Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Գիւմրիի Մէջ Ամէն Ուրբաթ Բոլոր Փափաքողները Հայ Աւանդական Եւ Ազգագրական Պարերու Դասեր Պիտի Ստանան
Գիւմրիի մէջ այսուհետեւ ամէն ուրբաթ բոլոր փափաքողները հայ աւանդական եւ ազգագրական պարերու դասեր պիտի ստանան: Այս մասին գիւմրեցիներուն տեղեկացուց «Կարին» համոյթի ղեկավար, ազգային պարերու բանահաւաք եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Գինոսեանը:
Հայկական աւանդական պարերու այս տարուան առաջին բացօթեայ ուսուցումը տեղի ունեցաւ 19 յուլիսին, «Գիւմրիի առեւտրական կեդրոն»-ի տարածքին մէջ: Նախաձեռնութեան միացածներուն թիւը արդէն կը խօսէր Գիւմրիի մէջ ազգային պարերու հանդէպ եղած հետաքրքրութեան մասին:
Գագիկ Գինոսեանը մինչեւ պարելը` ներկայացուց պատմական ակնարկ, աւանդական պարերու նշանակութիւնն ու մեկնաբանութիւնը: «Կարին» համոյթին միացած էին նաեւ Գիւմրիի «Հրայրք» աւանդական պարի եւ այլ համոյթներ: Նախաձեռնութիւնը անտարբեր չէր ձգած ինչպէս գիւմրեցիները, այնպէս ալ Գիւմրի այցելած հիւրերը:
Պարողներուն միացած էր նաեւ Շիրակի փոխմարզպետ Սոֆիա Յովսէփեանը: «Այսպիսի նախաձեռնութիւններ ազգային ինքնագիտակցութեան բարձրացման ու ազգային դիմագիծը պահպանելու կարեւորագոյն դրսեւորումներն են», իր խօսքին մէջ նշած է Գագիկ Գինոսեանը` ուրախութեամբ փաստելով, որ Գիւմրիի մէջ բազմաթիւ երիտասարդներ այսօր կրնան ազգայինը ներկայացնել պարի միջոցով:
Անցեալ 3 տարիներուն Գիւմրիի մէջ, Շիրակի թեմի ընկերային-կրթական կեդրոնին եւ Ս. Աստուածածին «Եօթը վէրք» երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ, բոլոր փափաքողները ամրան ընթացքին ամէն շաբաթ հայ աւանդական ու ազգագրական պարերու դասեր կը ստանային:
Առաջամուղ Համայնքին Մէջ Տեղի Ունեցած Է Նորակառոյց Բուժկէտի Բացման Արարողութիւն
«Արցախփրես»-ի թղթակիցի հաղորդումով, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Միացեալ Նահանգներէն երիտասարդական միութեան խումբ մը անդամներու նախաձեռնութեամբ եւ մասնակցութեամբ, Առաջամուղ մտնող ճանապարհի եզրին տեղադրուած է «Բարի գալուստ Առաջամուղ» գրութեամբ ցուցանակ:
Մեր թղթակիցի հետ զրոյցի ընթացքին «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամի տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը ըսաւ, որ համայնքի հիմնադրման օրէն կառուցման եւ զարգացման ծրագիրով կը զբաղէր «Թուֆենկեան» հիմնադրամը: «Այս տարիներու ընթացքին, «Թուֆենկեան» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, Առաջամուղի մէջ կառուցուած է 24 առանձնատուն, ինչպէս նաեւ դպրոցի ու համայնքային կեդրոնի շէնքերը: Այժմ հիմնադրամը համայնքի կառուցման եւ զարգացման ծրագիրով չի զբաղիր, սակայն մենք կ՛աջակցինք այստեղ իրականացուող որեւէ ծրագիրի եւ միշտ պատրաստ ենք օգտակար ըլլալու», ըսած է Ր. Տուտագլեանը:
ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափի «Արցախֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի Արցախի մասնաճիւղի տնօրէն Տրդատ Մարտիրոսեանը ըսաւ, որ Առաջամուղ համայնքի ընդարձակման եւ հետագայ զարգացման աշխատանքներով պիտի զբաղի «Արցախֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամը: ««Արցախֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ, նախորդ տարուան ընթացքին կառուցած ենք եւս վեց առանձնատուն, իսկ այսօր ալ շահագործման կը յանձնուի նաև բուժկէտի նորակառոյց շէնքը», նշած է Տ. Մարտիրոսեանը: Ան ընդգծած է, որ հիմնադրամը նպատակ չունի բաւարարուիլ եղածով, եւ յառաջիկային կը նախաձեռնուի գիւղին մէջ բացօթեայ մարզադաշտի, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի և հերթական բնակելի տուներու կառուցման ծրագիր:
Բուժկէտի բացման արարողութեան ներկայ Հայկական առողջապահական հիմնադրամի ներկայացուցիչ եւ բուժկէտի կառուցման ծրագիրի աջակից Հրանդ Մարգարեանը իր ելոյթի մէջ վստահութիւն յայտնեց, որ յառաջիկային գիւղը աւելի կ՛ընդլայնի եւ մարդիկ կը գիտակցին, որ այստեղ սահմանն ամուր կը պահուի: «Ձեր կողմէ շնորհակալութիւն յայտնել պէտք չէ, փոխարէնը ես եմ ձեզի շնորհակալ: Արցախը այսօր ոեւէ գիտակից հայու համար կենսախնդիր է, եւ մեր ազգի հիմնախնդիրը Արցախի գոյութիւնն է: Այստեղ կառուցուած այս բուժհաստատութիւնը կը խորհրդանշէ մեր հողին վրայ մեր շարունակական արմատաւորումը: Պէտք է շարունակենք զօրանալ, որպէսզի ոչ մէկը համարձակի այս հողի նկատմամբ ոտնձգութեան դիմել», իր ելոյթի ընթացքին դիմելով առաջամուղցիներուն` ըսաւ Հ. Մարգարեանը:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են Հադրութի շրջվարչակազմի աշխատակիցներ, ներկայացուցիչներ` Արցախի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէէն, «Արցախֆոնտ» ու «Թուֆենկեան» բարեգործական հիմնադրամներէն, ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու եւ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներ, առաջամուղցիներ եւ այլք:
Պետական Մասնակցութեամբ Ընկերութիւններու Կողմէ 2017-ին Պետական Պիւտճէ Մուտքագրուած Գումարը Եղած Է Նախատեսուածէն Աւելին` Կազմելով 832 Միլիոն Դրամ
Հայաստանի կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «Պետական գոյքի կառավարման 2015-2017 թուականներուն ծրագիրի կատարման» 2017-ի հաշուետուութեան:
Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեանը նշեց, որ ցանկին վրայ, պետական մասնակցութեամբ, առեւտրական կազմակերպութիւններու շահոյթի բաժիններուն առնչուող տեղեկատուութիւնը կազմուած է Հայաստանի ելեւմտական նախարարութեան տրամադրած` Պետական մասնակցութեամբ առեւտրական կազմակերպութիւններու կողմէ պետական պիւտճէի բաժնետիրական դրամագլուխին մէջ կատարուած ներդրումներէն ստացուող շահաբաժիններէն գանձապետական հաշիւներուն 2016-ի եւ 2017-ի փաստացի փոխանցած շահոյթի բաժիններուն վերաբերեալ եւ 2017-ի պետական պիւտճէի հաշուարկներու հիմքին վրայ դրուած, շահութաբաժիններուն գծով պետական պիւտճէ վճարման ենթակայ տարեկան գումարներու կանխատեսումներուն վերաբերեալ տեղեկանքներու հիման վրայ:
«Մասնաւորապէս, կազմակերպութիւններու պետական պիւտճէ մուտքագրած շահոյթի բաժիններու գումարային մեծութիւնը կազմած է, համապատասխանաբար, 2015-ին` 640 միլիոն դրամ, 2016-ին` 1 միլիառ 510 միլիոն դրամ, 2017-ին` 832 միլիոն դրամ, կանխատեսուած 560 միլիոն դրամի փոխարէն», ըսաւ Մինասեանը` նշելով, որ 2018-ի համար ունին աւելի մեծ թիրախային ծրագիրներ` պետական գոյքի կառավարման ոլորտին մէջ, եւ կ՛ակնկալուի մուտքերու աճ:
2018-ի Առաջին Կիսամեակին Օդանաւով Հայաստան Եկողներուն Թիւը Առաւել Մեծ Եղած Է, Քան` Մեկնողներունը
2018-ի առաջին կիսամեակին օդանաւով Հայաստան եկողներուն թիւը աւելի է, քան` մեկնողներունը: «Զուարթնոց» եւ «Շիրակ» օդակայաններէն Հայաստան մուտք գործած են 614 հազար 178 անձեր, նոյն ժամանակ Հայաստանէն մեկնած են 592 հազար 774 անձեր: Ընդհանուր առմամբ, Հայաստան եկողներուն թիւը առաջին կիսամեակին աճած է 70 հազար 946-ով, կամ 13,1 տոկոսով: Իսկ Հայաստանէն մեկնողներուն թիւը աճած է 41 հազար 999 անձով, կամ` 7,6 տոկոսով:
Ժամանողներու աճին շնորհիւ` Հայաստան եկողներուն թիւը 21,4 հազարով գերազանցած է մեկնողներուն թիւը:
Տարիներէ ի վեր առաջին անգամն է, որ կիսամեակի դրութեամբ դրական հաշուեկշիռ կ՛արձանագրուի:
60 Տարուան Դադարէ Մը Ետք Մոսկուայի Մէջ Ներկայացուած Է «Գայեանէ» Պալէն
60 տարուան դադարէ մը ետք, յուլիս 24-ին, Մոսկուայի Մեծ թատրոնին մէջ ներկայացուած է Արամ Խաչատրեանի «Գայեանէ» պալէն: Պալէի ներկայացումը նուիրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին, Երեւանի 2800-ամեակի եւ մեծանուն յօրինողի ծննդեան 115-ամեակին:
Ելոյթին ներկայ գտնուեցան` Հայաստանի վարչապետին կինը` Աննա Յակոբեանը, Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը:
Նշենք, որ նախքան պալէին սկսիլը` ելոյթով հանդէս եկան` Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Վարդան Տողանեանը, Ռուսիոյ մշակոյթի նախարար Վլատիմիր Մետինսքին եւ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Կոնստանդին Օրբէլեանը:
Գիւմրին Պարի Միջազգային Կեդրոն Պիտի Ունենայ. Շինարարութիւնը Պիտի Սկսի 2019-ին
Գիւմրիի աւերիչ երկրաշարժէն 30 տարի, ետք «Պալեթ 2021» հիմնադրամը կը նախաձեռնէ նոր ծրագիր մը, որպէսզի խթանէ քաղաքին վերակենդանացումը` կերպարանափոխելով զայն պարի միջազգային կեդրոնի:
«Պալեթ 2021» հիմնադրամը Գիւմրիի սրտին մէջ պիտի հիմնէ «Խառատեան փորձարարական արուեստի կեդրոն», որուն շինարարական աշխատանքները պիտի սկսին 2019-ին, իսկ բացումը տեղի պիտի ունենայ 2021-ին: «Խառատեան փորձարարական արուեստի կեդրոն. Գիւմրի» ծրագիրը պիտի իրականացուի ՀԲԸՄ եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ ֆինանսաւորուող ՔՀ Կամուրջ ծրագիրի շրջանակներուն մէջ, ԵՄ դրամաշնորհի միջոցով:
Իբրեւ կատարողական արուեստի ժամանակակից բազմաբնոյթ կեդրոն` հանդէս պիտի գայ պարի նոր եւ միջառարկայական մօտեցումով եւ պիտի դառնայ բարձր մշակոյթի կեդրոն: Ներկայացումներուն դահլիճը, «Հումանիտար գիտութիւններու եւ շարժման» հետազօտական կեդրոնը, պարի ակադեմիան եւ քորէոկրաֆներու ծրագիրները կեդրոնին բազմաթիւ կողմերէն քանի մը հատն են, որոնք Հայաստանի ամբողջ տարածքէն, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն պիտի գրաւեն այցելուներ եւ մասնակիցներ:
Նախագիծի հիմքին մէջ ամբողջ աշխարհին յայտնի Ռուտոլֆ Խառատեանին փիլիսոփայութիւնն է` պարի ուսուցման մեթոտը, որ կը մեկնաբանէ պարը երեք մակարդակներով` ֆիզիքական, մտաւոր եւ զգայական: Նախագիծի առանցքին մէջ պալէի եւ հայկական ինքնութեան արմատներուն խոր ուսումնասիրութիւնն է` պարզելու համար, թէ ինչպէ՛ս անոնք փոխազդեցութիւն ունին: Գիւմրիի հարուստ պատմութիւնը, իբրեւ Հայաստանի մշակութային մայրաքաղաք, կատարելապէս կը համապատասխանէ նոր ստեղծագործական միջավայրի ձեւաւորման, որուն կ՛օժանդակէ Խառատեանի կեդրոնը:
Նոր շէնքը պիտի կառուցուի երկաթուղային կայարանի հարեւանութեամբ, նախկին մշակութային կեդրոնի վայրին մէջ: 30 տարի անց տակաւին կանգուն մնացած են շինութեան քարէ պատերը, որոնք ոգեշնչած են Քանատաբնակ հայ ճարտարապետ Ազատ Շիշմանեանը կեանքի կոչելու ճարտարապետական իր մտայղացումները, մէկտեղելով հինն ու նորը:
«Ճարտարապետական նախագիծին հանդէպ մօտեցումները ձեւաւորած ենք երեք հարթութեան վրայ: Առաջինը կատարողական արուեստի կեդրոնին արդիւնաւէտ գործառնական մակարդակ ձեւաւորելն է, երկրորդը` շինութեան աւելի լայն դերակատարութիւնը քաղաքի զարգացման նպատակով դիտարկելն է: Նախագիծին նպատակն Է վերականգնել քաղաքին այն հատուածը, որ մոռացութեան մատնուած է եւ կրնայ հիմք դառնալ ու գրաւել մարդիկը`, քաղաքի առօրեայ մշակութային կեանքին մէջ: Երրորդ մօտեցումը, որ նուազ կարեւոր չէ, շինութեան խորհրդանշական բովանդակութիւնն է. ան պէտք է ոգեշնչման աղբիւր դառնայ», կը մանրամասնէ Ազատ Շիշմանեանը: Հիմնուելով վերոյիշեալ մօտեցումներուն վրայ` ճարտարապետը պէտք է իրականացնէ սոյն յաւակնոտ նախագիծը, որ ան կը գնահատէ` իբրեւ Գիւմրիի տնտեսութեան եւ հեղինակութեան բարձրացման կարեւոր խթան:
Ի վերջոյ, «Խառատեանի փորձարարական արուեստի կեդրոնը» նպատակ ունի Հայաստանը եւ Գիւմրին աշխարհի քարտէսին վրայ դնել` իբրեւ փորձարարական եւ հոգեւոր արուեստի իւրայատուկ նշանակակէտ` հայ մշակոյթը լայնօրէն տարածելու եւ անոր հանդէպ յատուկ հետաքրքրութիւն յառաջացնելու նպատակով:
Հաղորդենք, որ «Պալեթ 2021»-ը հասարակական կազմակերպութիւն է, իսկ անոր նպատակն է նպաստել Հայաստանի մէջ պալէի զարգացման:
«Դէպի Մանկական Եւրոտեսիլ»-ի 23 Մասնակիցները
Ամիսներ առաջ Հանրային հեռուստաընկերութիւնը յայտարարած էր նոր նախագիծի` «Դէպի մանկական Եւրոտեսիլ»-ի մեկնարկը: Ըստ հանրային հեռուստաընկերութեան հաղորդման, երկու ամիս շարունակ ստեղծագործական խումբը ստացած է տասնեակ դիմումնագիրներ ինչպէս Հայաստանէն, այնպէս ալ` արտերկրէն: Լսումներու իբրեւ արդիւնք` ընտրուած են նախագիծին մասնակիցները: Այժմ արդէն յստակացած են այն պատանիներուն անունները, որոնք նախագիծի ծիրին մէջ հեռուստադիտողին եւ միջազգային դատական կազմին դատին պիտի յանձնեն իրենց հեղինակային երգերը:
Յայտնենք, որ մասնակիցներուն մրցութային երգերը պիտի հրապարակուին օգոստոսին` նախագիծին Եութիուպի էջին վրայ:
«Դէպի մանկական Եւրոտեսիլ» նախագիծին երկու` կիսաեզրափակիչ եւ եզրափակիչ համերգային ծրագիրները պիտի հեռարձակուին Առաջին ալիքով, սեպտեմբերին:
Տեղեկացնենք, որ այս տարի «Մանկական եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթը պիտի իրականացուի Պիելառուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ, նոյեմբեր 25-ին:
Անգլերէնի Ուսուցումը Հայաստանի Մէջ Զարգացնելու Ծրագիր
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզը 25 յուլիսին համաձայնագիր մը ստորագրեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին եւ «Հայաստանի մանուկներ» հիմնարկի փոխտնօրէն Իննեսա Գրիգորեանին հետ, որուն համաձայն, Ամերիկայի դեսպանութեան անգլերէնի ուսուցման «Access» կրթաթոշակի ծրագիրով պիտի կազմակերպուին 2 տարի տեւողութեամբ անգլերէնի խորացուած ուսուցման արտադպրոցական դասընթացքներ:
«Այս մէկը իրական գործընկերութիւն է, որուն միջոցով երեք կազմակերպութիւններ` դեսպանութիւնը, «Հայաստանի մանուկներ» հիմնարկը եւ նախարարութիւնը մէկտեղած են իրենց ջանքերը, որպէսզի մարզերու երեխաները աւելի լաւ տիրապետեն անգլերէնին: Վստահ եմ, որ իրենց նոր գիտելիքները եւ հմտութիւնները անոնք կ՛օգտագործեն իրենց կեանքի բարելաւման, համայնքներու հզօրացման եւ երկրի զարգացման համար: Հպարտ եմ, որ մենք կրնանք շարունակել այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ մերօրեայ համաշխարհային շուկայական միջավայրին մէջ անգլերէնը շատ մեծ կարեւորութիւն ունի», ըսաւ դեսպան Միլզը:
Ըստ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին, այս ծրագիրին շնորհիւ մարզերու, յատկապէս գիւղական համայնքներու մէջ նախատեսուող ձեռնարկներու իրականացումով կարելի պիտի դառնայ կատարելագործել մասնակիցներուն անգլերէնի իմացութիւնը եւ զարգացնել անգլերէնի ուսուցիչներուն կարողութիւնը:
Համաձայնագիրով ծրագիրի իրականացման ուղղուող 411 հազար տոլարէն 300 հազարը յատկացուած է Ամերիկայի դեսպանատան, իսկ մնացեալը «Հայաստանի մանուկներ» հիմնարկին կողմէ: Նշեալ գումարը կ՛ապահովէ ծրագիրին իրականացումը մինչեւ 2021:
Այս նախաձեռնութեամբ, անգլերէնի իմացութեան կատարելագործման եւ առաջնորդման հմտութիւններու զարգացման կարելիութիւն կ՛ունենան 15 մարզային համայնքներու 13-18 տարեկան 500 աշակերտներ: