Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու Նահատակութեան 35-Ամեակին Առիթով Հոգեհանգիստ
Լիզպոնի հինգ հերոսներու նահատակութեան 35-րդ տարելիցին առիթով, համաձայն տարիներու աւանդութեան եւ տնօրինութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կիրակի, 29 յուլիսին, յաւարտ Ս. պատարագի թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Լիզպոնի հինգ նահատակներու հոգիներուն համար:
Նախքան հոգեհանգստեան արարողութիւնը` կարդացուեցաւ առաջնորդ սրբազանին յիշատակի խօսքը, որուն մէջ ան կը շեշտէր, որ Թուրքիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան դէմ յանդուգն գործողութեամբ եւ իրենց կեանքը զոհաբերելով` անոնք աշխարհին յիշեցուցին, որ Ցեղասպանութեան զոհ գացած եւ հայրենի հող կորսնցուցած հայ ժողովուրդը չէ մոռցած ու պիտի չմոռնայ իր իրաւունքները, Թուրքիոյ պետութեան դէմ պայքարը պիտի շարունակուի` մինչեւ արդար ու ամբողջական հատուցում: Սրբազանը նկատել տուած էր, որ անոնց նահատակութենէն հազիւ 5 տարի ետք բազմահազար երիտասարդներ, ու անոնց հետ` ամբողջ հայութիւնը, ոտքի կանգնեցան` կերտելու մեր նորագոյն պատմութեան փառապանծ հերոսամարտերը, ապահովեցին Արցախի ազատագրումը. վերականգնեցաւ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը եւ ահաւասիկ վերջին ամիսներուն նոր թափով կը քալէ դէպի հայրենակերտում ու ժողովուրդի բարօրութեան ապահովում: Սրբազանը իր խօսքին մէջ նշած էր, որ մեր նահատակներուն արեամբ ոռոգուած պայքարի էջերը կրնան վաղն ալ նոր զոհաբերութիւններ արձանագրել, սակայն իւրաքանչիւր իմացեալ զոհաբերութիւն` նոր քայլ մը պիտի աւելցնէ մեր իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղիին վրայ, նոր մղում պիտի տայ մեր պայքարին, որ պիտի շարժի մի՛շտ յառաջ` մինչեւ մեր արդար իրաւունքներուն, բոլո՛ր իրաւունքներուն իրականացումը: Նոր սերունդներ, նոր երիտասարդներ պիտի գան յանձն առնելու Լիզպոնի ու մերօրեայ հերոսներուն բարձրացուցած ջահը, ու մենք ազգովին, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, պիտի վկայենք, որ մեր հերոսներուն նահատակութիւնը ի զուր չէ անցած, այլ իբրեւ լուսաւոր փարոսներ` կը կանգնին մեր ազգային առաքելութեան ուղիին վրայ ու մեզ անշեղօրէն կ՛առաջնորդեն դէպի մեր ազգային տենչերուն իրականացումը, դէպի հողահաւաք, դէպի ազգահաւաք, դէպի արդար հատուցում ու ամբողջական յաղթանակ:
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը Ընդունեց Ատրպատականի Թեմի Առաջնորդ Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանը
25 յուլիսին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանին, որ կարճատեւ այցելութեամբ մը Լոս Անճելըս կը գտնուի իր նոր լոյս ընծայած` «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում. հայկական յուշարձանների հետքերով» պատմաուսումնասիրական հատորի ողջունահանդէսին առիթով:
Հանդիպումի ընթացքին երկու առաջնորդները տեղեկութիւններ փոխանակեցին թեմական աշխատանքներուն մասին, յատկապէս` վերջերս տեղի ունեցած Ս. Թադէի վանքի աւանդական ուխտագնացութեան մասին, որուն մասնակցած էին շուրջ վեց հազար ուխտաւորներ` ապահով պայմաններու մէջ հաղորդակից դառնալով մեր պատմութեան ու քրիստոնէական մշակոյթի աւանդներուն:
Յունաստան
Լիզպոնի Գործողութեան 35-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններուն, 9 յուլիսին Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութեան 35-ամեակին նուիրուած երեկոյ:
Կազմակերպիչ միութիւններուն անունով Անայիս Խտրեանը եւ Ժանօ Պարտաքճեանը նկատել տուին, որ 35 երկար տարիներ անցած են այն օրէն, երբ Վաչէ Տաղլեանը, Սարգիս Աբրահամեանը, Արա Քրճլեանը, Սեդրակ Աճեմեանը եւ Սիմոն Եահնեանը որոշեցին նոր շունչ տալ Հայ դատին եւ մեզմէ անվերադարձ բաժնուեցան` գրելով մեր ազգի նոր պատմութեան փայլուն էջերէն մէկը, աւելցնելով, որ անոնց համար գերագոյնը հանդիսացաւ ազգին եւ հայրենիքին հանդէպ սէրը: Անոնք յայտնեցին, որ Լիզպոնի հերոսներուն տեսլականն էր նաեւ տեսնել ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը եւ որոշեցին զոհել իրենց փայլուն ապագան` յուսալով, որ հայ ազգի ապագան ըլլայ աւելի լուսաւոր: Ա. Խտրեանը եւ Ժ. Պարտաքճեանը շեշտեցին, որ անոնց անձնազոհութեան որպէս արդիւնք` նոր սերունդները վառեցին պահանջատիրութեան ջահը եւ մինչեւ այսօր կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց իրաւունքներուն:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որ կ՛ընդգրկէր խմբային երգեր, ասմունք, Լիզպոնի հերոսներուն նուիրուած տեսերիզներու ցուցադրութիւն եւ կենդանի պատկեր, որ կը պարզէր Լիզպոնի մէջ պատահած դէպքը եւ հինգ տղոց ողջակիզման պահը:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Սեւակ Գազարեանը, յունական եւ օտար մամուլի արձագանգներուն նուիրուած տեղեկատուական գրութեամբ մը, թէ ինչպէ՛ս միջազգային մամուլը արձանագրեց դէպքին, հետեւաբար նաեւ` հայկական հարցին:
ՀՄԸՄ-ի Նորընտիր Շրջանային Վարչութեան Այցելութիւնը Առաջնորդ Սբազանին
11 յուլիսին ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի նորըտիր Շրջանային վարչութիւնը Ազգային առաջնորդարանին մէջ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին: Այցելութեան ներկայ էր նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանը: Նորընտիր Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Եթիմեանը շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ընդունելութեան համար, ներկայացուց վարչութեան նոր անդամները եւ ապա ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի գործունէութեան եւ Շրջանային վարչութեան յառաջիկայի ծրագիրներու մասին, ի մասնաւորի` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի յոբելենական զոյգ առիթներու կապակցութեամբ:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանը` ըլլալով ՀՄԸՄ-ական, նաեւ Յունաստանի նախկին երկարամեայ սկաուտապետ, պատմական ակնարկով մը նշեց ՀՄԸՄ-ի Յունաստանի յիշատակարժան իրագործումները:
Սրբազան հայրը իր ուրախութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց նորընտիր Շրջանային վարչութեան` այս պաշտօնական այցելութեան համար, թէ այնքան ատեն որ առաջնորդի հանգամանքը կը թելադրէ թեմէն ներս գործող միութիւններու շրջանային վարչութեանց նման պաշտօնական այցելութիւններ, այնքան ալ փոխադարձ պատասխանատուութիւնը կը շեշտէ առաջնորդին հովանաւորելու, մօտէն հետեւելու, քաջալերերու եւ աջակցելու միութիւններու գործունէութեանց` գաղութէն ներս հայկական կեանքի կենսունակութեան ի խնդիր: Ան յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր Շրջանային վարչութեան` անգամ մը եւս վստահեցնելով, որ Ազգային առաջնորդարանը քաջալեր եւ աջակից է, որ ՀՄԸՄ-ը շարունակէ իր պատմակերտ 100-ամեակով հարուստ ազգանուէր առաքելութիւնը:
Քանատա
30 Հազար Տոլարի Նուիրահաւաք` Ի Նպաստ Հայրենիքի Ծնողազուրկ Երեխաներու
Նախագահութեամբ Հապիպ եւ Ֆիւլտա Մալոյեան ամոլին, կազմակերպութեամբ հայ որբերու օգնութեան ընկերակցութեան Մոնրէալի մասնաճիւղին, 5 յուլիսին Մոնրէալի Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ, որուն հասոյթը նպատակաուղղուած էր հայրենիքի մէջ ապրող ծնողազուրկ հայ երեխաներուն:
Ընկերակցութեան Մոնրէալի մասնաճիւղի նախագահ տոքթ. Սարգիս Երէցեանը իր ելոյթին մէջ յայտնեց, որ անցնող հնգամեակին Մոնրէալի մէջ ընկերակցութիւնը Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Վրաստանի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ որբերու օժանդակութեան համար դրամահաւաքներ կազմակերպած է, աւելցնելով, որ ընկերակցութեան գլխաւոր նպատակն է օգնել որբերուն` իրենց ֆիզիքական, զգացական եւ մտային զարգացման ուղղութեամբ, որպէսզի անոնք ապագային դառնան ուսեալ եւ ինքնաբաւ անհատներ: Ընկերակցութիւնը Գիւմրիի մէջ ատամնաբուժական կեդրոն մը կահաւորած է արդիական գործիքներով, որմէ ձրիաբար կ՛օգտուին ոչ միայն որբերը, այլեւ` Գիւմրիի բնակիչները: Ընկերակցութիւնը սատարած է նաեւ Վարդաշէն գիւղի մարզասրահի նորոգութեան:
Համերգին ելոյթ ունեցան Մարինէ Գրիգորեանը (սոփրանօ) եւ Էլի Պէրպէրեանը (թենոր), որոնք կատարեցին Փուչինիի, Վերտիի, Կոմիտասի, Տիգրանեանի եւ այլ դասական յօրինողներու ստեղծագործութիւններ: Դաշնամուրով երգերուն ընկերակցեցաւ Կրեկորի Շահվերդեանը:
Նշենք, որ ընկերակցութիւնը այս տարի նիւթական յատուկ ծրագիրով օժանդակեց Արցախի ապրիլեան պատերազմին նահատակուած հետախոյզ զինուորի երեք անչափահաս երեխաներուն եւ կողակիցին:
Հայ որբերու օգնութեան ընկերակցութիւնը աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ունի մասնաճիւղեր, որոնց գործունէութեան ծիրը կ՛ընդգրկէ ծնողազուրկ հայ երեխաներու նիւթական օժանդակութիւնը եւ յատուկ ուսումնական ծրագիրներ:
Նուիրահաւաքէն գոյացած աւելի քան 30 հազար տոլարը պիտի օգտագործուի Գիւմրիի եւ Շիրակի մարզի այլ բնակավայրերու համար նախատեսուած շարժուն բուժարանի մը գնման:
Նոր Ջուղա
«Կռունկ» Պարախումբի Ելոյթ
4 յուլիսին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան Մշակութային միաւորի «Կռունկ» պարախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյց Նունէ Մկրտիչեանի, նոյն միութեան սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ տարեկան համերգով:
Օրուան հանդիսավարներ Սօսէ Ասատուրեանը եւ Լիանա Ղազարեանը ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձան 25-ամեայ «Կռունկ» համոյթի հիմնադրման պատմականին եւ ներկայացուցին խումբի պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Նունէ Մկրտիչեանին կենսագրական գիծերը:
Երեկոյի ընթացքին ներկայացուեցան հայ եւ օտար ազգերու եւ ժամանակակից շուրջ 20-խմբական պարեր, նաեւ` ասմունքներ:
Ատրպատական
«Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմում. Հայկական Յուշարձանների Հետքերով» Գիրքի Ա. Հատորին Շնորհահանդէսը
Հովանաւորութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ գործող իրանահայ հինգ միութիւններու` «Ջան Թաւրիզ»-ի, «Իրանահայ միութիւն»-ի, «Ղարատաղի ժառանգութիւն»-ի, «Ուրմիայի հայրենակցական միութիւն»-ի եւ «Սալմաստի ժառանգութեանց ընկերակցութիւն»-ի, կազմակերպութեամբ
«Սարդարապատ» գրախանութին, 25 յուլիսին Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» երիտասարդական կեդրոնի «Իսահակ եւ Ժանեթ Գազանճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում. հայկական յուշարձանների հետքերով» գիրքի Ա. հատորին շնորհահանդէսը:
Բացման խօսքով Էրւին Եաղուպեանը անդրադարձաւ ձեռնարկին իւրայատուկ նշանակութեան, յատկապէս` իրանահայերու համար, որոնք պարագաներու բերումով իրենց ծննդավայրէն հեռու ըլլալով թէ՛ կարօտի յագեցման, թէ՛ նորագոյն տեղեկութիւններու ստացման առումով վայելք պիտի ապրէին յիշեալ գիրքի ներկայացումով:
Պատմաբան դոկտ. Կարօ Մոմճեանը ներկայացնելով մեծածաւալ աշխատութիւնը, որ 530 էջերու սահմաններուն մէջ կ՛ամփոփէ թեմի շուրջ 238 եկեղեցիներէն 95-ին նկարագրականները, անդրադարձաւ անոր իւրայատուկ նշանակութեան` շեշտելով, որ ականատեսի վկայութիւն եղող սոյն աշխատութիւնը դիւանային արձանագրութեան համազօր է, դժբախտաբար կորսուելու դատապարտուած քանի մը տասնեակ կառոյցներու մասին, որ գէթ գիրի ճամբով անոնց փրկութիւնը կ՛ապահովէ: Բանախօսը երեք մասերու բաժնեց իր խօսքը, նախ անդրադարձաւ Ատրպատականի ընդհանուր պատմութեան տարբեր դարաշրջաններու անցուդարձերով, ապա` նման գիտական աշխատանք կատարող հոգեւորականներու թիւի նուազումի տխուր երեւոյթին, եւ անոր դիմաց` սրբազան հօր կերպարին, եւ ի վերջոյ` գիրքի արժէքին, որուն պիտի հետեւին նաեւ յաջորդ հատորները: Կ. Մոմճեանը դոկտորական թեզի արժանի հատոր համարեց գիրքը, որուն գլխաւոր աղբիւրը ականատեսի վկայութիւնն է հեղինակին:
Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանը իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք յաջողցուցած էին սոյն ձեռնարկը: Ապա ան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց շարք մը լուսանկարներ, որոնք ցոյց կու տային սոյն գործին դժուար հանգամանքները: Սրբազանը ակնարկներ կատարեց Ատրպատականի հայութեան կեանքին` ցոյց տալով անոր կենսունակութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հիւսիսային շրջանին մէջ, Հայաստանի սահմանամերձ իր կարեւոր դիրքով, եւ դարերէ ի վեր ցեղային մեծամասնութեան մէջ գոյատեւող իբրեւ փոքրամասնութիւն:
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որ բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ կատարուած աշխատանքին մասին` շեշտելով այն նուիրեալ ծառայութիւնը, զոր սրբազան հայրը կ՛իրականացնէ Ատրպատականի մէջ: Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց գիրքին արժէքը` շեշտելով անոր ականատեսի վկայութիւն ըլլալու փաստը եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց սրբազանին` տեղագրութեան արշաւներու եւ նոր հատորներու համար:
«Ջան Թաւրիզ» եւ «Սալմաստի ժառանգութեանց ընկերակցութիւն» միութիւններուն վարչութիւնները յատուկ յուշանուէրներով պատուեցին հեղինակ առաջնորդը:
Շնորհանդէսի աւարտին կատարուեցաւ գինեձօն, որմէ ետք հեղինակ սրբազանը մակագրեց իր գիրքէն օրինակներ:
Յայտնենք, որ սրահին մէջ ցուցադրուած էին Ատրպատականի տարբեր շրջաններու եկեղեցիներուն եւ վանքերուն լուսանկարները: