ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ
Վերապրող ականատես վկաներու յուշագրութիւններուն մէջ յիշուած թուրքերու բարբարոսութիւններուն եւ հայոց տառապանքներուն մանրամասնութիւնները նոյնութեամբ եւ աւելի կը կարդանք դեսպան Հանս ֆոն Վանկենհայմէն իր երկրի ռայխսքանցլեր (վարչապետ) Թէոպալտ ֆոն Պեթման-Հոլվեկին ուղղուած 17 յունիս 1917 թուագրեալ հեռագիր-նամակին` 1915-06-17-DE-003 (տպագրուած` Գ. Եւ Հ. 081/կրճ./- սկզբնաղբիւրը` PA-AA/R14086) մէջ, որ լոյս տեսած է Վոլֆկանկ Կուսթի «Հայերի ցեղասպանութիւնը 1915-1916. Գերմանիոյ արտաքին գործերի նախարարութեան քաղաքական արխիւի փաստաթղթերից» (The Armenian Genocide: Evidence from the German Foreign Office Archives 1915-1916), (գերմաներէնէ թարգմանեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Ռուզան Պորիսի Եորտանեան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, Երեւան, միջակ չափի 482 էջ) աշխատութեան էջ 79-80-ի մէջ:
Առաջին հերթին Վանկենհայմ հայ բնակչութեան տեղահանութեան եւ վերաբնակեցման (sic!) գործողութիւններն են, որ կը տեղեկագրէ այնքա՜ն անփոյթ ու անտարբեր ձեւով, որ կարծէք ատոնք բնական պատահարներ ըլլային… Ան արդէն իր ոճով արդարացիութիւն կու տայ կատարուող դէպքերուն: Ուրեմն, գերմանական այս մտայնութեամբ, օսմանեան պետութիւնը ազատ էր իր հայ քաղաքացիներուն հետ վարուելու այնպէս, ինչպէս որ հաճոյ էր իրեն: Քաղաքակրթուած Եւրոպայի սրտին մէջ Գերմանիա, երբ յաւակնութիւնը ունէր յառաջացած երկիր մը սեպելու ինքզինք, կամայական քմահաճոյքով կը դիտէր իր սահմաններէն դուրս կատարուող ոճրային դէպքերը` իրեն դաշնակից Թուրքիոյ ձեռքով: Այո՛, տեղահանում, այլեւ բռնագա՛ղթ տեղի կ’ունենար, սակայն երբե՛ք վերաբնակեցում: Տեղահանուած հայոց մեծ մասը որոշուած վայրը (sic!) հասնելէ առաջ արդէն սպաննուած կամ հիւանդութիւններէ մահացած կ’ըլլար, եւ փոքր մաս մը միայն ինքնուրոյն ճիգերով եւ տառապանքներով կը յաջողէր ապաստան գտնել թուրքերու կամ քիւրտերու տուներուն կամ հայերէ բռնագրաւուած այգիներուն ու արտերուն մէջ եւ այն ալ միայն անոնց շահերուն ծառայելով` իբրեւ սպասաւոր, սպասուհի կամ բանուոր:
Հոս Վանկենհայմ լոկ իրականութիւնը կ’ըսէ, երբ բռնագաղթի պայմաններուն մասին կը գրէ. «Տեղահանուածներն ստիպուած են անմիջապէս կամ մի քանի օրում լքել իրենց բնակավայրերը, այնպէս որ, պէտք է բախտի քմահաճոյքին թողնեն իրենց տներն ու շարժական գոյքի մեծ մասը եւ չեն կարող տեղափոխման համար անհրաժեշտ քանակով սննդամթերք վերցնել» (էջ 79): Այդ ի՞նչ տեսակ տեղափոխուելու ծրագիր էր, որ հայեր միայն իրենց հագած հագուստներով կամ չնչին ապրանքով կը ստիպուին լքել իրենց տուները: Դարերէ եկող ծայրայեղ թշնամութիւն մը կար օսմանեան պետութեան կողմէ իր հայ քաղաքացիներուն հանդէպ: Խորացած թշնամութիւն եւ նախանձ` հայոց հանդէպ: Տեղահանուած ընտանիքները իրենց հետ բաւարար սննդամթերք իսկ չէին կրնար վերցնել: Վանկենհայմ կը շարունակէ ու կ’ըսէ. «Նշանակուած վայր հասնելուն պէս, նրանք յայտնւում են իրենց հանդէպ թշնամաբար տրամադրուած [թուրք կամ քիւրտ եւ կամ չերքեզ- Յ. Ի.] բնակչութեան մէջ» (ընդգծումը իմն է- էջ 80): Հոս հարկ է լուսաբանել, որ վերեւ յիշուած «նշանակուած վայր»-ը վերջնական վայր մը չէր, այլ` մէկ հանգրուանը անվերջ թափառումներով բռնագաղթի ճանապարհին, որուն ընթացքին թուրքերը հայ գաղթականները մաշեցնելով եւ սպառելով` մտադրած էին հայոց բնաջնջումը կատարելագործել:
Այդ ժամանակաւոր «նշանակուած վայր»-երու մէջ հայ գաղթականները կրկին ենթակայ էին հալածանքի եւ սպանութեան: Հակառակ ըսուած կամ լսուած խօսքերուն` կառավարութիւնը դոյզն չափով իսկ չէր օգներ հայ բռնագաղթուածներուն, ինչպէս կը խոստովանի Վանկենհայմ. «Բացառուած է, որ կառավարութիւնը տեղահանուածներին օգնած լինի փողով, սննդամթերքով կամ այլ կերպ»: Ան կը յիշէ, որ Կարնոյ մէջ հայ տարագրեալներուն օգնութիւն փութացուցած են այնտեղի Գերմանիոյ հիւպատոսը եւ ամերիկացի միսիոնարները, իսկ ուրիշ վայրերու մէջ` Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը:
Վանկենհայմ կը խոստովանի, որ թուրքերու կողմէ հայոց տեղահանութեան դրդապատճառը միայն ռազմական նկատառումներով չէր: Ասոր փաստը այն է, որ Թալէաթ այս մասին իր կարծիքը յայտնած էր Կ. Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան ծառայող Մորդմանի ներկայութեան եւ` ըսած. «Բարձր Դուռը կ’ուզենար համաշխարհային պատերազմը օգտագործել այն նպատակով, որպէսզի հիմնաւորապէս ազատուի իր ներքին թշնամիներից` բնիկ քրիստոնեաներից, ընդ որում` առանց արտասահմանից դիւանագիտական միջամտութեան հանդիպելու, դա կը բխի նաեւ Թուրքիային դաշնակից գերմանացիների շահերից, քանի որ այդ կերպ Թուրքիան աւելի կ’ուժեղանայ» (էջ 80):
Վերոյիշեալ զեկուցումը տեղեկատուական հաստատում մըն է Վանկենհայմի կողմէ եղած` Գերմանիոյ վարչապետին գերմանեւթրքական ծրագիրներու գործադրութեան նկատմամբ: Երբ հայ ազգաբնակչութիւնը իր փրկութիւնը կը տեսնէր քրիստոնեայ Գերմանիոյ օգնութեան մէջ, վերջինիս դեսպանը ոչ միայն ձեռնածալ կը մնար այդ ուղղութեամբ, այլ Թուրքիոյ հետ նախապէս ծրագրուած հայոց դէմ կատարուող հրէշային գործողութիւններուն յաջող ընթացքը գոհունակութեամբ կը զեկուցէր Գերմանիոյ վարչապետին: Աւելի՛ն. այս մասին Վանկենհայմ հանգստացնող լուր մը «կ’աւետէ» իր երկրի վարչապետին, թէ` Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարքը այլեւս հայերու օգտին Գերմանիոյ միջամտութիւնը չի խնդրեր: Վանկենհայմ չարաչար սխալելով` ասոր պատճառը կը վերագրէ պատրիարքին համոզման, թէ հայերու վերագրուող օրինազանցութիւնները ճիշդ էին, մինչդեռ հայոց պատրիարքը այլեւս գերմանացիներէն օգուտ մը չէր սպասեր եւ համոզուած էր, որ անոնք թուրքերու մեղսակից են հայասպանութեան մէջ:
Զաւէն պատրիարքը Կ. Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան պաշտօնեայ Մորդմանի հետ հանդիպման ընթացքին յստակօրէն հետեւեալը ըսած էր. «Բարձր դրան միջոցառումները նպատակաուղղուած են ոչ միայն հայ բնակչութեան ժամանակաւոր վնասազերծմանը, այլեւ` Թուրքիայից քշելուն, կամ աւելի շուտ` նրա բնաջնջմանը»: Հայոց պատրիարքը համոզուած էր, որ Թուրքիա հետամուտ է հայերը բնաջնջելու, երբ կ’ըսէ. «Տեղահանումը նոյնքան սարսափելի է, որքան` կոտորածը» (էջ 80): Այս հաստատումը պերճախօս պատասխան մըն է բոլոր անոնց, որոնք կ’ըսեն, թէ պատահածը միայն տեղահանում էր եւ ոչ թէ ցեղասպանութիւն: Բռնի տեղահանութիւնը միայն սկիզբն էր ցեղասպանութեան:
Զեկուցման սկիզբը Վանկենհայմ, երբ կ’ըսէ, որ` «Արեւելեան Անատոլիայի գաւառներից հայկական բնակչութեան տեղահանումն ու այլ վայրերում բնակեցումն իրականացւում է անխնայ» (էջ 79), կը մատնանշէ Վանի նահանջին, Կարնոյ բռնագաղթին, Սասունի եւ Մուշի խլրտումներուն եւ ընդհանրապէս ամբողջ Հայաստանի արեւմտեան հատուածի բռնի տեղահանութեան: Գերմանիոյ վարչապետին ուղղուած նամակին թուականը կը համընկնի ճիշդ այն ժամանակին, երբ թուրքերը նախապէս մտածուած իրենց ծրագիրը յաջողութեամբ ի գործ կը դնէին: Հայկական բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը արդէն պարպուած էին, եւ համատարած թշուառութեան մէջ կը գտնուէր հայութիւնը: Այդ գործողութիւնները կ’ընդգրկէին նաեւ Կիլիկիան: Վանկենհայմ այս մասին կը գրէ. «Սիսի կաթողիկոսի հաւաստի տուեալներով, միայն իր թեմից մինչեւ հիմա տեղահանուել է 30.000 հայ: Զէյթունն իր շրջակայքով, Էլպիստանը, Տէօրթ Եոլը, Ալապաշը (գիւղ` Կիլիկիայում, Զէյթունի մօտ, տ. ԱՐԵԳԻՆ- (տե՛ս Ալապաշ -Թադէոս Յակոբեանի, Ստեփան Մելիք-Բախշեանի եւ Յովհաննէս Բարսեղեանի կազմած «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան»-ը, Երեւան, էջ 97/4814- համացանցային բառարան), Հասան Պէյլին եւ նոյնիսկ աւելի փոքր բնակավայրերը լրիւ դատարկուել են» (էջ 79): Վանկենհայմ աւելի կը մանրամասնէ հայոց ողբերգական վիճակը` ըսելով, որ հայ գաղթականները բռնի կերպով երկրին խորքերը ցրուած են ու` մահմետականներու հետ խառնուած, իրարմէ շատ հեռու, ինչպէս` օրինակ, Զէյթունի հայերը Գոնիա տարուելով` հոն ցրուած են զանազան գիւղերու մէջ: Զէյթունցիներուն ուրիշ կարեւոր մէկ մասը քշուած է դէպի Տէր Զօր, Եփրատի ափերուն: Այլ ուրիշ մաս մը տարուած է Դերճան եւ Մամա Խաթուն:
Այսպէս, ամենայն սառնասրտութեամբ եւ գոհունակութեամբ Վանկենհայմ իր երկրի վարչապետին կը զեկուցէ 1915 յունիսի անցուդարձերը` լռելեայն հաստատելով անոր, որ նախապէս դրուած ծրագիրը այժմ յաջողութեամբ կը գործադրուի:
Կ. Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ դեսպան Հանս ֆոն Վանկենհայմը իր մտքին ծայրէն անգամ չէր անցըներ, որ պիտի գայ օրը, երբ իր զեկուցումը պերճախօս վկայութիւն մը պիտի դառնայ հայասպանութեան փաստին:
Պէյրութ