Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները (Ա.)

Յուլիս 31, 2018
| Անդրադարձ
1
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Հայաստանի ձիաբուծութիւնը, ձիերու ընտելացումը եւ մարտական կառքերու զարգացումը ունի հազարաւոր տարիներու պատմութիւն, մինչեւ` անյիշատակ ժամանակներ: Հայկական Բարձրաւանդակը` լեռնաշխարհը հնագոյն ժամանակներուն հռչակաւոր էր ձիաբուծութեան եւ ձիավարժութեան մէջ, վկայ` երկաթէ դարուն (ՔԱ  շուրջ 3000-700) պատկանող ձիու ժայռապատկերները: Երկրորդ փաստը` հայերէնի հոմանիշներու եւ այլ բառարաններուն մէջ «Ձի» բառին հետ առնչութիւն ունեցող` տեսակներ, գոյն, իրեր, արհեստներ եւ այլն, հարուստ ու բովանդակ բառամթերքը, աւելի քան 250 բառ, տակաւին առանց նկատի առնելու մեր տասնեակներով բարբառները:

Այսպէս` ձի = երիվար, նժոյգ, ասպ. բեռի` գրաստ. խոշոր, թանձրամարմին` անդրուար, ասպ, անդր, անդրուվար, քոթալ: Մատակ, էգ` զամբիկ, ճայիկ, ճակ, մատակաձի, մատեան, զարմուհի, սարակ, ռահվար, արշաւաձի, մատակախազ, մատակախանձ. սերունդ ստանալու` զարմանի. մատակ կոյս` դեժպուհի, զարմուհի. մալած էգ` քածավարոտ, թաղամսաւոր: Խարստի, արու` յովատակ, փահլ, որձաձի, ճաւակ, այդր. սերնդագործող արու` մատակախազ, խարոտի, հարստի, փահլ. մալեալ` կրճատաձի: Սպիտակ` ճերմակ, պաշօ, պաշ, փոթօ. սեւ` սեւաձի, սեաւ. շիկագոյն` աշխէտ, աշխիտաձի, երաշխ. թխակարմիր` շառատ. մոխրագոյն` մողօշիկ. բաց դեղին` դեղձանաձի. սեւ ու ճերմակ` ճանճկէն, ճան, սպիտակաձի, ճանճերմակ, սպիտակախայտ. սպիտակախայտ ոտքերով` կոստնտոտիկ. սպիտակ սեւախայտ` ճարտուկ. մանր` բռչոյ, պէչասպիկ, ձիուկ: Մատակ ձագ` ճայիկ. արու ձագ` մտրուկ, ձիաքուռակ, մատաղաձի, յովանակ. դեռատի` մտրուկ, քուռակ, մինչեւ 30 ամսու` մտրուկ աւելի մեծը` ձիաքուռակ, մատաղաձի: Ազնուացեղ` դզի, խեղակ, նժոյգ. հեծնելու ընտիր` նժոյգ. սրավար` գեղազատ. արագընթաց` արաբիկ, արարիկ, արուայիկ. հպարտ քալուածքով` սիգաքայլ ձի. հեծնելու` համետաձի, ռահվար, արշաւաձի. կառքին լծելու` վարգաձի, վարգան. սայլի` սայլաձի, կառաձի. հեծնելու եւ կառքի` երկանպատակ. արօրի` արօրաձի. թղթատարի` մտրակավար երիվար. թղթատարական կայաններու մէջ փոխելու` հանգուցաձի, փոխձիան. դաշտի` դաշտաձի. ծառայութեան` սպասաձի. անպէտք, քոսոտ` ձիուկ. գէշ` վատաձի. խիստ, ըմբոստ` փրփրերախ, խստերախ, արհիպարանոց, պերճասոսորդ, խեռ. կից զարնող` կիցընկէց. ընկրկող, խրտնող` խրչան, խրտան: Կռիւի` մրտաձի. բանակի` այրուձի, հեծելազօրք, հեծելագունդ ազնուականներու`ազատազօրք, ազատագունդ, ազատախումբ բանակ. համազասպ` ան որ խումբով ձիեր ունի: Ձիաւոր` հեծեալ, հին ազնուական` ասպետ: Թեւաւոր` հրեղէն ձի, բեկաս. պոսիդոնի (Poseidon) երիվար` ծովաձի:

Ձիերով զարդարուած պրոնզէ գօտի, Սանահին ՔԱ 10-9-րդ դար

Ձիուն պոչին մազը` ձար, վիզին` բաշ, բարշ, ոտքը` սմբակ, պոչը` ձիագի, ձիաձետ: Ձիուն սմբակին երկաթը` պայտ, լուսին. պայտը գամող` պայտար: Թամբին երկու կողմերէն կախուած օղակ` ասպանդակ: Ձիերու պոչին տակէն անցնող կաշին` ագեկալ, ագեփոկ: Ձիու կազմած` թամբ, հեծանելիք. կապը` թամբակալ, թանգ, գաշիկ: Ձիուն երախէն անցուած երկաթ եւ կաշի` սանձ, լկամ, ճիմ, դանդանաւանդ, բերանոց: Ձիերու պահպանման վայր` ախոռ, ձիաստան, ասպաստան: Ձիերը դարմանող` ձիադարման, ձիաբուժ, ձիաբան, ձիագէտ, ձիաբոյծ, ձիապան, ձիատած: Ձիերու մրցման վայր` ձիարձակարան, ձիարշաւարան: Ձիով արշաւել, ոտնակոխ ընել` ասպատակել: Ձիու ճանճ` ձիաստաց, ձիապիծակ (1): Հաւանաբար կան նաեւ այլ բառեր, որոնք առընչութիւն ունին ձիերու հետ, զոր փնտռտուքէս վրիպած է:

Վիգէն Աւետիսեանի «peopleofar.com» հայկական-պատմագիտական կայքէջի` «Հայաստան` ձիերու երկիր» (2) անգլերէն յօդուածէն նաեւ քաղուածաբար  մէջբերուած են կարգ մը հատուածներ:

Ըստ աւանդութեան, սուրբգրային Թորգոմէն սերած հայ ժողովուրդը, որ Աստուածաշունչին մէջ նշուած է իբրեւ Թորգոմայ Տուն, Եզեկիէլ մարգարէ կ՛ըսէ «… Թորգոմայի տունէն քու վաճառանոցներդ կը բերէին ձիեր եւ ձիաւորներ…» (3):

«Հայկական ձիեր եւ ջորիներ կը վաճառուէին փիւնիկեան Սուր քաղաքի տօնավաճառներուն…

«Իբրեւ տուրք` ոսկիի եւ արծաթի փոխարէն, հայկական սատրապը տարեկան 20 հազար մտրուկ` ձիու քուռակ պէտք էր ղրկէր Պարսկաստան…

«Ապացոյց կայ, որ ՔԱ շուրջ 600-ին Հայաստանը արդէն ճանչցուած էր իբրեւ ձիաբուծութեան շրջան» (4):

Յոյն փիլիսոփայ, պատմագէտ եւ զօրավար Քսենոֆոն (ՔԱ 430-354) գրած է, որ Երուանդունիները (ՔԱ 570-72) ունէին 8 հազար հաշուող այրուձի` ձիաւոր ռազմիկ:

Յոյն աշխարհագրագէտ Ստրապոնը նաե՛ւ ՔԱ 20-ին գրած է, որ հնադարեան պարսիկները իբրեւ տուրք, փոխան ոսկիի, Հայաստան սատրապէն 20 հազար ձիեր կը «գանձէին» իրենց բանակին եւ թագաւորական պահակագունդին համար: Հաւասարապէս մեծարուած էր հայկական հեծելազօրը` այրուձին (5) :

Ֆրանսացի հնագէտ Վիքթոր Շաբոթ (1873-1954) կը գրէ. «Ինչ որ կ՛ըսեն Հայաստանի մասին, կ՛ապշեցնէ մեզ: Ինչպէ՞ս կարողացած էր այս լեռնային ժողովուրդը յառաջացնել հեծելազօրքեր, որոնք կը մրցէին մարերու ձիաւորներուն դէմ: Մէկ բան հաստատ է, որ Հայաստանը աղբիւր էր գերազանց եւ լաւ բուծած ձիերու: Այս ժողովուրդը գտած էր, որ ձիերը ոչ միայն տնտեսական դրամագլուխ են, այլ նաեւ կարելի էր զանոնք օգտագործել ռազմական նպատակով»:

Յոյն պատմաբան Պլուտարկոսը ՔԱ 127-45 գրած է, որ հայ ձիաւոր նետաձիգները կրնային թշնամին սպաննել 200 մեթր հեռաւորութենէն, իրենց մահացու ճշգրիտ նետերով (եւ շուրջ երկու մեթր աղեղով, ՅՉ):

Հռոմայեցիները կը հիանային եւ կը յարգէին հայ հեծելազօրին քաջութիւնը եւ ռազմական ոգին, կորիզը` Մեծն Տիգրանի բանակին: Հռոմայեցի պատմաբան Սալուստիոս Քրիսփոս ՔԱ 86-35 գրած է, որ հայկական հեծելազօրը` այրուձին, «յատկանշական էր իր ձիերուն եւ զրահին գեղեցկութեամբ»: Հայաստանի մէջ հին ժամանակներէն ի վեր ձիերը զինուորին ամէնէն կարեւոր ունեցուածքը եւ հպարտանքը կը համարուէին (6):

Պեւըրլի Տէյվիս 2007-ի «Ձիերու զարգացման ժամանակացոյցը» (7) պատմական ընդհանուր աշխատանքին մէջ Հայաստանի ձիերու ընտելացման վերաբերող հետեւեալ ժամանակացոյցը նշած է`

1.- «ՔԱ 3000 ժամանակաշրջանի Հայաստանի մէջ գտնուած ժայռապատկերները ցոյց կու տան ցարդ ամենահին նկարները, ուր մարդիկ կը քշեն ձիով բանող ռազմակառքեր, սայլեր եւ արօրներ:

2.- ՔԱ 2000 ժամանակաշրջանին պատկանող, գերազանց վիճակի մէջ գտնուող սայլեր յայտնաբերուած են, որոնք աշխարհի ամենահին սայլերն են (տե՛ս վերի նկարը):

3.- ՔԱ 1074-ին Ասորեստանի թագաւոր Թիգլաթպալասար Ա.-ը ձիերու տիրանալու համար կը յարձակի Հայաստանի վրայ:

4.- ՔԱ 36-ին հռոմայեցի զօրավար Մարկոս Անտոնիոսը պարթեւներէն պարտութիւն կրելէ ետք կ՛ապաստանի Հայաստան, ուր Արտաւազդ թագաւոր 6000 զրահապատ ձի եւ 7000 զինուոր կը տրամադրէ անոր, մարերուն դէմ պատերազմելու համար (5):

5.- 111-114` Հռոմ նիսէեան ձիերու երկիր Հայաստանը կայսրութեան կը կցէ:

6.- 396-ին հոները Հայաստանի վրայ կը յարձակին ձիեր եւ հարստութիւն թալանելու համար»:

Հնագիտական նոր յայտնութիւններ. «Շէնգաւիթի եւ Նոր Նաւեր գիւղի պեղումներուն ընթացքին, աւելի կանուխ` ՔԱ 4000-3000 թուականներու պատկանող այլ իրերու կողքին, մեծ քանակութեամբ ձիու ոսկորներ յայտնաբերուած են», կ՛ըսէ հնագէտ Յակոբ Սիմոնեանը` աւելցնելով, որ հայեր շատ մը ձիու տեսակներ բուծած էին: Իսկ գերմանացի կենդանաբանական հնագէտ Հանս Փիթըր Վերթմանը կը յայտնէ, որ հնագիտական ամբողջ Արեւելքին մէջ այս քանակութեամբ ձիերու մնացորդ չէ տեսած, աւելի՛ն, այս գտածօները կը փաստեն, որ հայերը հնագոյն ազգերէն էին, որ ռազմական գործածութեան ձիեր կը բուծանէին:

Հնագէտներ նաեւ պեղած են ՔԱ 25-20-րդ դարու եօթը շիրիմներ, ուր գտնուած են ձիու ոսկորներ եւ ժայռանկարներ` փաստելով ձիու ընդարձակ բուծում:

Միջնադարերուն հայերը շարունակեցին ձիու վարպետութեան այս աւանդութիւնը, եւ այդ օրերու հրաշալի գիտական գրականութեան մէջ կան  ձեռագիրներ, որոնցմէ մի քանին մնացած են մինչեւ այսօր: Ցարդ, հնագոյն հայերէն, 184 էջերէ բաղկացած ձիերու բժշկութեան ձեռագիր ուղեցոյց-գիրքը գրուած է Կիլիկիոյ թագաւորութեան ժամանակ` 1295-1298-ին, տե՛ս վերի նկարը:

Առաջին գլուխը կը բացատրէ ձիու ստեղծումը: Յաջորդող գլուխները կը նկարագրեն ձիերու լաւ ու վատ յատկութիւնները, բուծանելը, այդ ժամանակուան յայտնի տարբեր տեսակները, վարժեցնելը եւ ձիավարելը, ձիու խնամքը եւ թերութիւնները: Վերջին գլուխները կը վերաբերին տարբեր ցաւերու, ինչպէս նաեւ` հիւանդութիւններու, ախտանիշներու եւ բուժումի: 13-րդ դարու ձիաբուժութեան մասին այս ուղեցոյցը առաջին անգամ 2005-ին թարգմանուած է գերմաներէնի: Ձեռագիր մատեանը Հայաստանի ամենահին պահուած կենդանաբուժական բժշկական աշխատասիրութիւնն է, որ կ՛ընձեռէ ձիերու վերաբերեալ մասնագիտական գիտելիքներու ընդհանուր տեղեկութիւն` 13-րդ դարու վերջին, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ:

Հին ժամանակներուն (ՔԱ) Վայոց ձորի Արին գիւղի անունը Քուռկախաղաց Տեղեր կոչուած է. գիւղէն անցնող նշանաւոր անձնաւորութիւն մը տեսնելով ձիերու երամակը, զամբիկներու ետեւէն եկող քուռակներու խաղը, հիանալով ըսած է. «Ինչ լաւ քուռկախաղ է»: Ու քանի որ այդ ժամանակ ձիու նկատմամբ պաշտամունք եղած է, բնակիչները այդ գիւղը կոչած են Քուռկախաղաց Տեղեր (8):

6 փետրուար 2018
(Շար .1)

(1)  ( http://www.nayiri.com/dictionaries.jsp?l=hy_LB )

(2)  ( http://www.peopleofar.com/2011/10/29/armenia-the-land-of-the-horse/ )

(3)  Աստուածաշունչ մատեան, Մարգարէութիւն Եզեկիէլի գլ. ԻԷ, 14-րդ համար:

(4)  «Ծագումը եւ ազդեցութիւնը զտարիւն (անխառն) ձիին» էջ 193: The Origin and Influence of the Thoroughbred Horse, William Ridgeway, Cambrige University Press, 1905:

(5)  ( http://www.perseus.tufts.edu/hopper/text?doc=Perseus%3Atext%3A1999.01.0239%3Abook%3D11%3Achapter%3D14)

(6) (https://en.wikipedia.org/wiki/Kingdom_of_Armenia_(antiquity) )

(7) ( http://www.sino-platonic.org/complete/spp177_horses.html )

(8) ( https://hy.wikipedia.org/wiki/Արին )

 

Նախորդը

Կատարողական Քառուղիներ. Բ. Անցեալ Դարը

Յաջորդը

Ճամբարը` Հայրենիքի Եւ Սփիւռքի Միջեւ Կապերը Սերտացնելու Միջոց

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Comments 1

  1. Յարութ Չէքիճեան says:
    7 years ago

    «184 էջերէ բաղկացած ձիերու բժշկութեան ձեռագիր ուղեցոյց-գիրքը գրուած է Կիլիկիոյ թագաւորութեան ժամանակ` 1295-1298-ին, տե՛ս վերի նկարը»: Այս ձեռագիրը Սիսի մէջ գրուած է եւ այժմ կը գտնուի Երեւանի Մատենադարանին երրորդ յարկը, ցուցադրելով այս էջը:

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?