Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Տասնմէկ տարեկան էի, երբ զրկուեցի դպրոցից, ուսուցիչներից: Այնուհետեւ գրքերը դարձան իմ ուսուցիչները, իմ դաստիարակները, լեռնականի իմ անտաշ հոգին յղկողները»:
Ինքնակենսագրական այս խոստովանութեան հեղինակն է հայ գրականութեան մէջ իր ուրոյն աշխարհը ստեղծած, գիրքն ու բնութիւնը ուսուցիչ ընտրած եւ պարզ ու բարի մարդոց կեանքն ու մարդկային հոգիի ազնուագոյն գեղեցկութիւնները լոյսին յանձնած Վախթանգ Անանեանը, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք այսօր:
Որսորդական արկածախնդրութեանց, մանկական պատմուածքներու եւ Հայաստան Աշխարհի բնութեան նուիրուած հետազօտական ուսումնասիրութիւններու ժրաջան հեղինակն ու բարեպաշտ պատմիչն է Վախթանգ Անանեանը, որ ծնաւ յուլիս 26-ի այս օրը, 113 տարի առաջ, հայոց հողի գեղեցկագոյն շրջաններէն Դիլիջանի Պօղոսքիլիսա (հետագային` Շամախեան) գիւղը:
Որսորդական արկածախնդրութեանց կախարդանքը, կենդանական աշխարհի վայրի, այլեւ անսպառ կենսունակութիւնը եւ հայրենի կանաչ բնութեան ամբողջ գեղեցկութիւնը, իրենց ամենայն պարզութեամբ ու մարդասիրական խոր ընկալումով, տաք ու համով հացի պէս ձեռքէ ձեռք խլուող գրական սնունդի վերածուեցան Վախթանգ Անանեանի գրիչին տակ:
Հայոց սերունդներու պատանեկան տարիքի ընթերցանութեան անբաժան ընկերակիցը դարձան իր «Յովազաձորի գերիները», «Սեւանի ափին» եւ «Որսորդական պատմուածքներ» շարքի բազմահատոր գործերը, ուր Վախթանգ Անանեան ի մի բերաւ պարզ ու վճիտ հայերէնով, կերպարներու եւ պահերու դիպուկ շնչաւորումով, գեղարուեստական պատումի տաղանդով եւ մարդկային ու բնական աշխարհի պաշտամունքով յագեցած գրական հարստութիւն մը:
Մեծն Պարոյր Սեւակ փաստօրէն կ՛արտայայտէր մեր ժողովուրդին անխառն գնահատանքը` օրին հաստատելով, որ`
«Վ. Անանեանի «Սեւանի ափին» վիպակը մի նոր նուաճում է ինչպէս հեղինակի, այնպէս էլ մեր գրականութեան համար:…Նա գրում է հիւթեղ, պարզ ու հասկանալի, ժողովրդական բառ ու բանով հարուստ, հետաքրքիր լեզուով: Նրա լեզուամտածողութիւնը գերազանցապէս հայերէն է, զերծ` օտարութիւններից»:
Տարբեր ալ չէր կրնար ըլլալ գրական-ստեղծագործական ժառանգութիւնը Վ. Անանեանի, որուն կեանքն ու գործը առաջնորդուեցան այն փիլիսոփայութեամբ, թէ` «այն` ինչ մարդը կարող է սովորել ու հասկանալ դժբախտութեան մէկ օրում, չի կարող հասկանալ բարեկեցիկ կեանքի մի քանի տարում»…
Վախթանգ Անանեանը իր մանկութիւնը անցուց հայրենի գիւղին ու բնութեան գիրկը: Սկզբնական կրթութիւնը ստացաւ տեղւոյն գիւղական դպրոցին մէջ: 1915-ին ընդունուեցաւ Դիլիջանի ծխական դպրոցը, բայց ուսման վարձը չկարենալով վճարել` երկու տարի յետոյ դուրս մնաց դպրոցէն: Ինչպէս «Հայկական հանրագիտարան»-ը կը վկայէ, հետագային գրողը ցաւով պիտի յիշէր`
«Աւարտուեց իմ ուսման ժամանակաշրջանը: Դրանից յետոյ իսկական դպրոց այլեւս չեմ տեսել: Իմ դպրոցը եղել է մայր բնութիւնը, որի գրկում ես մեծացել եմ»:
1926-ին ան տեղափոխուեցաւ Երեւան, ուր աշխատեցաւ «Մաճկալ» (1930-1931), «Սոցիալիստական Գիւղատնտեսութիւն» (1931-1935) թերթերու խմբագրութեանց մէջ: Եղաւ «Կոլխոզնիկ» թերթի պատասխանատու խմբագիր (1935): 1941-ին, հարիւր-հազարաւորներու շարքին, Վ. Անանեանը զօրակոչուեցաւ բանակ եւ, մինչեւ Բ. Աշխարհամարտի աւարտը մասնակցեցաւ Խորհրդային Միութեան մղած այսպէս կոչուած մեծ հայրենականին: Նախախնամութիւնը զինք ողջ պահեց, եւ 1945-ին վերադառնալով պատերազմէն` ան նոր թափով վերսկսաւ ստեղծագործական իր աշխատանքը:
Այդպէ՛ս, տասնամեակներու վրայ երկարած իր անխոնջ աշխատանքով ու բեղմնաւոր գրիչով Վ. Անանեանը արժանաւորապէս դարձաւ հայ գրականութեան մէջ արկածախնդրութեանց պատումի գրական սեռին հիմնադիրը` ստեղծելով հայ արձակի մնայուն արժէքներ: Ընթերցող լայն հասարակութեան առջեւ բացաւ կախարդանքներու նոր աշխարհ մը եւ հրաշքներու ամբողջ գանձարան մը, որոնք գերեցին մանուկ թէ տարեց ընթերցողը: Իր ստեղծագործութիւնները մեծ ճանաչումի եւ լայն ժողովրդականութեան արժանացուցին Վ. Անանեանը:
Իր առաջին ստեղծագործութիւնը` «Չոլախ Թաքոն» հրատարակուեցաւ «Պիոներ» ամսագրի էջերուն, 1927-ին: Իսկ առաջին վիպակը («Կրակէ օղակի մէջ») լոյս տեսաւ 1930-ին: 1934-ին հրատարակեց «Որս» անունով պատմուածքներու ժողովածուն, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր բնութեան, եւ շուտով ընթերցողը փարեցաւ անոր գրչին` իբրեւ հայրենի բնաշխարհը հետաքրքիր ու գեղեցիկ պատկերներով նկարագրող հեղինակի:
Իր մեծարժէք գործերէն համարուող «Սեւանի ափին» վիպակը լոյս տեսաւ 1951-ին: Այդ գործով հեղինակը հաստատագրեց` իր մարդասիրական եւ հայրենասիրական շունչը, հայրենի բնաշխարհի գեղեցկութիւնը կեանքով շնչաւորուելու տաղանդը, համոզիչ կերպարներ ստեղծելու արուեստը եւ գրելաձեւի ինքնատպութիւնը:
1947-1966 լոյս տեսան Վ. Անանեանի որսորդական պատմուածքներու վեց պրակները: Այս շարքը նոյնպէս նուիրուած է հայրենի բնաշխարհին, սակայն արդէն` բնութիւն-մարդ կապի գեղարուեստական իմաստաւորումով: Անանեանը յատուկ շեշտ դրաւ մայրական սիրոյ զգացումին վրայ: Մանկութենէն մայրը կորսնցուցած ըլլալով` Անանեանը բնութեան մէջ փնտռեց ու գտաւ մայրական սէրն ու ջերմութիւնը եւ յաճախ փիլիսոփայօրէն խորհրդածեց, որ` «Մօր սիրտը մէկ է. կ՛ուզէ մարդ լինի, կ՛ուզէ կենդանի»:
Հայկական պատմավէպի մեծանուն վարպետը` Սերօ Խանզադեանը իրաւացիօրէն նշեց ատենին, որ`
«Անանեանը գիտի ի՛նչ ասել ամէն մէկի սրտին: Ինքը շատ բաներ է տեսել, շատ բաներ գիտի: Հաւատարիմ լինելով հայ դասական գրականութեան աւանդոյթին` ինքը գրում էր ժողովրդի լեզուով, ժողովրդի մասին եւ ժողովրդի համար»:
Իր կեանքի վերջալոյսին Վ. Անանեանը լոյս ընծայեց իր «Հին վրանի փոքրիկ բնակիչը» եւ «Ո՞ւր են տանում կածանները» վէպերը, որոնք ինքնակենսագրական բնոյթ ունին եւ պատումներ են` նուիրուած հեղինակի մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն պատահած դէպքերու եւ դրուագներու:
Այս բոլորով Վախթանգ Անանեանը կը հանդիսանայ հայ գրականութեան ամէնէն ժողովրդական դէմքերէն մէկը: Իսկ գրական վիճակագրական տուեալներով, հայ գրողներու շարքին, իր երկերու թարգմանութեամբ, Անանեանը կը գրաւէ առաջին դիրքերը: Իր երկերը հրատարակուած են` ռուսերէնով, անգլերէնով, գերմաներէնով, չինարէնով, ճափոներէնով, չեխերէնով, պուլկարերէնով, պենկալերէնով, հնդկերէնով եւ այլ լեզուներով: Անանեանը փաստօրէն կրցաւ գրաւել նաեւ այլ ազգերու ընթերցողները` անոնց հոգիին մէջ եւս հետաքրքրութիւն յառաջացնելով բնութեան ու կենդանական աշխարհի նկատմամբ:
Այդ մասին կը վկայէ չեխ գրող Ե. Ետլիչքայի հետեւեալ խօսուն գնահատականը.
«Վ. Անանեանի ստեղծածը մի գրականութիւն է, որ հաւասարապէս կարող է հմայել ե՛ւ մեծերին, ե՛ւ փոքրերին: Չեխ ընթերցողը երախտապարտ է հայ ականաւոր գրողին` պատճառած բերկրանքի, հայոց լեռնաշխարհում այդքան հմայիչ հեռակայ ճանապարհորդութեան տանելու համար»:
Հայ գրականութեան բարեսիրտ ու ազնուական գրողի ծննդեան 113-րդ տարեդարձին նուիրուած յուշատետրի այս էջը եզրափակենք գրականագէտ Հրանտ Թամրազեանի վկայութեամբ.
«Վախթանգ Անանեանի երկերից փչում են մեր երկրի եւ հողի բոյրերը: Նա չափել է անդունդների խորքը եւ զգացել է լեռների սլացքը, թեքուել է բոլոր ծաղիկների եւ բոյսերի վրայ: Մշտապէս պահպանել է մօր ջերմութեան եւ անսահման սրտի զգացողութիւնը, հիւսել նրա սիրոյ երգը: Նա հասկանում էր բնութեան լեզուն եւ մարդու հոգին, անաղարտ հայեացքով նայում մարդկանց ու աշխարհին, ժողովրդական մեծ կեանքի ընթացքին»: