Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սահմանի Բացման Ենթաուղերձն Ու Սպասուող Բուն Ուղերձը

Յուլիս 30, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստանը պատրաստ է առանց որեւէ նախապայմանի բացել Թուրքիայի հետ սահմանը»: «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին մէջ այս մասին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան (news.am):

Լուրի կամ աւելի ճիշդը խորագիրի հաւաստիութիւնը խնդրոյ առարկայ է: Մանաւանդ որ սահմանի փակումէն ի վեր Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան այս գերակայ ուղղութեան վերաբերող խնդիրին մէջ միշտ ցուցաբերուած է հետեւողականութիւն` սահմանի փակումին ամբողջական պատասխանատուութիւնը բարդելով Անգարայի ուսերուն: Անգարան է, որ պատրուակելով կամ ուղղակի պատճառներէն մէկը նկատելով Արցախի մէջ հայկական ուժերու ներկայութիւնը, փակած է Հայաստանի հետ սահմանը: Ո՛չ միայն փակած է, այլ այս մասին նաեւ յայտարարած եւ տակաւին` Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու ձեռնարկման կամ բնականոնացման նախապայմաններէն մէկը նկատած:

Նախապայմանային քաղաքականութիւն կիրարկելու իրողութիւնը Երեւանի կողմէ կը շարունակուի մատնացոյց ըլլալ միջազգային հանրային կարծիքին եւ միջազգային ընտանիքին ընդհանրապէս: Եւրոպայի վերջին փակ սահմանի մասին բազմիցս արտայայտուած են Երեւանի ներկայացուցիչները տարբեր առիթներու:

Լրատուութեան մէջ կը փարատի այս մասին տարբերութիւն մտցնելու հաւանականութիւն, երբ վարչապետը կը վերահաստատէ, որ «գիտէք` խնդիրն այն է, որ Հայաստանը չի փակել Թուրքիայի հետ սահմանը: Իրականում Թուրքիան է փակել Հայաստանի հետ սահմանը: Իրականում հայկական կողմից սահմանը բաց է, եւ որոշումը Թուրքիան պէտք է կայացնի»:

Տարածաշրջանային ներկայ խնդիրներն ու Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը այդ բոլորին մէջ չեն յուշեր, որ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման կամ սահմանի բացման մասին բանակցութիւններու  ձեռնարկելու կարելիութիւնները բարձր են: Միանձնեայ կառավարման համակարգ օրինականացուցած, աշխարհին հետ սպառնալիքներով խօսող եւ ներքին սուր հարցեր դիմագրաւող Անգարան գէթ ներկայ պահուն Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման կամ դիւանագիտական կապերու հաստատման  համար բանակցութիւններու նախաձեռնելու պատճառներ չունի:

Այս բոլորով հանդերձ քաղաքականօրէն նպատակայարմար է միջազգային հանրութեան ամէն առիթի շեշտելը, որ Երեւանը համաձայն է առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու բնականոնացման ձեռնարկելու: Այստեղ թէեւ միայն սահմանի բացման մասին է խօսքը, սակայն պարզ է, որ սահմանի բացման որոշումին յանգիլը պէտք է դիտարկել դիւանագիտական կապերու հաստատման ընդհանուր համաձայնութեան շրջագիծին մէջ:

Եթէ ոչ անպայման ներկայ պահուն, բայց հետագային պիտի հետեւի հայկական կողմէն յայտարարութեան երկրորդ բաժին մը: Հայկական կողմը միջազգային ընտանիքի առաջադրած ծրագիրներուն ընդառաջ քայլեր առնելու պատրաստ է, հետեւաբար հանգուցալուծման արգելակող կողմն ու ընդառաջող կողմը միեւնոյն պահուածքին արժանի չեն: Յար եւ նման արցախեան հարցի կարգաւորման համար որդեգրուած դիրքորոշումներուն, միջնորդներու կոչերուն եւ կայացած պայմանաւորուածութիւնները յարգելու եւ ընդհանրապէս ցարդ արձանագրուածներուն առումով համահաւասարեցում պէտք չէ կիրարկել կողմերուն նկատմամբ:

Պաշտօնական Երեւանը բարձրագոյն մակարդակներով եւ  տարբեր ուղղութիւններով սկսած է իր կեցուածքն ու բարձրաձայնումները աւելի շեշտակի կատարել, անուղղակի հասցէներէն հետզհետէ աւելի ուղղակի հասցէականացումներ փոխանցելով:

Այս յայտարարութիւնը ունի ենթաուղերձ: Պատասխանատուն Անգարան է սահմանը փակելու, զայն փակ պահելու եւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը արգելակելու: Իրմէ պէտք է ակնկալել քայլ առնելու նոր նախաձեռնութիւն: Եւ մինչեւ այստեղ պաշտօնական Երեւանի ցարդ որդեգրած մօտեցումին հետեւողականութիւնը նկատելի է:

Պաշտօնական յայտարարութիւններու նորովի մօտեցումներն, ու բովանդակային նրբերանգները նկատելով կ՛ակնկալուի ենթաուղերձի ուղղակի բարձրաձայնում` միջազգային ճնշումի պահանջ Անգարայի վրայ երկիր շրջափակած ըլլալուն համար: Համահաւասարեցման խաղի կանոններու շրջումի հրամայական:

Այդ բարձրաձայնումները թէեւ ներկայ քաղաքական պայմանները նկատի ունենալով որեւէ առարկայացում չեն գտներ եւ գէթ ներկայ իրավիճակը գնահատելով` բեկումնային նոր պահ չեն ստեղծեր, այնուամենայնիւ, տուեալ մը եւս կ՛աւելցնեն միջազգային ընտանիքին նկատմամբ կարծր դիրքորոշումներու, սպառնական յայտարարութիւններու եւ տարբեր ուղղութիւններով նախապայմանային քաղաքականութիւն կիրարկող Անգարայի ստուար թղթածրարին մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

Վարչապետ Փաշինեան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Է Լուքաշենքոյի Հետ

Յաջորդը

Ռոնալտօ Այսօր Կը Սկսի Եուվենթուսի Հետ Իր Փորձերուն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?