Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Տագնապ. Երեւանէն Եւ Ստեփանակերտէն Կարծր Կեցուածք` Պաքուի Յարձակողապաշտ Քաղաքականութեան Դէմ

Յուլիս 31, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարներ` Դաւիթ Տօնոյեանը եւ Լեւոն Մնացականեանը քսան չորս ժամուան տարբերութեամբ կատարեցին բաւական կարծր յայտարարութիւններ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման հնարաւորութիւնները զերօ կէտի վերադարձուցած Ազրպէյճանի հասցէին, բացայայտելով Երեւանի եւ Ստեփանակերտի քաղաքականութիւններուն մէջ նոյնութեան ու նաեւ` պաշտպանական դիրքէ հակահարուած տալու պատրաստ ըլլալու հայկական զոյգ հանրապետութիւններու բանակներուն մարտավարութիւնը:

Յստակ է, որ Հայաստանի մէջ իրականացած թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, արցախեան տագնապին լուծման խաղաղ բանակցութիւններուն նկատմամբ Երեւանի իշխանութիւններուն կեցուածքը բաւական նշանակալից փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց, որ բանակցութիւններուն լիարժէք կողմի կարգավիճակով Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն մասնակցութիւնը կարեւոր է: Ասիկա բնականաբար պէտք է դիտել ընդհանուր մարտավարութեան մը շրջագիծին մէջ, որ սակայն բախեցաւ Ազրպէյճանի կարծր եւ անզիջող կեցուածքին: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւը յստակացուց, որ Պաքու կը պատրաստուի բացառապէս բանակցութիւններ վարելու միայն Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ:

Դիւանագիտական այս դիրքորոշումներուն զուգահեռ, Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանութեան նախարարները արտայայտիչը եղան վերջին շրջանին հայաստանեան եւ արցախեան հասարակութիւններուն այն մտավախութիւններուն, թէ Ազրպէյճան պատերազմի կը պատրաստուի: Այս մտավախութիւնները անշուշտ ունին պատճառաբանուած հիմնաւորումներ: Նախ, երկար տարիներ Հայաստանի հետ Նախիջեւանի ինքնավար մարզի սահմանին վրայ կատարեալ անդորրէն ետք, այս շրջանին կը նկատուի ազրպէյճանական բանակային ուժերու շարժումներ, տեղակայումներ եւ դիրքերու բաշխումներ, որոնք մտահոգութիւններու դուռ կը բանան: Նաեւ` Արցախ-Ազրպէյճան սահմաններուն վրայ ալ կը նկատուին զինուորական շարժումներ, որոնք գէթ ենթադրել կու տան, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները բանակին տուած են յստակ հրահանգներ` զերօ ժամանակի մը պատերազմը սկսելու մասին:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի մամլոյ ասուլիսը հետեւեցաւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեանի մամլոյ ասուլիսին, եւ որուն ընթացքին Տօնոյեանը բառացիօրէն յայտարարեց, որ Հայաստանի բանակը Ազրպէյճանին պիտի տայ որոշիչ հակահարուած` զինուորական որեւէ յարձակման պարագային: Ան նաեւ յստակացուց, որ զինուորական որեւէ բախում` Նախիջեւանի ճակատին վրայ, յղի է մեծ պատերազմի մը բորբոքմամբ, որ կ՛առնչուի շրջանային այլ դերակատարներու: Ան յատկապէս ի մտի ունէր Իրանն ու Թուրքիան: Իսկ յատկանշանական եղաւ Փաշինեանին կեցուածքը, որով ան ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Տօնոյեանի կարծր յայտարարութեան եւ շեշտեց, որ Ազրպէյճան կը խանգարէ խաղաղութեան մթնոլորտը, եւ թէ` հայկական կողմը համարժէք գործողութիւններու պիտի դիմէ` առաջնորդուելով Հայաստանի ազգային անվտանգութեան շահերով:

Տօնոյեանի այս յայտարարութիւններէն առաջ Մնացականեան քիչ մը աւելի հեռուն գացած էր` եւ յայտարարած, որ եթէ ազրպէյճանական բանակը զինուորական գործողութիւններու ձեռնարկէ Արցախի դէմ, ապա արցախեան բանակը որոշած է Ազրպէյճանի տնտեսութիւնը անդամալուծել: Ան ճշդած էր տնտեսական թիրախներ հարուածելու արցախեան մարտավարութիւնը եւ նոյնիսկ ակնարկութիւն կատարած` Մինկեչաուրի ջրելեկտրակայանին մէջ պատահած պայթումին, որ ամբողջ Ազրպէյճանը ելեկտրականութեան հոսանքէ զրկեց եւ դուռ բացաւ լուրջ հարցադրումներու, թէ երկրին ելեկտրուժի հայթայթման համակարգը որքա՛ն խոցելի է:

Տօնոյեանի եւ Մնացականեանի այս յայտարարութիւններուն միտք բանին կարելի է բանաձեւել հայկական կողմին ձեռք ձգած զինամթերքին, հայկական զոյգ բանակներուն բացառիկ մարտունակութեան եւ հայկական զոյգ հանրապետութիւններուն քաղաքական ղեկավարութիւններուն միջեւ առկայ ամբողջական համակարգման ծիրին մէջ, որ Ազրպէյճանն ու մանաւանդ Արցախի տագնապին դիւանագիտական խաղաղ լուծում մը գտնելու ճիգեր թափող ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին համանախագահ պետութիւնները կրնայ մղել առնուազն դիւանագիտական քայլի մը դիմելու` լարուածութիւնը մեղմացնելու համար: Ամենայնդէպս այդ քայլն ալ չուշացաւ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեանը հաստատեց, որ Մինսքի համանախագահները առաջարկած են հանդիպում մը կայացնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ` Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի միջեւ: Երկուքին միջեւ վերջին հանդիպումը կայացած էր յուլիս 11-ին, Պրիւքսելի մէջ:

 

 

Նախորդը

Ճամբարը` Հայրենիքի Եւ Սփիւռքի Միջեւ Կապերը Սերտացնելու Միջոց

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?