարելի է խելօք բարեկամութիւն հաստատել, մոռնալ անցեալը, փակել Ցեղասպանութեան էջը եւ սկսիլ նոր ու «քաղաքակիրթ» յարաբերութիւններու: Ա՛յն հայութեան, որ կը կարծէր, թէ փճացած է երիտասարդութիւնը, քանդուած է մարտունակութիւնը, մոռցուած են արժէքները, եւ հայութիւնը ճակատագրուած է ապրելու անհայրենիք ու գրաւուած հողերը, Արցախի թէ Արեւմտեան Հայաստանի, յաւիտենական սեփականութիւնը դարձած է զաւթիչներուն:

Լիզպոնն ու անոր նմանակները փաստօրէն զանգն է, ահազա՛նգը երիտասարդութեան վերազարթօնքին, որ գիտցաւ ըսել «Ո՛Չ»: Բարձրաձայն «Ո՛Չ», արեամբ ու գիտակից ինքնանահատակութեամբ` «Ո՛Չ»:

Եւ դեռ, Լիզպոնը վերազարթնող կանչն է ու կոչը` հայապահպանման, հայու ինքնութեան պահպանման ու ամրապնդման: Իրենց արեան իւրաքանչիւր բջիջով հայկականութեամբ կազմաւորուած հինգ հերոսները լաւապէս գիտակից էին, որ աստիճանաբար ուծացող հայութիւնն ու անոր երիտասարդութիւնը Հայ դատի պահանջատիրական ընդհանրական պայքարին մէջ չեն կրնար ամուր մնալ, երբ կը շարունակուի նահանջը, կը շարունակուի խուսանաւումը, կը զօրանայ հայը հայութենէն հեռացնող համաշխարհային փոթորիկը, կը հարուածուին հայկական արժէքները, ընտանիքը, աւանդութիւնները, կը նօսրանան հայախօսներու շարքերը, կ՛օտարանայ հայ մշակոյթը, դարպասները լայն կը բացուին օտարամուտ բարքերուն դիմաց, ու ինքնաբերաբար կը տկարանայ պայքարը, կը նահանջէ պահանջատիրութիւնը, եւ կը հեռանայ ու ժամանակի ընթացքին կը չքանայ «Ամբողջական Հայաստան, ամբողջական հայութիւն» պողպատեայ սրբազնութիւնը: Մէկ խօսքով, Լիզպոնը զգաստութեան հրաւէր էր, պահանջ, գնայունին  յանձնուող, թեթեւութեան տարուող, մակերեսայնութեան հպատակող զանգուածներուն, որպէսզի արժեւորեն մնայունը, հիմնականն ու խորքայինը:

Լիզպոնի անձնուրացները ամէն պատճառ ունէին հանգիստ կեանք ապրելու: Սքանչելի երիտասարդներ էին, իրենց անզուգական ընտանիքներուն մէջ ուրախութեամբ ապրելու պայմանները ունէին: Գիտէին հաճոյք կերտել, գիտէին սիրել, գիտէին խմել ու պարել, գիտէին ամէն ինչ, որ երիտասարդներուն կը վայելէ: Կրնային շարունակել այդ կեանքը, բայց ընտրեցին միւսը, վեհագոյնը, որ յատուկ է իրենց նմաններուն, հզօրներուն, որուն արժանի եղան իրենք, իսկ մենք` մեզպէսները, շարունակեցինք մեր կեանքը, որովհետեւ բոլորիս չի մատուցուիր նահատակութեան դափնեպսակը, կամ, անկեղծօրէն, այդ խիզախութիւնը չենք ամբարած:

Սրբազան այս խենթերը, ելք ու ճար գտնող այս խենթերը անձնական ոչինչ պահանջեցին իրենց ընտրած նահատակութեան փոխարէն:

Սեդրակը մեռաւ, որպէսզի ուրիշներ տեսնեն մայր հողը: Կարճ տարիներ ետք Արցախը ազատագրուեցաւ ու իր տարեկիցները գացին տեսնելու ազատ հողը. ուրիշներ` նոյն դաստիարակութեամբ տղաք, թէկուզ եւ չազատագրուած, ուխտաւորութեան գացին Արեւմտեան Հայաստան, իսկ դեռ ուրիշներ եռագոյնը կը բարձրացնեն Արարատի գագաթին:

Լաւ ու գէշ գործին տարբերութիւնը լաւապէս ճանչցող Սիմոնը գիտէ, որ բարիին ու չարին միջեւ բարին կը յաղթէ, արդարին ու վատին միջեւ արդարը կը յաղթէ, ու գիտէ, որ իր ընկերները, թէկուզ եւ` ժամանակաւոր ու անցողակի տատանումէ ետք, միշտ կը մնան լաւ գործի մարտիկներ:

Իսկ Արան, որ միշտ աճապարանքի մէջ էր, կը ձգտէր ժամանակը մօտեցնել: Եւ մօտեցաւ ժամանակը, անկախացաւ Հայաստանը, անկախացաւ Արցախը: Ու իր ընկերները եւ իր աւանդով սնանող նորահաս երիտասարդութիւնը իր կտակը չի կրնար չիրագործել:

Հայոց փրկութիւնը միայն զէնքով տեսնող Վաչէն գիտէ, որ իր վար դրած զէնքը գետին չմնաց, ու իրեն սերնդակից Վիգէնն ու Մհերը կարճ ժամանակ ետք Արցախի մէջ նահատակուեցան: Ու կան երիտասարդներ, ու պիտի գան ուրիշներ, որոնք բարձր պիտի պահեն այդ զէնքը:

Այո՛, Սագօ՛, հայրենիքը չի տրուիր, դուն կ՛առնես: Եւ դուն հայրենիքը չառիր, բայց գալիք սերունդներուն փոխանցեցիր հայրենիք ունենալու արժէքը, հրամայականը եւ հանգիստ եղիր,  որ մեր հայրենիքը թէեւ ոչ ամբողջական, թէեւ տագնապահար, սակայն վերադարձած է իր ժողովուրդին:

Համաշխարհային ապազգայնացնող սարսափազդու փոթորիկին դիմաց, մարդը իր ինքնութենէն հեռացնող եւ թիւի, մեքենայի կամ խլեակի վերածող հովերուն դէմ յանդիման, ժողովուրդներու անցեալն ու պատմութիւնը իբր թէ քննական իրապաշտութեամբ վերարտադրելու ու արժէքները, նուաճումները, հեղինակութիւնները քանդելու եւ անոնց նկատմամբ կասկած սերմանող յարձակումներուն դիմաց այսօր Լիզպոնի 35-ամեակին, հոս, Երեւան, Ստեփանակերտ թէ սփիւռքեան այլ գաղութներու մէջ, անգամ մը եւս վերանորոգուած ուխտով պարտինք բարձր պահել դրօշը, քաղցրութեամբ, հպարտութեամբ, յաճախ ինքնամոռացութեամբ շարունակել կրել համահայկական պահանջատիրութեան բեռը:

Լիզպոնի աննմանները ինկան իրականացնելու համար իրենցմէ առաջ նահատակութեան պատմուճանը կրած անմահներուն կտակը:

Անոնք ինկան` ճամբան բանալով ետքը եկողներուն դիմաց, որպէսզի շարունակեն սրբազան երթը:

Լիզպոնի երիտասարդները` մեր ընկերները նահատակուեցան յանուն Հայ դատի, յանուն հայկականութեան, յանուն ինքնութեան պահպանման, յանուն արդարութեան, յանուն իրաւունքի:

Երէկ եւ այսօր, անցեալին ու ներկայիս, աչքերուն մէջ երեւցող հարցադրումներուն պատասխանը Սիմոնի, Վաչէի, Արայի, Սեդրակի եւ Սագոյի բռունցքներուն, իրարու միացած բռունցքներու պայթումին մէջ է:

Ո՛չ մէկ կասկած, ո՛չ մէկ երկրորդ մտածում, ո՛չ մէկ անհիմն մանրամասնութիւն, ո՛չ մէկ նենգափոխում, ո՛չ մէկ բամբասանք, ո՛չ մէկ չկայացած հերոսութիւն, ո՛չ մէկ աւելորդաբանութիւն կրնան նուազագոյն փոշին դնել անոնց խիզախութեան, անձնուրացութեան եւ ինքնանահատակման վրայ:

Յարգա՛նք ձեր յիշատակին, սիրելի՛ ընկերներ:

Յարգա՛նք ու պատի՛ւ ձեր ընտանիքներուն, ձեզ ծնող մայրերուն եւ հայրերուն, քոյրերուն ու եղբայրներուն, մէկական գաղափարի զինուոր, խորհրդանիշ պայքարի:

Յանուն ազգի ազատութեան, դուք ձեզ պայթեցնող հայ երիտասարդներ, տիպար օրինակն էք մեզի` երէցներուս եւ ձեզի, սիրելի՛ երիտասարդներ:

Պահեցէք աւանդը:

Արժանի եղէք անոնց ժառանգին:

Բարձր պահեցէք հայութեան պատիւը բարձր պահող զէնքը: Զէնքը` հաւատարմութեան, զէնքը` հայկականութեան, զէնքը` հայրենիքի պաշտպանութեան, զէնքը` հայ լեզուի ու մշակոյթի պահպանումին:

Բարձր պահեցէք զէնքը ընկերասիրութեան, զէնքը` աշխատանքի, զէնքը` խոնարհութեան, զէնքը` իրերօգնութեան, զէնքը` դաւաճանութեան դէմ, զէնքը` հայութիւնը պառակտող եւ օտարացնող հովերուն դէմ:

Ու պահեցէք զէնքը սուրբ, զէնքը` արդարութիւն պարտադրող, զէնքը` ազատագրումին, զէնքը` թշնամիին դէմ:

Բոլոր անոնք, որոնք հանգիստ հող կը մտնեն, դուք էք անոնց յոյսը, սիրելի՛ երիտասարդներ:

Յուսախաբ պիտի չըլլան մեր նահատակ ընկերները:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Կը Կազմակերպէ Իր Սեփական Սփիւռքը` Հայկական Սփիւռքին Հետ Մրցելու Համար

Յաջորդը

Կրտսեր Պատանիներու Տարեկան Բանակում. ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Տարեկան Բանակումը` Նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?