Յօդուածներ

Ճանապարհի Ընտրութիւնը

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ «Սիրոյ եւ հանդուրժողութեան յեղափոխութիւնից» երեք ամիս անց հայաստանեան մթնոլորտը թունաւորուած է ատելութեան եւ անհանդուրժողութեան տրամադրութեամբ: Այս տրամադրութիւնը, եռք տալով ընկերային ցանցերում եւ լրատուամիջոցներում բաժանարար գծեր է ստեղծում հասարակութեան մէջ, ինչն էլ անխուսափելիօրէն յանգեցնելու է հասարակութեան պառակտմանը: Ազատ, այլընտրանքային տեսակէտ արտայայտելը դարձել է մեղք, որի համար մարդը կարող է ենթարկուել յարձակումների, հայհոյանքների ու պիտակաւորումների: Ո՞ւր մնացին սէրն ու հանդուրժողութիւնը,...

Հանրութեան Պառակտում` «Մեծ Սիրոյ» Փաթեթաւորմամբ

Հանրութեան Պառակտում` «Մեծ Սիրոյ» Փաթեթաւորմամբ

ԱՐՏԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀՅԴ Հանրային Կապերի Պատասխանատու  Որ համերաշխ հանրութիւնը մեծ ուժ է, կարծէք, ոչ մէկը դեռ կասկածի տակ չի առել: Բայց «մեծ սիրոյ» փաթեթաւորմամբ հանրային պառակտումը սկսուել է, ցաւօք: Դիմատետրը դարձել է ատելութեան մի եռացող կաթսայ, որտեղ հայհոյանքների, իրար ոչնչացնելու, մեղադրանքներ ու լուտանքներ թափելու եւ պաշտպանական ճառերի պակաս չի զգացւում: Իշխանութեան եւ ընտրութիւնների հոտը շատերն արդէն իրենց քթներին են քնում...

Լիզպոն 5-ի 35-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Ստեփանակերտի Մէջ

Լիզպոն 5-ի 35-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ Ստեփանակերտի Մէջ

Լիզպոնի գործողութեան 35-ամեակին առիթով ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը Լիբանանի ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական, ՀՅԴ Աւստրալիոյ երիտասարդական եւ ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութիւններու ճամբարներու ծրագիրով Արցախի մէջ գտնուող անդամներու հետ կազմակերպած է հանրային ձեռնարկ, որ տեղի ունեցած է Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան պուրակին մէջ: Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով եւ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկած են Ստեփանակերտի թիւ 2 եւ 5 դպրոցներու մէջ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու Նահատակութեան 35-Ամեակին Առիթով Հոգեհանգիստ Լիզպոնի հինգ հերոսներու նահատակութեան 35-րդ տարելիցին առիթով, համաձայն տարիներու աւանդութեան եւ տնօրինութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կիրակի, 29 յուլիսին, յաւարտ Ս. պատարագի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Լիզպոնի հինգ նահատակներու հոգիներուն համար: Նախքան հոգեհանգստեան արարողութիւնը` կարդացուեցաւ առաջնորդ սրբազանին յիշատակի խօսքը, որուն մէջ ան կը...

Յակոբ Ս. Տէր Կարապետեանի «Բանտէ Բանտ»-ը`  Տառապանքի Ճանապարհը 100 Տարի Առաջ

Գերմանական Գաղտնի Տեղեկատուութիւնը` Հայասպանութեան Փաստարկ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ Վերապրող ականատես վկաներու յուշագրութիւններուն մէջ յիշուած թուրքերու բարբարոսութիւններուն եւ հայոց տառապանքներուն մանրամասնութիւնները նոյնութեամբ եւ աւելի կը կարդանք դեսպան Հանս ֆոն Վանկենհայմէն իր երկրի ռայխսքանցլեր (վարչապետ) Թէոպալտ ֆոն Պեթման-Հոլվեկին ուղղուած 17 յունիս 1917 թուագրեալ հեռագիր-նամակին` 1915-06-17-DE-003 (տպագրուած` Գ. Եւ Հ. 081/կրճ./- սկզբնաղբիւրը` PA-AA/R14086) մէջ, որ լոյս տեսած է Վոլֆկանկ Կուսթի «Հայերի ցեղասպանութիւնը 1915-1916. Գերմանիոյ արտաքին գործերի նախարարութեան քաղաքական արխիւի...

Դաշնակցականները Վանաձորի Մէջ Յարգած Են Լիզպոնի 5 Հերոսներուն Յիշատակը

Դաշնակցականները Վանաձորի Մէջ Յարգած Են Լիզպոնի 5 Հերոսներուն Յիշատակը

27 յուլիս 2018-ին, ՀՅԴ Լոռիի Մարզային կոմիտէի նախաձեռնութեամբ, Վանաձորի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի 5 նահատակներուն նուիրուած հոգեհանգիստի արարողութիւն, որուն կը մասնակցէին, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմենուհի Կիւրեղեանը, Լոռիի Մարզային կոմիտէի, Վանաձորի կոմիտէութեան անդամներ, ՀՅԴ Վանաձորի ամառնային ճամբարի 120-էն աւելի մասնակիցներ, Քանատայի ՀՅԴ երիտասարդական միութեան անդամներ, Վանաձորի եւ քոյր քաղաք Փասատենայի ՀՕՄ-ուհիներ: Հոգեհանգիստի արարողութիւնը կատարեց Վահան քհնյ....

Ակնարկ.   Քաղաքակիրթ Բանավէճ Եւ Զուտ Իրաւական Հարթութիւն

Ակնարկ. Քաղաքակիրթ Բանավէճ Եւ Զուտ Իրաւական Հարթութիւն

Հայաստանի երկրորդ նախագահի կալանաւորումը  տեղի տուած է տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու: Տարաբնոյթը որոշ տեղեր վերածուած է ուղղակի հակոտնեայ տեսակէտներով եւ իրերամերժ փոխամբաստանութիւններով յատկանշուող  ընդհանուր մթնոլորտի: Նման մթնոլորտ քաղաքական եւ հասարակական բեմերու վրայ այդքան ալ անհաւանական կրնայ չթուիլ, եթէ մտաբերենք որեւէ երկրի պարագային նախկին նախագահի նկատմամբ քրէական գործի յարուցման եւ անոր հետեւող կալանաւորման որոշումի պարագաներ: Զգայացունց եղելութիւններուն կը հետեւին թէժ քննարկումներ: Այդ քննարկումները...

Անդրադարձ.  Դաշինքի Դէմ Դաշինք

Անդրադարձ. Դաշինքի Դէմ Դաշինք

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ռուսիան եւ Իրանը երկու անկախ պետութիւններ են, եւ բնականաբար անոնց շահերը երբեմն կը համընկնին, իսկ երբեմն ալ` ոչ: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 17 մարտ 2018-ին Սոչիի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, թէ բոլոր օտար ուժերը պէտք է քաղաքական լուծման փուլէն սկիզբէն ետք հեռանան Սուրիայէն: Քանի մը շաբաթ ետք, Ասատի քեռիին տղուն պատկանող սուրիական...

Լիբանանեան Բանակը` Պատիւ, Զոհողութիւն Եւ Հաւատարմութիւն

Լիբանանեան Բանակը` Պատիւ, Զոհողութիւն Եւ Հաւատարմութիւն

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Հանգի՛ստ: Պատրա՛ստ: Քայլ առաջ, օ՛ն: Լիբանանեան բանակն է, կը տողանցէ: Դարձեալ 1 օգոստոս է. Լիբանանի այն քիչ օրերէն, որոնց ընթացքին կարելի է հպարտանալ, պատկանելիութիւն զգալ, ճակատաբաց ու հանգիստ սրտով մօտենալ հեռատեսիլին, հետեւիլ շրջանաւարտ սպաներուն հանդէսին ու տողանցքին եւ գոհ ու ապահով զգալ: Լիբանանի տարօրինակ «հրաշալիքներուն» կողքին բանակը կը մնայ այն հրաշքը, որ կը հմայէ բոլորը եւ կը ստեղծէ...

Զարմանքի Եւ Ափսոսանքի «Պատ»-ը (Լիբանանեան Բանակի Տօնին Առիթով)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Կը զարմանանք, ոչ թէ անոր համար, որ տակաւին, տասնամեակներէ ի վեր կը յիշատակենք կամ կ՛արժեւորենք եզակի այս տօնը, այլ անոր համար, որ իբրեւ լիբանանցիներ, գիտնալով հանդերձ, թէ երկրին միակ ապաւէնն ու յոյսը բանակն է, կը շարունակենք զայն թիրախ դարձնել, շատ անգամ հեգնանքով եւ վիրաւորական խօսքերով, անոր սրբազան առաքելութիւնը նսեմացնելով, աւելի՛ն. ուղղակիօրէն զայն հարուածելով: Այլ խօսքով, լիբանանցին կը զարմանայ...

Մենք Կորցրեցինք Լաւագոյն Ընկերոջ, Լաւագոյն Դաշնակցականի, Լաւագոյն Հայի

Մենք Կորցրեցինք Լաւագոյն Ընկերոջ, Լաւագոյն Դաշնակցականի, Լաւագոյն Հայի

Ստորեւ կը հրատարակենք ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի խօսքը` Վահէ Յարութիւնեանի մահուան առիթով: Վահէն դաշնակցական ընկեր էր, մեր ընկերն էր, իմ ընկերն էր եւ ընկեր էր` բառի լիարժէք իմաստով: դժուար ու ծանր է այս առիթով գրել. գրել` ընկերոջ մասին, ում հետ մեծացել ես, գրել` ընկերութեան մասին, որը երբեք չի ընդհատուել… Վահէի հետ դպրոց ենք յաճախել, դասի ժամանակ միասին սովորել ու...

Սպասում

Կատարողական Քառուղիներ . Գ. Ժամանակակից Տեսութիւններ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Դաշտագնացութիւն: Շարք մը անեկտոդներ կազմուած են «լաւ լուր-վատ լուր» ձեւաչափով: Թատերական կատարումի ժամանակակից տեսութիւններու պարագային, լաւ լուրը այն է, որ «ժամանակակից»` կը նշանակէ, որ այսօր կան ոչ արհամարհելի թիւով ակադեմական դաշտային ուսումնասիրութիւններ (field study): Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած էր, օրինակ,  որ դերասաններ աւելի խոր ներզգայնութիւն (empathy) չունին, քան` ոչ դերասաններ: Աւելի՛ն. որ` մասնագիտական ուսումը չի զարգացներ...

Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Գիւմրիի Մէջ Ամէն Ուրբաթ Բոլոր Փափաքողները Հայ Աւանդական Եւ Ազգագրական Պարերու Դասեր Պիտի Ստանան Գիւմրիի մէջ այսուհետեւ ամէն ուրբաթ բոլոր փափաքողները հայ աւանդական եւ ազգագրական պարերու դասեր պիտի ստանան: Այս մասին գիւմրեցիներուն տեղեկացուց «Կարին» համոյթի ղեկավար, ազգային պարերու բանահաւաք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Գինոսեանը: Հայկական աւանդական պարերու այս տարուան առաջին բացօթեայ ուսուցումը տեղի ունեցաւ...

Պատմական Մեծ Դէմքեր.  Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Խրիմեանները` Վանի Յանկոյսներու Ամէնէն Հին Գերդաստաններէն ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Ամենայն հայոց կաթողիկոս, հոգեւոր, մշակութային, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Խրիմեան Հայրիկ պատմական մեծ դէմք եւ մեծագոյն հեղինակութիւն է, որ հայ ժողովուրդի ամէնէն բախտորոշ մէկ ժամանակաշրջանին անմնացորդ նուիրումով ծառայեց ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցիին, գրական բազմաբեղուն գործունէութիւն ծաւալեց, պայքարեցաւ անարդարութեանց դէմ եւ դարձաւ հայրենասիրութեան, ազատութեան, լուսաւորութեան եւ ժողովրդանուէր ոգիի խորհրդանիշ եւ ուղեցոյց: Անոր նախնիները`...

Անդրադարձ.  Շուտիկութի՞ւն, Թէ՞ Հիւանդագին Տրամաբանութիւն

Անդրադարձ. Շուտիկութի՞ւն, Թէ՞ Հիւանդագին Տրամաբանութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 21 յուլիս 2018-ին Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութեան խորհուրդի անդրանիկ նիստի աւարտին յայտարարութիւն մը հրապարակելով Հայաստանն ու Թուրքիան յորդորեց առանց նախապայմաններու կարգաւորելու իրենց յարաբերութիւնները: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Ժազիրա»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխան-յայտարարութիւն մը կատարելով վերյիշեցուց հայկական կողմի արդէն աւանդական դարձած կեցուածքը, որ «մենք պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ հաստատելու դիւանագիտական յարաբերութիւններ` առանց որեւէ նախապայմանի»` ընդգծելով,...

Դո՛ւք, Հայրենապաշտ «Խենթ»-եր (Լիզպոն 35-ամեակ) Ե.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ     Որպէսզի կրօնաբոյր արտայայտութիւններէ մենք մեզ զերծ պահենք, Որպէսզի չափազանցուած եւ ամբոխավարի մտքերէ ձերբազատ մնանք, Որպէսզի ընդունինք պարզ ու ժուժկալ ըսելաձեւի հրամայականը, Որպէսզի չտարուինք կարգ մը մարդոց սին ու տխուր վերագրումներուն պատասխանելով, չգործածեցինք պաշտել բառը եւ բաւարարուեցանք խորագիրով մը յստակացնել մեր համեստ կեցուածքը, ըմբռնումն ու հաւատարմութիւնը` յայտնելով, թէ` Լիզպոնի տղա՛ք, մենք ձեզ պիտի շարունակենք սիրել տասնամեակներ ամբողջ: Այո՛,...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Լիզպոնեան Անքակտելի Եւ Թարմ  Յուշեր

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Լիզպոնեան Անքակտելի Եւ Թարմ Յուշեր

Այդ օրերուն չկային ելեկտրոնային քարոզչական սարքեր: Գոյութիւն չունէին, կամ աւելի ճիշդը` որո՞ւ միտքէն կ՛անցնէր, թէ Ֆէյսպուքը, Թուիթըրը, Ինսթակրամն ու ապագային ստեղծուելիք համակարգչային քարոզչական այլ կառոյցներ իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը պիտի բանեցնէին կեանքի վրայ` յեղաշրջելով մշակութային, ընկերային թէ քաղաքական իրավիճակները: Այսպէս, 27 յուլիս 1983-ին Արա Քրճըլեանը, Վաչէ Տաղլեանը, Սիմոն Եահնիեանը, Սեդրակ Աճեմեանը եւ Սարգիս Աբրահամեանը ժամանած էին «ճերմակ քաղաք»` Լիզպոն, սուրբ երազը...

Պօղոս Գուբելեանի Գրականութիւնը

Լիզպոնի Հինգը

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ Սա սրտերի հինգանկիւն է Եւ փռուած է Աշխարհագիր մի խժդժուած տարածքում, Որ սրբազան հայրենիք է եղել սուրբ, Բայց պղծուել է զաւակների սուրբ արեամբ, Զաւակաթափ, հայրենաթափ, հայաթափ. Այժմ ժահում է մի ողջ ազգի Ցեղասպանութեամբ անթաղ Դիակների, դիակների նեխութեամբ... Հինգթեւանի մի ոգի է սրտաչափ, Բռունցքաչափ, Որ ճեղքել է Դաւակցութեան լռութիւնը ապերախտ, Մխրճուել է երկնի սիրտը, Քամելու մի ճիթ արցունք, Ի դիմաց այն յորդ ու հեղեղ արիւնի, Որ թափուեց ու մկրտեց հողն հայրենի Հայրերի ու մայրերի ալ արիւնով, Որդիների ու դուստրերի արիւնով, Եւ մի ամբողջ սերնդի տաք արիւնով, Որ չողջունեց արեւին իր ծնունդով: Լիզպոնի հինգակոտոր հուր աստղունք, Որ պայթիւնն է Հինգապատիկ նոյն սրտի Ու սրտերի, Մեր սրտերի, Ամբողջական մի ազգութեան սրտերի Մէկ սիրտ դառած հինգ սրտի... Ու որոտը, Արձագանգի յոյժ դղիրդը սիրտ ճեղքող Այն պայթիւնի, Որ որոտաց մեր հանուրիս սրտերում, Արձագանգում է դեռեւս, տակաւին Անթաղ նահատակների սուրբ կոյտերում Զաւակաթափ, հայրենաթափ, հայաթափ Հայրենիքում ազգաթափ, Որ դամբարան է հիմա, Լոկ դամբարան անցեալների բնօրրան Հայրենիքի, հայրենիքի խժդժուած... Կամաւոր ու անձնազոհ հինգ ոգիներ, Որ ինքնավառ բոցերում Մատաղեցին հինգը սիրտ, Մէկ սիրտ եղած հինգը սիրտ, Խարանեցին մեծ լռութեան դաւակից Բոլոր անսիրտ մարդերին, Շեղբեցին ճեղք խոստովանքի Համաշխարհային ցոլքով: Հինգաբռունցք մէկ խոյանք, Որ վառել է մեր սրտերում Սուրբ պահանջի հրիտակը ազգային, Շիրիմելու նահատակներին մեր սուրբ Սրբագործեալ հայրենիքում խժդժուած: Կլենտէյլ, Քալիֆորնիա, 20180727

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հալէպի ազատագրումով, գլխաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Շահան արք. Սարգիսեանի, սկիզբ առին թեմիս տարածքին վերականգնումի եւ վերաշինութեան նախապատրաստական աշխատանքները, մասնագիտական սերտողութիւնները, ուր առաջնահերթ տեղ կը գրաւէր Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցին, որ սուրիական տագնապի օրերուն ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ թիրախ դարձաւ հրթիռակոծումներու, որուն հետեւանքով ալ կարգ մը կառոյցներ քանդուեցան: Ուրբաթ, 30 մայիս 2018, հանդիսապետութեամբ սրբազան հօր, յատուկ...

Արցախեան Տագնապ.  Երեւանէն Եւ Ստեփանակերտէն Կարծր Կեցուածք` Պաքուի Յարձակողապաշտ Քաղաքականութեան Դէմ

Արցախեան Տագնապ. Երեւանէն Եւ Ստեփանակերտէն Կարծր Կեցուածք` Պաքուի Յարձակողապաշտ Քաղաքականութեան Դէմ

Ա. Ա. Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարներ` Դաւիթ Տօնոյեանը եւ Լեւոն Մնացականեանը քսան չորս ժամուան տարբերութեամբ կատարեցին բաւական կարծր յայտարարութիւններ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման հնարաւորութիւնները զերօ կէտի վերադարձուցած Ազրպէյճանի հասցէին, բացայայտելով Երեւանի եւ Ստեփանակերտի քաղաքականութիւններուն մէջ նոյնութեան ու նաեւ` պաշտպանական դիրքէ հակահարուած տալու պատրաստ ըլլալու հայկական զոյգ հանրապետութիւններու բանակներուն մարտավարութիւնը: Յստակ է, որ Հայաստանի մէջ իրականացած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք,...

Page 671 of 1111 1 … 670 671 672 … 1,111

Արխիւներ