Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Օգոստոս 1, 2018
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խրիմեանները` Վանի Յանկոյսներու Ամէնէն Հին Գերդաստաններէն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ամենայն հայոց կաթողիկոս, հոգեւոր, մշակութային, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ Խրիմեան Հայրիկ պատմական մեծ դէմք եւ մեծագոյն հեղինակութիւն է, որ հայ ժողովուրդի ամէնէն բախտորոշ մէկ ժամանակաշրջանին անմնացորդ նուիրումով ծառայեց ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցիին, գրական բազմաբեղուն գործունէութիւն ծաւալեց, պայքարեցաւ անարդարութեանց դէմ եւ դարձաւ հայրենասիրութեան, ազատութեան, լուսաւորութեան եւ ժողովրդանուէր ոգիի խորհրդանիշ եւ ուղեցոյց:

Անոր նախնիները` Խրիմեանները Վանի ամենահին եւ ամէնէն մեծ գերդաստաններէն են եւ դարերու անցեալ ու աւանդութիւն ունեցող տոհմ են: Անոնց օրրանը Վանի Յանկոյսներ թաղամասն է: Անոնք սերունդէ սերունդէ կտաւագործներ էին եւ կարեւոր դիրք ունէին Վանի շուկային մէջ:

***

Վան բաղկացած էր բուն քաղաքէն` Քաղաքամէջէն եւ արուարձաններէ:

Քաղաքամէջը, Վանայ ծովու արեւելեան ափին, տարածուած էր միջնաբերդին հարաւային կողմը եւ քարուկիր բարձր պարիսպներով շրջապատուած էր: Պարիսպները ունէին դարպասներ` Թաւրիզեան (արեւելեան), հարաւային (երկու) եւ լիճի (արեւմտեան), իսկ հիւսիսը բերդին ժայռերն էին: Բերդի լերկ լանջին ժայռափոր սենեակներ կային, նեղ ու գետնափոր անցքերով: Բնակարանները հողաշէն էին, տափակ տանիքներով, միայարկ կամ երկյարկանի. կային նաեւ եռայարկ տուներ: Փողոցները նեղ էին ու ոլորապտոյտ,  յայտնի ու գաղտնի անցքերով իրարու միացած: Բնակիչները հայեր, թուրքեր եւ քիւրտեր էին: Հոն կը գործէին Սուրբ Սիոն, Սուրբ Պօղոս- Պետրոս, Սուրբ Նշան, Սուրբ Սահակ, Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Ծիրանաւոր, Սուրբ Վարդան եւ Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցիները: Առաջնորդարանը կը գտնուէր Թոփչի Մէյտանի մէջ:

Շուկան, երկար եւ ոլորապտոյտ դարձուածքներով ու բաժանումներով, կ՛ընդգրկէր վաճառատուներ, խանութներ եւ արհեստանոցներ: Իւրաքանչիւր առեւտուրի եւ արհեստի համար կային յատուկ բաժիններ` ոսկերչանոց, սոլկրնոց (կօշկակարնոց), դարզընոց (դերձակնոց), ղազանչըցոց (պղնձագործներու), բախկըլնոց (նպարավաճառներ), բազազնոց (կտորեղէն ծախողներ) եւ շալջընոց (շալ ու կտաւ գործողներ): Շրջակայ գիւղերէն, գաւառներէն եւ հեռու վայրերէ էշերու ու ջորիներու կարաւաններով հոն կը բերուէին տեղական արտադրութիւններ` տառեխ ձուկ, պանիր, իւղ, մեղր, շիլա, կտաւ, Շատախի շալ, մորթեղէն եւ այլն: Հայերը շուկային տէրն էին եւ վաճառականութիւնն ու արհեստները հայոց սեփականութիւնն էին:

Քաղաքամէջի արեւելեան կողմը, Թաւրիզեան դարպասին կից Հայկավանք թաղն էր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիով: 1896-ի կոտորածներուն ժամանակ Հայկավանք աւերուեցաւ ու այլեւս չվերականգնեցաւ:

Քաղաքամէջէն հարաւ զուտ թրքաբնակ Շամիրամ թաղն էր, այգիներով, պարտէզներով, բանջարանոցներով եւ ցորենի արտերով շրջապատուած, որոնք կ՛ոռոգուէին Շամիրամայ առուին ջուրերով:

Առուակներու ափերուն բարձրացող բարտիներու եւ ուռիներու մէջէն երկարող նեղ ու դարձդարձիկ փողոցները կը հասնէին Այգեստան:

Այգեստանի հարաւային կողմը Կլոր Դար թաղն էր, որ հայ եւ թուրք խառն բնակչութիւն ունէր:

Ծառազարդ փողոցները, երկու կողմերէն մշտահոս առուներով, կը հասնէին Արարք: Անցեալին Արարք գիւղ եղած է եւ հետագային Այգեստանի մէկ թաղամասը կազմած է: Արեւելեան կողմը Սուրբ Թարգմանչաց ծխական դպրոցն էր. դիմացը` Վանի հայոց մայր եկեղեցին` Արարուց Սուրբ Աստուածածինը, որ կրնար շուրջ վեց հազար հոգի պարփակել: Եկեղեցւոյ առջեւ Արարուց հրապարակն էր, մէյտանը` շրջապատուած հարիւրաւոր խանութներով: Արարուց հրապարակը Վանի կիրակնօրեայ տօնավաճառն էր Ճամբան, Փաշի Փողանէն եւ Ոսպնէպասենց թաղէն անցնելով կը հասնէր Նորաշէն թաղամասը, որուն մէջտեղը կը բարձրանար Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, բարձր ու սպիտակ գմբէթով. մօտը` ծխական ազգային երկսեռ վարժարանը: Նորաշէնի մէջ կը գտնուէին նաեւ Սանդխտեան վարժարանը, Միացեալ ընկերութեան Վանի վարժապետանոցը, Ամերիկեան հաստատութիւնները եւ հիւպատոսարաններ: Նորաշէն, ծառախիտ այգիներով, առատ ջուրերով, մշտահոս եւ գլգլան առուներու երկու կողմերուն երկարող հովասուն փողոցներով, զուտ հայաբնակ էր: Տուները քարաշէն եւ աղիւսաշէն էին, մէկ-երկու յարկանի, օրոսբացներ (երեսբացներ) կոչուող պատշգամներով: Ամէն տուն այգի ունէր իր առջեւ, կամ այգիով շրջապատուած էր: Այգիները անել ճամբաներով եւ ոլորապտոյտ գաղտնի ուղիներով, հողաշէն պատերով իրարմէ բաժնուած էին: Այգեկութքին ազգականներ ու բարեկամներ կը հաւաքուէին եւ տառեխ ձուկով ու խորովածով խնճոյք կ՛ընէին:

Խաչ Փողան (փողոց) խաչաձեւ հրապարակ էր` խանութներով եւ սրճարաններով: Արեւելքէն արեւմուտք, Սղգայ գիւղէն մինչեւ Վանի ծովափը երկարող լայն ու երկար փողոցը Սղգայու Ջաղդէն էր, երկու կողմէն հոսող առուներով, աղբիւրներով եւ տասնեակ հազարաւոր բարտի եւ ուռի ծառերով: Իսկ հարաւէն հիւսիս երկարող փողոցը ծայր կ՛առնէր Արարուց հրապարակէն եւ կը հասնէր մինչեւ Ակրփի թրքաբնակ թաղը, Յանկոյսներու գետի ափին: Վան քաղաքը չորս մասի բաժնող այս երկու լայն ու երկար փողոցները զիրար կը խաչաձեւէին կեդրոնական եւ բանուկ Խաչ Փողանի հրապարակին վրայ:

Խաչ Փողանէն արեւմուտք Սուրբ Յակոբայ եկեղեցիին թաղն էր, մեծամասնութեամբ թրքաբնակ:

Խաչ Փողանի հրապարակէն ճամբան կը բարձրանար դէպի Սղգայու Ջաղդէն: Այդ ճամբուն վրայ կը գտնուէր Խամուր Քեասան (խմոր կտրող) աղբիւրը, քիչ անդին` Երամեան միջնակարգ դպրոցը եւ աւելի վեր` Հայկազեան Կեդրոնական դպրոցը:

Ճամբան բարձրանալով կը հասնէր Յանկոյսներ բարձրադիր եւ ծառազարդ թաղամասը, Պստիկ  Տաճար Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիով: Սղգայու Ջաղդի աջ ու ձախ կողմերուն վրայ, առուներու ափերուն խիտ առ խիտ բարձրացած բարտիներու եւ ուռիներու շուքին կառուցուած էին բնակարանները: Ծառուղին կը հասնէր Հին-Նոր անունով յայտնի զուլալ աղբիւրը:

***

Յանկոյսներ թաղին մէջ, Սղգայու Ջաղդի հիւսիսային կողմը, Հին-Նոր աղբիւրէն քիչ մը վեր, բարձրահասակ բարտիներու եւ տերեւախիտ ուռիներու տակ, գլգլան ու մշտահոս երկու զուգահեռ առուներու եզերքը, պարզ ու անպաճոյճ ձեւով ու կառուցուածքով, Կրըմցոց կամ Խրիմեաններու հինաւուրց հողաշէն տունն էր:

Տունը ընդարձակ էր եւ քառակուսի յատակագիծ ունէր: Հողաշէն հաստ ու բարձր պատերը մշտավառ թոնիրներու ծուխէն ու մուրէն սեւցած էին: Տանիքը հարթ էր եւ հողածածկ: Առաստաղի գերանները եւ մարտակները թոնիրներէն ծխացող մուխով այնքան սեւցած էին որ սեւ սաթի նման կը փայլէին, իսկ խոնաւ ձիւթը կաթ-կաթ չորցած` կը պսպղար: Պատերու փոքրիկ լուսամուտները եւ չորս հաստ ու սեւ սիւներու վրայ հանգչող հողածածկ առաստաղի էրտիւսները (երդիքներ) թէ՛ լոյս կը ցոլացնէին ներս եւ թէ մշտավառ թոնիրներու ծուխն ու մուխը դուրս կը քաշէին: Տանտունի գետնին մէջ քանի մը թոնիրներ կային, որոնք հերթով մշտավառ կը մնային ամբողջ տարին:

Սիւներուն վրայ փայտաշէն փոքրիկ ճրագկալներ ամրացուած էին: Ճրագկալներուն վրայ հողէ ձիթավառ ճրագներ դրուած էին: Ճրագներու ճոռերէն դուրս ցցուած էին բամպակեայ պատրոյգներուն ծայրերը:

Տանտունին վերնակողմի մէկ անկիւնը տնեցիներու նստատեղն ու ճաշատեղն էր: Մաքուր եւ գունագեղ կապերտի վրայ փռուած էին կակուղ մինտարներ եւ դըմփիկներ: Ամէն կողմ նահապետական պարզութիւն եւ մաքրութիւն կը տիրէր: Տանտունը կիսամութ խորհրդաւորութիւն ունէր եւ լի էր պատմական յիշատակալից արժէքներով:

Խրիմեան նահապետներու գերեզմանները, Յանկոյսներու Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ գերեզմանատան մէջ, պարզ ու մաշած տապանագիր արձանագրութիւններով, կը  հաստատէին որ Խրիմեանները Վանի ամէնէն հին եւ յայտնի գերդաստաններէն եղած են:

***

Օսմանցիք 1514-ին պարսիկներէն գրաւեցին Վասպուրականը, որմէ ետք քիւրտ ու թուրք վաչկատուն ցեղեր խուժեցին այդ շրջանները: Քրտական աշիրէթները ամրացան լեռներուն վրայ, իսկ թուրք գաղթականները հաստատուեցան բարեբեր գիւղերու մէջ` Ոստան, Արտամետ, Արճէշ, Ալջաւազ եւ Թիմարի քանի մը գիւղեր:

Վան Քաղաքամէջին մէջ հաստատուեցան թուրք փաշաներ, բէկեր, աղաներ, ենիչերիներ, շէյխեր ու մոլլաներ: Անոնց թիւը հետզհետէ աճեցաւ եւ Քաղաքամէջի հայութեան մեծ մասը ստիպուած ձգեց իր բնակավայրը եւ քաղաքին արեւելեան կողմը փոխադրուեցաւ:

Թուրքն ու քիւրտը չարիք եւ պատուհաս դարձան հայութեան գլխուն:

Անլուր տառապանքներու, հարստահարութեանց եւ արհաւիրքերու մատնուած հայեր, Վան Քաղաքամէջէն եւ գաւառներէն, իրենց տունն ու տեղը ձգելով, Վանի ընդարձակ հովիտին մէջ բնակութիւն հաստատեցին: Կուռուպաշէն մինչեւ Ակրփիի մօտերը եւ Վարագայ լերան ստորոտէն մինչեւ ծովափ, Այգեստան եւ շրջակայքը դարձան հայաբնակ գօտիներ:

Վան Քաղաքամէջէն հեռացող շատ մը հայ ընտանիքներ բնակութիւն հաստատեցին Այգեստանի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տարածուող լայն եւ երկար ձորակի մը մէջէն հոսող գետակի ձախ ափին, Հողաբերդի կամ Թոփրաք Գալէի (կամ տեղական հնչումուվ` Զըմփ-զըմփմաղարայի) ստորոտը տարածուող տափաստանին վրայ: Այդ բնակավայրը կոչուեցաւ Յանկոյսներ, այսինքն` գետակի դիմացը, այն կողմ (յայն կոյս): Հոն հաստատուողները բարեկեցիկ էին, կալուածատէրեր, վաճառականներ եւ արհեստաւորներ: Այդ ընտանիքներէն էին Խրիմեաններու նախնիները:

Յանկոյսներու բնակիչները ժողովրդական հանգանակութեամբ եւ համայնական աշխատանքով 1761-ին կառուցեցին Պստիկ Տաճար Սուրբ Աստուածածինը:

Վանեցի վաճառականները մեծաքանակ բուրդ, կաշի, տառեխ ձուկ, Շատախի շալ, ձի, ոչխար, ոսկերչական արտադրութիւններ եւ բուսական հում ներկեր կարաւաններով կը փոխադրէին Եւրոպա, Ռուսաստան, Պարսկաստան, Հնդկաստան եւ մինչեւ Չինաստան: Անոնք իրենց ձեռքին տակ ունէին արհեստաւորներ` ոսկերիչներ, կտաւագործներ եւ կտաւ ներկողներ:

Կտաւագործութիւնը Վանի ամէնէն ծաղկեալ արհեստն էր: Վաճառականները իրենց տուներուն կողքին ունէին արհեստանոցներ: Կտաւի բամպակը Ռուսաստանէն կամ Պարսկաստանէն կը բերէին: Մաքուր եւ տոկուն կտաւը կարմիր գոյնով ներկուելով կը կոչուէր շիլա:

Խրիմեաններու նախնիները Յանկոյսներու մէջ կտաւագործութեան արհեստանոց ունէին: Արտադրուած կտաւները, թէ՛ սպիտակ եւ թէ ներկուած, շիլայի վերածուած, ամրակապ հակեր կազմելով եւ հարիւրաւոր ձիերու կարաւաններով Պարսկաստան, Կովկաս եւ Ռուսաստան կը տանէին:

Սեւ ծովու հիւսիսային ափերու եզերքները եւ յատկապէս Խրիմ թերակղզին Վանի կտաւի սպառման լաւագոյն շուկաներն էին: Խրիմեաններու նահապետը բազմիցս ճամբորդած էր Խրիմ եւ համբաւաւոր դարձած էր իբրեւ Խրիմ երթեւեկող վաճառական: Ան լաւ ծանօթ էր Խրիմի, տարուան կէսը հոն կ՛անցընէր եւ Վան վերադառնալէ ետք միշտ կը խօսէր այնտեղի կեանքին մասին: Այդ պատճառով ալ ան կրըմցի (Խրիմցի) կը կոչուէր: Ան երբ Խրիմէն Վան վերադառնար լուր կը տարածուէր որ «Կրըմցին եկաւ», երբ մեկնելու ըլլար կ՛ըսէին «Կրըմցին գնաց»: Այսպիսով անոր գերադաստանը կոչուեցաւ Կրըմցոց տոհմ, Կրըմեան կամ Խրիմեան:

Տոհմի շառաւիղներէն անուանի դարձաւ Խաչատուր Խրիմեան (Խրիմեան Հայրիկի հօրեղբայրը), ծնած` 1780-ական տարիներուն: Ան Պստիկ Տաճար Սուրբ Աստուածածին դպրատան մէջ ուսում ստացաւ եւ յամառ ու յարատեւ ինքնազարգացումով հմտացաւ գրաբարի եւ Սուրբ գրոց ուսման մէջ: Ան կտաւի գործանոցը կը ղեկավարէր, իսկ փոքր եղբայրն ալ առեւտուրի պատասխանատուն էր, երթեւեկելով տարբեր  քաղաքներ ու երկիրներ: Գործանոցին մէջ, տասնեակներով վարպետ կտաւագործներ եւ աշակերտներ, կտաւի խորերուն առջեւ նստած, ամէն օր մեծ քանակութեամբ կտաւ կ՛արտադրէին:

Վանի համայնապատկերը
Վան – Քաղաքամէջը
Վանի միջնաբերդը
Այգեստան
Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Օգոստոս 1968)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?