Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ` Արմէն Յարութիւնեանին

Յուլիս 30, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Սիրելի՛ Արմէն Յարութիւնեան,

Տարին անցաւ եւ տակաւին չ՛ամբողջացուցիր կիսատ մնացած նամակդ:  Մեր ամէն տեսակցութեան խոստացար վերջացնել այդ նամակը եւ սկսիլ նորին:  «Հէյ վա՜խ, այնքա՛ն կուտակուած նորութիւններ կան», կ՛ըսէիր:

Օր մը, երբ քեզի յիշեցուցի Այնթապի յուշամատեաններուն պարագան‚ թէ` ցարդ հրատարակուած էին 3 հաստափոր հատորներ եւ առաւել` հատորիկ մը‚ դուն ալ իբրեւ հարազատ այնթապցի` յիշեցուցիր, որ հրատարակուած 3 հատոր նամակ ունէիր‚ առաւել` հայատառ մամուլին մէջ հրատարակուած եւ կէս հատոր կազմող մօտ 50 նամակ եւ տակաւին հազարաւոր գրուելիք նամակներ: Ունէիր իւրայատուկ երգիծաոճ‚ որ կ՛արտացոլար խօսակցութիւններուդ եւ նամակներուդ մէջ:

Չգրուեցան այդ նամակները եւ պիտի չգրուին ալ:  Ոչ մէկը պիտի կարենայ քեզի նման‚ քաջութեամբ‚ անխախտ ուղղամտութեամբ եւ անաչառութեամբ‚ իրականութիւնները բացայայտող նամակներ գրել:

Ասպարէզով արդիւնաբերող‚ զգացումով եկեղեցասէր, հաւատացեալ‚ պատկանելիութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի անդամ` երիտասարդ տարիքէդ եւ ապա` երկարամեայ ղեկավար‚ ապրումով հայ գիրի ու գրականութեան սիրահար եւ գործնապաշտօրէն ալ հայ դպրոցին‚ ուսուցիչին ու ուսանողին թիկունքն էիր:  ՀՈՊԻ-դ գիրքի ու մամուլի անօրինակ սիրահարութիւնդ էր:  Ժամերով եւ անյագօրէն կը կարդայիր եւ ընթերցողներուդ ալ բաժին կը հանէիր պոլսահայ, փարիզահայ, թէ երեւանեան թերթերէ կատարած արտատպումներով:

Սիրեցիր Հայ եկեղեցին‚ հայ դպրոցը‚ հայ խմբագրատունը‚ հայ մշակութային կեդրոնները:  Ունէիր բազմաթիւ անուանի ու վաստակաւոր գրող‚ մտաւորական‚ դաստիարակ ԻՐԱՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ‚ ինչպէս նաեւ (քու բառերովդ)` ՈԽԵՐԻՄ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ:  Գիտէիր իրաւ բարեկամութեան արժէքն ու արժեչափերը ու նաեւ` անկեղծ յարաբերութիւններու‚ վերաբերմունքներու տարողութիւնը.  եւ յաճախ ալ ժպիտով մը կ՛ունենայիր քեզի յատուկ «ՆՕ ԱԼՏԸՐՄԷՅՇԸՆ» արտայայտութիւնը:

Աշխարհը փոխուեցաւ եւ կը փոխուի‚ շրջապատդ փոխուեցաւ‚ բարեկամներդ փոխուեցան‚ եւ սակայն դուն չփոխուեցար:  Մերժեցիր փոխուիլ:  Մնացիր նոյն պարզ‚ հարազատ‚ սկզբունքներուն հաւատարիմ ինքնատիպ անձնաւորութիւնը:

Ճակատիդ քրտինքէն առատօրէն բաժին հանեցիր քու ընկալած սկզբունքներուդ ուղղութեամբ: Անշեղ սկզբունքով կը հաւատայիր մարդակերտումի գաղափարին:  Տարիներով յաւելեալ ամսական յատկացուցիր հայոց լեզու եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդող ուսուցիչներու:  Թոշակ կապեցիր համալսարանական անհամար ուսանողներու:  Գրական հրատարակութիւններու մատենաշար մը հաստատեցիր քու եւ սիրելի կնոջդ անունով:  Այսօր այդ մատենաշարէն հրատարակուած են արժէքաւոր 60 հատորներ:  Անմիջական օգնութիւնդ չզլացար բազմաթիւ յայտնի եւ անյայտ կարիքաւորներու:  Եւ այս բոլորը կատարեցիր` հակառակ ունեցած յուսախաբութիւններուդ‚ պատասխանատու անձերու անտարբերութեան ի տես:

Չէիր կրնար հանդուրժել սրբութիւնները սրբապղծողները:  Չէիր կրնար ընդունիլ հայ դպրոց փակողներու որոշումները, որքան որ ալ արդարանալի պատճառներ տրուէին‚ չէիր կրնար ընդունիլ հայ լեզուի ուսուցիչներու թիւի նօսրացումը‚ չէիր կրնար ընդունիլ Հայ եկեղեցւոյ մէջ կամ շուրջ ստեղծուած տագնապը‚ չէիր կրնար ընդունիլ արեւմտահայերէնի աղաւաղումը եւ չէիր ընդունիր հայ տպագիր մամուլին անշքացումը:

Հիմա կ՛երթաս հոն‚ ուրկէ եթէ նոյնիսկ գրելու կարելիութիւնը ունենաս‚ նամակներդ պիտի չհասնին մեզի:  Եւ միով բանիւ‚ մեր անփառունակ կացութիւնը պիտի շարունակուի‚ մեր տագնապները աւելի եւս պիտի սրին:  Քու բացակայութիւնդ անխուսափելիօրէն պիտի զգացուի:

Ափսո՜ս‚ «ՊԷՅՐՈՒԹԷՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ»-ը դադրեցան. դադրեցաւ նաեւ ազնիւ ու մաքուր խիղճ ունեցող սիրտին տրոփիւնը:

Յիշատակդ ու ժպիտդ վառ պիտի մնայ մեր բոլորին յիշողութեան մէջ:

Շա՛տ պիտի կարօտնանք քեզ:

 

 

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանները Ծառայութեան Մէջ

Յաջորդը

Ազրպէյճան Կը Կազմակերպէ Իր Սեփական Սփիւռքը` Հայկական Սփիւռքին Հետ Մրցելու Համար

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?